Կամք
Կամքը բնախօսական, հոգեբանական, փիլիսոփայական եւ իրաւաբանական հասկացողութիւն մըն է[1]:
Հոգեբանութեան Տեսանկիւնէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կամքը գիտակցութեան կենսագործունէութեան աշխուժ կողմն է եւ կը բնութագրուի իբրեւ մղում, որ կ'ուղեկցուի ցանկալի նպատակի հասանելութեան գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ անհատը կրնայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել: Այլ խօսքով` կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անհատին գիտակցուած պատրաստակամութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է:[2]: Անիկա անմիջականօրէն կապուած է մտածողութեան եւ յուզական ոլորտին հետ: Կամքին արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով կը դառնան գործողութիւններ, իսկ գործողութիւններն ալ կը ձեւաւորեն նպատակաուղղուած գործունէութիւն: Կամքին ներքին դրսեւորումները ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի` կամածին ուշադրութեան մէջ[3]:
Բնախօսութեան (physiological) Տեսանկիւնէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կամքը անասուններուն եւ մարդոց հոգեկան այն ունակութիւնն է, որ, անկախ արտաքին պայմաններու, թոյլ կու տայ յառաջացումը կամ զսպումը այս կամ այն ֆիզիքական գործողութիւններուն (յատկապէս շարժումներուն), եւ կը մշակէ գործունէութեան ներքին ազդակներ[4]: Կամային ազդակներու յառաջացման վայրը գլխուղեղի գորշ նիւթն է: Անոնց յառաջացման մեքենականութիւնները տակաւին լիովին բացայայտուած չեն: Կամքին խանգարումը կ'արտայայտուի կամային կենդրոններու խաթարմամբ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել կամքի թուլացման կամ կամքի բացարձակ կորուստին: Կամային կենդրոններու գործունէութեան խաթարման արդիւնքով կրնայ յառաջանալ նաեւ կամային դրդիչներու ծայրայեղ լարուածութիւն մը, որուն հետեւանքով կամային հակազդեցութիւնները կը դառնան չափազանց արագ ու անզուսպ, օրինակ` ազդեցութեան տակ կատարուած գործողութիւնները[5]:
Փիլիսոփայութեան Տեսանկիւնէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կամքը կը քննարկուի` շաղկապելով նպատակայնութեան, ազատութեան եւ անհրաժեշտութեան հիմնահարցերուն հետ: Գաղափարականութիւնը կը դիտարկէ կամքը` իբրեւ արտաքին ազդեցութիւններէն ու հանգամանքներէն անկախ եւ առարկայական անհրաժեշտութեան հետ չկապակցուած յատկանիշ մը, որ կ'արտայայտէ մարդուն գործողութիւններն ու արարքները` իբրեւ ազատութեան դրսեւորում: Ըստ նիւթապաշտութեան, կամային գործունէութեան սկզբնաղբիւրը միշտ ալ կը մնայ առարկայական աշխարհը, մարդուն առարկայական գործունէութիւնը, որ ուղղուած է աշխարհի վերափոխման եւ հիմնուած է բնութեան առարկայական օրէնքներուն վրայ: Նիւթին ներքին պայմաններու (պահանջքներ, հետաքրքրութիւններ, ցանկութիւններ, գիտելիքներ եւ այլն) անդրադարձած առարկայական աշխարհը անոր համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տարբեր նպատակներ գոյացնելու, որոշումներ կայացնելու, վարուելու այս կամ այն կերպով: Նիւթապաշտութիւնը դրոյթներով ազատ է ոչ թէ կամքը, որ կ'ընտրէ` առաջնորդուելով միայն նիւթական ցանկութիւններով, այլ այն կամքը, որ կ'ընտրէ` համապատասխանելով առարկայական անհրաժեշտութեան[6]:
Կարգ մը փիլիսոփաներ (Սփինոզա), որոնք ընդհանրապէս կը ժխտէին կամքին ազատութիւնը`կը բացարձականացնէին անհրաժեշտութիւնը եւ կը մերժէին պատահականութիւնը[7]: Իսկ այլ փիլիսոփաներ կը դիտարկէին կամքը` իբրեւ կոյր, ոչ բանական եւ չգիտակցուող ուժ, որ առկայ է ոչ միայն շնչաւոր արարածներու, այլեւ ողջ բնութեան մէջ եւ ամբողջ գոյի բնազանցական (metaphysical) հիմնաւորումն ու սկիզբն է: Կամքի այսպիսի բնութագիրը ընդհանրութիւններ ունի Քանթի «իրը` ինքն իր մէջ է հասկացութեան հետ»[8]:
Կեցութեան բնազանցական սկիզբը կամքին վերագրելը կամովականութեան (voluntaryism) հիմնական դրոյթներէն է: Կամովականութեան հիմնադիրը Օգոստինոս Երանելին էր, որ կամքը վեր կը դասէր իմացութենէն: Կամովականութիւնը հետագային կը զարգացնեն Տունս Սքոփն ու Ուիլհելմ Օքքամը: Այնուհետեւ անոնց յետնորդները կը դառնան Շոփենհաուըրը եւ Ուունտդը:
