Պանան

Պանան, ադամաթզենիի երկարաւուն, կորաւուն պտուղը։ Հասուն վիճակին մէջ, կրնայ տարբեր գոյներով ըլլալ՝ կարմիր, մանշակագոյն եւ դեղին։ Սուորաբար «պանան» ըսելով նկատի կ'ունենան այսպէս կոչուած «սեղանի պանանը», որ դեղին է, մեծ՝ մօտ 20 սմ. երկարութեամբ եւ 3 սմ. հաստութեամբ։ Ատոր կողքին կը գործածուին նաեւ՝ «խոհանոցային Պանան» անուանումը, որ կը վերաբերէ Musa cultivars տեսակի՝ կանաչաւուն եւ օսլայ պարունակող պտուղին.

Պանանի հայրենիքը՝ Հարաւային եւ Հարաւարեւելեան Ասիան է։ Հաւանաբար ան առաջին անգամ մշակուած է Պապուա Նոր Գուինեայի մէջ։ Ներկայիս՝ ան կը մշակուի բոլոր մերձարեւադարձային գոտիներուն (աւելի քան 107 երկրներուն մէջ)։

Հիմնականին մէջ կ'օգտագործուի իբրեւ՝ միրգ, աւելի քիչ չափով՝ մանրաթել եւ գինի պատրաստելու համար։ Պանանի (ադամաթզենին) կ'օգտագործուի նաեւ իբրեւ զարդարող բուսատեսակ։

Ադամաթուզը (պանան) բազմամեայ միաշաքիլաւոր խոտաբոյս է։ Ադամաթզի աւելի քան 40 տեսակներ տարածուած են Ասիոյ, Ափրիկէյի, Ամերիկայի եւ Աուստրալիոյ արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գոտիներուն մէջ։ Սեւ ծովու կովկասեան եւ Ղրիմի ափերուն կը մշակեն իբրեւ գեղազարդիչ բոյս։ Սովորաբար ունի 5–6 մ., երբեմն՝ մինչեւ 15 մ. բարձրութիւն։ Կը ծաղկին եւ կը պտղաբերեն տարին 1 անգամ, որմէ ետք բունը կը չորնայ, իսկ նոր ընձիւղները կ'աճին կոճղարմատներէն։ Պտուղները 3 երկայնակի կողերով, երկարաւուն մանգաղանման են։ Ատոնք 10–12 հատով կը կազմեն ողկոյզներ։ Ցողունի վրայ 6–12 ողկոյզներ կ'առաջացնեն մինչեւ 50 քկ. զանգուածով պտղաբոյլ։ Ադամաթուզը կը պարունակէ C եւ B1 կենսանիւթեր, կարոտին (A-նախակենսանիւթ) եւ պեկտինային նիւթեր։ Հասունացած թարմ ադամաթուզը կը պարունակէ մինչեւ 18% օսլայ, որ պտուղի լրիւ հասուննալու ընթացքին, կը խովակերպուի շաքարի.օսլայի քանակը կը նուազի մինչեւ 2%, իսկ շաքարինը կը հասնի մօտ 19%-ի։ Ադամաթուզը կարելի չէ պահել 10օC-ից ցածր ջերմաստիճանի մէջ, որովհետեւ վրան կ'առաջանան մուգ բծեր, եւ ան կը փչանայ։

Ադամաթուզը հնագոյն մշակաբոյսերէն է, արեւադարձային երկրներու համար կարեւոր արտահանման առարկայ է։

Պանանաը սննդարար պտուղ է, կը պարունակէ Vit.A,B,P,C,փոթասիում, քալսիում, երկաթ, մակնէզիում, հարուստ է բնաթելերով (fibers): Պանանը օգտակար պտուղ է բոլոր տարիքի անձանց համար: Ըստ արեւելեան բժշկութեան, պանան ուտելէ յետոյ կը բարձրանայ տրամադրութիւնը, կը փափկի չոր հազը, կը բարձրանայ սեռական կարողութիւնը: Պարունակած փէքթինի շնորհիւ կը կարգաւորէ քոլեսթրոլի քանակը արեան մէջ, իսկ փոթասիումը կը նպաստէ սրտի ռիթմիկ աշխատանքին, կը կարգաւորէ արեան զարկերակային ճնշումը: Միւս կողմէ ոչ հասուն պանանը պնդութիւն կը յառաջացնէ, իսկ հասուն պանանը փորհարութեան դէմ բուժիչ ազդեցութիւն ունի: Ան կը կանոնաւորէ քունը, կարեւորէ ոսկորներու աճման եւ անոնց զորացման համար: Պանանը համեմատած միւս պտուղներու հետ դանդաղ կը մարսուի, Գիրութեան, շաքարախտի պարագային սահմանափակել պանանի գործածութիւնը անոր բարձր քալորականութեան պատճառով: Երբ պանանը հասունցած է, անոր պարունակած ածխաջրատները կը վերածուին շաքարի: Սեւ կէտերով ծածկուած հասուն պանանի կեղեւը ունի հզոր հականեխիչ ազդեցութիւն վէրքերու եւ բորբոքած մորթի համար: Երբեք չգնել վնասուած կեղեւով պանան, խուսափելու համար անոր մէջ ոչ ցանկալի մանրէներու առկայութենէ:

