Բիւզանդա-սասանեան Պատերազմ (602-628)

Մարտ՝ բիւզանդական եւ պարսկական բանակներու միջեւ, 15-րդ դար

Բիւզանդա-սասանեան պատերազմ 602-628, վերջին եւ ամէնաքայքայիչ պատերազմն էր Բիւզանդական կայսրութեան (Արեւելա-հռոմէական կայսրութիւն) եւ Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ։ Երկու կայսրութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած վերջին պատերազմը տեւած էր մօտ 20 տարի եւ աւարտած 591 թուականին, երբ բիւզանդական կայսր Մորիկը, օգնեց Խոսրով Բ․ Սասանեանին գահ բարձրանալ։ 602 թուականին: Մորիկը սպաննուեցաւ ապագայ կայսեր՝ Փոկասի կողմէ, յեղաշրջման արդիւնքով։ Խոսրովը, պատճառաբանելով իր դաշնակիցի սպանութիւնը, պատերազմ յայտարարեց Բիւզանդական կայսրութեան դէմ։

Պատերազմը շարունակուեցաւ շուրջ 3 տասնամեակ եւ ընդգրկեց գրեթէ ողջ Մերձաւոր Արեւելքը: Ռազմական գործողութիւնները տեղի կ'ունենային Փոքր Ասիոյ, Եգիպտոսի Լեւանթի, Միջագետքի , Կովկասի, Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ եւ նոյնիսկ Կոստանդնուպոլսոյ պատերու մերձակայքին։

Հակառակ անոր, որ պատերազմի առաջին փուլին (602-622) պարսիկները յաջողեցան համեմատաբար հեշտութեամբ գրաւել Լեւանթը, Եգիպտոսը, Հայկական լեռնաշխարհի մեծ մասը եւ Փոքր Ասիոյ որոշ հատուածներ, հայազգի կայսր Հերակլիոսի գահ բարձրանալը 610 թուականին պատճառ եղաւ պարսիկներու պարտութեան։ Հերակլիոսի արշաւանքները, բուն պարսկական, ստիպեց տարածքներ յանձնել վերջիններուս պաշտպանութեան, իսկ արեւելա-հռոմէական կայսրութեան՝ ազատ շունչ քաշել։ Դաշինք կնքելով Պալգանեան թեկաղզիին մէջ բնակող աւարներու հետ, պարսիկները պաշարեցին Կոստանդնուպոլիսը 626 թուականին, սակայն քաղաքի ուժեղ դիմադրութիւնը՝ նաւատորմի եւ դաշնակիցներու միջեւ եւ համագործակցութեան բացակայութիւնը, խափանեցին պարսիկներու ծրագիրները։ 627 թուականին՝ Հերակլիոսը, հասաւ գրեթէ մինչեւ Սասանեան Պարսկաստանի մայրաքաղաք Տիզբոն, որ ստիպեց պարսիկներուն ընդունել միջպատերազմեան սահմաններու վերականգնումը։

Պատերազմի վերջաւորութեան, հակամարտող երկու կողմերու տնտեսութիւնը քայքայուած էր, մարդկային ու նիւթական միջոցները՝ սպառած։ Այդ բոլորին հետեւանքով, երկու կայսրութիւններն ալ խոցելի էին նոր ծնած իսլամով ոգեշնչուած արաբական յարձակումներէն։ Արաբները յաջողեցան տասը տարուան ընթացքին գրաւել ողջ Սասանեան Պարսկաստանը եւ Բիւզանդական կայսրութեան կէսը, Եգիպտոսը, Փոքր Ասիոյ մէկ մասը, Հռոմէական Հայաստանը, Սուրիան, Պաղեստինն ու հիւսիսային Ափրիկէն։

Նախապատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բիւզանդական Կայսրութիւն (7-րդ դարու սկզբը)
Սասանեան Պարսկաստան (պատերազմի սկզբը)

Տասնամեակներ տեւած պատերազմի որպէս արդիւնք, բիւզանդացի կայսր Մորիկը, օգնելով Խոսրովին գահ բարձրանալ Պարսկաստանի մէջ եւ յաղթել ապստամբ Վահրամ Չոբինին, վերականգնեց հաշտութիւնը։ Օգնութեան փոխարէն՝ Մորիկը, հիւսիս-արեւելեան Միջագետքի, Պարսկահայաստանի եւ Վիրքի մէջ տարածքներ ստացաւ[1][2][3]։ Նուազ կարեւոր չէր այն փաստը, որ Բիւզանդական կայսրութիւնը Սասանեան Իրանին այլեւս չէր վճարեր Ճորա Պահակի պաշտպանութեան հարկը։

Պատերազմը աւարտելէն ետք, Մորիկ Պալգաններու մէջ սկսաւ նոր արշաւանքներու, որպէսզի դուրս մղէ ներխուժած աւարներն ու սլաւները[4][5]։

ՀռոմԷական կայսր՝ Տիբերիոսի արշաւանքները դատարկած էին Յուստինիանոս II-ի ժամանակներէն մնացած գանձարանը[6][7][8]։ Գանձարանը անգամ մը եւս լեցնելու նպատակով Մորիկը խստացուց հարկահաւաքութիւնը եւ կրճատեց զինուորներու աշխատավարձը, որ բերաւ 4 խռովութիւններու[9]։ Չնայած ռազմական յաջողութիւններուն, 602 թուականին տեղի ունեցաւ խռովութիւն մը եւս՝ Մորիկին պատճառով, որ բանակին հրամայած էր անցնիլ Տանուպ գետին միւս ափը, աւարներու թշնամական տարածքը[10][11]: Բանակը նոր կայսր յայտարարեց՝ թրակիացի ցենտուրիոն Փոկասին եւ անցաւ մայրաքաղաք, Կոստանդնուպոլիս[1][11][12]։ Մորիկ փորձեց պաշտպանել քաղաքը՝ զինելով կանաչ եւ կապոյտ խմբակցութիւնները, որոնք Հիփոտրոմի ձիարշաւային մրցավազքի երկու խոշորագոյն երկրպագուներու խումբերն էին։ Սակայն այս քայլը յաջողութեամբ չպսակուեցաւ եւ քաղաքը մնաց ապստամբներու ձեռքը։ Մորիկը փախաւ, սակայն շուտով բռնուեցաւ եւ սպաննուեցաւ Փոկասի զինուորներուն ձեռքով[11][13][14][15]։

