Jump to content

Իսրայէլ

(Վերայղուած է Իսրայել-էն)
Իսրայէլ
Իսրայելի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Երուսաղեմի մարզ?, Թել Ավիվի մարզ?, Կենտրոնական մարզ?, Հայֆայի մարզ?, Հյուսիսային մարզ?, Հարավային մարզ? եւ Հուդեա և Սամարիա մարզ?
Պետական լեզու Եբրայերէն
Մայրաքաղաք Երուսաղէմ
(Միջազգայնօրէն չէ ճանաչուած)
Օրէնսդիր մարմին Քնեսեթ?
Երկրի ղեկավար Իցխակ Հերցոգ?
Կառավարութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու
Ազգաբնակչութիւն 9 840 000 մարդ (2023)[1]
Օրհներգ Հաթիքվա?
Հիմնադրուած է 14 Մայիս 1948 թ.
Արժոյթ Նոր իսրայելական շեկել?
Ազգային տօն Yom HaShoah?, Իսրայելի պատերազմներում զոհվածների և ահաբեկչության զոհերի հիշատակի օր?, Իսրայելի անկախության օր?, Երուսաղեմի օր?, Ամանորն Իսրայելում?, Յոմ Կիպուր?, Սուքոթ?, Shemini Atzeret?, Հանուկա?, Տու բի-Շվատ?, Պուրիմ?, Փեսախ?, Mimouna?, Շավուոտ?, Lag BaOmer? եւ Tu B'Av?
Ժամային համակարգ Israel Standard Time?, Israel Summer Time?, Asia/Jerusalem?[2], UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռաձայնային համակարգ +972
Համացանցի յղում .il? եւ ישראל.?[3]
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,919[4]
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-he" does not exist։
Իսրայէլ
Իսրայէլի տեսքը արբանեակէն
Իսրայէլի աշխարհագրական քարտէսը

Իսրայէլ (եբր.՝ ישראל‎), պաշտօնական անուանումը՝ Իսրայէլի պետութիւն (եբր.՝ מדינת ישראל‎‎, արաբերէն՝ دولة اسرائيل‎‎‎), պետութիւն Միջին Արեւելքի մէջ՝ Միջերկրական ծովու հարաւ-արեւելքը, Հիւսիսէն, սահմանակից է Լիբանանի, արեւելքէն՝ Սուրիոյ եւ Յորդանանին, իսկ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Եգիպտոսին։

«Մերնեփթահի Կոթողը» (Ք.ա. 13րդ դար), որուն վրայ հիէրոկլիֆներով առաջին անգամ գրուած է «Իսրայէլ» անունը:

Ամբողջ երեք հազարամեակի ընթացքին, Իսրայէլ անունը նշանակած է «Իսրայէլի երկիր» (եբրայերէն՝. אֶרֶץ יִשְׂרָאֵל‎, Էրեց-Իսրայէլ), ինչպէս նաեւ ամբողջ հրեայ ժողովուրդը։ Այս անուան աղբիւր կը համարուի Աստուածաշունչը, ըստ որուն Իսահակի որդի՝ Յակոբը կը մենամարտի Աստուծոյ հրեշտակի հետ եւ կը ստանայ Իսրայէլ անունը. «Բաց արտօնէ զիս, որովհետեւ լոյս ծագեց.», Յակոբը ըսաւ հրեշտակին «Բաց չեմ արտօներ, մինչեւ զիս չօրհնես», հրեշտակը ըսաւ. «ինչ է անունդ», պատասխանեց «Յակոբ է». եւ անոր հետ մենամարտողը ըսաւ. «Այսուհետ քու անունը ոչ թէ Յակոբ, այլ Իսրայէլ պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուն մենամարտեցար Աստոուծոյ հետ, եւ պիտի յաղթես մարդկանց» (Ծննդոց 32։29)։ Կայ տարբերակ, որ այդ անունը ծագած է սարա բայէն, որ կը նշանակէ ղեկավարել, ըլլալ հզոր, ունենալ իշխանութիւն, որ տրուած է երկնքէն, այլ տարբերակով՝ Աստուծոյ սկզբունք, կամ Աստուծոյ մենամարտ։ Ատկէ ետք, հրեայ ժողովուրդը որպէս Յակոբի սերունդ սկսաւ կոչուիլ «Իսրայէլի որդիներ», «Իսրայէլի ժողովուրդ», կամ իսրայէլցիներ։ Առաջին անգամ «Իսրայէլ» բառը յիշատակուած է Մերնեփթաղի կոթողներուն մէջ, հին Եգիպտոսի տարածքին մէջ' (Ք.ա. XIII դարուն վերջ), եւ կը վերաբերէր ժողովուրդին, այլ ոչ երկրին։

Ներկայիս պետութիւնը կոչուած է Մէտինաթ Իսրայէլ (եբր.՝ מדינת ישראל‎՝ Իսրայէլի Պետութիւն)։ Նախատեսուած են նաեւ այլ անուններ՝ Էղեց Յիսղաէլ (Իսրայէլի Երկիր), Հրէաստան, Սիոն, Հուդա, սակայն ատոնք մերժուած են[5]։

Անկախութեան առաջին շաբաթուան նորաստեղծ պետութեան կառավարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն նշելու համար օգտագործած է «իսրայէլցիներ» եզրը (եբր.՝ ישראלים‎ - «իսրաէլի՛մ»)։ Առաջին անգամ ան պաշտօնապէս յայտարարուած է արտաքին գործերու նախարար Մոշէ Շարետի ելոյթի ժամանակ[6]։

19րդ դար
Հրէաները Արեւմտեան պատի մօտ
Թէոտոր Հերզլը սիոնիզմի հիմնադիրն է

Պետութեան Ձեւաւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսրայէլի պետութիւնը ստեղծուած է 1948Մայիս 14-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդի 1947Նոյեմբեր 29-ի որոշմամբ, ըստ որուն Մեծ Բրիտանիայի ենթամանդատային Պաղեստինը կը հռչակուէր անկախ եւ անոր տարածքին մէջ, ստեղծուած էին երկու ինքնուրոյն՝ արաբական եւ հրէական պետութիւններ։ Հրէական պետութեան՝ Իսրայէլին, կը յատկացուէր 14 հզ. քքմ2 (Պաղեստինի տարածքի 56%-ը) տարածութիւն՝ խառը բնակչութեամբ։ Երուսաղէմը կը յանձնուէր ՄԱԿ-ի կառավարման։ 1948Մայիսին, Իսրայէլի մէջ ստեղծուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ կազմուած էր բացառապէս սիոնիստական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն։ Կառավարութեան առաջին իսկ՝ «Անկախութեան հռչակագիրով» սիոնիզմը յայտարարուեցաւ Իսրայէլի պաշտօնական գաղափարախօսութիւն եւ քաղաքականութիւն։