Առաջացման եւ Ֆարածման Պատմութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պանանը մէկն է այն պտուղներէն որոնք կը մշակուին դեռ հինէն։ Անոր հայրենիքը կը համարուի Մալաեան արշիպելագը, ուր եւ ինչպէս կ'ենթադրեն գիտնականները հնագւյն մարդիկ աճեցրած են ան եւ կ'օգտագործէին սնունդի մէջ, իբրեւ ձկան կերակրատեսակներու հաւելում։ Խաղաղ ովկիանոսի վրայով շրջելու ժամանակ անոնք կը ցանէին եւ այդպէս պանանը տարածում կը գտնէր շրջակայ միջավայրերու վրայ։

Ժամանակակին գիտնականներէն առաջինը՝, որ սահմանեց բանանի աշխարհագրական տարածման տոհմածառը, դարձաւ Բաւիլովեան համալսարանի հիմնադիրներէն, որ1920—1930-ական թվականներուն ուսումնասիրեց աշխարհի տարբեր ծայրամասեր եւ իր արդիւնքները նկարագրեց «Մշակութային Բոյսերու Զարգացման Կեդրոնները» գիրքին մէջ։

Կարմիր բանան՝ Մեքսիքոյի մէջ

Առաջին Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնդկաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելի հին տեղեկութիւններ մեզի հասած են հնդկական մշակոյթէն, որ կը կոչուէր Ռիգվիդա (Ригведа, Ք.Ա. 17-11-րդ դարեր)։ Հաւանական է, որ այդ ժամանակաշրջանին, ծովային ճանապարհի շնորհիւ պանանը արդէն հասած էր դէպի Հնդկաստանի աշխարհամաս։ Պանանը հիմնականին մէջ, կ'ուտէին մանկայի եւ կոկռոշի (крыжовник) հետ։ Ան շատ յաճախ կը յիշատակուի նաեւ՝ հին հնդկական աւանդութիւններուն մէջ՝ Մահաբհարաթա եւ Ռամայանա՝ 14-րդ դարի գրագրութիւններուն մէջ։ Կ'ըսուի, որ Արանեա-կանդա թագաւորական ընտանիքի անդամներու հագուստները կարուած էին պանանի ծառի տերեւներէն։ Իսկ արդէն քիչ մը փոքր ուշ՝ պուտօայական կրոնի մասին գիրքերուն մէջ գրուած էր, որ վանականներու համար յատուկ խմիչքը պատրաստուած էր պանանէն։

Յունաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացի հնդկական զրոյցներէն առաջին անգամ պանանի մասին յայտնաբերուեցաւ հին Յունաստանի փիլիսոփայական Թեռֆրատի մէջ, Ք.Ա. 4-րդ դարուն։ Այդ գրութիան մէջ, փիլիսոփան առաջինը փորձած էր նկարագրել պանանի տեսքը, ինչի շնորհիւ անոր կը համարեն բուսաբանութեան հիմնադիրներէն։

Չինաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինաստանէն չինացի գրող Եան Ֆուն (չինարէն՝ 楊阜, Լեան չինական կայսրութեան ժամանակաշրջան (502—557 թուականներուն), իր «Վայրի Բոյսերու Հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ առաջինը կո խօսի պանանի զարգացման մասին իր երկրին մէջ։

Հռոմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմի գրող Պլինի Մեծը «Բնութեան Պատմութիւններ» («Естественной истории») գիրքին մէջ (77 տարի) կը պատմէ Ալեքսանդր Մակետոնացիի արշաւանքի մասին դէպի Հնդկաստան Ք.Ա. 327 թուականին, երբ ան համտես այդ միրգը եւ այսպէս կոչեց ան՝ «Հիանալի Հնդկական Մրգային Ծառ»։

Տարբեր Վայրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանի մը գիտնականներ կ'ենթադրեն, որ պանանը նախ յայտնի էր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, մինչ եւոպացիներու ի յայտ գալը այստեղ։ Վարկածը կ'ամրապնդուէր անորմով, որոնք գտնուած էին պանանի տերեւներ հնդկական գերեզմանոցներուն մէջ։ Բացի ատորմէ ոմանք կը կարծեն, որ «Եդեմական Միրգ» հասկացողութեան տակ, Ադամի եւ Եւայի ապրած Դրախտին մէջ, կ'աճէր այդպէս պանան միրգը։