Հակամարտութեան Սկիզբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու կայսրութիւնները Ք.Ե. 600 թուականին

Մորիկի սպանութենէն ետք, հռոմէական Միջագետք նահանգի կառավարիչ՝ Ներսէսը ապստամբեցաւ Փոկասի դէմ եւ գրաւեց նահանգի գլխաւոր քաղաք Եդեսիան[16]: Փոկասը հրամայեց իր զօրավար՝ Գերմանուսին պաշարել Եդեսիան, որ դրդեց Ներսէսը՝ օգնութիւն խնդրելու պարսիկներէն։ Խոսրով Սասանեանը, պատճառաբանելով իր «ընկեր եւ հայր» Մորիկի սպանութիւնը, ուրախութեամբ համաձայնեցաւ պատերազմ սկսիլ Բիւզանդական կայսրութեան դէմ[17][18]։

Շուտով Գերմանուսը սպաննուեցաւ պարսիկներու հետ՝ կռիւներու ընթացքին։ Փոկասի կողմէ ուղարկուած միւս բանակը եւս ջախջախուեցաւ վերին Միջագետքի Դարա բերդաքաղաքի մօտակայքը։ Յաղթանակի շնորհիւ, պարիսկները կրցան գրաւել այդ կարեւորագոյն պաշտպանական կէտը, որ անպաշտպան ձգեց ողջ Սուրիան եւ Միջագետքը։ Ներսէս յաջողեցաւ խուսափիլ տալ Փոկասի կողմնակիցներու կողմէն գերի ինկողները[19], սակայն երբ ան, տեսնելով պարսակական վտանգը, որոշեց վերադառնալ Կոստանդնուպոլիս եւ հաշտուիլ կայսրին հետ, Փոկասը բռնել տուաւ զինք եւ ողջ-ողջ այրեց։ Լաւագոյն հրամանատարներէն մէկը համարուող Ներսէսի մահը եւ շարք մը պարտութիւնները պարսիկներէն, ձգեցին Փոկասի հեղինակութիւնը ժողովուրդի շրջանին մէջ[19][20]

Հերակլիոսի Ապստամբութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պղինձէ մետաղադրամ Փոկասի դէմքով
Պղինձէ մետաղադրամ Փոկասի դէմքով:

608 թուականին, Ափրիկէի էկզարխատի երկսարքոս Հերակլիոս Աւագը ապստամբեցաւ Փոկասի դէմ[20][21]։ Հերկալիոս Աւագն ու իր տղան՝ Հերակլիոսը յայտարարեցին իրենց կոնսուլներ եւ սկսան մետադրամ հատել իրենց դէմքերով[22]։

Միեւնոյն ժամանակ ապստամբութիւններ տեղի ունեցան Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ։ Իրավիճակը լարուած էր յատկապէս Անտիոքի մէջ։ Բազմաթիւ աղբիւրներ կը վկայեն, որ կռիւներու ընթացքին ներգրաւուած էին հրեաները, չնայած պարզ չէ արդեօք անոր մաս կը կազմէի՞ն որեւէ խմբակցութեան անդամ, թէ՛ հանդէս կու գային իբրեւ քրիստոնեաներու հակառակորդներ[23][24]։ Շուտով Փոկասի կողմէ ուղարկուած նոր արեւելքի կոմսը (լատ.՝ comes Orientis) կանգնեցուց անկարգութիւնները եւ պատժեց ատոնց մէջ մասնակցելու համար երկրպագուներու կանաչ խմբաւորումը[23]։

Հերակլիոս Աւագը ուղարկեց իր զարմիկ՝ Նիկետասին գրաւելու Եգիպտոսը։ Արեւելքի կոմսը եւս անցաւ Եգիպտոս, սակայն պարտուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մօտակայքին մէջ[23]։ 610 թուականին, Նիկետասը գրաւեց Եգիպտոսը եւ օգնեց Յովհաննէս Ողորմածին դառնալ Աղեքսանդրիոյ պատրիարք[25][26][27][28][29]։

Ապստամբներու հիմնական ուժը՝ կրտսեր Հերակլիոսի գլխաւորութեամբ ծովային ուղիով շարժեցաւ դէպի Կոստանդնուպոլիս։ Արդէն որոշուած էր, որ յաջող յեղաշրջման պարագային, Հերակլիոս կրտսերը կը հռչակուի կայսր։ Քաղաքը ինկաւ դաւաճանութեան պատճառով եւ Փոկասը բռնուեցաւ Հերակլիոսի զինուորներուն կողմէն[30]։ Պահպանուած է մահապատիժէն առաջ՝ Փոկասի եւ Հերակլիոսի միջեւ խօսակցութիւնը.

«Արդեօք այսպէ՞ս կառավարած ես կայսրութիւնը» - կը հարցնէ Հերակլիոսը

Փոկասը կը պատասխանէ. «Իսկ դուն՝ այն աւելի լաւ կրնաս կառավարել»[31]


Հերակլիոս Աւագը շուտով կ'անհետանայ արձանագրութիւններէն: Կ'ենթադրուի, որ ան արդէն մահացած էր, սակայն մահուան ստոյգ թուականը յայտնի չէ[32]։

Փոկասի սպանութիւնէն ետք, 35 ամեայ Հերակլիոսը ամուսնացաւ իր զարմուհի՝ Մարդինայի հետ եւ թագադրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին կողմէ։ Կայսր թագադրուելուն պէս, Հերակլիոսը սկսաւ քայլեր առնել կայսրութիւնը վերականգնելու նպատակով։ Սակայն ան դեռ ունէր մրցակիցներ։ Փոկասի եղբայրը դեռեւս իր հրամանատարութեան տակ ունէր խոշոր զօրագունդ, որ կը գտնուէր կեդրոնական Փոքր Ասիոյ մէջ։ Բայց հայ հրամանատար՝ Յուստիանոսի կողմէ՝ Փոկասի եղբօր սպանութեան հետեւանքով, այս վտանգը վերացաւ[26]։ Որովհետեւ այդ զօրագունդը դեռեւս չէր վերադարձուցած իր դիրքերը, պարսիկները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը Փոքր Ասիոյ մէջ[33]։ Հերակլիոսը, փորձելով մեծցնել եկամուտը եւ կրճատել ծախսերը, սահմանափակեց Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու անձնակազմի քանակը, որովհետեւ անոնք կը ֆինանսաւորուէին պետութեան կողմէ[34]։ Նոր կայսրը կ'օգտագործէր արարողակարգերը օրինականացնելու իր արքայատոհմը[35] եւ կը փորձէր կարելի եղած չափով ըլլալ արդար՝ ժողովրդականութիւն շահելու համար[36]։

