Կազ

Կազ, նիւթի չորս հիմնական տեսակներէն մէկն է (միւսները՝ պինդ, հեղուկ եւ փլազմա)[1]։
Մաքուր կազը կրնայ կազմուած ըլլալ առանձին ադոմներէ (անկենդան կազ կամ ադոմային կազ, ինչպէս նէոնը), միատիպ ադոմներէն կազմուած տարրական մասնիկներէն կազմուած (օրինակ թթուածին), կամ զանազան ադոմներէն կազմուած միացութեան մասնիկներէն (օրինակ ածխածինի երկթթուակ)։ Կազը կը պարունակէ զանազան մաքուր կազեր, ինչպէս օդը։
Կազին առանձին մասնիկները ընդարձակօրէն տարանջատուած են։ Այդ տարանջատումը կազը կը դարձնէ անգոյն եւ անտեսանելի՝ մարդուն համար։
Անուան ծագումնաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Կազ» բառը (հոլ.՝ gas) ստեղծուած է 17-րդ դարուն սկիզը ֆլամանտացի բնագէտ Եան Պասփտիստ վան Հելմոնտի կողմէ, իր քով ի յայտ եկած «մեռած օդ»-ը (ածխածինի երկթթուակ) անուանելու նպատակով։ Ըստ Եաքոպ Պերելմանի, Հելմոնտ գրած է հետեւեալը.
| Այդ շոգին կոչած եմ կազ, քանի որ անիկա չի տարբերիր հին օրերու շփոթութենէն ։ |
Վիթհայմ Վունտդի կարծիքով, Հելմոնտ նախ կարծած է, թէ յայտնաբերուած կազը կը նմանի առաջնային շփոթութեան։ Հելմոնտի վրայ ազդած է նաեւ blas (միջին գերմաներէն՝ blasen) բառը, որ ան կ'օգտագործէր աստղերէն եկող պաղ օդը բնութագրելու համար։ Բառին ընտրութեան գործին մէջ մեծ դեր խաղացած է նաեւ geest («ոգի») բառը, որ կը համապատասխանէ լատիներէն spiritus-ին. կազը, որ Հելմոնդի համար կը համապատասխանէր ածխածինի երկթթուակի, լատիներէնով կը փոխանցուի իբրեւ spiritus silvestris («անտառի ոգի»)։ Ոմանք կ'ենթադրեն, որ գերմանական gasen («եռալ») բառը նոյնպէս ազդած է բառին ընտրութեան վրայ։
Ֆիզիկական յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մաքրոսկոպիկ յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կազերուն մեծ մասը դժուար է կամ անհնար է անմիջականօրէն հետազօտել մեր զգայարաններով։ Անոնք կը բնութագրուին չորս ֆիզիքական կամ մաքրոսկոպիկ յատկութիւններով՝ ճնշում, ծաւալ, մասնիկներու թիւ (քիմիագիտութեան մէջ՝ մոլը) եւ ջերմաստիճան։ Այս չորս բնութագիրները տարբեր պայմաններու մէջ եւ տարբեր կազերու համար հինէն ի վեր բացմիցս ուսումնասիրուած են շատ գիտնականներու կողմէ, ինչպէս՝ Ռոպերթ Պոյլը, Ժաք Շառլը, Ճոն Տալթոնը, Ժոզէֆ Կէյ-Լիւսակը եւ Ամատէօ Աւոկատրօն։ Անոնց մանրամասն ուսումնասիրութեամբ յայտնաբերուած է այդ յատկութիւններու միջեւ թուաբանական կապը, որ կ'արտայայտուի իտէալական կազի վիճակի հաւասարումով։