650 թուականէն ետք, պանանը Հնդկաստանէն տարուեցաւ դէպի Պաղեստին) եւԱփրիկէ, այս անգամ արաբներու միջոցաւ, ովքեր աշխուժ դեր ունէին ձուկերու եւ փիղի ոսկորներու առեւտրային գործին մէջ։ Արդէն 1402 թուականին, փորթուկալացիները պանանը բերին Գուինեայէն դէպի Կանարեան կղզիներ, ուր եւ ան լայնօրէն տարածուեցաւ, 1516 թաուկանին՝ հասաւ դէպի Հայիթի։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բանան դրախտային

Ցեղի ներկայացուցիչները խոտաբոյսեր են հզօր արմատային համակարգով, կարճ, գետնին կպած ցողունով եւ 6-20 տերեւներով, որոնց տերեւապատեանները կ'առաջացնեն ցողէն։ Բոյսերու բարձրութիւնը 2-9 մ.[1] եւ աւելի է, որուն պատճառով կը դասուին աշխարհի ամենաբարձր (բամբուկներու հետ) խոտաբոյսերու շարքին[2][3]. ահա թէ ինչու այս բոյսերուն յաճախ սխալմամբ կը համարէ ծառեր։ Պանանի ամենաբարձր տեսակը Musa itinerans-ն է, որուն տարատեսակներէն մէկու՝ Musa itinerans var. gigantea բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ 12 մ.-ի[4]։ Գլխաւոր ցողունի շուրջը կը ձեւաւորուին բազմաթիւ կողմնային ընձիւղներ, որոնցմէ յաջորդը կը փոխարինէ նախորդին՝ այսպիսով իրականացնելով բազմացումը։ Արմատները բազմաթիւ են, թելքաւոր. պարարտ հողին մէջ, կ'ունենան 4.9 մ. տարածքին մէջ եւ մինչև 1.5 մ. երկարութիւն[1]։

Տերեւները մեծ են, փափուկ, հարթ, երկարաւուն կամ հաւկթաձեւ, զուգահեռաջիղ, պարուրաձեւ դասաւորված։ Տերեւապատեանները փաթաթվելով կ'առաջանան ամուր, բազմաշերտ հաստ խողովակ, որ կը կոչուի կեղծ ցողուն։ Բոյսերու աճման ընթացքին, երիտասարդ տերեւները կ'առաջանան խրձերու ներսը, իսկ արտաքին տերևները՝ աստիճանաբար կը թողմին եւ կը թափուին։ Լաւ եղանակային պայմաններուն, մէկ տերեւը կ'իյնայ մօտ մէկ շաբթուան մէջ։ Մշակովի պանանի տերեւները ունի 275 սմ. երկարութիւն եւ 60 սմ. լայնութիւն[5], կրնան ըլլալ ամբողջութեամբ կանաչ, կանաչ՝ մուգ կարմիր հետքերով, կամ կանաչ՝ վերին եւ մանշակագոյն՝ ստորին մակերեսը։ Ուժեղ քամիէն կամ փոթորկէն տերեւները հեշտութեամբ կը պատռուին ջիղերու երկայնքով. այդ կ'օգնէ բոյսերուն գոյատեւել արեւադարձային կլիմային մէջ։ Պանանի ծաղկման սկզբը, կարճ ցողունի գագաթին կը ձեւաւորուին երկար ծաղկակիրը, որ կեղծ ցողունով տերեւներու հետ դուրս կու գայ արտաքին միջավայր։

Musa acuminata-ի ծաղկաբոյլը

Ծաղկումը տեղի կ՚ունենայ բոյսի աշխուժ աճից 8-10 ամիս ետք։ Ծաղկաբոյլը ողկույզ է, կը յիշեցնէ երկարացուած բողբոջ, մանշակագոյն կամ կանաչ երանգով, որուն հիմքին մէջ տեղադրուած են մեծ իգական, ապա երկսեռ, իսկ վերջին՝ մանր արական ծաղիկներ։ Ծաղիկները խողովակաձեւ են, կազմուած՝ 3 պսակաթերթէն, 3 բաժակաթերթէն, սովորաբար 6 առէջներէն, որոնցմէ մէկը թերզարգացած է ու չունի փոշանոթ։ Սինկարպեան վարսանդի սերմնարանը եռախցիկ է[6], բաղկացած է 3 պտղաթերթիկէն, ծաղիկները դասաւորուած են հարկերով (որոնք յաճախ կ'անուանուին «ձեռքեր»[7]) եւ կը պարունակէ՝ մեծ քանակութեամբ նեկթար (մէկ ծաղիկը՝ մինչեւ 0.5 կ.)։ Իւրաքանչիւր հարկ բաղկացած է 12-20 ճառագայթաձեւ դասաւորուած ծաղիկներէն, եւ ծածկուած՝ հաստ, թելանման տերեւներով։ Մշակովի պանաններու ծաղիկները սպիտակ են, արտաքինէն՝ մանշակագոյն, իսկ ներսէն՝ մուգ կարմիր։ Սովորաբար արական սեռի ծաղիկները բացվելով շատ արագ կ'իյնան՝ ծաղկաբոյլի վերին հատուածը ձգելով մերկ, բացառութիւն կը կազմէ գագաթային չբացուած բողբոջը։ Վայրի տեսակներու մօտ ծաղկումը կը սկսի գիշերը կամ վաղ առաւօտեան, առաջին դէպքին մէջ, անոնց փոշոտումը կ'իրականացնեն չղջիկը, իսկ երկրորդը՝ թռչունները եւ մանր կաթնասունները[7]։

Պանանի վայրի ձեւերէն մէկուն պտուղի հորիզոնական կտրուածքը։

Պտուղները կը զարգանան միայն իգական ծաղիկներէն (երկսեռ|երկսեռ ծաղիկները անպտուղ են)։ Զարգացման չափով պտուղներու շարքը աւելի ու աւելի կը յիշեցնէ ձեռքի դաստակը՝ բազմաթիւ մատներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրմէ կը նհերկայացնէ հաստ կեղեւով, բազմասերմ հատապտուղ[6]։ Տեսակէն կամ ձեւէն կախեալ պանաններու չափը, գոյնը եւ ձեւը կրնան նշանակալիօրէն տարբերուիլ։ Յաճախ ատոնք ունին երկարաձգուած գլանտձեւ կամ եռանիստի ձեւ՝ ուղիղ կամ կորացած։ Պտուղի երկարութիւնը կը տատանուի 3-էն 40 սմ.-ի սահմաններուն մէջ, հաստութիւնը ` 2-էն 8 սմ.-ի սահմաններուն մէջ[1]: Կեղեւի գոյնը կրնայ ըլլալ դեղին, կանաչ, կարմիր եւ նոյնիսկ արծաթագոյն։ Միջուկը սպիտակ է, մարմնագոյն, դեղին կամ նարնջագոյն։ Չհասած վիճակին մէջ, ան պինդ է եւ կպչուն, բայց հասունացման ընթացքին, կը դառնայ փափուկ եւ հիւթալի։ Մշակովի տեսակներուն մէջ, պտուղը յաճախ զուրկ է սերմերէն եւ բոյսը կրնայ բազմանալ միայն վեգետատիվ ճանապարհով: Վայրի բույսերու միջուկը լցբւած է մեծ քանակութեամբ կլորաւուն կամ սրացած պինդ, 3 - 16 մմ. երկարութեամբ սերմերով, որոնք իրենց ծաւալով կրնան գերազանցել պտղամիսի ծաւալը։ Մէկ առանցքի վրայ, կրնայ տեղաւորուիլ 300 պտուղ ընդհանուր՝ 50-60 քկ. զանգուածով[8]: Պանաններուն բնորոշ է բացասական կէօտրոպիզմ կոչուող կենսաբանական երեւոյթը. պտուղները ձեւաւորման ժամանակ ձգողական ուժի ազդեղութեամբ ուղղուած են ներքեւ, սակայն աճման ընթացքին, հորմոններու ազդեցութեամբ մէկ կամ մի քանի առանցքներ կը սկսին աճիլ դէպի վեր[9]: Պտղաբերումէն բոյսի վերգետնեայ մասը կը մահանայ։

Մշակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պանանը այն պտուղներէն է, որոնք մշակուած են հնագօյն ժամանակներէն։ Հայրենիքը Մալաեան արշիպելագն է, ուր, գիտնականներու կարծիքով հնագոյն մարդիկ աճեցուցած են զայն եւ իբրեւ ձկնային կերակրատեսակներու հավելում օգտագործել սնունդի մէջ։ Խաղաղ ովկիանոսի կղզիներով շրջելու ատեն, մարդիկ կը լրացնէին պանանի պաշարները, անորմով մասնակցելով պանանի տարածմանը։

Ժամանակակէն գիտնականներէն առաջինը, որ սահմանեց պանանի աշխարհագրական ծագումը Նիքոլա Վավիլովն էր, որ 1920-1930-ական թուականներուն ուսումնասիրեց երկրագունդի տարբեր շրջանները եւ արդիւնքները նկարագրեց «Մշակովի Բոյսերի զարգացման կեդրոնները» գիրքին մէջ։