Պարսկական Յառաջխաղացք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէա-պարսկական սահմանը ուշ անթիք դարաշրջանին մէջ:

Պարսիկները, օգտագործելով քաղաքացիական պատերազմները, շարունակեցին գրաւել քաղաքներ Հայաստանի եւ վերին Միջագետքին մէջ[37][38]։ 609 թուականին, անոնք գրաւեցին Եփրատ գետի մօտակայքը գտնուող Մարտին եւ Ամիթ քաղաքները։ Կարեւորագոյն քրիստոնէական քաղաքը՝ Եդեսիան ինկավ պարսիկներու ձեռքը 610 թուականին[20][38][39][40]։ 609 կամ 610 թուականին, հայկական կարեւորագոյն յենակէտ Կարինը յանձնուեցաւ պարսիկներուն, ենթադրաբար Մորիկի աւագ որդիին յորդորներուն շնորհիւ[39][41]։ 608 թուականին, Սասանեանները ներխուժեցին Փոքր Ասիա եւ հասան մինչեւ Քաղկեդոն[17], որ բաժնուած էր Կոստանդնուպոլիսէն միայն Պոսֆորի նեղուցով[25][42]։ Պարսկական նուաճումները կը կրէին աստիաճանական բնոյթ։ Հերակլիոսի գահ բարձրանալու ժամանակ պարիսկները գրաւած էին հռոմէական բոլոր քաղաքները, որոնք կը գտնուէին Եփրատ գետէն արեւելք եւ միայն անկէ ետք սկսած ներխուժումները՝ Կապադովկիան։ Կապադովկիոյ մէջ, պարսիկ յայտնի հրամանատար՝ Շահին Վահմանզադեգանը գրաւեց խոշոր քաղաք Կեսարիան[38][39][42]։ Բիւզանդական ուժերը իրենց հերթին պաշարեցին քաղաքը, ուր արգելափակուած էր պարսկական զօրքը։ Պաշարումը տեւեց մօտ մէկ տարի[21][43][44]։

Հերակլիոսի գահ բարձրանալը քիչ բան փոխեց ուժերու յարաբերակցութեան մէջ։ Նախապէս ան կը փորձէր հաշտութիւն կնքել Սասանեան Պարսկաստանի հետ։ Սակայն անընդհատ յաղթանակող պարսիկները հրաժարեցան հաշտութեան առաջարկէն, չնայած որ Խոսրովի «բարերար» Մորիկին սպաննած Փոկասն արդէն կենդանի չէր[37]։ Համաձայն պատմաբան Ուոլթեր Կայեգիի, Սասանեանները կը ցանկային վերականգնել կամ նոյնիսկ գերազանցել Աքեմենեան Պարսկաստանը, սակայն պարսկական փաստաթուղթերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, հնարաւոր չէ յստակ հաստատել կամ հերքել այդ պնդումը[37]։

thumb
Խոսրով II-ի պատկերով արծաթէ մետաղադրամ

Համաձայն հաստատուած կարգերուն, բիւզանդական կայսրերը անձամբ չէին ղեկավարեր զօրքը, սակայն Հերակլիոսը ստիպուած էր դէմ մնալ այս սովորութեան եւ դէմ դնել պարսիկներու պաշարման Կեսարիոյ մէջ[44]։ Սակայն պարսիկները յաջողեցան ճեղքել պաշարումը եւ այրել Կեսարիան[45]։ Հերակլիոսն օգտագործեց այս պարտութիւնը, որպէսզի հեռացնէ Փոկասին ծառայած հրամանատարները[46] եւ եղբօր հետ անձամբ վերցնէ զօրքի հրամանատարութիւնը։

Պարսիկները օգտուեցան բիւզանդական հրամանատարներու սխալ որոշումներէն եւ հրամանատար՝ Շահրբարազի գլխաւորութեամբ արշաւեցին Սուրիա[47]։ Հերակլիոսը փորձեց կանգնեցնել անոնց յառաջխաղացքը Անտիոքի մօտակայքը, սակայն կրեց ջախջախիչ պարտութիւն։ Այս յաղթանակին հետեւանքով պարսիկները գրաւեցին եւ թալանեցին Անտիոքը, սպաննեցին պատրիարքը եւ գերեվարեցին բազմաթիւ բնակիչներ։ Չնայած սկզբնական յաջողութիւններուն, բիւզանդացիները Անտիոքի հիւսիսային շրջանին մէջ կրեցին եւս մէկ պարտութիւն։ Սասանեանները զարգացուցին յաջողութիւնը եւ գրաւեցին Տարսոնը եւ կիլիկեան հովիտը[48]։ Այս ձեռքբերման շնորհիւ պարսիկները կիսեցին կայսրութիւնը երկու մասի, որովհետեւ կտրուեցաւ մայրաքաղաքի ցամաքային կապը Սուրիոյ, Պաղեստինի, Եգիպտոսի եւ Կարթագէնի հետ[48]։

Երուսաղէմի Գրաւումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

611-624 թուականներուն տեղի ունեցած արշաւանքները:

Սուրիոյ մէջ, պարսիկներուն թոյլ դիմադրութիւն ցոյց տրուեցաւ եւ բնակիչները հիմնականին մէջ կը փորձէին բանակցիլ պարսիկներուն հետ[48]։ 613 թուականին, պարսիկները յաջորդաբար գրաւեցին՝ Դամասկոսը, Ապամիան եւ Հոմսը։ Բիւզանդացիները փորձեցին կանգնեցնել պարսիկները եւ չնայած սկզբնական պարտութեան, անոնք կարողացան տանիլ փոքր յաղթանակ, որուն մէջ՝ ընդհանուր առմամբ սպաննուեցաւ 20,000 մարդ[49]։ Բայց թոյլ դիմադրութեան պայմաններուն մէջ, պարսիկներուն եւ անոնց դաշնակից հրեաներուն երեք շաբթուայ պաշարումէն ետք, յաջողեցաւ գրաւել քրիստոնէութեան սրբազան քաղաք Երուսաղեմը[50]։ Աղբիւրներ կը պնդեն, որ 57,000 - 66,500 բնակիչ սպաննուեցաւ, իսկ՝ 35,000 մարդ, ներառեալ պատրիարքը, գերեվարուեցան[49]։ Բազմաթիւ եկեղեցիներ, ատոնցմէ են՝ Սուրբ Յարութեան Տաճարը, այրուեցան եւ մեծ քանակութեամբ մասունքներ (օրինակ Սուրբ Խաչը) տեղափոխուեցան մայրաքաղաք Տիզբոն։ Բիւզանդական կայսրութեան բնակիչներն ընդունեցին մասունքներու կորուստը իբրեւ Աստուծոյ դժգոհութեան նշան[31]:

