Վէրք Հայաստանի

(Վերայղուած է Վէրք Հայաստանի (վէպ)-էն)
Վէրք Հայաստանի
Պատկեր:Wounds of Armenia 1959 cover.jpg
Հեղինակ Խաչատուր Աբովեան
Լեզու հայերէն
Գիրքի տեսակ պատմական վէպ
Խաչատուր Աբովեան

«Վէրք Հայաստանի», հայոց ազգային աւետարաններէն, որ կը դասուի այնպիսի յուշարձաններու շարքին մէջ, ինչպիսիք են Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը» եւ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-ը, հայ նշանաւոր գրող Խաչատուր Աբովեանի կողմէ 1841-ին գրուած պատմական վէպ է։

Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի բերդ

«Վէրք Հայաստանի» վէպը բաղկացած է 3 մասէ եւ «Զանգի» յաւելուածէ։ Առաջին մասը նահապետական հայ գիւղի բարքերու ու կենցաղի նկարագրութիւնն է։ Վէպի 2-րդ մասը կը սկսի Երեւանի բերդի նկարագրութեամբ, անիկա կը համարուի բռնութեան խորհրդանիշ։ Անոր կը յաջորդէ մահառլամի (իսլամական արարողութիւն) նկարագրութիւնը։ Այնտեղ հոգեկան հաճոյք կը պատճառեն դաժանութիւնը, չար ու անմարդկային կիրքը։ Վէպի 3-րդ մասին մէջ կը լուծուին նիւթական հանգոյցները, եւ կ'աւարտի գլխաւոր հերոսի՝ Աղասիի կեանքի պատմութիւնը։

Վէպի Մէջ Առաջադրուող Խնդիրները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վէրքը» ունի յառաջաբան, ուր Աբովեան կը բնութագրէ վէպի գաղափարն ու բովանդակութիւնը։ Աբովեան առանձնացուցած է 3 հարց, որոնք են.

  • Լեզուի հարցը. Ըստ Աբովեանի, անիկա ամէն ինչի սկիզբն է։ Գրաբարը կատարեալ ու անթերի լեզու է, սակայն, դժբախտաբար, մեռած ու անհասկանալի է ժողովուրդին։ Վէպը գրելով աշխարհաբարով, Աբովեանը յեղաշրջում կը կատարէ հայ մշակոյթի ու գեղարուեստական մտածողութեան ասպարէզին մէջ։
  • Գրականութեան բովանդակութիւնը. Իր ուսուցչական աշխատանքի ընթացքին Աբովեան նկատած է, որ հայ երեխաները աւելի հաճոյքով կը կարդան օտար հեղինակներու երկերը, որովհետեւ այնտեղ ներկայացուած են երեւելի մարդոց գործերը, եւ գրեթէ անտարբեր են հայերէն գիրքերու նկատմամբ։ Ան ձգտած է նկարագրել բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կը կազմեն մարդու աշխարհիկ կեանքի բովանդակութիւնը։
  • Հերոսի ընտրութիւնը. Ինչպէս յայտնի է, դասական ոճի գրականութիւնը հերոսներ կ'ընտրէ հնագոյն առասպելներէ ու պատմական անցեալէն։ Ի հակադրութիւն այս աւանդութեան, Աբովեան կ'ընտրէ Աղասին, որ ծագումով գիւղացի եւ իրական անձնաւորութիւն մըն է։

Վէպի Գաղափարը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս կամ այն ազգի կենսունակութիւնը կ'որոշուի 3 յատկանիշներով՝ ֆիզիքական ուժ, հոգեւոր կարողութիւն եւ բարոյական միասնութիւն։ Արդեօք հայ ժողովուրդը ունի՞ այդ յատկանիշները։ Աբովեան այս հարցին միանգամայն դրական պատասխան կու տայ։ Ազգային գոյութեան առաջնային հիմունքներէ է հոգեւոր հարստութիւնը։ Այստեղ նոյնպէս Աբովեան բացառիկ կարողութիւններ կը վերագրէ հայ ժողովուրդին։ Ամէնէն աւելի անփոխարինելի արժէքներ են կրօնքը եւ լեզուն։ Ֆիզիքական, հոգեւոր ու բարոյական արժէքները չեն կրնար փրկութեան երաշխիքներ ելլալ, եթէ չդրուին գործողութեան մէջ։ Վէպին մէջ հեղինակը կոչ կ'ուղղէ հայ ժողովուրդին ապստամբութիւն կատարելու Օսմանեան Թուրքիոյ դէմ։ Կը նկարագրէ ռուս ժողովուրդի առաջին քայլերը հայկական հողերու վրայ, թէ ինչպէս անոնք օգնութեան ձեռք կը մեկնին անօգնական ժողովուրդին։ Շատ քննադատներ կ'եզրակացնեն, որ այս կարծիքները դարձան Աբովեանի խորհրդաւոր անհետացման բուն պատճառը[1][2]։

Բնաշխարհը Եւ Մարդիկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վէրք Հայաստանի» վէպը կարելի է համարել Հայաստանի գեղարուեստական յայտնագործութիւնը։ Արարատեան դաշտի ամառը, Երեւանի տաքը, Քանաքեռի ձմեռը զուտ հայկական նկարագիրներ ունին, պատկերուած են հայկական գոյներով եւ բնաւորութեամբ։ Հին յուշեր կ'արթնցնէ նաեւ Ապարանի քանդած եկեղեցին, ուր Վաղարշսկի, Տրդատի, Տիգրանի ապարանքներն էին, եւ հայոց թագաւորները, իշխաններն ու պայազատները իրենց ամառնային օրերը կը գեղեցկացնէին «բիւրատեսակ ծաղիկներու» ու «պատուական աղբիւրներու» վայելքով եւ իրենց մաղթանքներն ու աղօթքը ծաղիկներու բոյրի ու թռչուններու հետ առաքում երկինք։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՀՈՎԻԿ ՉԱՐԽՉՅԱՆ | Որտե՞ղ է Աբովյանի գերեզմանը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-15 
  2. «Վերք Հայաստանի Գրախոսություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-15