Աղբիւրին մէջ, պանանը կը համարուէր ուտելու բոյս՝ մանկայի եւ կոկռոշի հետ միասին[10]։ Պանանը բազմիցս յիշատակուած է նաեւ հին հնդկական էպոսներուն մէջ Սահաբհարաթա)յի մէջ[11][12] և Ռամայանայում[13], որոնք որոշ ենթադրութիւններով ստեղծուած են Ք.Ա. 15-րդ դարուն։ Արանեա-կանդա գիրքին մէջ, կը նկարագրուի արքայական ընտանիքի անդամներու հագուստը, որ հիւսուած էր պանանի տերեւներէն[10]։ Ցեյլոնի մէջ յայտնաբերուած 5-6-րդ դարերուն թուագրուող եւ պալի լեզուով գրուած պուտտայական կանոնիմէջ գրուած է, որ պուտտայական վանականներուն տօն օրերուն թոյլատրուած է խմել պանանէն պատրաստուած ըմպելիք[14]։ Առաջին արտահնդկական գրաւոր աղբիւրը, որուն մէջ կարելի է գտնել յիշատակութիւն պանանի մասին 5-րդ դարուն, ապրող հին յունական փիլիսոփա Թեռֆրաստի «Բոյսերու Պատմութիւն» գիրքը։ Այս աշխատութեան մէջ, Թեոֆրաստն անգամ փորձ կը կատարէ դասակարգել բոյսերը, որուն պատճառով ալ անոր կը համարենբուսաբանութեան հիմնադիրը։

Չինաստանի՝ Լեան չինական հարստութեան ժամանակաշրջանին, ապրող չինացի գրող եւ մարտաւար Յան Ֆուն (չինարէն՝ 楊阜), (502—557 թուականներուն), իր «Վայրի Բոյսերու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ, առաջինը կը խօսի իր երկրին մէջ, պանանի մշակման մասին։ Հռոմի գրող Պլինիոս Աւագը «Բնական պատմութիւն» գիրքին մէջ, (77 թուական) կը պատմէ, որ Հնդկաստան կատարած իր արշաւանքներու ժամանակ Ալեքսանդր Մակեդոնացին (Ք.Ա.327 թուական) կը համտեսէ պանանը, կը կոչէ այն՝ «հիանալի հնդկական մրգային ծառ» եւ նոյնիսկ կը բերէ այն Եւրոպա։

Որոշ գիտնականներ կ'ենթադրեն, որ պանանը յայտնի էր նաեւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ մինչեւ եւրոպացիներու յայտնուիլը։ Ենթադրութիւնը կը հիմնաւորուի անորմով, որ պերուական հնդկական դամբարաններուն, յայտնաբերուած են պանանի տերեւներ։ Բացի այդ, կ'ենթադրուի, որ Հին Կտակարանին մէջ նկարագրուած արգիլուած պտուղը եղած է պանանը[15][16]։ Այս ենթադրութիւնը սակայն կը վիճարկուի, որովհետեւ ոչ հին եգիպտացիները, ոչ հրեաները պանանի մասին ոչինչ չեն իմացած։

650 թուականէն ետք, արաբներու շնորհիւ պանանը Հնդկաստանէն բերել կու տան Պաղեստին եւ Ափրիկէի արեւելեան ափեր։ 1402 թուականին, փորթուկալացիները պանանը բերին Կանարեան կղզիներ Գվինեայէն։ Եւրոպացիները ծանօթացան պանանի հետ միայն 1592 թուականին, նկարազարդ գրքի՝ Պրոսպերո Ալպինիի De Plantis Aegypti liber (Venezia, F. de Franceschi di Siena, 1592)։ Վենետիկի մէջ, տպագրուելէն ետք։ 16-րդ դարու կէսերուն Հարաւային Ամերիկայի մէջ, պանանի աշխուժ մշակման մասին գրած է Փեթրօ տէօ Սյեսա Տէօ Լէօնը իր «Պերուի Ժամանակագրութիւն» գիրքին մէջ (1553)[17]։

Քապիթան Դամիրը պանանը կը նկարագրէ այսպէս.

Ոչ շատ մեծ, պիզանգայի երկարութեան կէսին մօտ, բայց շատ քաղցր եւ փափուկ, փոքր-ինչ հիւթալի, նաեւ աւելի նուրբ համի...Պանանը՝ ես կը պնդեմ, բոլոր պտուղներու արքան է, ներառեալ նաեւ կոկոսը... Այն այնքան հիանալի է, որ սպանացիները անոր արտօնութիւնկու տան համեմատուիլ միւս պտուղներու հետ, իբրեւ կեանքին ամենաօգտակարը։ Ան կ'աճի 6-7 մատնաչափ երկարութեամբ, ունի մարդու ձեռքի հաստութիւն։ Կեղեւը փափուկ է եւ կը դեղնի պտուղի հասուննալուն պէս...Պտուղը կոշտ չէ, նման է ձմրան կարագին եւ անոր նման ալ դեղին է։ Պանանը ունի նուրբ համ եւ այն կը հալի բերանին մէջ, մարմելադի նման