Ուրիշներ այս բոլորին մէջ կը մեղադրէին հրեաները[51]։ Կան տուեալներ, որ հրեաները օգնած են պարսիկներուն որոշ քաղաքներու գրաւման ժամանակ, սակայն հաւանաբար տեղեկութիւններու մէկ մասը ուռճացուած է[48]։

Եգիպտոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

618 թուականին, Շարբարազի զօրքը ներխուժեց Եգիպտոս, որ շուրջ 6 դար զերծ մնացած էր թշնամիներու յարձակումներէն[52] Եգիպտոսի միաբնակ ղպտիները թշնամաբար կը վերաբերուէին կայսերական քաղկեդոնական իշխանութեան եւ ցանկութիւն չունէին օժանդակելու բիւզանդական զօրքին[52][53]։ Միամեայ պաշարումէն ետք, Աղեքսանդրիան ինկաւ պարսիկներու ձեռքը, հաւանաբար դաւաճանի պատճառով, որ յայտնեց անոնց չ'օգտագործուող ջրանցքի մասին։ Բիւզանդական զօրքերու հրամանատարն ու պատրիարքը փախան Կիպրոս[54]։ Եգիպտոսի կորուստը հուժկու հարուած էր կայսրութեան, որորվհետեւ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը ցորենի ողջ հումքը կը ստանար այնտեղէն։ Այդ պատճառով 618 թ-ին, ցորենի պակասի պատճառով վերացաւ մայրաքաղաքի բնակիչներուն անվճար հաց բաժնելու դարաւոր սովորոյթը[55]։

Փոքր Ասիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեանքը բիւզանդացիներու համար դարձաւ աւելի տժգոյն, երբ 617 թուականին Քաղկեդոնը ինկաւ պարսիկներու ձեռքը, որուն հետեւանքով անոնք կ'երեւէին մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսէն[56]։ Հերակլիոսը եւս մէկ անգամ դիմեց պարսիկներուն հաշտութեան խնդրանքով, որ դարձեալ մերժուեցաւ[57][58]։ Չնայած պարսիկներու ժամանակաւոր նահանջին, անոնք շուտով գրաւեցին կարեւոր ռազմական յենակէտ Անքիրան (ներկայիս Անքարա)։ Ըստ հակասական վկայութիւններու 622 կամ 623 թուականին, պարսիկներուն ձեռքը ինկաւ ծովային կարեւոր հանգոյց Հռոտոս կղզին[59][60]։ Մայրաքաղաքին մէջ վախը այնքան զօրաւոր էր, որ Հերակլիոսը կը մտածէր տեղափոխել մայրաքաղաքը Կարթագէն, սակայն այդպէս ալ չհամարձակեցաւ դիմել այդ քայլին[55]։

Բիւզանդական Վերականգնում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերահամակարգում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հերակլիոսը որոշեց երթալ ծայրայեղ քայլի եւ վերջին յարձակում գործել[56]։ Այս նպատակով, ան որոշեց ձեռնարկել շարք մը քայլերու։ Արդէն 615 թուականին ի յայտ եկաւ նոր եւ աւելի թեթեւ արծաթէ մետաղադրամ, որուն վրայ՝ բացի կայսեր եւ անոր որդիին պատկերներէն, մակագրուած էր «Թող Աստուած օգնէ հռոմէացիներուն» (լատ.՝ Deus adiuta Romanis)[61]։ Այս քայլը օգնեց կայունացնել բիւզանդական տնտեսութիւնը։

Հերակլիոսը կիսով կրճատեց պաշտօնեաներու վճարները, բարձրացուց հարկերը եւ կաշառակեր պաշտօնեաներէն ծանր հարկեր սկսաւ գանձել[62]։ Եկեղեցին կոչով դիմեց բոլոր քրիստոնեաներուն միանալու բանակին եւ համաձայնուեցաւ հալեցնել տաճարներու (նոյնիսկ Ս. Սոֆիայի տաճարի) ոսկին եւ արծաթը եւ փոխանցել կայսրին[63]։ Այս ռազմական արշաւը երբեմն կը դիտարկուի իբրեւ առաջին խաչակրաց արշաւանք[56][64] Այս քայլերու շնորհիւ հազարաւոր կամաւորներ զինուեցան եւ պատրաստուեցան Հերկալիոս կայսեր ղեկավարութեամբ փրկել կայսրութիւնը[56]։

Բիւզանդական Հակայարձակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

622 թուականին, Հերակլիոս պատրաստ էր։ Ան ձգեց մայրաքաղաքը Զատկի յաջորդ օրը[65]։ Ողջ ամառը ան անցուց մարզելով իր զինուորները եւ բարձրացնելով անոնց ռազմական ոգին։ Աշնան արշաւեց Կապադովկիա[62]։ Այս ստիպեց պարսիկներուն նահանջել Փոքր Ասիոյ արեւմուտքէն, որպէսզի չձգեն Հերակլիոսը ներխուժելու բուն պարսկական տարածքներ[66]։

Շուտով բիւզանդացիները ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին պարսիկները[67]։ Այս յաղթանակի կարեւորագոյն գրաւականներէն դարանակալած էր պարսկական ուժերու բացայայտումը եւ կեղծ նահանջի մարտավարութեան կիրառումը[66]։ Այսպիսով Փոքր Ասիան մաքրուեցաւ պարսիկներէն։ Սակայն շուտով Հերակլիոսը ստիպուած էր ձգել զօրքը Պոնտոսի մէջ եւ վերադառնալ մայրաքաղաք, որպէսզի դարձեալ մղէ աւարներու յարձակումը[62][68]։

