Վիրք
Պատմական երկիր | |||
---|---|---|---|
Վիրք | |||
վրաց.՝ ქართლის სამეფო | |||
| |||
Հիմնադրուած է՝ | ՔԱ299 | ||
Պաշտօնական լեզու | Old Georgian? եւ Վրացերէն | ||
- იბერიის სამეფო (116-160) Farsmanes II (ფარსმან ქველი)
Վիրք (վրաց.՝ ქართლი, լատ.՝ Iberia, հին յուն․՝ Ἰβηρία), պատմական երկիր Անդրկովկասի կեդրոնական մասին մէջ։ Հարաւէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն կը սահմանակցէր Մեծ Հայքին, արեւմուտքէն՝ Կողքիսին, հիւսիսէն Ալանիային, արեւելքէն Աղուանքին։ Մայրաքաղաքներ եեղած են Մցխէթը, Արմազը եւ Թիֆլիսը։ Յունա-հռոմէական հեղինակներու մօտ կը կոչուի նաեւ Իբերիա։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ մ.թ.ա. 3-2-րդ դարերուն Սպանիան եւս կը կոչուի Իբերիա եւ անուններու նմանութիւններէն յոյն եւ լատինական հեղինակները կ'ենթադրեն, որ Կովկասի իբերները, այսինքն՝ վրացիները առաջացած են Պիրենեան թերակղզիի իբերներէն։ 19-րդ դարէն սկսեալ, առանց գիտական որեւէ լուրջ կռուանի, որոշ հետազօտողներ կը ջանան հիմնաւորել այդ ենթադրութիւնը՝ առնչութիւններ որոնելով բասկերէնի եւ վրացերէնի միջեւ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կուր գետի հովիտին մէջ, ցեղային միութեան հիմքի վրայ, մ.թ.ա.IV-III դդ. սահմանագծին մէջ առաջացաւ վաղ ստրկատիրական պետութիւն, որուն հիմնադիրը, ըստ վրացական աւանդական պատմութեան, Քարթլիի տանուտէր Փառնաւազն էր։ Բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնն էր։ Մայրաքաղաք Մցխեթայի մէջ, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքներուն մէջ զարգացած էին արհեստներն ու առեւտուրը։
Արտաշէս Ա-ն Վիրքէն կ'ազատագրէ զաւթուած եւ Երուանդունիներու օրով Երուանդեան Հայաստանի կազմին մէջ մտնող Գուգարք նահանգը եւ կը միացնէ Մեծ Հայքին։ Տիգրան Մեծի ժամանակ Վիրքը կ'ըլլայ Մեծ Հայքի գերիշխանութեան տակ։ Մ.թ.ա. 66 թուականին Արտաշատի պայմանագրով դուրս կու գայ հայկական գերիշխանութենէն։ 387 թուականին Մեծ Հայքի բաժանումէն ետք Գուգարք նահանգը կը կցուի Վիրքին եւ կը ստեղծուի Վրացի մարզպանութիւնը։ 337 թուականին քրիստոնէութիւնը յայտարարուեցաւ պետական կրօն։
Ծիսակատարութեան լեզուն յունարէնն ու ասորերէնն էին, օգտագործուող այբուբենը՝ յունականն ու ասորականը։ Վահանանին պատերազմի ժամանակ հայ-վրացական զօրքերը Ճարմանայի դաշտին մէջ ծանր պարտութիւն կրեցին պարսկական զօրքէն։ 862-1022 թուականներուն Վիրքը կ'ըլլայ Հայ Բագրատունիներու տիրութեան մէջ։ Սելճուքեան արշաւանքներու եւ տիրապետութեան ժամանակ զգալի թիւով հայեր կը գաղթեն Վրաստան։
Վիրքը իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Դաւիթ Շինարար թագաւորի օրով։ Վրացիներուն Թամար թագուհին հայ-վրաց. զօրքով Զաքարէ եւ Իւանէ եղբայրներու օգնութեամբ կ'ազատագրէ Հայաստանի բազմաթիւ շրջաններ։ 1199 թուականին վերջնականապէս կ'ազատագրուի Բագրատունեաց Հայաստանի սիրտ Անին։ Ազատագրուած տարածքները կը տրուին գլխաւորաբար Զաքարեաններուն: Վրացի Բագրատունիներու թագաւորութիւնը աւարտեցաւ 1801 թուականին, երբ Վրաստանի զգալի մասը անցաւ Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Վիրքի տարածքին մէջ այժմ Վրաստանն է։