Չնայած արեւադարձային, պանանը շատ արագ ճանաչում գտաւ, բարեխառն կլիմայ ունեցող որոշ եւրոպական եւ ամերիկեան երկրներուն մէջ, այն դեռեւս հազվադէպ միրգ կը համարուէր, քանի որ պանանի մշակման, տեղափոխման եւ պահպանման համար անհրաժեշտ ջերմաստիճանը պէտք չէ գերազանցի 14 °C-ը[18]։ Միայն 19-րդ դարու, երկրորդ կիսուն՝ սառնարաններու ստեղծման եւ երկաթուղիի կառուցման շնորհիւ հնարաւորութիւն եղաւ պանանը սկզբը վաճառուած է ԱՄՆ-ի մէջ եւ ապա՝ Եւրոպայի մէջ։

1866 թուականին, Նիւ Յորքցի առեւտրական Քառլ Ֆրանկը սկսաւ ԱՄՆ ներմուծել փոքր քանակութեամբ պանան եւ աճեցնել այն Կոլոն քաղաքի մոտակայքին մէջ՝ Պանամայի մէջ։ 1870 թուականին, ամերիկեան ձկնորսական «Տելեգրաֆ » նաւախցի քաբիթան՝ Լորենցօ Բայկերը Պուերտօյէն Ճամայկայի վրայով Նիւ-Ճըրսի բերաւ 160 ողկոյզ պանան, որոնք շատ շահաւետ վաճառուեցան՝ դառնալով պանանի մեծաքանակ առեւտուրի սկիզբը։

1876 թուականին, ԱՄՆ-ի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած Ֆիլատելֆիայի ցուցահանդէսներէն մէկուն մէջ պանանները վաճառուեցան կտորներով՝ 10 ցենտ ամէն մեկուն համար, մինչ այդ ժամանակներուն համար բաւական թանկ էր։ 1885 թուականին, Քաբիթան Բայկերը, գործարար Էնտրյու Պրեսթոնըեւև « Boston Fruit Company» կազմակերպության մյուս ինը հիմնադիրները՝ տարածեցին բանանի առևտուրը Կարիբյան կղզիներում։ 1899, Մարտ 30-ին անոնք ձուլուեցան Մայոր Կէյտի՝ «United Fruit Company» կազմակերպութեան մէջ[19]։

Նոյնիսկ մեր ժամանակներուն, այս միրգի բոլոր տեսակները չէ, որ շահութաբեր են առեւտուրի համար, եւ շատ երկիրներ՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Թայլընտը եւ Պրազիլը կ'աճեցնեն պանան միայն ներքին սպառման համար կամ ալ կ'արտահանեն չնչին քանակութեամբ[3]։

Աճեցում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պանանի պլանտացիա

Սնունդի համար օգտագործուող պանանները կ'աճին արեւադարձային մէջ, հիւսիսային լայնութեան 30° եւ հարաւային լայնութեան 30° աստիճաններու միջեւ[5]` ծովու մակարդակէն՝ 2000 մ. բարձրութեան վրայ։ Բոյսի մշակման համար ամենաբարենպաստ պայմաններն են 26-35 °C՝ ցերեկը եւ 22-28 °C՝ գիշերը[20]։ 16 °C-էն ցած ջերմաստիճանի դէպքին, բոյսի աճումը զգալօորէն կը դանդաղի, իսկ 10 °C-ի դէպքին՝ կանգ կ'առնէ։ Ընդամէնը քանի մը ձեւեր կան (օրինակ` «Ռաճապուրի»), որ ընդունակ են դիմանալ շուրջ 0 °C ջերմաստիճանի։ Մշակման վայրի՝ ծովու մակարդակէն ունեցած բարձրութիւնը կախեալ է աշխարհագրական լայնութիւնէն. սովորաբար ան կը գերազանցէ 920 մ.-ը, բայց հաւայան Մաուի կղզիին մէջ, պանանը կ'աճի ծովու մակարդակէն 1000 մ- բարձրութեան վրայ, իսկ Նոր Գվինեայի մէջ՝ ծովու մակարդակէն մինչեւ 2000 մ. բարձրութեան վրայ[1]։ Բոյսի մշակման համար մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ խոնավութեան որոշակի վարչաձեւը. չորային եղանակը տարուան մէջ պիտի չի տեւէ 3 ամսէն աւելի, իսկ՝ տեղումներու միջին քանակը պիտի կազմի ոչ աւելի, քան 100 մմ. ամսուան մէջ։ Այսինքն՝ պանան կարելի է աճեցնել բացառապէս արիդեան կլիմայի պայմաններուն մէջ։

