Jump to content

Հրաչեայ Աճառեան

Հրաչեայ Աճառեան
Ծնած է 8 (20) Մարտ 1876[1][2]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[3][1][2]
Մահացած է 16 Ապրիլ 1953(1953-04-16)[3][2] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[3][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[1]
Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք[1]
Ստրասբուրգի համալսարան (1538-1970)?[1]
Կոչում փրոֆէսոր[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հայերեն Արմատական Բառարան? եւ Հայոց անձնանունների բառարան?
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, բանասէր, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Արամեան Դպրոց[1]
Սանասարեան Վարժարան[1]
Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1][2], Société de Linguistique de Paris?[1][2] եւ Institute of Archaeology of the Czech Academy of Sciences?[1][2]
Ստորագրութիւն

Հրաչեայ Աճառեան (8 (20) Մարտ 1876[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[3][1][2] - 16 Ապրիլ 1953(1953-04-16)[3][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[3][2]), լեզուաբան եւ բառարանագիր։

Հրաչեայ Աճառեան, Ծնած է Սամաթիա, Կոստանդնուպոլիս՝ 8 Մարտ 1876-ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Սահակեան Նունեան վարժարանէն, ապա իր ուսումը կը շարունակէ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1893-ին։ Նոյն տարին պաշտօնավարելու կը սկսի Գատըգիւղի Արամեան վարժարանին (1893) եւ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին (1894) մէջ։

1895-ին կը մեկնի Փարիզ՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու «Սորպոն»ի համալսարանին մէջ, ուր կ'աշակերտէ Անթուան Մէյէին, իսկ 1898-ին Սթրազպուրկի մէջ Հ. Հիւպշմանին։ Երկար տարիներ ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ Էջմիածինի, Շուշիի, Նոր Պայազիտի, Նոր Նախիջեւանի, Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Կարնոյ մէջ (1898)։ Աճառեան, Կարնոյ մէջ կը կազմէ Սանասարեան վարժարանի ձեռագրերու ցուցակ՝ կորուստէ փրկելով հայ մշակոյթի որոշ արժէքներ։

1923ին կը հրաւիրուի Երեւանի Պետական Համալսարան, ուր մինչեւ իր կեանքին վերջը կ'աշխատի իբրեւ դասախօս, նաեւ ամպիոնի վարիչ։

Աճառեան կը շրջի Պատմական Հայաստանի շատ վայրեր, կ'ուսումնասիրէ մագաղաթներ, յուշարձաններ՝ յատկապէս խորանալով շարք մը բարբառներու հետազօտութեան մէջ եւ զանազան նիւթեր կը հաւաքէ հայագիտութեան տարբեր ճիւղերու համար։ Գաւառական ուսուցիչի թափառական դրութիւնը Աճառեանին արգելք կը հանդիսանայ հրապարակելու իր կարեւոր աշխատութիւնները։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Աճառեան կը նշանակուի Պետական Համալսարանի դասախօս, եւ ամբողջապէս կը նուիրուի գիտական ու մանկավարժական աշխատանքներու եւ յաջորդաբար լոյս կ'ընծայէ բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ։

Ստալինեան խռովութիւններու հետեւանքով 1937 թուականին խորհրդային իշխանութիւնները Երեւանի մէջ անհիմնօրէն կը ձերբակալեն եւ մեղադրանք կ'առաջադրեն «հակայեղափոխական, հակախորհրդային, ազգայնամոլական գործունէութիւն» ծաւալելու համար: Աճառեան երկու տարի կը մնայ աքսորավայրին մէջ: 1939 թուականին արդար համարուելով ազատ կ'արձակուի եւ կը վերադառնայ Երեւան:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Աճառեան կը նուիրուի «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» մեծածաւալ աշխատութեան՝ կազմուած 12 հատորներէ, ուր կը քննարկուի հայոց լեզուի քերականութիւնը եւ պատմական զարգացումը 562 լեզուներու համեմատութեամբ։ Բացի նշուած աշխատութիւններէն, Աճառեան շուրջ քառասուն տարի կ'աշխատակցի հայ բազմաթիւ պարբերականներու, տասնեակ մը յօդուածներ կը գրէ թէ՛ հասարակական հարցերու, եւ թէ՛ գիտական-լեզուաբանական ուղղութեամբ։ 1935 թուականին անոր կը շնորհեն Գիտական վաստակաւոր գործիչի կոչում, իսկ 1943 թուականին ան կ'ընտրուի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ։

Զարմանալի աշխատասիրութեամբ ու աշխատունակութեամբ օժտուած մեծանուն գիտնականը ստեղծեց բազմաթիւ մեծարժէք գիտական աշխատութիւններ` հաւատարիմ մնալով հաւաքած նիւթի փաստական տուեալներու խորահմուտ վերլուծութեան եւ հիմնաւոր փաստարկումներուն, որով անոր իւրաքանչիւր աշխատութիւն, բացի գիտական հետազօտութիւն լինելուց, նաեւ իւրայատուկ տեղեկութիւն է՝ տուեալ առարկային վերաբերող բոլոր հարցերու պարզաբանումներու ամբողջութեամբ։
- Էդուարդ Բագրատի Աղայեան, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս



Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]