Հայ փիլիսոփայական միտքի սահմաններուն մէջ նոյնպէս չեն անտեսուիր կամքի, յատկապէս կամքի ազատութեան հիմնահարցերը: Տարբեր ժամանակներու հայ յառաջադիմական մտածողները ճակատագիրի անվերապահութիւնը ընդգծող կամ մերժող հայեացքներով այս կամ այն ձեւով միշտ ալ անդրադարձած են մարդու կամքի ազատութեան հարցին: Այդ մտածողներու շրջանակներուն մէջ կարելի է ընդգծել հետեւեալ անունները` Մեսրոպ Մաշտոց, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Եղիշէ, Փաւստոս Բիւզանդ, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Գրիգոր Նարեկացի, Յովհաննէս Երզնկացի, Ֆրիկ, Նահապետ Քուչակ, Մխիթար Գոշ, Վարդան Այգեկցի, Յովհաննէս Սարկաւագ, Վահրամ Րապունի, Ներսէս Շնորհալի, Գրիգոր Տաթեւացի, Մխիթար Հերացի, Ստեփանոս Լեհացի, Շահամիր Շահամիրեան, Խաչատուր Աբովեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Ե. Տէմիրճիպաշեան, Րաֆֆի, Ս. Սպանդարեան, Ս. Շահումեան, Ս. Կասեան, Ա. Մեասնիկեան եւ այլն:
Իրաւաբանութեան Տեսանկիւնէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կամքը կ'իշխէ այն տեսութիւնը, ըստ որուն անհատական կամքը քաղաքացիական իրաւունքի սկզբնաղբիւրն է: Կամքը անհրաժեշտ տարրն է որեւէ իրաւաբանական գործարքի, որ ինքնին կամքի դրսեւորում է եւ կը յանգեցնէ իրաւաբանական այնպիսի հետեւանքներու, ինչպէս որ կը ցանկան կողմերը եւ միայն այն պատճառով, որ անոնք այդ կամեցած են[9]: Ուստի անվաւեր կը համարուի այն գործարքը, որ իրականացուած է առնութեամբ, խաբէութեամբ կամ սխալմունքով, քանի որ այդպիսի գործարքը չի հանդիսանար մասնակիցներու իրական եւ գիտակցուած կամքի դրսեւորում: Քրէական իրաւունքի ոլորտին մէջ կամքը կ'ընդգրկէ գործունէութեան դրդապատճառները, գործիչի նպատակները եւ կատարուած գործողութիւններէն անհրաժեշտաբար կամ պատահաբար բխող հետեւանքներու կանխատեսումը[10]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «SUMMA THEOLOGICA: The will (Prima Pars, Q. 82)»։ Newadvent.org։ արտագրուած է՝ 2012-11-07
- ↑ Hobbes, T. (1651) Leviathan CHAPTER XXI.: "Of the liberty of subjects" Archived 2011-05-11 at the Wayback Machine. (1968 edition). London: Penguin Books.
- ↑ «SUMMA THEOLOGICA: Free-will (Prima Pars, Q. 83)»։ Newadvent.org։ արտագրուած է՝ 2012-11-07
- ↑ Hume, D. (1740). A Treatise of Human Nature SECTION VIII.: "Of liberty and necessity Archived 2012-05-10 at the Wayback Machine." (1967 edition). Oxford University Press, Oxford. ISBN 0-87220-230-5
- ↑ Critique of Pure Reason, A 49. At end of "General Observations on Transcendental Aesthetic," p. 39 of Müller's translation. Also B 63: "…as the external sense gives us nothing but representations of relations, that sense can contain in its representations only the relation of an object to the subject, and not what is inside the object by itself. The same applies to internal intuition."
- ↑ Schopenhauer, Arthur, On the Freedom of the Will, Oxford: Basil Blackwell ISBN 0-631-14552-4
- ↑ Berrios G.E., Gili M. (1995)։ «Abulia and impulsiveness revisited»։ Acta Psychiatrica Scandinavica 92: 161–167։ doi:10.1111/j.1600-0447.1995.tb09561.x
- ↑ Berrios G.E., Gili M. (1995)։ «Will and its disorders. A conceptual history»։ History of Psychiatry 6: 87–104։ doi:10.1177/0957154x9500602105
- ↑ Sagarin Edward (1969)։ «Chapter 9. Mental patients: are they their brothers' therapists?»։ Odd Man In: Societies of Deviants in America։ Chicago, Illinois: Quadrangle Books։ էջեր 210–232։ ISBN 0-531-06344-5։ OCLC 34435
- ↑ Wechsler Henry (April 1960)։ «The self-help organization in the mental health field: Recovery, Inc., a case study»։ The Journal of Nervous and Mental Disease 130: 297–314։ ISSN 0022-3018։ OCLC 13848734։ PMID 13843358։ doi:10.1097/00005053-196004000-00004
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Williams Henry Herbert (1911)։ «Will»։ in Chisholm Hugh։ Encyclopædia Britannica 28 (11th հրտրկթն․)։ Cambridge University Press։ էջեր 648–654
- Autistics may not experience will as we understand it
- Stanford Encyclopedia of Philosophy Free Will entry
- The Will Project was a project proposed by Roberto Assagioli to explore all aspects and manifestations of the Will.
- Free Will - New Reflections on the Issue of Free Choice KTAV Publishing IL. 2020