Փանոս Թէրլէմէզեան
| |
Ծնած է | 3 Մարտ 1865 |
Ծննդավայր | Վան |
Մահացած է | 30 Ապրիլ 1941 |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2] |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Վանի կեդրոնական վարժարան?[1] Գեղարուեստը խրախուսող կայսերական ընկերութիւն[1] Ժիւլիան ԱկադեմիաԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ[1] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Սանահինի վանքին գաւիթը, Լոռեցի հովիւ եւ Աշխատաւորուհին աղբիւրի մօտ. |
Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ |
Փանոս Թէրլէմէզեան (11 Մարտ 1865, Վան - 30 Ապրիլ 1941, Երեւան), հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կեանքին վաղ տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 11 Մարտ 1865-ին, Վանայ Այգեստան, Պօղոս Թէրլէմէզեանին յարկին տակ։ Նախնական ուսումը ստացած է Յանկոյս ձորի ծխական դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ Նարեկ կարդալով։
Մանկութենէն հակում ունեցած է գծագրութեան եւ 6-7 տարեկանին`երեք գոյն մատիտներով մարդու դէմքեր գծելով։ 11 տարեկանին, դպրոցը ձգելէն ետք, շրջան մը դերձակի մը խանութին մէջ աշկերտ կը դառնայ, ապա` հիւսնի քով կ'աշխատի։
1880-ին, երբ Մկրտիչ Փորթուգալեան կը բանայ «Հայկազեան-Կեդրոնական Վարժարան»ը, պատանի Փանոս չորս ու կէս տարի կը յաճախէ հոն եւ իր ընդունակութեամբ աչքի կը զարնէ դպրոցին մէջ։
1885-ին թրքական կառավարութեան հրամանով Կեդրոնական Վարժարանը կը փակուի, եւ տնօրէնը` Մ. Փորթուգալեանն ալ կ'աքսորուի Վանէն։
Արմենական Կազմակերպութեան Անդամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1880-ական թուականներուն վերջերուն Փանոս յեղափոխական երիտասարդ կը դառնայ՝ Արմենականութեան դրօշին տակ։
1890-ին քանի մը ընկերներու հետ, զէնքեր եւ յեղափոխական գրականութիւն փոխադրելու համար Վանէն կ'անցնի Սալմաստ (Պարսկաստան)։
1890-ին, կ'անցնի Մուշ, սղերդցիներ, մշեցիներ, քղեցիներ եւ սասունցիներ յարաբերութեան մէջ դնելու համար Վանի յեղափոխականներուն հետ, որպէսզի կազմակերպուին անոնք եւս։
1892ին, Փանոս Թէրլէմէզեան, Յովհաննէս Քանքան-Փանոյեան (Գիժ Դաւիթ), Կաճեացի Չաթօն, Շէրօն եւ Շահպուրայ Պերկցի (Շատախ) Մուրատ եւ Սարգիս եղբայրները միացած կ’որոշեն մահափորձի ենթարկել յայտնի աւազակապետ Քիւրտ Շաքիրը, որուն ցեղը` Գրաւցիք` պատուհաս դարձեր էին Նորգուզի եւ Շատախի հայութեան համար։ Արմենական զինեալներու այս խումբը, 1892ին Շատախի Ծիծանց գիւղին մէջ Շաքիրին համար թակարդ մը կը պատրասէ մահափորձ կատարելու համար։ Տան մը մէջ պատրաստ էին երկու անկողին, Շաքիրին եւ անոր խոլամին (ծառային) համար։
Խորամանկ Շաքիրը կասկածելով, որ թակարդ լարուած է, ինքը կը պառկի ծառային անկողինին մէջ, իսկ իրը կու տայ ծառային։ Գիշերը վրայ կը հասնի։ Ահաբեկիչներու խումբը կը մտնէ այդ տունը, կը մօտենան զոյգ անկողիններուն եւ կը սկսի կրակ տեղալ այն անկողնին վրայ, որուն մէջ կը կարծէին քնացած էր Շաքիրը։ Մինչդեռ այնտեղը քնացած էր Շաքիրի ծառան, որ կը սպաննուի տեղացող գնդակներէն, իսկ ոճրագործն ու աւազակապետը կ'ազատին ու կը փախչին։