Պտուղներու տեղափոխում

Ոչ երկարատեւ ցուրտերու դէպքին մէջ, պանանի պլանտացիաները կը փորձեն պաշտպանել ջուրով ցողելու կամ ծխահարելու միջոցաւ։ Շատ տեսակներ՝ վնասներ կը կրեն ուժեղ քամիներէն. արմատային թոյլ զարգացած համակարգը չի կարողանար բոյսը հաստատուն պահել տեղին մէջ, սակայն բոյսի լայն տերեւները կը թեքուին քամիի ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ ան չի տապալիր։ Մեծ քանակուեամբ աճեցնելու համար՝ կը պահանջուի չոր, թթուային հող։ Միներալներով ոչ հարուստ հողին մէջ, բոյսը նորէն լաւ կաճի, բայց այդ դեպքին մէչ՝ բոյսի մշակումը տնտեսապէս շահաւետ չ'ըլլար։ Բոյսի բերքատուութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 400 ց/հա տարեկան[1]։

Բոյսի տնկումէն մինչ պտուղներու հասուննալը սովորաբար կը տեւէ 10—12 ամիս, իսկ որոշ տեսակներու համար՝ 17—19 ամիս։ Տնկարկներու համար կ'ընտրեն արգաւանդ հողեր գետերու եզրերին, ինչպէս նաեւ՝ հարթավայրերուն մէջ ու բլուրներու լանջերուն։ Եթէ հողը չ'ենթարկուի էրոզիայի, ապա բոյսերու տնկումէն առաջ լաւ կը վարին։ Բազմացումը սովորաբար վեգետատիվ է, հազւադէպ՝ սերմերով։ Իբրեւ կանոն՝ տնկումը կը կատարուի անձրեւային սեզոնի առաջ կամ ատոր սկզբը։ Վերջին դէպքին, սերմերը կը ստանան իրենց անհրաժեշտ խոնավութիւնը։ Բոյսերու միջեւ ձգուող տարածութեան չափը կախեալ է շարք մը գործոններէն, օրինակ՝ խիտ տնկուած բոյսերը աւելի լաւ կը դիմանան քամիին, բայց այդ դէպքին մէջ, կ'աւելնայ հիւանդութիւններու տարածման վտանգը։ Ընդհանուր առմամբ՝ մէջ հեքթարին մէջ՝ կը տնկուի 600-4400 բոյս։

Բույսերու աճի ընթացքին, տնկարաններու վնասատուներու դէմ կը գործածուին տարատեսակ միջոցներ, օրինակ՝ հերբիցիդներ, արմատներու ծածկում պանանի չոր տերեպներով եւ նոյնիսկ կ'օգտագործեն սագերուն, որոնք կ'ուտեն որոշ մոլախոտեր՝ չվնասելով պանանները։ Եթէ հողը բաւարար արգաւանդ չէ, ապա աշխուժօրէն կը պարարտացնեն։ Պարարտանիւթի բաղադրութիւնը կախեալ է կոնկրետ դէպքէն. ատոր մէջ կրնայ ըլլալ ազոտ, գալիոմ կամ լուսածնային։

Պտուղներով բեռնուած ճիւղերու տակ պարտադիր կը դրուին բամբուկի յատուկ ձողեր, որ չկոտրուին բերքի ծանրութեան տակ, իսկ պտուղները՝ կը ծածկուին պանանին չոր տերեւներով, կտորով կամ յեւընկալով, որ չվնասուին։ Պտուղը կը հաւաքուի կանաչ վիճակի մէջ, երբ ատոնք կը հասնին 75 %-ով։ Այդ դեպքին մէջ, դրանք ատոնք աւելի հեշտ կը տեղափոխուին ու լաւ կը պահպանուին։ Որպէսզի պանանը չկորսնցնէ իր առարկային ձեւը, զայն կը մշակեն կիտրոի հիւթով կամ կը թրջեն ածխածնային հանքային ջուրին մէջ[21]։ Իբրեւ կանոն, նոյն բոյսը կը մշակուիէ 5—6 տարուան ընթացքին մէջ, որմէ ետք անոր բերքատուութիւնը նկատելիօրէն կը նուազի։ Սովորական պայմաններուն մէջ, պանանը բերք կու տայ 25 եւ աւելի տարիներու ընթացքին[5]։

Օգտագործումը Սնունդի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պանանի ուտելու տեսակները կը բաժանուին երկու տեսակի՝ աղանդերի, որոնք կ'օգտագործուին հիմնականին էմջ՝ բնական եւ չորցած վիճակին մէջ, եւ պլատանօ, որոնք օգտագործելէն առաջ կը պահանջեն ջերմային մշակում։ Աղանդերի համար նախատեսուած պանանները քաղցր են, կը պարունակեն մեծ քանակով ածխաջուրածխաջուր, կենսանիւթ C եւ օրկանիզմին պէտքական որոշ հանքային նիւթեր, ինչպիսի են՝ լուսածնայինը, երկաթը, գալիոմը, կրածինը եւ մագնէսը։ Պլատանային բոյսերը (սպ.՝ plantar` տնկել), իբրեւ կանոն, կանաչ կամ կարմիր, կրախմալային կեղեւով պտուղներ են, որոնք ունին ոչ քաղցր եւ կոշտ համ։ Օգտագործելէն առաջ ատոնք կը շոգեխաշեն, կ'եփեն կամ կը տապկեն։ Բացի իբրե սնունդ՝ օգտագործելէն ան նաեւ՝ կը հանդիսանայ կեր ընտանի կենդանիներու համար։[18]

Այժմ աճուող պանանի բոլոր տեսակները կը հանդիսանան մէկ պտուղի` լատ.՝ Musa × paradisiaca-ի տեսակները։ Վերջինս ստեղծուած է մարդու կողմէն եւ ստացուած է սուր պանանի (լատ.՝ Musa acuminata), Բալբիսի պանանի (լատ.՝ Musa balbisiana) եւ մէկ փոքր Մակլայի պանանի խաչասերելու եղանակով (լատ.՝ Musa maklayi[7][18]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 «Musa species (banana and plantain)»։ Species Profiles for Pacific Island Agroforestry.։ traditionaltree.org։ 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-28-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2012-ին 
  2. Roche, Julian The International Banana Trade. — CRC Press, 1998. — P. 7. — 288 p. — ISBN 978-0849305450
  3. 3,0 3,1 «The Origin of Bananas»։ Complete Guide to Bananas։ banana.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-05-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012-ին 
  4. «Bananas of Yunnan and the Himalaya Musaceae»։ Nature Products։ natureproducts.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-27-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10–ին, 2012 թ․ 
  5. 5,0 5,1 5,2 Morton, Julia F. Fruits of Warm Climates. — Florida Flair Books, 1987. — P. 29–46. — 505 p. — ISBN 978-0961018412
  6. 6,0 6,1 Морщихина С. С. Семейство банановые (Musaceae) // Жизнь растений / под ред. А. Л. Тахтаджяна. — М.: Просвещение, 1982. — Т. 6. Цветковые растения. — С. 383.
  7. 7,0 7,1 7,2 Шипунов, А. Б. (2004)։ «Класс Однодольные. Банан»։ Moscow State University Botanical Server։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-21-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 10–ին 
  8. Կաղապար:Из БСЭԿաղապար:V
  9. «How to Grow Bananas»։ Complete Guide to Bananas։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-05-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 
  10. 10,0 10,1 Pillay, Michael (Editor); Tenkouano, Abdou (Editor) Banana Breeding: Progress and Challenges. — CRC Press, 2011. — P. 24— 26. — 383 p. — ISBN 1439800170
  11. Buck, William Mahabharata. — Motilal Banarsidass, 2000. — P. 159. — 430 p. — ISBN 8120817192
  12. Uberoi, Meera Mahabharata. — Ratna Sagar, 1996. — P. 422. — 472 p. — ISBN 8170702313
  13. Buck, William Ramayana. — Motilal Banarsidass, 2000. — P. 88. — 432 p. — ISBN 8120817206
  14. Thurlow, Clifford The Amazingly Simple Banana Diet. — Alma House, 1995. — 96 с. — P. 7. — ISBN 1899830006
  15. Gewertz, Ken (2007-11-01)։ «Taxonomist Carl Linnaeus on show at HMNH»։ Гарвардский университет։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-11-01-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012-ին 
  16. «Linnaeus grows bananas and comes up with a "modern" thermometer»։ Uppsala Universitet, Sweden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-10-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2012 –ին 
  17. Педро Сьеса де Леон. (2008-07-24)։ «Хроника Перу. Часть Первая.»։ www.kuprienko.info (А. Скромницкий)։ արտագրուած է՝ 2012-11-17 
  18. 18,0 18,1 18,2 «Bananas and plantains (Musa spp.)»։ Hands with yellow fingers.։ Mildred E. Mathias Botanical Garden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-23-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 
  19. Леонов Н.С. Очерки новой и новейшей истории стран Центральной Америки. — М.: Мысль, 1975. — С. 165-166.
  20. Meiser, G.Gaelen։ «Musa "Banana"»։ texasriviera.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-01-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10,2012–ին 
  21. «Food Lover’s Companion information about banana»։ Barron’s Educational Series, Inc.։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-16-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]