Պենիամին Նեթանիահու
Պենիամին Նեթանիահու (եբր.՝ בנימין נתניהו պէնեամին նէթանեահու ծն.21 Հոկտեմբեր 1949, Թել Աւիւ) Իսրայէլի վարչապետ: Իսրայէլի մէջ իշխող Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավարն է։
Ստանձնած է բազմաթիւ նախարարական պաշտօններ՝
Մարզանքի, Մշակոյթի, Գիտութեան Նախարար (1996-1997)
Քաղաքաշինութեան նախարար (1996-1999)
Արտաքին Գործոց Նախարար (2002-2003)
Ելեւմուտքի Նախարար (2003-2005)
Կապի Նախարար (2014-մինչեւ օրս)
Սփիւռքի Նախարար (2013-մինչեւ օրս)
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վաղ Մանկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պենիամին Նեթանիահուն ծնած է 1949-ին Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէջ պատմութեան փրոֆէսոր Բենզիոն Նեթանիահուի ընտանիքին մէջ։ Մանկութիւնը անցուցած է Երուսաղէմի մէջ։ Դպրոցը աւարտած է ԱՄՆ-ի մէջ, ուր տեղափոխուած էր իր ընտանիքը։ Վերադարձած է Իսրայէլ 1967-ին։
Զինուորական Ծառայութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Զինուորական Ծառայութեան ընթացքին Պենիամին Նեթանիահուն, մասնակցած է տարբեր յատուկ գործողութիւններու, ինչպէս ահաբեկիչներու կողմէ մարդատար օդանաւի առեւանգուած ուղեւորներու ազատ արձակման գործողութեան։ 1972-ին իր մտարուեստութեամբ ան արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու, նաեւ եղած է յատուկ ուժերու խումբի հրամանատար։ 1973-ին Պենիամին մասնակցած է արաբ-իսրայէլեան պատերազմին, ուր ստացած է մայորի կոչում։
Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պենիամին Նեթանիահուն ունի ճարտարապետութեան պասակաւոր վկայական, եւ կառավարման մագիստրոսի վկայական։ Ան անոնց արժանացած է Մասաչուսէթսի արհեստի հիմնարկին մէջ։ Աւելի ուշ Հարվարտի Համալսարանին մէջ Պենիամին սկսած է ուսումնասիրել քաղաքականութիւնը։
Աշխատանքային Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1976-1982 թուականներուն Նեթանիահու աշխատած է մասնաւոր առեւտրական համակարգի մէջ։ Սկիզբը ան «Պոսթընի Խորհրդատուական Խումբ»-ի միջազգային հարցերով խորհրդատուներու անդամ էր։ Աւելի ուշ ան դարձաւ Իսրայէլեամ «Ռիմ Արդիւնաբերութեան» տնօրէններու խորհուրդի անդամ։ 1979 եւ 1984 թուականներիուն Նեթանիահույի նախաձեռնութեամբ կազմակեպուած է երկու միջազգային համագումարներ ընդդէմ ահաբեկչութիւններու։
Քաղաքական Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1982-ին Պենիամին Նեթանիահուն նշանակուած է ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան քաղաքական բաժինի պետ։ 1982-ին Պենիամին Նեթանիահուն դարձած է ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի փոխդեսպան։ Այնուհետեւ 1984-էն մինչեւ 1988 եղած է ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան։ Իսրայէլ վերդառնալէ ետք 1988-ին Նեթանիահու ընտրուած է Քնեսեթի (Իսրայէլի Ազգային Ժողով) պատգամաւոր՝ Լիքուտ կուսակցութենէն։ Ապա դարձած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ։ 1993-ին Պենիամին Նեթանիահու ընտրուած է Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար եւ գլխաւորած Քնեսեթի ընդդիմութիւնը։
Վարչապետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1996-ի Մայիսին Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ուր Լիքուտ կուսակցութիւնը յաղթեց եւ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու դարձաւ Իսրայէլի վարչապետ։ Վարչապետութեան ընթացքին Նեթանիահու աշխուժօրէն պայքարած է ահաբեկչութիւններու դէմ։ Պենիամին Նեթանիահուի վարչապետութեան երրորդ տարուան ընթացքին նուազեցաւ ահաբեկչութիւնների թիւը Իսրայէլի մէջ։ Տնտեսական մարզին Նեթանիահու որդեգրած է ազատականացման քաղաքականութիւնը։ Իր վարչապետութեան օրերուն նուազած է նաեւ մթերքի պակասը։ Վարչեպտութեան օրերուն օտարերկրեայ ներդրումները զգալիօրէն աճած են հասնելով քանի մը միլիառ տոլարի։ 1999-ին Պենիամին Նեթանիահու հեռացաւ քաղաքականութենէն։
Վերադարձ Քաղաքականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
2002-ին կրկին վերադարձաւ քաղաքականութիւն։ Սկիզբը ան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար, իսկ 2003-ին նշանակուեցաւ ելեւմուտքի նախարար։ Պենիամին Նեթանիահու նպաստեց տնտեսութեան ուժաբանական զարգացման՝ խրախուսելով մասնաւոր ընկերութիւններուն։ 2000-2001 թուականներուն նուազեցաւ տնտեսութեան մակարդակը, սակայն անիկա վերականգնուեցաւ 2003-ին եւ կայունացաւ 2004-ին։ 2005-էն տնտեսական մակարդակը շարունակուեցաւ բարձրանալ՝ միջինը 5% -ով։ Գործազրկութեան մակարդակը 2003-ին նուազեցաւ 11% -ով, իսկ 2005-ին՝ 9%-ով։ Այդ ամէնուն շնորհիւ հարիւր հազարաւոր իսրայէլցիներ գտան աշխատանք։ 2009-ին Պենիամին Նեթանիահու կրկին դարձաւ Իսրայէլի վարչապետ եւ այժմ կը գտնուի այդ պաշտօնին վրայ։