Աւարներու Յարձակումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բիւզանդացիները տակաւին զբաղուած էին ետ մղելով պարսիկները, սլաւոններն ու աւարները, զբաղեցուցած էին Բալկաններու մեծ մասը։ Աւարները սկսան մուտք գործել Թրակիա եւ մօտեցան մայրաքաղաքին։ Սակայն Սալոնիկը գրաւելու անոնց բազմաթիւ փորձերը մատնուեցան ձախողութեան, որ թոյլ տուաւ կայսրութեան՝ պահել այդ կարեւորագոյն քաղաքը[69]։ Բացի անկէ Էգէական ծովի ափին գտնուող քանի մը քաղաք եւս կրցան ետ մղել աւարներու յարձակումները[70]։

Նկատի առած, որ կայսրութեան պէտք էր ետ մղել աւարները, անոնք չէին կրնար իրենց թոյլ տալ ուղղել բոլոր ուժերը պարսիկներու դէմ։ Հերակլիոսն առաջարկեց աւարներու կագանին գրաւուած տարածքները ձգելու դիմաց հարկ վճարել[56]։ Կագանը ի պատասխան՝ խնդրեց անձամբ հանդիպիլ իրեն։ Հերակլիոսը համաձայնեցաւ, սակայն բանակցութիւնները իրականութեան մէջ ծուղակ էին անոր համար եւ կայսրը դժուարութեամբ կրցաւ անվնաս վերադառնալ մայրաքաղաք[71][72]։ Այդուհանդերձ անոր ուղեկցող պաշտօնեաներն ու անոր տեսնելու եկած 70,000 գիւղացիները այդքան էլ բախտաւոր չէին[73]։ Չնայած այս դաւաճանութեան, Հերակլիոսը հաշտութիւն կնքելու համար ստիպուած էր 200,000 սոլիդուս վճարել եւ որպէս պատանդ տալ իր անօրինական տղան եւ զարմիկը։ Այս քայլերը թոյլ տուին իրեն կեդրոնանալ պարսկական վտանգին վրայ[72][74]։

Բիւզանդական Յարձակումը Պարսկաստանի վրայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

624 թուականին, Հերակլիոսը փորձ մըն ալ ըրաւ հաշտութիւն կքնելու, այլապէս ան կը ներխուժէր Պարսկաստան, սակայն Խոսրովը դարձեալ մերժեց[75]։ 624, Մարտի 25-ին Հերակլիոսը ձգեց Կոստանդնուպոլիսը եւ սկսաւ արշաւանքը դէպի Պարսկաստանի խորքերը։ Ան որոշեց արշաւել Հայկական լեռնաշխարհով եւ Ատրպատականով[62]։ Բիւզանդական զօրքի վերաբերեալ կան տարբեր կարծիքներ, սակայն հաւանական է, որ Հերակլիոսը իր տրամադրութեան տակ ունէր՝ 20,000-24,000 զինուոր[76]։ Մինչեւ հայկական լեռնաշխարհ մտնելը, կայսրը ազատագրեց կարեւոր քաղաք՝ փոքրասիական Կեսարիան[76]։

Հերակլիոսը կ'արշաւէր Արաքս գետի երկայնքով եւ գրաւեց ու աւերեց Պարսկահայաստանի գլխաւոր քաղաք՝ Դուինը եւ Նախիջեւանը։ Գանձակի մօտակայքը, բիւզանդական զօրքին մարտ տուաւ Խոսրովի պարսկական 40,000-նոց զօրքը։ Հերակլիոսը, օգտագործելով դաշնակից արաբները, գերիեվարեց եւ սպաննեց Խոսրովի պահակախումբին եռանդամը, որ խուճապ առաջացուց պարսկական բանակին մէջ։ Այնուհետեւ, ան կործանեց զրադաշտական յայտնի տաճար Թախտ-ի-Սուլէյմանը[77]։ Հերակլիոսը շարժեցաւ առաջ եւ հասաւ մինչեւ Խոսրովի ամառանոցը, Ատրպատականի մէջ[77]։

Հերակլիոսի արշաւանքները 624, 625, եւ 627-628 թուակններուն

Հերակլիոսը ձմեռը անցուց Աղուանքին մէջ եւ համալրեց իր ուժերը տեղացի կամաւորներով[78]։ Խոսրովը որոշեց յարձակիլ բիւզանդացիներուն վրայ, որովհետեւ անոնք տակաւին ձմրան մէջ էին եւ անոնց դէմ ուղարկեց երեք բանակ, որոնց հրամանատարներն էին Շահրբարազը, Շահինը եւ Շահրապլականը[79]։ Վերջինս ետ գրաւեց շարք մը տարածքներ մինչեւ Սիւնիք եւ մտադրուած էր փակել լեռնանցքները։ Շահրբարազը պէտք է արգելափակեր Հերակլիոսի նահանջը Վիրքով, իսկ Շահինը պետք է հսկէր Բաղեշի անցքը։ Հերակլիոսը մտադրած էր անոնց առանձին-առանձին ճակատամարտ տալ։ Ըստ որոշ աղբիւրներու, ան իր լազ, աբխազ եւ վրաց դաշնակիցներուն ըսած է.

Մի՛ ձգէք, որպէսզի թշնամիին քանակը ձեզ անհանգստացնէ, որովհետեւ, եթէ Աստուած կամենայ, մէկը կը հետապնդէ տաս հազարին:[79]


Իբր թէ, երկու դաւաճան բիւզանդացի զինուոր ուղարկեցին Շահրբարազի մօտ, պնդելով թէ՝ անոնք փախած են տեսնելով Շահինի զօրքի մեծութիւնը։ Պարսիկ զորավարներու միջեւ եղած նախանձին պատճառով՝ Շահրբարազը շտապեց եւ առաջինը մարտի բռնուեցաւ բիւզանդացիներուն հետ։ Հերակլիոսը հանդիպեցաւ պարսիկներուն Տիգրանակերտի մօտակայքը եւ առանձին-առանձին ջախջախեց՝ Շահրապլականը եւ Շահինը[79][80][81]։ Այս յաղթանակէն ետք, Հերակլիոսը անցաւ Արաքս։ Երկու պարսիկ զօրքի մնացորդները միացան Շահրբարազին եւ սկսան հետապնդել Հերակլիոսը, սակայն ճահիճները կը դանդաղեցնէին անոնց առաջխաղացքը[80][81]։ Շուտով Շահրբարազը կիսեց ուժերը. մէկ մասը մնաց իր հետ, իսկ 6,000 հոգի ուղարկեց դարանակալելու Հերակլիոսը։ Հերակլիոսը անսպասելիօրէն գիշերային յարձակում գործեց եւ ոչնչացուց պարսկական ճամբարը։ Շահրբարազը հազիւ կարողացաւ ճողոպրիլ՝ մերկ եւ միայնակ[80]։