Արաբա-Իսրայէլական Պատերազմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1948-1949 թուականներու արաբա-իսրայէլական պատերազմի հետեւանքով Իսրայէլը Պաղեստինի արաբական պետութենէն գրաւեց 6.7 հզ. ք.քմ2 տարածք, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի արեւմտեան մասը։ Ինչպէս իրեն յատկացուած, նոյնպէս ալ զաւթած տարածքէն, Իսրայէլի կառավարութիւնը արտաքսեց մօտ 1 մլն արաբներ։ 1949-ին Իսրայէլը Եգիպտոսի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ հետ ստորագրեց զինադադարի ժամանակաւոր համաձայնագիրներ, որոնք սակայն չփոխարինուեցան հաշտութեան պայմանագիրներով։ 1949-ին կայացան խորհրդարանական ընտրութիւններ, գլխաւոր կառավարող կուսակցութիւնը դարձաւ ՄԱՊԱԻ-ն։ 1952-ին ԱՄՆ-ի հետ համաձայնագրով Իսրայէլը փաստօրէն պարտաւորուեցաւ մասնակցիլ ԱՄՆ-ի բոլոր գործողութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքին մէջ։
1952-ին Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրով Իսրայէլը Գերմանիայէն ստացաւ (մինչեւ 1966-ը) 822 մլն տոլլար այսպէս կոչուած ռազմատուգանք եւ 1.7 մլր տոլլար փոխհատուցման մէջ՝ 1939-1945Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին հրեաներուն պատճառած վնասի դիմաց։
1956-ին Իսրայէլը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ պատերազմ յայտարարեցին Եգիպտոսի դէմ։ 1957-ին միացաւ Այզենհաուէրի հայեցակարգին եւ 1958-ին աջակցութիւն ցոյց տուաւ Լիբանանի եւ Յորդանանի դէմ անգլա-ամերիկեան ներխուժումին։ 1960-ականներուն խիստ սրուեցին արաբա-իսրայէլական յարաբերութիւնները։ 1967Յունիս 2-ին առաւել հետադէմ եւ ծայրահեղ ուժերու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ ազգային միասնութեան կառավարութիւն, որ արաբական երկիրներու դէմ պատերազմ սանձազերծելու միջոցով, կը ձգտէր իրագործել «Մեծ Իսրայէլ» ստեղծելու սիոնիստական ծրագիրը։ 1967Յունիս 5-ին Իսրայէլը նոր պատերազմ սկսաւ արաբական երկիրներու (Եգիպտոս, Սուրիա, Յորդանան) դէմ։ 1967 Նոյեմբեր 22-ին Անվտանգութեան խորհուրդը բանաձեւ ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման վերաբերեալ։ 1968-ին աջ «ընկերվարականներու», սիոնիստական կուսակցութիւններու եւ դրամատիրական ՌԱՖԻ կուսակցութեան միաւորումէն, ստեղծուեցաւ Իսրայէլի բանուորական կուսակցութիւնը (ՄԱԻ)։ 1969-ին իշխանութեան գլուխ կանգնեցաւ Կոլտայ Մէիրի կառավարութիւնը։ Այդ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ գրաւուած տարածքներու իւրացման ու բնական հարստութիւններու շահագործման։ Իսրայէլի կառավարող շրջաններու քաղաքականութիւնը 1973Հոկտեմբերին հանգեցուց, արաբա-իսրայէլական նոր պատերազմի, որուն հետեւանքով Իսրայէլը մարդկային ոյժի եւ տեխնիկայի մեծ կորուստներ կրեց։ Արաբական պետութիւններու աճած մարտունակութիւնն ու Իսրայէլի միջազգային մեկուսացումը Իսրայէլի կառավարութեան ստիպեցին մասնակցիլ (1973Դեկտեմբեր) Ժնեւի հաշտարար համաժողովին։ 1974Յունուարին եւ 1975Սեպտեմբերին Եգիպտոսի, իսկ 1974Մայիսին Սուրիոյ հետ Իսրայէլը կնքեց զօրքերու տարանջատման եւ անոնց միջեւ չէզոք գօտիներ ստեղծելու համաձայնագրեր։
1979-ին Եգիպտոսը՝ առաջին արաբական երկիրն էր, որ խաղաղութեան դաշինք կնքեց Իսրայէլի հետ։ Ասոր արդիւնք, Իսրայէլ Սինայի թերակղզին Եգիպտոսին ետ վերադարձուց։ Յորդանանը եւ Իսրայէլը խաղաղութեան դաշինք կնքեցին 1994 թուականին։ Իսկ 2005-ին Իսրայէլը իր բանակը դուրս բերաւ Կազայի շրջանէն։

Իսրայէլի քաղաքական քարտէսը։

Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Իսրայէլի սահմանները վերջնականապէս յստակեցուած չեն։ Իսրայէլը տարբեր փաստերու արդիւնք է, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ կը մնայ իր սահմաններու պաշտօնապէս յստակեցումէն։ Իսրայէլացի որոշ իրաւաբաններ կը համարեն, որ սահմանները ընդհանրապէս պետութեան տարր չեն համարուիր։

Իսրայէլի սահմաններու յստակեցման համար գոյութիւն ունին քանի մը հնարաւոր ձեւեր՝

  • ՄԱԿ ԳԱ 1947. Նոյեմբեր 29-ի թիւ 181/11 որոշումը, որ չէ ճանաչցուած եւ իրականացուած արաբական երկիրներու կողմէն, կը մնայ միայն միջազգային-իրաւական փաստաթուղթ, ուր նշուած է հրէական պետութեան տարածքը։ Այդ փաստաթուղթը կ'ենթադրէր հրէական պետութեան տարածք ընդգրկած Արեւելեան Գալիլիան, Իսրայէլեան դաշտահովիտը, ծովու երկայնքի մեծ մասը եւ Նաեւ անապատը, իսկ արաբական՝ Արեւմտեան Գալիլիան, Հուդայի սարերը, Սամարիան (բացառութեամբ Երուսաղէմը) եւ Աշդոդի դաշտահովիտը՝ մինչեւ Եգիպտոսի հետ սահման։ Երուսաղէմն ու Բեթղեհեմը պետք է ըլլան միջազգային վերահսկողութեան տակ։
  • Իսրայէլի սուվերէն տարածքը, որ ձեւաւորուած է 1949 թուականի Անկախութեան համար պայքարի ժամանակ եւ տե-ֆակտօ ճանչցուած է աշխարհի շատ պետութիւններու կողմէն, մօտաւորապէս 20 770 քմ2 է, որուն 2% ջրային տարածքները կը կազմեն։
  • Տարածքը, որ աւելի ուշ Իսրայէլը յայտարարած է իր սուվերենութիւնը, իր մէջ կ'ընդգրկէ Արեւելեան Երուսաղէմն ու Կոլանի բարձունքները, կը կազմէ 22 072 քմ2։
  • Իսրայէլի տարածքի մակերեսը, որ կը վերահսկուի Իսրայէլի կողմէն, Պաղեստինի վարչակազմը, եւ այն տարածքները, որ Իսրայէլը զբաղեցուցած է Վեցօրեայ պատերազմի ժամանակ, կը կազմէ 27 799 քմ2։

Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանը հաստատուած է Պաղեստինի սահմանի մանդատով, եւ ամրապնդուած 1979 թ-ի Մարտ 26-ի համաձայնագրով։

Իսրայէլ-Յորդանան սահմանը նշուած է 1994 թ. Հոկտեմբեր 26-ի համաձայնագրի, Բրիտանական նախայանձնագրի գծով Պաղեստինի եւ Էմիրատներու Դրանսհորդանով՝ մի քանի աննշան բացառութիւններով։

Իսրայէլի սահմանները Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ պաշտօնապէս կարգաւորուած չեն։ Գոյութիւն ունեցող այսպէս կոչուած «կապոյտ գիծը» Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճանաչցուած է ՄԱԿ-ի կողմէն, սակայն վիճելի կը մնան Շերմա Շեբաա տարածքները։ Իսրայէլն ու Սուրիան իրարմէ կը բաժնէ «հրադադարի գիծը», ուր ՄԱԿ-ի որոշումով Դատաստանի օրուան պատերազմէն ետք անվտանգութեան գօտի ստեղծուած է։

Վիճելի տարածքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անվտանգութեան պատ, Արեւմտեան ափ
Արեւմտեան ափի եւ Գազայի սեկտորի քարտէսը, 2007 թ.

ՄԱԿ-ը «Գրաւուած տարածքներ կը համարէ Յորդանան գետի արեւմտեան ափը, Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Ճոլանի բարձունքները։ Այդ տարածքները Իսրայէլը սկսած է վերահսկել Վեցօրեայ պատերազմի յաղթանակէն ետք (1967 թ.): Այդ տարածքներու բանակցութիւններու հիմք կը հանդիսանայ 1967 թ. ՄԱԿ-ի թիւ 242 բանաձեւը, որ կոչ կ'ընէ Իսրայէլին դուրս գալ իր կողմէն զբաղեցուցած որոշ տարածքներէն, որուն դիմաց կը ստանայ խաղաղութիւն արաբական երկրներու հետ (Խաղաղութիւն տարածքներու դիմաց սկզբունք):

Իսրայէլը կը վիճարկէ «գրաւուած տարածքներ» կարգավիճակը եւ կը պնդէ, որ այդ հողերը կը պատկանին Իսրայէլի Պետութեան։ Որպէս հիմք կ'ընդունուի այն փաստը, որ Վեցօրեայ պատերազմը (1967) եղած է ինքնապաշպանական մարտը ընդդէմ Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Իրաքի բանակներու դէմ։ Միջազգային իրաւունքը չի արգիլեր հողերու այդպիսի ձեռքբերումը եւ անոր բռնակցումը (ինչպէս Ճուլանի բարձունքներու եւ Արեւելեան Երուսաղէմի դէպքին մէջ) կը համարուի օրինական։ Փաստարկ կը ներկայացուի նաեւ Հուդայի, Սամարիայի (Արեւմտեան ափ), Գազայի սեկտորի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի անորոշ կարգավիճակի մասին։ Համաձայն 1947 թ. Պաղեստինի բաժանման պլանի այդ տարածքները անցած են արաբական պետութեան (բացի Երուսաղէմէն, որ կը գտնուէր Միջազգային Էմիրութիւններու եւ շարք մը այլ արաբական երկիրներու հակադրուածութիւնը Իսրայէլի հանդէպ, (Արաբ-իսրայէլական պատերազմ 1948-1949., կամ «Պայքար անկախութեան համար»), ՄԱԿ-ի բանաձեւը չէ կատարուած, Եգիպտոսը գրաւեր է Ղազզայի հողատարածքը, իսկ Յորդանանը գրաւեր է Հուդան, Սամարիան եւ Արեւելեան Երուսաղէմը։ 1967-ին Իսրայէլը որպէս յաղթանակած կողմ սկսաւ տիրապետել այդ տարածքներու վրայ։ Որովհետեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը անօրէն գրաւեր էին այդ տարածքները, ապա Իսրայէլը «գրաւած է» գրաւուած տարածքներ։ Եւ այսպէս, չկայ միջազգային իրաւունքի սուբյէկտ (բացի Իսրայէլէն), որ օրէնքով իրաւունք ունի այդ տարածքներու վրայ, որովհետեւ Պաղեստինը երբեք անկախ պետութիւն չէ եղած։ Այդ կերպ Իսրայէլի կողմէն այդ տարածքներու իւրացումը կարելի չէ համարել գրաւածին մէջ, որովհետեւ մինչեւ 1967, օրինական սեփականատէր չէ եղած։ Այդ տարածքներու վերաբերեալ տարբեր փաստեր հաշուի առնելով, ուղիղ եւ չէզոք ձեւը վիճելի տարածքներ ըսելաձեւն է։

Արեւմտեան ափը եւ Ղազզայի հատուածը հիմնականին մէջ, բնակուած են պաղեստինցի արաբներով, որոնց զգալի մասը փախստականներ են։ 1967-էն մինչեւ 1993 այդ տարածքներու բնակչութիւնը կը գտնուէր Իսրայէլի ռազմական վարչակազմի վերահսկողութեան տակ։ 1973 թ. Դատաստանի պատերազմէն ետք, Հուդային, Սամարիայի, Գազայի հատուածին մէջ հրէական պատմական բնակավայրերը վերականգնելու համար կը ստեղծուի վերաբնակեցման շարժումը։ 1980 Իսրայէլը Ճուլանի բարձունքները եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պաշտօնապէս իր տարածքը կը յայտարարէ եւ տեղի բնակչութեան կ'առաջարկէ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն։