Կռիւը կը շարունակուի գիւղին մէջ, երկու սպաննուած քիւրտեր եւս տալով կը փախչին։ Հայդուկային խումբը այս կռիւէն ետք կը բռնէ Վանի ճամբան, ուր կը հանդիպին նաեւ ոստիկաններու։ Ասոնց հետ ալ կռիւի կը բռնուին։ Կը սպաննուին երկու ոստիկաններ, իսկ արմենականները ապահով կերպով կը հասնին Վան։
Այս դէպքերէն ետք, Փանոս արդէն կասկածելի յաջս կառավարութեան, փախստական ապրելով, ի բացակայութեան կը դատապարտուի երիցս մահուան։ Փանոս, որ արդէն յաջողած էր փախչիլ Պարսկաստան ու հոնկէ անցած` Թիֆլիս, անցուկ եւ չարքաշ կեանք մը կ'անցընէ։
Փանոս Թէրլէմէզեանին յեղափոխական ծածկանունը Մինաս էր[3]:
Մասնագիտական Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նկարչութեան ուսանող՝ Ս. Փեթերսպուրկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1895-1897 տարիներուն բախտը կ'ունենայ ուսանելու Փեթերսպուրկի Գեղարուեստը խրախուսող ընկերութեան դպրոցը[4]: Այսպիսով կը բացուի արուեստի նոր հորիզոն մը: Անոր նկարչական տաղանդը կը յղկուի հոն, ուր կը ծանօթանայ միջազգային նկարչութեան դասականներուն։
Երկու տարի ետք, Սուլթանին պահանջով եւ Օսմանեան կառավարութեան ցուցմունքով, Փանոս Թէրլէմէզեան կը բանտարկուի Փեթերսպուրկի մէջ, որովհետեւ նոյն տարիներուն Ռուսիա կը շարունակէր բարեկամ մնալ Թուրքիոյ հետ։
Մէկ ու կէս տարի բանտը մնալէ ետք, Պարսից դեսպանին երաշխաւորութեամբ՝ իբրեւ պարսկահպատակ, շղթայակապ, կը յանձնուի Պարսիկ կառավարութեան եւ կ'աքսորուի Թաւրիզ, Պարսկաստան։
Պարսկաստանի մէջ ռուս դեսպանը կը հետապնդէ զինք. Փանոս կը ստիպուի անցնիլ Ռուսիա ու անկէ` Փարիզ։
Նկարչութեան ուսանող՝ Փարիզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փարիզի մէջ կ'ընդունուի «Ակադեմի Ժիւլիան», ուր 1899-1904 տարիներուն, նկարչութիւն կ'ուսանի։ Նկարչութիւն ուսանած է Ժան Փօլ Լորանսի մօտ, որ նկարչական աշխարհի կարկառուն դէմքերէն էր եւ ունէր հայ աշակերտներ` Էտկար Շահին, Տ. Եսայեան, Ս. Քիւրքճեան եւ անշուշտ Փանոս Թէրլէմէզեան։
Ուսման տարիներուն կը գծէ «Բանուորուհին ջրհորին մօտ պատկերը (1903), Փարիզի բանուորական թաղամասը եւ Լամանշի շրջակայքի բնակարանները. այս աշխատանքները պատճառ կ'ըլլան, որ հետագային Սովետական կարգերու շրջանին, ան շահի Մոսկուայի վստահութիւնն ու խորհրդահայ առաջնորդներուն համակ սէրը։
Կարճ ժամանակի մը ընթացքին ան մեծ համբաւ կը շահի՝ արդէն իբր կազմաւորուած նկարիչ։ Կը մասնակցի նկարչական ցուցահանդէսներու եւ կ'արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու։ Մկրտիչ Խրիմեան դրամական օգնութիւն կը հասցնէ բազմատաղանդ նկարիչին, որպէսզի ան կատարելագործէ իր արուեստը։
