Քաղկեդոնականութիւն
Քաղկեդոնականութիւնը Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովի կանոնները ընդունած եկեղեցիներու դաւանաբանական ուսմունքի անուանումն է հայ միջնադարեան գրականութեան մէջ։
Քաղկեդոնի Տիեզերաժողովը տեղի ունեցաւ 451 թուականի աշնան, Կ. Պոլսոյ արուարձան՝ Քաղկեդոնի մէջ, Բիւզանդիոյ կայսր՝ Մարկիանոսի նախաձեռնութեամբ։
Քաղկեդոնի Տիեզերաժողովը հերքեց միաբնականութիւնը ընդունած Եփեսոսի 449 թուականի ժողովին կանոնները եւ հաստատեց երկաբնականութիւնը։
Այս վարդապետութեան հետեւողները՝ երկաբնակները ճանչցան Քրիստոսի երկու բնոյթի մասին դաւանաբանական ուսմունքը։
Հայաստանը մերժուած ըլլալով Մարկիանոս կայսրէն, աջակցութեան համար Պարսից Տէրութեան դէմ իր ազատագրական պայքարին՝ չմասնակցեցաւ Քաղկեդոնի ժողովին եւ չճանչցաւ ժողովին կանոնները մնալով միաբնակ։
Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 12, էջ 405: