Jump to content

Թանգարան

Մատենադարանի գլխաւոր շէնքը Երեւանի մէջ

Թանգարան (յունարէն՝ μουσεῖον, բառացի «Մուսայի տուն»), գիտական, գիտալուսաւորական կառոյց է, ուր կը հաւաքագրուի, կը պահպանուի, կ'ուսումնասիրուի, ժողովուրդին կը ներկայացուի բնապատմական, նիւթական եւ հոգեւոր մշակութային յուշարձանները՝ բնութեան եւ մարդկային հասարակութեան զարգացումի եւ գիտելիքներու մասին սկզբնաղբիւրները։ Թանգարաններուն մէջ կը կեդրոնացուին իրեր, գրաւոր աղբիւրներ եւ արուեստի ստեղծագործութիւններ։ Ժամանակակից գիտական դասակարգումով թանգարանները կը տարբերին ըստ իրենց ոճին եւ ուղղուածութեան։ Ըստ ոճի, թանգարանները կ'ըլլան գիտահետազօտական եւ ուսումնական, իսկ ըստ ուղղուածութեան անոնք կ'ըլլան պատմութեան, բնագիտութեան, արուեստագիտութեան, գրականութեան, ճարտարագիտական եւ այլն։ Առանձին խումբ կը կազմեն յուշային (մեմորիըլ), ինչպէս նաեւ միատեղուած թանգարանները։

Թանգարաններու նախատիպերը երեւան եկած են մարդկային հասարակութեան զարգացումի այն փուլին, երբ առարկաներու բնատիպերը սկսած են պահպանել ո՛չ թէ իբրեւ կիրառական կամ նիւթական արժէքներ, այլ՝ յուշային վկայականներ, վաւերական եւ գեղագիտական արժէքներ։ Օրինակ Հին Եգիպտոսի տաճարներուն մէջ եղած հաւաքածոները (ք.ա. 3-րդ հազարամեակ), Կնոսի պալատի պահոցը Կրետէ կղզիին մէջ (ք.ա. 16-րդ դար), Նինուէի պալատի գրադարանը (ք.ա. 7-րդ դար) եւ այլն։

Հայաստանի մէջ թանգարաններու նախատիպեր կային ուրարտական շրջանէն սկսեալ (ք.ա. 9-էն 6-րդ դարեր) Ուրարտուի մայրաքաղաք Տուշպայի եւ այլ քաղաք-ամրոցներու մէջ։ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ սկսան ստեղծուիլ իսկական թանգարաններ։ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին 9-էն 10-րդ դարերուն իր «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութեան մէջ կը յիշատակէ երեք տիպի թանգարան՝ արքունի, իշխանական տուներու եւ եկեղեցական։ Հայկական թանգարանները կազմակերպելու աշխատանքըկարեւոր թափ կ՛արձանագրէ 19-րդ դարուն։

Արուեստի յուշարձաններու պահպանումը եւ անոնց կեդրոնացումը թանգարաններու մէջ Եւրոպայի մէջ կը սկսի Վերածնունդի շրջանին եւ կը զարգանայ 16-17-րդ դարերուն նախ Իտալիոյ, ապա Ֆրանսայի, Անգլիայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկրիրներու մէջ։ Մեծ հռչակ կ'ունենան պալատական հաւաքածոները։ Այդ շրջանին կը ստեղծուին նաեւ անթիք արուեստի յուշարձաններու հաւաքածոն Ֆլորենցիայի (Լ. Մեդիչի, 15-րդ դար), Հռոմի (Վատիկանի թանգարաններ, 16-րդ դար), Դրեզդենի (Ա. Սաքսոնսերի, 16-րդ դար) եւ այլն։ Յայտնի են նաեւ Բրիտանական Թանգարանը (Լոնտոն, 1753), Լուվրը (Փարիզ, 1793), Փրատոյի թանգարանը (Մատրիտ, 1819), Մեթրոփոլիթըն թանգարանը (Նիւ Եորք, 1870), գեղարուեստա-պատմական թանգարանը Վիեննայի մէջ (1891) եւ այլն։ Ռուսիոյ մէջ 1719 թուականին Փեթերսպուրկի մէջ բացուած է ռուսական առաջին ժողովրդական թանգարանը՝ Կուստկամերան, 1756 թուականին Հրետանային պատմութեան թանգարանը եւ 1764 թուականին՝ Էրմիթաժը։ Աւելի ուշ ստեղծուած են Տրետեակովեան պատկերասրահը, Գիւղատնտեսական թանգարանը, Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանը, Պոլիթեքնիկական թանգարանը եւ ռուսական թանգարանը։

Թանգարանի յատուկ տեսակներ են գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան անուանի գործիչներու տուն-թանգարանները, ուր կը պահուին անոնց անձնական իրերը, ձեռագիրներն ու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս՝ Խաչատուր Աբովեանի (Քանաքեռ), Յովհաննէս Թումանեանի (Դսեղ), Աւետիք Իսահակեանի (Երեւան եւ Գիւմրի), Եղիշէ Չարենցի, Մարտիրոս Սարեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի (բոլորը Երեւան) եւ այլ տուն-թանգարաններ:[1]

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը գործեն բազմաթիւ թանգարաններ, որոնց ամենամեծերն են Հայաստանի պատմութեան, Հայաստանի ժամանակակից արուեստի, Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի պետական, Ժողովրդական արուեստի, Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մանկական ստեղծագործութեան եւ այլ թանգարաններ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը: Այդ թանգարաններուն մէջ հաւաքուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերող բազմաթիւ ուշագրաւ ցուցանմուշներ եւ արուեստի գործեր:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Թանգարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-21