Թէրլէմէզեան Յեղափոխականը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գեղանկարիչին յուշերուն մէջ նկարագրուած ինքնապաշտպանութեան դրուագները բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն: Ան թէեւ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ կռիւի սովորական մասնակից, սակայն ժամանակակիցներու վկայութիւններուն եւ պատմական աղբիւրներուն մէջ Թէրլէմէզեան կը ներկայանայ իբրեւ հերոսամարտի ամէնէն նշանաւոր, յանդուգն ու հերոսական կազմակերպիչներէն մէկը եւ առաջնակարգ նշանառու մը: Աւելին՝ իր յուշերը կը յայտնեն, թէ ինչպէս յաջողած է քանի մը անգամ Վանէն անցնիլ Պարսկաստան, զէնք գնել ու հասնիլ մարտնչողներուն:
Կը պատմուի նաեւ, որ նշանառու գեղանկարիչին գնդակէն կը սատկի Վանի դաւաճան ոստիկանապետ Նուրին, որ յետին նպատակներ հետապնդելով ծանօթութիւններ հաստատած էր հայ նշանաւոր մտաւորականներու եւ ազգային գաղափարներուն հաւատարիմ երիտասարդներու հետ, որոնք պիտի բանտարկուէին եւ դաժանաբար սպաննուէին անոր դաւադիր լրտեսութեան եւ մատնութիւններուն հետեւանքով:
Փանոս Թէրլէմէզեանին եւ Կոմիտաս Վարդապետին Կապը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1910-ին, գեղանկարիչը Պոլիս կը գտնուի, հանճարեղ Կոմիտասին հետ նոյն յարկին տակ: Տան երկրորդ յարկը Կոմիտաս կ'ապրէր, երրորդը՝ Փանոս, իր արուեստանոցով: Այդ տան մէջ կը հաւաքուէին հայութեան ակնառու դէմքերը՝ Վարուժան, Սիամանթօ, Զօհրապ, Օտեան, Ռ. Սեւակ, Երուխան եւ այլ երեւելիներ:
1912-ին Թէրլէմէզեան մեծ երգահանին հետ կը մեկնի անոր ծննդավայրը՝ Կուտինա, ուր կը գծէ Կոմիտասին նշանաւոր նկարը՝ ծառին տակ նստած, երաժշտական գործիքը կողքին, խորասուզուած ձայնանիշերու ընթերցանութեան մէջ:
Այդ օրերէն է Թէրլէմէզեանին այն յուշը, թէ ինչպէս սուլթանին արարողապետը կը ծանօթանայ Կոմիտասին եւ գեղանկարիչէն կը խնդրէ, որ երգահանը իրեն համար նուագէ: Կոմիտասին Շուպըրթին երգէն ետք, թուրքը չի կրնար զսպել ինքզինք՝ ձեռքը սեղանին կը զարնէ եւ կ'ըսէ. «Գրողը տանի, ութ հարիւր տարուան պետութիւն ենք, ցարդ այդպիսի արուեստի եւ արուեստագէտի տաճար չունեցանք…»:
Երկու մեծերը այնքան մտերիմ եղած են, որ Փարիզի հիւանդանոցին խուցը պառկած-բանտարկուած հանճարը տասը տարի ետք ճանչցած է միայն իրեն այցելած ընկերը՝ Փանոսը, թէեւ անզօր եղած է խօսելու անոր հետ…[5]:
Թէրլէմէզեանին Գրիչէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փանոս Թէրլէմէզեան, որ Վանի վարժապետանոցի սաներէն եղած էր եւ խոր համարում ունէր Խրիմեան Հայրիկին ու Մկրտիչ Փորթուգալեանին նկատմամբ, կ'ըսէ.
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Սանահինի վանքին գաւիթը (1904)
-
Լոռեցի հովիւ (1905)
-
«Բանուորուհին ջրհորին մօտ» պատկերը (1903)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
- ↑ «ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐԸ. ՓԱՆՈՍ ԹԷՐԼԷՄԷԶԵԱՆ»[permanent dead link]
- ↑ Փանոս Թէրլէմէզեան՝ յոբելենական ցուցահանդէս ՀԱՊ-ի մէջ
- ↑ Երկու մեծերուն մտերմութիւնը