Իսրայէլի կառավարութեան եւ Պաղեստինի վարչակազմի ղեկավարութեան միջեւ համաձայնութենէն ետք, Արեւմտեան ափի եւ Ղազզայի հատուածի արաբական բնակավայրերէն մաս մը կ'անցնի Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարութեան տակ։ Այնուամենայնիւ, այդ տարածքներու զգալի մասը մնացած են Իսրայէլի ռազմական վերահսկողութեան տակ։ Երկրորդ ինթիֆատայի ահաբեկիչներու յարձակումներու յաճախացման որպէս պատասխան Իսրայէլը Ղազզայի հատուածի օրինակով կը սկսի կառուցել երկրորդ Անվտանգութեան պատը։

Անցեալին «գրաւուած» դերմինը կը գործածէր նաեւ Սինայի թերակղզի պարագային, որ Եգիպտոսին յանձնուած է 1979 Իսրայէլա-եգիպտական խաղաղ պայմանագրի կնքման ժամանակ։

ՄԱԿ-ի կողմէն Ղազզայի հատուածը կը համարուէր որպէս գրաւուած տարածքներ։ 2005. վարչապետ Արիէլ Շարոնի միակողմանի բաժանահատման արդիւնքով, Իսրայէլը դուրս բերած է իր զօրքերը Ղազզայի հատուածէն եւ անհետացուց բոլոր հրէական բնակավայրերը (ուր կ'ապրէր 8500 մարդ), ինչպէս նաեւ վերացուած են 4 բնակավայր Սամարիայի մէջ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Ուիքիաթլաս

Նեկեւ անապատը

Իսրայէլը տեղակայուած է Ասիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ, անոր ափերը արեւմուտքէն կ'ողողեն Միջերկրական, հարաւէն՝ Կարմիր ծովերը, արեւելքէն սահմանը կը գծէ Յորդանան գետը։

Չնայած փոքր տարածքին, Իսրայէլը կ'առանձնանայ իր աշխարհագրական բազմազանութեամբ։

Ծովափնեայ նեղ հարթավայրին արեւելքին մէջ, կը փոխարինէ 500-1000 մ. բարձրութեան սարաւանդը, որ շեշտակի կ'իջնէ դէպի Գհորի (Էլ-Գոր) եւ Վադի-էլ-Արաբա տեկտոնական իջուածքները։ Սարաւանդը կազմուած է կրաքարերէն (զարգացած է կարստը), աւազաքարերէն, բազալտներէն։ Կան ֆոսֆորիտներու, քուարցային աւազի, կաւերու, մարմարի, պղինձի, երկաթի հանքավայրեր, տորֆ, նաւթի եւ կազի ոչ մեծ հանքաշերտեր (Նաեւ անապատին մէջ)։ Մեռեալ ծովու ջուրերը հարուստ են կալիումի, նատրիումի աղերով ու բրոմով։ Կլիման մերձարեւադարձային է։ Միջին ջերմաստիճանը Յուլիսին եւ Օգոստոսին 24°—28 °C է, Գհորին մէջ՝ մինչեւ 36 °C, Յունուարին՝ 6°—14 °C, Մեռեալ ծովու հարաւին մէջ՝ մինչեւ 18 °C։

Ալկիոն

Տարեկան տեղումները հիւսիսի մէջ եւ Միջերկրական ծովու մերձափնեայ հարթավայրին մէջ, 400—800 մմ են, Մեռեալ ծովու ափին, Գհոր իջուածքին մէջ եւ Նաեւ անապատին մէջ՝ 100—200 մմ, տեղտեղ՝ աւելի պակաս։ Մակերեսային ջուրերը սակաւ են։ Մշտական հոսք ունեցող միակ գետը Իսրայէլի տարածքով հոսող Յորդանանի վերին հոսանքն է։ Հարաւին մէջ, տարածուած են վադիներ։ Կ'օգտագործուին աղբիւրներու, ջրհորներու եւ ծովու աղազերծուած ջուրերը (80% ֊ը կը ծախսուի ոռոգման համար)։ Հողերը շագանակագոյն են, լեռնային գորշ-շագանակագոյն եւ գորշ, հարաւին մէջ՝ անապատային։ Կը գերակշռէ թփուտային եւ թփուտածառային բուսածածկոյթը (մակվիս, գարիգա), հարաւին մէջ տարածուած են անապատային, աղուտային բոյսեր եւ տափաստաններ։ Բնորոշ կենդանիներն են շերտաւոր բորենին, շնագայլը, կրծողներ, թռչուններ, սողուններ։ Բնական շրջաններն են.

  • Մերձափնեայ հարթավայրը,
  • Սարաւանդը (ծալքաբեկորային խիստ պենեպլենացած լեռներ),
  • Գհոր եւ Վադի-էլ-Արաբա տեկտոնական իջուածքները։

Ջրային Ռեսուրսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսրայէլի մէջ, ջրային հարստութիւնները սուղ են, որուն պատճառով, օրինակ, 2008 թուականը պաշտօնապէս յայտարարուած է երաշտի տարի։ Իսրայէլի մեծագոյն ջրային հարստութիւնը Մեռեալ ծովն է։

Ըստ Իսրայէլի Կեդրոնական վիճակագրական վարչութեան տուեալներու, որ հրապարակուած է 2013 թ. Սեպտեմբերին, Իսրայէլի ընդհանուր բնակչութիւնը կազմած է 8.08 միլիոն բնակիչ, որմէ 6,067 (75,4 %) հրեաներ, 1,658 միլիոն (20,6 %) արաբներ (այդ թիւին մէջ արաբ-մուսուլմաններ, պաղեստինացիներ, պետուիններ, արաբ-քրիստոնեաներ), եւ 320 հազար (4,3 %) տրուզներ, չերքէզներ, ռուսեր, հայեր եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններ։

2000 թ. սկսած հրէական բնակչութեան աստիճանը նուազած է 2,4 %, իսլամներունը աճած է 1,8 %։ Քրիստոնեաներու աստիճանը, այդ ատեն արաբ-քրիստոնեաներու, չէ փոխուած, իսկ տրուզներու աստիճանը աճած է 0,7 %։

Հրեաներէն 3,1 միլիոն (56 %) Իսրայէլի մէջ ծնած են, իսկ 2,39 միլիոն (44 %) հայրենադարձներ։ Շուրջ 1,1 միլիոն ծնունդով նախկին ԽՍՀՄ-էն, 500 հազար Մարոքէն, 240 հազար Իրաքէն, 230 հազար Ռումանիայէն, 210 հազար Լեհաստանէն, 105 հազար Եթովպիայէն։ Աշկենազները կը նկազմեն բնակչութեան մեծ մասը՝ 2,2 մլն., կամ՝ 40 %, սեֆարդները՝ 0,9 միլիոն մարդ։ Իսրայելի մէջ կ'ապրի աշխարհի հրեայ բնակչութեան 43,5 % -ը։

Իսրայէլը տարբեր կրօններու երկիր է

270 հազար Իսրայէլի քաղաքացիրներ կ'ապրին Արեւմտեան ափին գտնուող բնակավայրերուն մէջ, ինչպիսին են Մաալէ Ադումիմ, եւ ամենամեծ հրէական քաղաքը տարածքին մէջ՝ Արիէլ։ Որոշ բնակավայրեր, ինչպիսին են Հեբրոնը եւ Հուշ Էցիոնը գոյութիւն ունեցած են մինչեւ պետութեան կազմաւորումը, եւ Վեցօրեայ պատերազմէն ետք, նորէն վերաբնակցեցուեցան հրեաներով։ Հրէական վերաբնակիչներու ընդհանուր քանակը կը գերազանցէ 500 հազար մարդ (մօտաւորապէս 6,5 % Իսրայէլի ամբողջ բնակչութենէն)։ 7800 հազար մարդ կ'ապրէր Ղազզայի նահանգին մէջ, մինչեւ անոնց ստիպողական տեղահանումը 2005-ին։ 18 հազար հրեաներ կ'ապրին Ճուլանի բարձունքներուն։ 2006 թ. 250 հազար մարդ կ'ապրէր Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ։

Ռուսական հրեաները մեծ դեր ունեցած են սիոնիստական շարժման ժամանակ եւ Իսրայէլի ստեղծման գործին մէջ, իսկ 1970 թուականէն ետք, նշանակալի մասնակցութիւն ունեցած են երկրի կրթութեան եւ տնտեսութեան զարգացման գծով։ Այսօր ռուսախօս հրեաները կը կազմեն հրեայ բնակչութեան 1/5 մասը եւ 1/7 ամբողջ երկրի։

Վերջին տասնամեակին, ներգաղթ սկսած է Ռումանիայէն, Թայլանտէն, Ափրիկեան տարբեր երկիրներէն, Լատինական Ամերիկայէն։ Այսպիսի չարձանագրուած բնակիչներու թիւը որոշել կարելի չէ, սակայն տարբեր գնահատականներու համաձայն այն կը կազմէ շուրջ 200 հազար։ Գաղթը Իսրայէլէն փորձագէտներու կողմէն պատշաճ կը գնահատուի։ Մարդոց այդ հոսքը հիմնականին մէջ, ուղղուած է դէպի ԱՄՆ եւ Քանատա։

Բնկաչութեան խտութեան առումով (330 մարդ/քմ2) Իսրայէլը աշխարհին մէջ կը զբաղեցնէ 24-րդ տեղը։

Իսրայէլի Ազգային ապահովագրութեան հիմնարկի տուեալներով բնակչութեան 20% աղքատ կ'ապրի։ Չնայած Իսրայէլի մէջ «աղքատ ապրող» հասկացութիւնը իր մէջ կը ներառէ սեփական փոխադրութեան, անշարժ գոյքի տէր եւ այլն Կաղապար:Fact։

Անգլերէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ ռուսերէն գրութիւններով դիտահորի կափարիչ Թէլ Աւիվի մէջ, Իսրայէլ

Իսրայէլն ունէ երկու պաշտօնական լեզու՝ եբրայերէն եւ արաբերէն: Եբրայերէնը պետութեան առաջին լեզուն է, արաբերէնը՝ արաբ փոքրամասնութեան լեզուն։ Անգլերէնը պաշտօնական լեզու եղած է Մանտաթի ժամանակաշրջանին, այն կորսնցուցած է իր կարգավիճակը Իսրայէլ պետութեան կազմաւորումէն ետք, սակայն ներկայիս վերականգնած է իր կարեւորութիւնը,[7][8][9] ինչպէս որ ատիկա կ'երեւայ ուղենշաններու վրայ եւ պաշտօնական գրագրութեան մէջ։ Շատ իսրայէլցիներ ազատ կը հաղորդակցին անգլերէնով, շատ հեռատեսիլի հաղորդումներ կը հեռարձակուին անգլերէն ենթագիրներով եւ լեզուն կը դասաւանդուի տարրական դպրոցներէն ներս, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համալսարանները կը տրամադրեն զանազան անգլերէն դասընթացքներ։[10] Որպէս ներգաղթեալներու երկիր, փողոցներուն վրայ կը լսուին տարբեր լեզուներ։ Աւելի քան մէկ միլիոն ռուսախօսներ ներգաղթած են նախկին Խորհրդային Միութենէն 1990-էն մինչեւ 2004 թուականները։[11] Ֆրանսերէնը կը գործածէն մօտաւորապէս 700 հզ իսրայէլցիներ,[12] որոնցմէ մեծ մասը եկած է Ֆրանսայէն եւ հիւսային Ափրիկէէն:

Պետական Կառավարում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործադիր Իշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսրայէլը կը կառավարուի խորհրդարանական համակարգի միջոցով եւ կը հանդիսանայ ժողովրդավարական պետութիւն։ Սահմանադրութիւն չունի, ան կը փոխարինուի շարք մը օրէնսդրական փաստերով։ Իսրայէլի նախագահը պետութեան գլխաւորն է, սակայն անոր պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ արարողակարգային են։[13]. 2000 թուականին ընդունուած օրէնքի համաձայն նախագահը կ'ընտրուի քնեսեթի կողմէ 7 տարի ժամկէտով[14] Ընտրական իրաւունքէն կ'օգտուին 18 տարեկան դարձած քաղաքացիները։ Վարչապետը կառավարութեան գլխաւորն է, պաշտօնավարման առաւելագոյն ժամկետը 4 տարի է, մինչեւ քնեսեթի հերթական ընտրութիւնները։

Օրէնսդիր Իշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քնեսեթը՝ Իսրայէլի խորհրդարանը կազմուած է 120 պատգամաւորներէ, որոնք կ'ընտրուին քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ համամասնական կարգով։[15] Խորհրդարանի ընտրութիւնները կը կայանան չորս տարին մէկ։

Կուսակցութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Աւոտայ
  • Մերէց
  • Լիքուտ

Տնտեսաաշխարհագրական Ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսրայէլը ռազմականացուած տնտեսութեամբ ագրարային-արդիւնաբերական երկիր է։ Արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ ռազմատնտեսական բոթենցիալ հզորացման ուղղութեամբ, հիմնականին մէջ օտարերկրեայ ֆինանսաւորման հաշուին։ 1970-ին երկրի պիւտճէի 40% ֊ը յատկացուած է ռազմական ծախսերուն։ Դրամագլուխի ներմուծումը 1948—1970-ին կազմած է 12 միլիառ տոլար (1967—1970-ին՝ աւելի քան 4 մլրդ)։ Ռազմական արդիւնաբերութեան համալիրը կը ֆինանսաւորուի «Կուր» կոնցեռնի, «Բանկ Տիսկոնտ» եւ այլ ֆինանսական ընկերութիւններու կողմէն։ Կը գործեն նաեւ օտարերկրեայ մոնոպոլիստական հզոր միաւորումներ («Բալիստայն էկոնոմիկ գորբորէյշն», «Ամերիկեան Իսրայէլ գորբորէյշն» եւ այլն)։

Գիւղտնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութիւնը մշակուող հողատարածութիւններու մեծ մասը սիոնիստական գաղութարարներու եւ պետութեան սեփականութիւնն է։ Հողօգտագործման հիմնական ձեւը խմբային վարձակալութիւնն է, կան նաեւ ֆերմերային տնտեսութիւններ։ Հողային ֆոնդի (ներառեալ նաեւ զաղթած շրջանները) միայն 21,2%-ն կը մշակուի (1970-1971)։ Կը մշակեն նարնջենի, լիմոն, ցորեն, գարի, սորգո, եգիպտացորեն, շաքարի ճակնդեղ, գետնընկոյզ, բամպակ, վուշ, ծխախոտ, բանջարեղեն, կարտոֆիլ։ Կը զբաղին նաեւ անասնաբուծութեամբ, թռչնաբուծութեամբ եւ ձկնորսութեամբ։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդիւնաբերութիւն Իսրայէլի արդիւնաբերութեան բնորոշ են տնայնագործական եւ արհեստագործական տիպի մանր ձեռնարկութիւնները։ Միաժամանակ տեղի կ'ունենայ արտադրութեան համակենդրոնացման մէջ։ Ձեռնարկութիւններու մեծ մասը կը պատկանի մասնաւոր դրամագլուխի։ 1967-ից արագ ընթացքով կը զարգանայ ելեկտրական ճարտարագիտութիւնը, քիմիական, մեքենաշինական, ինքնաշարժներու, կարի, ռետինի արդիւնաբերութիւնը։ Արդիւնաբերութիւնը զգալի չափով հիմնուած է ներմուծուող հումքի վրայ։ Արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մօտ 60%-ը կեդրոնացած է Թել-Աւիւի մէջ եւ Հայֆայի մէջ։ 1974-ին արտադրուած է 9156 միլիոն քիլոուաթ էլեկտուժ։ Լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնը թոյլ զարգացած է։ Կ'արդիւնահանեն կալիումական եւ կերակուրի աղ, բրոմ, քուարցային աւազներ, կաւեր, ֆոսֆորիտներ, տորֆ, նաւթ, երկաթի եւ պղինձի հանքանիւթ եւ այլն։ Արդիւնաբերութեան հիմնական կեդրոններն են Թել-Աւիւը, Հայֆան։ Թել-Աւիւի եւ Տիմոնի մօտ կը գործեն 2 աթոմային կայաններ։

Փողոց Թել Աւիւի մէջ

Երկաթուղիներու երկարութիւնը 994 քմ է, ինքնաշարժի խճուղիները՝ 4,2 հզ. քմ (1974)։ Կը գործեն էյլաթ—մինի, Հայֆա—Թել Աւիւ, էյլաթ-Աշքելոն նաւթամուղները։ Զարգացած է ծովային փոխադրութիւնը։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են Հայֆան, Աշտոտը, էյլաթը։

Արտաքին առեւտուր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսրայէլին բնորոշ է արտաքին առեւտուրի բացասական հաշուեկշիռը։ Կ'արտահանէ նիստաւորուած ալմաստ, մանուածքային արտադրանք, միրգեր (հիմնականում՝ ցիտրուսներ), միրգի պահածոներ, կը ներմուծէ՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, չմշակուած ալմաստ, սեւմետաղի գլանուածք, հում նաւթ, քիմիական ապրանքներ, հացահատիկ։ Առեւտրական գործընկերներն են Միացեալ Նահանգները, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւնը, Մեծ Բրիտանիան, Նետերլանտներն, Պելժիքան, Ֆրանսան, Իտալիան։

Իսրայէլի օդուժի F-16s ռազմական օդանաւերը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը (ՑԱՀԱԼ) կազմուած է ցամաքի զօրքերէ, ծովու ուժերէ եւ օդուժէ։ Անոնք ստեղծուած են 1948-ի Անկախութեան պատերազմի ժամանակ[16]. ՑԱՀԱԼը նաեւ կ'օգտագործէ Ռազմական հետախուզութեան տուեալները, որ կ'աշխատի Մոսատի եւ Շապաքի հետ[17]. Ռազմական ընդհարումներու եւ պատերազմներու մէջ ՑԱՀԱԼի անընդհատ ներգրաւուած ըլլալու հանգամանքը անոր դարձուցած են աշխարհի ամէնէ մարտունակ բանակներէն մէկը։[18]

Իսրայէլի մէջ արտադրուող Մերքաւա-4 հրասայլը

ի մեծ մասը բանակ կը զօրակոչուի տասնութ տարեկանին։ Տղամարդեր կը ծառայեն երեք տարի, կիները՝ երկու։[19]. Ժամկետային ծառայութենէ ետք տղամարդիկ կ'անցնին պահեստազօրային եւ տարուան մէջ քանի մը շաբաթ կը մասնակցին հաւաքներուն մինչեւ 40 տարեկանը։ Իսրայէլցի արաբները (տրուզներէն բացի) եւ բարձրագոյն կրօնական ուսումնական հաստատութիւններու՝ եշիւներու սորվողները ազատ են բանակի մէջ ծառայութենէ։ Վերջին շրչանին քաղաքական հարթակներու վրայ փորձեր կը կատարուին վերցնելու այդ արտօնութիւնները։[20][21] ՑԱՀԱԼի ծառայողներու քանակը կը կազմէ 168 հազ. զինծառայող եւ եւս 408 հազ. պահեստազօրային։ Այս ցուցանիշներով Իսրայէլի բանակի քանակը համեմատելի է դրացի բազմամիլիոն երկիրներու բանակներու հետ։

