Գարեգին Լեւոնեան

Գարեգին Լեւոնեան
Ծնած է 21 Նոյեմբեր 1872(1872-11-21)[1]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 28 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-28)[1] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Կայսերական Արուեստի Ակադեմիա[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1]
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, արուեստագէտ, Խմբագիր
Աշխատավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1]
Ներսիսեան դպրոց[1]
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Ծնողներ հայր՝ Ջիւանի[1]

Գարեգին Լեւոնեան (ծածկանունները՝ Գ.Լ., Գոշ, Գրասէր, Լ., Ճռինչ, Մեֆիստոֆել, Շաւարշ եւ Վաղինակ, 21 Նոյեմբեր 1872(1872-11-21)[1], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 28 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-28)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), հայ գրականագէտ, արուեստաբան, մատենագէտ, փրոֆէսօր եւ գրասէր։ ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1932) եւ ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1934-էն սկսեալ։

Կոմիտասի հետ հիմնած է «Գեղարուեստ» հանդէսը (1908-1922), որ կարեւոր դեր ունեցած է հայ արուեստագիտական միտքի եւ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարեգին Լեւոնեանի յուշատախտակը՝ Երեւան

Գարեգին Լեւոնեան զաւակն է հայ աշուղական արուեստի մեծանուն վարպետ Աշուղ Ջիւանիին[2]։

Ծնած է 6 Նոյեմբերի 1872-ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն Ս. Փրկիչ դպրոցին մէջ, ապա՝ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է Ս. Փեթերսպուրկ, որուն Արուեստներու Ակադեմիան աւարտած էր 1897-ին[3]։

Գարեգին Լեւոնեան կանուխ տարիքէն մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ արուեստներու նկատմամբ՝ յատկապէս նկարչութեան, իր բնատուր ձիրքը արտայայտելով։

Փեթերսպուրկէն վերադարձին, դասախօսական պաշտօնի կը կոչուի Ս. Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուր 1902-էն մինչեւ 1906 գեղարուեստի պատմութիւն եւ նկարչութիւն կը դասաւանդէ։

Ուսումը կատարելագործելու եւ եւրոպական մշակոյթին հետ մօտէն շփուելու համար 1906-ին կը մեկնի Լայփցիկ, Գերմանիա, ուր եւրոպական արուեստներու ուսումնասիրութեան մէջ խորանալով՝ կ'արժանանայ Արուեստաբանի փրոֆեսորական տիտղոսին։

1908-ին կը վերադառնայ հայրենիք եւ կը հաստատուի այդ օրերուն հայ մշակութային մեծ օճախ հանդիսացող Թիֆլիսի մէջ՝ հիմնելով եւ խմբագրելով «Գեղարուեստ» հանդէսը (1908-22):

«Գեղարուեստ»-ը մշակութային մեծ հոսանքի մը շարժիչ ուժը կը դառնայ. ամբողջ տարիներ հայ ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը կը մշակէ, բարձրորակ արուեստի ստեղծագործական կրակը կը վառէ, ինչպէս նաեւ մեծ ներդրում կ'ունենայ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը հանրութեան ծանօթացնելու եւ ներշնչման աղբիւրի ու ազգային ինքնաճանաչողութեան հիմքի վերածելու գործին մէջ։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թիֆլիսեան իր գործունէութեան ընթացքին, Գարեգին Լեւոնեան կը բանայ նաեւ նկարչական դասընթացքներու արուեստանոց մը եւ մեծ ներդրում կ'ունենայ հայկական վարժարաններու համար նկարչութեան ուսուցիչներու պատրաստութեան մէջ։
  • Կը կազմէ եւ կը հրատարակէ դասագիրքեր՝ «Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն», Թիֆլիս, 1908, «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն», Թիֆլիս, 1909:
  • Երկու տարի, 1910-էն 11, անձամբ նկարչութիւն կը դասաւանդէ «Ներսիսեան» դպրոցին մէջ։
  • Վրաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան վերջնական հաստատումէն ետք, կը տեղափոխուի Երեւան, ուր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կը ստանձնէ արուեստներու դասաւանդման պաշտօններ։
  • 1926-էն 1928 կը դասաւանդէ Երեւանի Գեղարուեստական Արուեստանոցին մէջ:
  • Կեանքին վերջին տարիներուն՝ Թատերական հիմնարկին եւ Պետական համալսարանին մէջ դասախօսի պաշտօն կը վարէ։
  • Ան կը հանդիսանայ Խորհրդային Հայաստանի առաջին մշակութային գործիչը, որուն խորհրդային իշխանութիւնները կը շնորհեն Արուեստի Վաստակաւոր գործիչի կոչումը (1932):
  • 1934-էն սկսեալ մաս կը կազմէ Գրողներու միութեան՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով։
  • Ուսումնասիրած է Հայաստանի հարաւային շրջաններու մանրանկարչութեան եւ որմնանկարչութեան յուշարձանները, Արցախի եւ Ուտիքի մանրանկարչական արուեստը:

Երկերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ աշուղներ, Ալեքսանդրապոլ, 1892, 151 էջ։
  • Հայոց պարբերական մամուլը, Ալեքսանդրապոլ, 1895, 570 էջ։
  • Աշխարհէ-աշխարհ կամ 20.000 վերստ Եւրոպայի մէջ, Թիֆլիս, 1914։
  • Հայոց պարբերական մամուլը, Երեւան, Պետհրատ, 1934, 230 էջ։
  • Թատրոնը հին Հայաստանում, Երեւան, Հայպետհրատ, 1941, 122 էջ։
  • Աշուղները եւ անոնց արուեստը, Երեւան, Հայպետհրատ, 1944, 106 էջ։
  • Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը, Երեւան, Հայպետհրատ, 1946, 255 էջ։
  • Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը, Երեւան, Հայպետհրատ, 1958, 255 էջ։
  • Յուշեր, Երեւան, Հայպետհրատ, 1959, 203 էջ։
  • Երկեր, Երեւան, Հայպետհրատ, 1963, 504 էջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ս․ Բ․ Յարութիւնեան «Գարեգին Լեւոնեան», պատմաբանասիրական հանդէս թիւ, 1970, էջ 229-235