Հերակլիոսը ձմեռը անցուց Վանայ լիճէն հիւսիս[80]։ 625 թուականին, ան փորձեց ետ երթալ դէպի Եփրատ։ Ընդամէնը 7 օրուան ընթացքին ան անցաւ Արարատ լեռան եւ Արածանիի երկայնքով 200 մղոն, որմէ ետք ետ գրաւեց Տիգրիսի ափին գտնուող Ամիթն ու Մարտապոլիսը[62][82][83]։ Չնայած Շահրբարազը կը շարունակէր հետապնդել Հերակլիոսը, վերջինս կը շարունակէր իր արշաւանքը։ Շուտով տեղի ունեցաւ ընդհարում Ատանա քաղաքին մօտ[84]։ Շահրբարազը դիրքաւորած էր իր ուժերը գետի երկայնքով[62], որուն վրայ կար կամուրջ։ Բիւզանդացիները մէկ անգամէն գրոհ տուին։ Պարսիկները փորձեցին կիրառել «կեղծ նահանջի» մարտավարութիւնը, որպէսզի թակարդի մէջ ձգեն բիւզանդացիները եւ անոնց առաջին գիծի ուժերը ոչնչացնեն քանի մը վայրկեանէն։ Սակայն պարսիկները չէին փակած կամուրջը եւ Հերակլիոսը յարձակեցաւ այդ ուղղութեամբ իր հիմնական ուժերով։ Այս քայլը փոխեց ուժերու յարաբերակցութիւնը՝ յօգուտ Հերակլիոսի[85]։ Բիւզանդացիները յաջողեցան կատարել անվտանգ նահանջ եւ անոնք ձմեռը անցուցին Տրապիզոնի մէջ[85]։

Պատերազմի Գագաթնակէտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոստանդնուպոլսոյ Պաշարումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոսրով հասկցաւ, որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է յաջող հակայարձակում եւ կազմեց երկու նոր բանակ[85]։ Շահինին տրուեցաւ 50,000 զինուոր եւ հրաման՝ մնալու Միջագետքի ու Հայաստանի մէջ։ Անոր հիմանական նպատակն էր Հերակլիոսի դէպի Պարսկաստան արշաւանքի կանխումը։ Շահրբարազին տրուեցաւ աւելի փոքր բանակ եւ ան ուղարկուեցաւ Քաղկեդոն։ Խոսրով կապ հաստատեց աւարներուն հետ, որպէսզի երկու պետութիւններու բանակները միասնական յարձակում սկսին Կոստանդնուպոլսոյ վրայ[82]։ Պարսիկները դիրքաւորուեցան ասիական ափին մէջ, իսկ աւարները՝ եւրոպական։ Վերջիններս կործանեցին մայրաքաղաքի ուջրի գլխաւոր աղբիւր՝ Վալենսի աքուեդուկը[86]։ Սակայն բիւզանդական հզօր նաւատորմի առկայութիւնը խանգարեց պարսիկներուն զօրք ուղարկելը դէպի միւս ափը եւ աջակցիլ իրենց դաշնակից աւարներուն հետ[87][88]։ Ասիկա բաւական նուազեցուց քաղաքի պաշարման արդիւնաւէտութիւնը, որովհետեւ պարսիկները մասնագիտացած էին պաշարման արուեստին մէջ[89]։

Մայրաքաղաքի պաշտպանութիւնը հիմնականին մէջ կը ղեկավարուէր պատրիարքին կողմէ[90]։ Իմանալով այս մասին, Հերակլիոսը կիսեց բանակը 3 մասի. առաջին փոքր մասը ուղարկուեցաւ Կոստանդնուպոլիս՝ հիմնականին մէջ բարձրացնելու ռազմական ոգին[90], երկրորդը՝ ուղարկուցաւ ընդդէմ Շահինի, իսկ՝ երրորդ եւ ամէնափոքր խումբը անձամբ տարաւ Պարսկաստան, ասպատակութիւններ կատարելու[85]։

626, Յունիս 29-ին, պաշարումը սկսաւ։ Քաղաքի պաշտպանները կազմուած էին 12,000 լաւ զինուած բիւզանդացի հեծելազօրքէն։ Անոնց դէմ դուրս եկած էին 80,000 աւար եւ սլաւոն[85]։ Չնայած շուրջ մէկ ամիս տեւած պաշարման, ի շնորհիւ պատրիարքին եւ քաղաքի պատերու երկայքնով Մարիամ Աստուածածինի սրբապատկերը անցընելու արարողութիւններուն, բիւզանդացիներու ռազմական ոգին բարձր էր[91][92]։

Օգոստոս 7-ին, պարսկական նաւատորմը շրջապատուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ բիւզանդականի կողմէն։ Աւարները կը յարձակէին պատերու վրայ, իսկ սլավոնները՝ կը փորձէին ծովով յարձակում գործել Ոսկէ Եղջիւրի ծովային պարիսպներուն վրայ։ Քաղաքը պաշտպանուած էր քանի մը շերտանի բարձր պատերով եւ աւարներու ճեղքելու բոլոր փորձերը ձախողեցան, իսկ սլաւոններու նաւակները՝ ոչնչացուեցան[93]։ Բիւզանդական զօրաջոկատը, որ ուղարկուած էր Շահինի դէմ, յաղթեց անոր. ըստ աղբիւրներու՝ Շահինը սպաննուեցաւ կռիւներու ժամանակ։ Երկու օր անց, աւարները նահանջեցին։ Չնայած պարսկական բանակը տակաւին Քաղկեդոն էր, մայրաքաղաքը արդէն չէր վտանգուած[90][91]։

Պակաս կարեւոր չէր այն փաստը, որ Հերակլիոսը Շահրբարազին ուղարկած էր իր զինուորներու կողմէ գտնուած Խոսրովի նամակները, որուն մէջ կը հրամայուէր մահապատիժի ենթարկել զինք։ Այս դրդեց Շահրբարազը անցնիլ չեզոքութեան եւ շարժիլ դէպի հիւսիսային Սուրիա, ուր ան կրնար որոշել թէ՛ որու օգնել[94]։