Կազի բնութագրիչ առանձնայատկութիւնը այն է, որ անիկա կը գրաւէ ամբողջ հնարաւոր տարածութիւնը, մակերեւոյթ չկազմելով ։ Կազերը միշտ խառնուին իրար տարածման (անգլերէն՝ diffusion) շնորհիւ։ Կազը իզոթրոփ է, այսինքն անոր յատկութիւնները կախեալ չեն ուղղութենէ։ Ձգողութեան ուժի բացակայութեան պարագային ճնշումը կազի բոլոր կէտերուն մէջ նույնն է (Փասքալի օրէնք)։ Ձգողութեան ուժի դաշտին մէջ խտութիւնն ու ճնշումը նոյնը չեն բոլոր կէտերուն մէջ՝ ըստ ծանրաչափական բանաձեւի կը նուազին տարբեր բարձրութիւններու վրայ։ Համապատասխանաբար, ծանրութեան ուժի դաշտին մէջ կազերու խառնուրդը անհամասեռ է։ Ծանր կազերը կը սուզուին դէպի վառ, իսկ աւելի թեթեւները՝ կը բարձրանան վեր։ Ձգողութեան դաշտին մէջ, կազերուն վրայ կը գործէ Արքիմետի ուժը, որ կ'օգտագործուին թեթեւ կազերով կամ տաք օդով լեցուած օդապարիկներու մէջ։
Կազերը ունին բարձր սեղմելիութիւն, այսինքն ճնշման բարձրացման զուգընթաց կ'աւելնայ խտութիւնը։ Ջերմաստիճանի բարձրացման պարագային կ'ընդարձակուին։ Սեղմելու պարագային կազերը կրնան անցնիլ հեղուկ վիճակի, բայց հեղուկացումը բոլոր ջերմաստիճաններուն չըլլար, այլ ճգնաժամային ջերմաստիճանէն պակաս ջերմաստիճաններուն։ Ճգնաժամային ջերմաստիճանը կազի բնութագրիչներէն է և կախեալ է կազի մոլեքուլներու միջեւ շփման ուժէն։ Օրինակ՝ հելիում կազը կարելի է հեղուկացնել 4,2 սելսիուսէն պակաս ջերմաստիճանով։
Կան կազեր, որոնք սառեցման պարագային կը վերածուին պինդ մարմինի։ Հեղուկի անցումը կազային վիճակի կը կոչուի շոգիացում, իսկ անմիջականօրէն պինդ մարմնի անցումը կազային վիճակէն՝ ջերմածութիւն:
Մանրադիտակային բնութագրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կազը հզոր մանրադիտակով դիտարկելու կարելիութեան պարագային կարելի է տեսնել շփոթութեան շարժման մէջ գտնուող, առանց որոշակի ձեւի եւ ծաւալի մասնիկներու (մոլեքուլներու, ադոմներու եւ այլն) համախումբ։ Կազի այդ չեզոք մասնիկները ուղղութիւն ձեռք կը ձգեն միայն այլ մասնիկներու կամ անօթի պատի հետ բախումներու ժամանակ։ Եթէ ենթադրենք, որ այդ փոխազդեցութիւնները (բախումները) բացարձակ առաձգական են, դիտարկուող նիւթը իրական կազէն կը վերածուի իտէալական կազի։ Մանրադիտակային տեսանկիւնէն այդ մէկը կը նկարագրուի մոլեքուլային-քինետիք տեսութեամբ։
Հեղուկի հետ համակեցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմաստիճանի եւ ճնշման որոշ պարագաներու միեւնոյն նիւթի կազային եւ հեղուկ փուլերը կրնան համագոյակցիլ։ Կազի մոլեքուլներու մէկ մասը կ'անցնի դէպի հեղուկ, որ աւելի բարձր խտութիւն ունի, հետեւաբար կազի խտութիւնը հեղուկի մակերեւոյթէն բարձր աւելի պակաս կ'ըլլայ։ Հեղուկի մակերեւոյթէն բարձր կազը կը կոչուի շոգի։
Կազի մոլեքուլներու ջերմային շարժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կազի մոլեքուլներու ջերմային շարժման կարեւորագոյն յատկանիշը շարժման անկանոնութիւնն է։ Տարածումը եւ պրոունեան շարժումը մոլեքուլներու շարժման անընդհատ բնոյթ ունենալու փորձնական ապացոյց են։
Տարածումը նիւթի մը մոլեքուլներու ինքնաբերական ներթափանցումն է այլ նիւթի մը մէջ։ Նիւթերու փոխադարձ տարածման պարագային իրենց խտութիւնները աստիճանաբար կը հաւասարին անոնց գրաւած ծաւալին։ Հաստատուած է, որ տարածման ընթացքի արագութիւնը կախեած է նիւթին տեսակէն ու ջերմաստիճանէն։
Մոլեքուլներու քաոսային շարժումը հաստատող ամենահետաքրքիր երեւոյթներէն մէկը պրոունեան շարժումն է, որ ի յայտ կու գայ իբրեւ կազին մէջ գտնուող նիւթի մանրադիտակային մասնիկներու ջերմային շարժում։ Այս երեւոյթը 1827-ին առաջին անգամ դիտարկած է Ռոպերթ Պրաունը, որուն անունով զայն կոչուած է։ Այդպիսի մասնիկներու տեղաշարժման անկանոնութիւնը կը բացատրուի բոլոր կողմերէ կազի մոլեքուլներէն եկած իմպուլսներու պատահական բնոյթով։ Պրոունեան շարժումը այնքան նկատելի է, որքան փոքր է մասնիկը եւ որքան բարձր է համակարգի ջերմաստիճանը։ Ջերմաստիճանային կախումը կը վկայէ, թէ մոլեքուլներու քաոսային շարժման արագութիւնը կ'աճի ջերմաստիճանի բարձրացման հետ։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ շարժումը կոչուի ջերմային։
Աւոկատրոյի օրէնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւոկատրոյի օրէնքը. միեւնոյն ճնշման եւ ջերմաստիճանի տարբեր կազերու հաւասար ծաւալներու մէջ կը պարունակեն հաւասար թիւով մոլեքուլներ։ Այս օրէնքը քիմիական փորձերով յայտնաբերած է իտալացի գիտնական Ամետէօ Աւոկատրօն 1811 թուականին։ Օրէնքը կը վերաբերի ցած ճնշումներու տակ գտնուող կազերուն (օրինակ՝ մթնոլորտային ճնշման տակ գտնուող կազերուն), իսկ ոչ համեմատաբար բարձր ճնշումներու տակ գտնուող կազերուն համար։ Աւոկատրոյի օրէնքը կը նշանակէ, որ որոշակի ջերմաստիճանի մէջ կազի ճնշումը կախեալ է միայն միաւոր ծաւալի կազի մոլեքուլներու թիւէն, բայց կախեալ չէ, թէ ինչպիսին են այդ մոլեքուլները։
Նիւթի այն քանակը, որ կը պարունակէ այնքան կրամ, որքան իր յարաբերական մոլեքուլային զանգուածը կը կոչուի մէկ մոլ։ Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ տարբեր նիւթերու որոշակի քանակութեամբ մոլերը կը պարունակեն հաւասար թիւով մոլեքուլներ։ Մէկ մոլ նիւթի մէջ գտնուող մոլեքուլներու թիւը կարեւոր ֆիզիքական մեծութիւն է եւ կը կոչուի «Աւոկատրոյի թիւ»։ Ըստ ԳՕՍՏ 3651.2-97-ի Աւոկատրոյի հաստատումը կ'ընդունուի՝
- NԱ = 6,0221367 · 10 23 ± 0,0000036 · 10 23 մոլ−1 ըստ CODATA−2010-ի տուեալներուն՝
- NԱ = 6,02214129 · 10 23 ± 0,00000027 · 10 23 մոլ−1
Աւոկատրոյի հաստատումի որոշման համար բազմաթիւ եւ տարաբնոյթ հետազօտութիւններ տեղի ունեցած են, որոնք բերած են բաւականին լաւ համընկում եւ կը նկատուին մոլեքուլներու գոյութեան եւ նիւթի մոլեքուլային կառուցուածքի վառ ապացոյցներ։