Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր
եբր.՝ מרים
Duccio The-Madonna-and-Child-128.jpg
Ծնած է ՔԱ 1-ին դար
Ծննդավայր Tzippori
Երուսաղէմ
Նազարէթ
Մահացած է 1-ին դար կամ 48
Ազգութիւն հրեայ
Կրօնք քրիստոնէութիւն եւ Յուդայականութիւն
Ամուսին Ս. Յովսէփ
Ծնողներ հայր՝ Joachim?[1], մայր՝ Աննա?[1]
Երեխաներ Յիսուս, Հակոբոս (70 առաքյալներից)?, Simon, brother of Jesus?, Jude? եւ Joses?

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր, Մարիամ Աստուածածին (նաեւ՝ Աստուածամայր, Տիրամայր, Աստուածածին, եբր.՝ מרים‎, Maryām/Մարիամ, սովորաբար կը թարգմանուի իբրեւ տիկին, քրիստոնէութեան մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, կաթոլիկ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէն կը յարգուի իբրեւ Աստուածածին կամ Աստուածամայր։

Աւետարանիչները Մարիամը կ'անուանեն Յովակիմի եւ Աննայի դուստրը, Յովսէփի կինը։

Ս. Կոյս Մարիամ

Մարիամի ծնողները՝ Յովակիմն ու Աննան, զաւակ չէին ունենար եւ ուխտած էին ունենալու պարագային մանուկը Աստուծոյ ընծայել։ Աստուծոյ բարեգթութեամբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը կը յայտնուի Յովակիմին ու Աննային եւ կը յայտնէ, թէ անոնք դուստր մը պիտի ունենան եւ պիտի անուանեն Մարիամ, որ կը մեկնաբանուի լուսաւորեալ կամ Աստուծոյ սիրելի, իսկ ժողովուրդները պիտի ցնծան այդ ծնունդով, քանի որ անոր միջոցով ողջ աշխարհին փրկութիւն պիտի շնորհուի[2]:

Իրենց ուխտին հաւատարիմ՝ Յովակիմն ու Աննան, Մարիամը երեք տարի պահելէ ետք, կը տանին Երուսաղէմի տաճար՝ Տիրոջ ընծայելու: Մինչեւ եօթ տարեկան, ամէն տարի ծնողները Մարիամը կը տանին տաճար: Մարիամ իր առաքինի վարքով կը մնայ տաճարին մէջ եօթ տարի: Եօթ տարի սրբութեամբ եւ աղօթքով Երուսաղէմի տաճարին մէջ մնալէ ետք Մարիամ կը դառնայ Յովսէփին նշանածը եւ այդ օրերուն կը ստանայ Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետիսը:

Aquote1.png Մարիամ յղիացաւ Ս. հոգիին միջոցով, որ Աստուծոյ գործօն ուժն է:
- Մատթէոս 1:18
Aquote2.png
Aquote1.png Անոր ըսուեցաւ. Ս. Հոգին կու գայ վրադ, եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի կ'ըլլայ քեզի։ Անոր համար ալ այն երեխան, որ պիտի ծնի, պիտի կոչուի սուրբ, Աստուծոյ Որդի[3]:
- Ղուկաս 1։35
Aquote2.png
The Madonna in Sorrow.jpg

Ան էր այն ընտրեալը երկրի վրայ, զոր Աստուած իր առաքինութիւններուն ու արժանիքներուն շնորհիւ պատուած է ըլլալու Աստուծոյ մայրը: Ան տառապած է իր Որդւոյն համար, սակայն երբեք չէ ընդդիմացած Աստուծոյ` քաջ գիտակցելով Բարձրեալէն իրեն վստահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ան առաքինի, հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան պահապանի մարմնացումն է:

Aquote1.png «Ան Յիսուսի սորվեցուցած է քալել, աղօթել, լուացուիլ, ընել այն ամէնը, ինչ որ մարդուն կեանքը կը դարձնէ այդքան գեղեցիկ: Եւ նոյնը ան կը շարունակէ ընել այսօր: Ան միշտ պատրաստ է օգնելու մեզի եւ սորվեցնելու, թէ ինչպէս սիրենք Յիսուսը, ինչպէս փարինք Անոր, ինչպէս տեսնենք Զինք, ինչպէս ճանչնանք Զինք՝ հիւանդներու եւ կարօտեալներու ընդմէջէն, ինչպէս ծառայենք Անոր: Ան լեցուած էր Աստուծոյ շնորհքով, որ կը նշանակէ, թէ լեցուած էր Աստուծմով: Ան լեցուած էր Աստուծմով, քանզի կ'ապրէր միայն Անոր համար: Եկէ՛ք ապրինք այդպէս»: Aquote2.png


Հայ Առաքելական եկեղեցին Աստուածամօր ծննդեան օրը անփոփոխ կերպով կը տօնէ 8 Սեպտեմբերին[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]