Փիլիսոփայ

Պղատոնը եւ Արիստոտելը (Ռաֆայելի որմնանկար)

Փիլիսոփայ (հին յունարէն՝ φιλόσοφος - իմաստասէր, իմաստութեան ձգտող, իմաստութիւն փնտռող), մարդ, ով կը զբաղի փիլիսոփայական խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ։ Լայն ընկալմամբ, իւրաքանչիւր մարդ (մտածող էակ) փիլիսոփայ է, քանի որ իր ներդրումն ունի մտածողութեան զարգացման մեջ։ Նեղ ընկալմամբ փիլիսոփայ կը կոչուի այն մարդը, ով որոշակի գիտելիքներ ունի տրամաբանութեան բնագաւառին մէջ եւ կրնայ առաջադրել ու լուծել փիլիսոփայութեան բնագաւառի խնդիրներ։ Փիլիսոփայ կրնայ կոչուիլ այն մարդը, որ կը պատկանի որոշակի փիլիսոփայական դպրոցի մը, որ կը կիսէ տուեալ դպրոցի գաղափարները կամ կ’ապրի համապատասխան այդ գաղափարներուն։