Այս բոլորին արդիւնքն այն էր, որ Հերակլիոս ապահովեց իր թիկունքը, իսկ Խոսրով կորսնցուց իր ամէնփորձառու զօրավարը եւ լաւագոյն ուժերը[95]։

Բիւզանդա-թրքական Դաշինք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոստանդնուպոլսոյ պաշարման ժամանակ Հերակլիոսը դաշինք կնքեց հիւսիսային Կովկասի մէջ բնակող գեոկուրքերու հետ[96]։ Դեռեւս 568 թուականին, թուրքերը կապ կը հաստատէին Բիւզանդական կայսրութեան հետ, որովհետեւ ունէին լարուած յարաբերութիւններ Սասանեան Պարսկաստանի հետ[97]։

Հերակլիոսի դրդմամբ՝ 626 թուականին, թուրքերը ուղարկեցին 40,000 հոգի ասպատակելու Պարսկաստանի իշխանութեան տակ գտնուող կովկասեան տարածքները[85]։ Վերջիններս միացան բիւզանդացիներուն եւ պաշարեցին Թիֆլիսը[98]։ Չնայած Խոսրովը Թիֆլիս ուղարկեց Շահրապալականի գլխաւորութեամբ 1,000 հեծեալ[99], 628 թուականին, քաղաքը ինկաւ[100]։ Պաշարման ընթացքին Հերակլիոսը շարժեցաւ դէպի Տիգրիս[90]։

Նինուէի Ճակատամարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօրքերու տեղաշարժը Նինուէի ճակատամրտէն ետք եւ առաջ:

627-ի, Սեպտեմբերի կէսերուն, Հերակլիոսը ձմեռնային արշաւանքի ընթացքին, ներխուժեց Պարսկաստան։ Ըստ որոշ պատմաբաններու, Հերակլիոսը մարտավարութիւնը նահանջեց 624-626 թուակակններու ձմեռները եւ յարձակեցաւ Տիզբոնի վրայ, 627 թուականը կու տար անոր մեծ առաւելութիւն. պարսիկները, կարծելով, որ ան ձմրան դարձեալ կը նահանջէ, ետ չէին կանչեր սահմանային ուժերը[101]։ Հերակլիոսը ունէր 25,000 - 50,000 բիւզանդական զօրք եւ 40,000 թուրքեր, որոնք սակայն նահանջեցին, որովհետեւ հը հալածուէին պարսիկներու կողմէ եւ անծանօթ էին այսպիսի ձմեռնային պայմաններուն[102][103]։ Հերակլիոսի արագ յառաջխաղացքը խանգարեց հայազգի՝ Ռահզադհի գլխաւորած բանակը, որ սակայն ունէր պարէն հայթայթելու դժուարութիւն, որովհետեւ ան հիմնականին մէջ, կը գտնուէր բիւզանդացիներու հսկողութեան տակ[103][104][105]։ Տարուան վերջաւորութեան, Հերալիոսը Նինուէի փլատակներու մօտ յարձակեցաւ օգնական ուժերու սպասող Ռահզադհի վրայ[106]։ Մարտը տեղի ունեցաւ մշուշի պայմաններուն մէջ, որ բաւական նուազեցուց պարսիկ նետաձիգներու արդիւնաւէտութիւնը։ Հերակլիոսը ձեւացուց թէ կը նահանջէ եւ ուղղորդելով պարսիկներուն հովիտ, շրջեցաւ եւ յարձակեցաւ անոնց վրայ[107]։ 8 ամեայ կռիւներէն ետք, պարսիկները կանոնաւոր նահանջեցին աւելի բարձրադիր գօտի[91][108]։ Մարտին սպաննուեցաւ մօտ 6,000 պարսիկ զինուոր[109]։ Ըստ որոշ աղբիւրներու, Հերակլիոսին անհատական մարտի կանչեց զօրավար Ռահզադհը, ուր կայսրը միայնակ յաղթեց եւ սպաննեց, սակայն այս տուեալին իսկութիւնը կասկածելի է[91][110]։

Պատերազմի Աւարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այլեւս չունենալով որեւէ խոչընդոտ, Հերակլիոսը թալանեց Խոսրովի ամառանոց Դաստակերտը եւ ետ վերցուց 300 կորցրած բիւզանդական ռազմական դրօշ[111]։ Խոսրովը արդէն փախած էր Տիզբոնի մօտակայ լեռները եւ կը փորձէր նոր զօրք հաւաքել մայրաքաղաքի պաշտպանութեան համար[90][91]։ Այնուհետեւ Հերակլիոսը Խոսրովին վերջնագիր ներկայացուց, չնայած որ ան չէր կրնար յարձակիլ Տիզբոնի վրայ, որովհետեւ մօտակայ ջրանցքի կամուրջը փլած էր եւ կայսրը չէր ցանկար կտրել-անցնիլ ջրանցքը[111][112][113]։

Այս պարտութիւններու հետեւանքով, պարսկական բանակը գահազրկեց Խոսրով II-ին եւ գահ բարձրացուց անոր որդին՝ Կաւադ II-ը։ 5 օր բանտին մէջ անցընելէն ետք, Խոսրովը նետահարուեցաւ[114]։ Կաւադին Հերակլիոսէն խնդրեց հաշտութիւն կնքել։ Կայսրը ծանր պայմաններ չառաջադրեց, հասկնալով, որ սեփական կայսրութիւնը եւս քայքայուած է։ Ըստ հաշտութեան պայմանագրին, բիւզադացիները ետ կը ստանային բոլոր կորսնցուցած տարածքները, գերի ինկած զինուորները, ռազմատուգանք եւ ամէնէն կարեւորը անոնց համար՝ բոլոր մասունքները, որոնցմէ է՝ խաչափայտը[114][115][116]։

Նշանակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարճաժամկէտ Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հերակլիոսը կը վերադարձնէ խաչափայտը:

Ամիսներ ետք, Հերակլիոսը յաղթանակած՝ մուտք գործեց մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիս[117]։ Տեղի ունեցաւ խաչափայտի վերադարձման արարողութիւն, որ տեղադրուեցաւ Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ եւ այս շատերուն նշան էր, որ կայսրութեան համար նոր ոսկէ դարաշրջան կը սկսի[114][118]։