Պարտադիր տարրական կրթութեան մասին օրէնք ընդունուած է 1949-ին։ 1968-ին անգրագէտ էր հրեաներու 10,4%-ը, արաբներու՝ 42,8%֊ը։ Հրեայ բնակչութեան ուսուցումն ու դաստիարակութիւնը ազգայնական եւ կրօնական բնոյթ ունի, կ'ենթարկուի սիոնիզմի գաղափարախօսութեան։ Պարտադիր զինուորական դասընթացներ կ'անցնին պատանիները (3 տարի) եւ աղջիկները (2 տարի)։ 3—5 տարեկան երեխաներու համար կը գործեն մանկապարտեզներ (պետական եւ մասնաւոր)։ Տարրական դպրոցը 6-ամեայ է (1969-էն)։ Պետական աշխարհիկ դպրոցներու կողքին կը գործեն մեծ թիւով պետական կրօնական (28% սովորող) եւ մասնաւոր կրօնական (6,5% սովորող) դպրոցներ։ Աստուածաշունչի եւ Թորայի ուսուցումը բոլոր դպրոցներուն մէջ, պարտադիր է։ Արաբական դպրոցներուն մէջ 3-րդ դասարանէն կը դասաւանդուի եբրայերէն։ Միջնակարգ դպրոցը 6-ամեայ է, ունի 2 աստիճան. 2 բաժին՝ մարդասիրական եւ բնագիտական՝։ Տարրական դպրոցի հիմքի վրայ կը գործեն 4-ամեայ միջնակարգ արհեստից, իսկ միջնակարգ դպրոցի հիմքի վրայ՝ գիւղատնտեսական դպրոցներ։

Գիտական Հիմնարկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական հիմնարկները կը ղեկավարուին գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին կողմէ։ Գիտութիւններու ակադեմիան հիմնուած է 1959-ին։ Իտշոր գիտական կեդրոններէն են Վեյցմանի անուան գիտահետազօտական հիմնարկը (հիմնուած է 1934-ին, Ռեխովոտ), որ հետազօտութիւններ կը կատարէ բժշկութեան, մաթեմատիկայի, ֆիզիքի, Էլեկտրոնի եւ այլ բնագաւառներու մէջ (Աթոմային ոյժի օգտագործման պետական յանձնաժողովի հետ կազմած է ռադիոկենսաբանութեան մէջ ռադիոիզոտոպներու կիրառման ուսումնասիրութեան կեդրոն), Նեգեւեան գիտահետազօտական ինստ.-ը (հիմնուած Է 1956-ին) կ'ուսումնասիրէ Նեգեւ անապատի հանքային պաշարները։ Գիտահետազօտական տարբեր աշխատանքներ են տարուան մէջ, նաեւ Երկրաբանական, նաֆթի եւ գեոֆիզիկայի (հիմնուած է 1957-ին, իյոլեն), Գիւղատնտեսական (հիմնուած է 1959-ին, Ռեխուոտ) հիմնարկներուն մէջ, ճարտարագիտական հիմնարկին կից հետազօտական հիմնարկին մէջ (Հայֆա), Կեդրոնական ֆիզիքի տարրալուծարանին մէջ (հիմնուած Է 1950-ին, Երուսաղէմ), Կենսաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ։ Մեծագոյն համալսարաններն են՝ Հրէական համալսարանը (Երուսաղէմ, հիմնադրուած է 1918-ին, պաշտօնապէս բացուած 1925-ին), Թել-Աւիւի համալսարանը (հիմնադրուած է 1953-ին), ճարտարագիտական հիմնարկը (հիմնադրուած Է 1912-ին) Հայֆայի մէջ։ Գրադարաններէն յայտնի են. Հրէական ազգային եւ համալսարանական գրադարանները Երուսաղէմի մէջ, (հիմնադրուած է 1884-ին), համալսարանական գրադարանը՝ Թել-Աւիւի մէջ (հիմնադրուած՝ 1954-ին)։ Գլխաւոր թանգարաններն են՝ Իսրայէլի Ազգային թանգարանը Երուսաղէմի մէջ (հիմն. 1965-ին), Հաարեց թանգարանը՝ Թել-Աւիւի մէջ (հիմնադրուած է 1958-ին)։

Իսրայէլի մէջ, կը հրատարակուին աւելի քան 400 թերթ եւ հանդէս։ Առաւել տարածուածներն են՝ «Հաարեցը», որն ամէնէն հինն է (1919-էն եւ լոյս կը տեսնէ եբրայերէն ու նաեւ՝ անգլերէն, «Ճերուզալեմ փոսթ» (անգլերէն՝ Jerusalem Post 1932-էն, ), «Ետիօթ ահրոնօթ» (1939-էն, եբրայերէն)։ «Շիտուրէյ Իսրայէլ» կառավարական ձայնասփիւռի կայանը հիմնուած Է 1968-ին, մինչ այդ գործած է «Կոլ Իսրայէլ» ձայնասփիւռի կայանը։ Հաղորդումները կը տրուին 11 լեզուով։ Հեռատեսիլի կեդրոնը ստեղծուած է 1968-ին (եբրայերէն եւ արաբերէն)։

50 եւ 20 շեքել արժեքով թղթադրամներ

1985 Սեպտեմբեր 4-էն Իսրայէլի արժոյթը կը հանդիսանայ Նոր իսրայէլական շեքելը (եբր.՝ שקל חדש‎, անգլերէն՝ New Israeli Sheqel)։ Նշանն է՝ , NIS, ըստ ISO-4217-ի անուանակարգման՝ ILS:

2010-ի վերջի դրութեամբ շրջանառութեան մէջ կանխիկ դրամի գումարը կազմած է մօտաւորապէս 45 միլիառ շեքել[22].

Գրականութիւնը եւ Արուեստը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամոս Օզի գործերը թարգմանուած են 36 լեզուներով, աւելի, քան որեւէ այլ իսրայէլցի գրագէտինը[23]

Իսրայէլական գրականութիւնը հիմնականին մէջ, կը ստեղծուի եբրայերէն, թէեւ կը հանդիպին նաեւ այլ լեզուներով, ինչպէս օրինակ՝ անգլերէնով:։ «Եբրայական գրողներու միութիւն»-ը (հիմնուած է 1940-ական թուականներու) իր շարքերուն մէջ, չ'ընդունիր յիտիշ եւ արաբ լեզուներով գրողներուն։ Որպէս կանոն, Իսրայէլի մէջ հրատարակուած բոլոր գործերու երկուքական օրինակները կը տեղադրուին Երուսաղէմի հրէական համալսարանին մէջ գտնուող Իսրայէլի Ազգային գրադարանի ներսը։ 2001-ին փոփոխուած օրէնքով նոյն պահանջները մտցուեցան նաեւ տեսողական, ձայնագրութիւններու եւ այլ ոչ տպագրական միջոցներու վերաբերեալ։[24] 2013-ին գրադարան փոխադրուած գիրքերու 91 %-ը եղած է եբրայերէն:[25]