Պատերազմի ընթացքին տօնած յաղթնակաները դարձուցին Հերակլիոսին պատմութեան մէջ լաւագոյն զօրավարներէն մէկը։ Եթէ Հերակլիոսը մահանար այս ժամանակ, ան կը դառնար ըստ Նորման Դեվիեսի «Յուլիոս Կեսարէն սկսած մեծագոյն հռոմէացի հրամանատարը», զով տարավ հռոմէական զօրքերը այնպիսի տեղեր, ուր ո՛չ մէկ հռոմէական բանակ չէր եղած[64][64][115]։ Սակայն ան շարունակեց գահակալել եւ տեսաւ, թէ ինչպէս այդքան դժուարութեամբ ետ բերուած են հողերը, որոնք ինկած են մուսուլման արաբներուն ձեռքը։ Ըստ պատմաբան Ճոն Նորվիչի, Հերակլիոսը ապրեցաւ «չափէն դուրս երկար»[119]։

Պատերազմէն ետք, Սասանեաններուն երկար ժամանակ չկար ստեղծելու կայուն կառավարութիւն։ Քանի մը ամիս կառավարած, Կաւադի մահէն ետք, Պարսկաստանի մէջ չէին դադրեր քաղաքացիական պատերազմները։ Միայն 632 թուականին, երբ գահ բարձրացաւ Խոսրովի թոռ՝ Հազկերտ III-ը, վերականգնուեցաւ խաղաղութիւնը, սակայն արդէն շատ ուշ էր փրկել Սասանեան Պարսկաստանը[120][121]։

ԵրկարաժամկԷտ Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

602–628 թուականներուն, կործանիչ պատերազմը դարաւոր հռոմէա-պարսկական հակամարտութեան գագաթնակէտն էր։ Ան քայքայեց երկու կայրսութիւններն ալ։ Սասանեանները նաեւ թուլացան՝ քայքայուած տնտեսութեան, կրօնական խռովութիւններու եւ տեղական հողատէրերու հզօրացման պատճառներով[122]։ Ըստ Հովարդ-Ճոնսթընի՝ «Հերակլիոսի յաղթանակները... փրկեցին քրիստոնէութեան հիմնական յենակէտը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»[123]։

Սակայն Բիւզանդական կայսրութիւնը եւս ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր. օրինակ՝ Բալկանները կը գտնուէին սլաւոններու ձեռքը[124]։ Անոր գումարած Փոքր Ասիան՝ բազմիցս ենթարկուած էր պարսկական ասպատակութիւններու, իսկ միւս տարածքներու նկատմամբ, իշխանութիւնը տասնամեակներ տեւած պարսկական տիրապետութենէն ետք, դեռեւս թույլ էր[125]։ Տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, բիւզանդացիները ստիպուած կրճատեցին վեթերան զինուորներու աշխատավարձը եւ անկարող գտնուեցան կազմակերպելու նոր զօրահաւաքը[124][126][127]։ Ըստ Կլայ Ֆոսի «Այս պատերազմը Փոքր Ասիոյ մէջ, անթիք դարաշրջանի աւարտի առաջին փուլն էր»[128]։

Երկու կայսրութիւններն ալ շուտով դէմ առ դէմ դուրս եկան արաբական վտանգի առաջ[129]։ 602-28 թուականներուն, պատերազմը ճանապարհ բացաւ իսլամին առջեւ։ Սասանեան Պարսկաստանը կործանեցաւ, իսկ Բիւզանդական կայսրութիւնը կորսնցուց տարածքի գրեթէ կէսէն աւելին՝ Հայաստանը, Սուրիան, Եգիպտոսն ու հիւսիսային Ափրիկէն։ Այս կորուստներուն հետեւանքով, կայսրութեան կազմին մէջ մնաց ընդամէնը՝ Փոքր Ասիան, շարք մը կղզիներ եւ փոքր տիրոյթներ Իտալիոյ եւ Պալքաններուն մէջ[125]։ Սակայն ի տարբերութիւն պարսիկներուն, բիւզանդացիները դիմացան արաբական յարձակումներուն եւ յաջողութեամբ ետ մղեցին Կոստանդնուպոլսոյ երկու արաբական պաշարումները[123][130]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  2. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  3. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  4. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  5. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  6. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  7. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  8. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  9. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  10. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  11. 11,0 11,1 11,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  12. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  13. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  14. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  15. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  16. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  17. 17,0 17,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  18. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  19. 19,0 19,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  20. 20,0 20,1 20,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  21. 21,0 21,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  22. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  23. 23,0 23,1 23,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  24. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  25. 25,0 25,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  26. 26,0 26,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  27. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  28. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  29. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  30. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  31. 31,0 31,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  32. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  33. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  34. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  35. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  36. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  37. 37,0 37,1 37,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  38. 38,0 38,1 38,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  39. 39,0 39,1 39,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  40. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  41. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  42. 42,0 42,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  43. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  44. 44,0 44,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  45. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  46. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  47. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  48. 48,0 48,1 48,2 48,3 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  49. 49,0 49,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  50. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  51. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  52. 52,0 52,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  53. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  54. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  55. 55,0 55,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  56. 56,0 56,1 56,2 56,3 56,4 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  57. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  58. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  59. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  60. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  61. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  62. 62,0 62,1 62,2 62,3 62,4 62,5 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  63. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  64. 64,0 64,1 64,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  65. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  66. 66,0 66,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  67. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  68. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  69. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  70. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  71. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  72. 72,0 72,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  73. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  74. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  75. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  76. 76,0 76,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  77. 77,0 77,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  78. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  79. 79,0 79,1 79,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  80. 80,0 80,1 80,2 80,3 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  81. 81,0 81,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  82. 82,0 82,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  83. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  84. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  85. 85,0 85,1 85,2 85,3 85,4 85,5 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  86. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  87. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  88. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  89. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  90. 90,0 90,1 90,2 90,3 90,4 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  91. 91,0 91,1 91,2 91,3 91,4 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  92. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  93. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  94. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  95. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  96. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  97. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  98. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  99. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  100. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  101. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  102. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  103. 103,0 103,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  104. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  105. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  106. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  107. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  108. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  109. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  110. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  111. 111,0 111,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  112. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  113. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  114. 114,0 114,1 114,2 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  115. 115,0 115,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  116. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  117. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  118. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  119. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  120. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  121. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  122. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  123. 123,0 123,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  124. 124,0 124,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  125. 125,0 125,1 Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  126. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  127. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  128. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  129. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  130. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.