1966-ին Շմուէլ Ակնոնը գերմանացի հրեայ գրագէտ Նելլի Զաքսին հետ միասին ստացաւ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ։.[26] Անուանի գրագէտներ կը համարուին Ամոս Օզը, Եթկար Քերեթը եւ Տաւիտ Կրոսմանը։ Եբրայերէնով գրող իսրայէլացի արաբ երգիծագիր Սայէտ Քաշուան նոյնպէս ունի աշխարհահռչակ է։ Պաղեստինցի յայտնի գրագէտներ Եմիլ Հապիպին, Թաուֆիք Զիեատեն եւ Մահմուտ Տարուիշը նոյնպէս կը ստեղծագործեն Իսրայէլի մէջ։

Հայերը Իսրայէլի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի եւ հայերու առաջին առնչութիւնները Հրէաստանի հետ սկսած են դեռեւս Ք.ա. 1-ին դարուն՝ Տիգրան Բ Մեծի ժամանակաշրջանին, երբ այդ երկիրը կարճ ժամանակ մը յայտնուեցաւ հայոց թագաւորի գերիշխանութեան տակ։ Հետագային այդ կապերը ընդլայնուեցան յատկապէս քրիստոնէութեան տարածման առաջին շրջանին մէջ, եւ արդէն 4-րդ դարումն հայերը եկեղեցիներ ունէին Երուսաղէմի մէջ։ Հայ աշխարհիկ համայնքը «սրբազան քաղաքին մէջ» կազմաւորուեցաւ աւելի ուշ՝ 7-րդ դարուն, երբ այստեղ մուտք գործեցին հայ վաճառականներն ու արհեստաւորները, որոնք հիմնականին մէջ կը բնակէին Սիոն թաղամասի Հայկական կոչուած փողոցին մէջ։ Հայերու թիւը Երուսաղէմի մէջ եւ միւս քաղաքներուն մէջ, ստուարացաւ 10-11-րդ դարերուն, երբ եւրոպական խաչակիրները գրաւեցին երկիրը եւ հիմնեցին Երուսաղէմի թագաւորութիւնը. անոնք հիմնականին մէջ, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ խաչակիրներուն միացած հայ ռազմիկներն էին։ 19-20-րդ դարերուն հայերու թիւը այստեղ աւելցաւ յատկապէս թրքական եաթաղանէն փախած գաղթականներուն պատճառով, որոնց մէկ մասը հետագային ներգաղթեց Հայաստան։ Այսօր Երուսաղէմի մէջ, կը բնակի շուրջ 3 հզ. հայ՝ հիմնականին մէջ արհեստաւորներ, բժիշկներ, ձեռնարկատէրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ։ Այստեղ կը գտնուի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքով ու վանքապատկան կալուածներով, հայկական տպարանով։

Դուրսի Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Իսրայէլը [1] Archived 2021-01-03 at the Wayback Machine. The World Factbook-ին մէջ
  1. Israeli population growth slowing as fertility rates continue to fall – report — 2024.
  2. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  3. https://www.isoc.org.il/domain-name-registry/registry-updates/domain-names-israel
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  5. «Popular Opinion» (անգլերեն)։ The Palestine Post։ Դեկտեմբեր 7 1947։ էջ 1 
  6. «On the Move» (անգլերեն)։ TIME Magazine։ 31 մայիս 1948։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-04-06-ին։ արտագրուած է՝ 1 հուլիսի 2008 
  7. Spolsky Bernard (1999)։ Round Table on Language and Linguistics։ Washington, D.C.: Georgetown University Press։ էջեր 169–70։ ISBN 0-87840-132-6։ «In 1948, the newly independent state of Israel took over the old British regulations that had set English, Arabic, and Hebrew as official languages for Mandatory Palestine but, as mentioned, dropped English from the list. In spite of this, official language use has maintained a de facto role for English, after Hebrew but before Arabic.» 
  8. Bat-Zeev Shyldkrot Hava (2004)։ «Part I: Language and Discourse»։ in Diskin Ravid Dorit, Bat-Zeev Shyldkrot Hava։ Perspectives on Language and Development: Essays in Honor of Ruth A. Berman։ Kluwer Academic Publishers։ էջ 90։ ISBN 1-4020-7911-7։ «English is not considered official but it plays a dominant role in the educational and public life of Israeli society. ... It is the language most widely used in commerce, business, formal papers, academia, and public interactions, public signs, road directions, names of buildings, etc. English behaves 'as if' it were the second and official language in Israel.» 
  9. Shohamy Elana (2006)։ Language Policy: Hidden Agendas and New Approaches։ Routledge։ էջեր 72–73։ ISBN 0-415-32864-0։ «In terms of English, there is no connection between the declared policies and statements and de facto practices. While English is not declared anywhere as an official language, the reality is that it has a very high and unique status in Israel. It is the main language of the academy, commerce, business, and the public space.» 
  10. «English programs at Israeli universities and colleges»։ Israel Ministry of Foreign Affairs 
  11. «Study: Soviet immigrants outperform Israeli students»։ Haaretz։ 10 Փէտրուար 2008 
  12. «French radio station RFI makes aliyah»։ Ynetnews։ 5 December 2011 
  13. «Field Listing — Executive Branch»։ The World Factbook (անգլերեն)։ ԿՀՎ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-04-22-ին։ արտագրուած է՝ 20 Յուլիս 2007 
  14. «Excerpts from the Basic Law: The President» (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 23 Յուլիս 2008 
  15. «The Electoral System in Israel»։ The Knesset։ արտագրուած է՝ 8 օգոստոս = 2007 
  16. «History: 1948» (անգլերեն)։ Israel Defense Forces։ արտագրուած է՝ 31 Յուլիս 2007 
  17. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  18. «Israel Defense Forces» (անգլերեն)։ GlobalSecurity.org։ արտագրուած է՝ 16 Սեպտեմբեր 2007 
  19. «The Israel Defense Forces» (անգլերեն)։ Իսրայէլի ՆԳՆ։ արտագրուած է՝ 7 Յուլիս 2008 
  20. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  21. Nehemia Shtrasler.։ «Cool law, for wrong population» (անգլերեն)։ Haaretz։ արխիւացուած բնօրինակէն 2007-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 7 Յուլիս 2008 
  22. «Annual Report of the Bank of Israel Currency Department for 2010.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-24 
  23. «Amos Oz is most translated Israeli author»։ Ynetnews։ 10 Փէտրուար 2009 
  24. «Depositing Books to The Jewish National & University Library»։ Jewish National and University Library։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 21 Օգոստոս 2007 
  25. «Statistics for 2013»։ National Library of Israel։ 2013։ արտագրուած է՝ 17 April 2016 
  26. «The Nobel Prize in Literature 1966»։ Nobel Foundation։ արտագրուած է՝ 12 Օգոստոս 2007 

Կաղապար:Ասիոյ Երկիրներ