Միքայէլ Նալպանտեան

(Վերայղուած է Միքայէլ Նալբանդեան-էն)
Միքայէլ Նալպանտեան
Ծնած է 2 (14) Նոյեմբեր 1829
Ծննդավայր Նոր Նախիջեւան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 31 Մարտ (12 Ապրիլ) 1866 (36 տարեկանին)
Մահուան վայր Կամիշին, Սարատովի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Մոսկվայի համալսարանի բժշկական ֆակուլտետ?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Մեր Հայրենիք
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ, գրականագէտ, արձակագիր
Աշխատավայր Լազարեան Ճեմարան
Ստորագրութիւն

Միքայէլ Նալպանտեան (2 (14) Նոյեմբեր 1829, Նոր Նախիջեւան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն - 31 Մարտ (12 Ապրիլ) 1866, Կամիշին, Սարատովի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]), հայ գրող եւ բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախակրթութիւնը ստացած է ազատամիտ քահանայի մը՝ Տ. Գաբրիէլ Պատկանեանի մօտ։ 1848–ին առաջնորդարանի որպէս քարտուղար՝ շրջած ու ճանչցած է Ռուսիոյ հայ համայնքները, ապա Մոսկուայի մէջ՝ հետեւած է համալսարանական դասընթացքներու։ Թէեւ առողջութեամբ փխրուն, սակայն եղած է աշխատունակ։ Նալպանտեան հայոց լեզու դասաւանդած է՝ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ, միաժամանակ հետեւած՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժնին, որպէս՝ ազատ ունկնդիր։ Մոսկուայի մէջ, սերտ բարեկամակական կապեր մշակած է Ստեփանոս Նազարեանի հետ, որուն՝ 1858 թուականին հրատարակած «Հիւսիսափայլ»ին, ամենամեծ աջակիցը եղած է։ Մեծ նպաստ բերած է արեւելահայերէնի կազմաւորման եւ արեւելահայութեան գաղափարական զարգացման։

Արեւելագիտութեան համալսարանական վկայական ստանալէ ետք, 1860–ին կը ճամբորդէ արտասահման՝ կարեւոր առաքելութեամբ մը, դասաւորելու հնդկահայ հարուստներէ՝ Նոր Նախիջեւանի համայնքին ձգուած մեծագումար կտակներու հարցը։ Նախ՝ կ՛այցելէ Պոլիս, ստեղծելով գաղութի մտաւորականութեան մէջ ոգեւորութիւն, իր կարգին՝ ոգեւորուելով անոնցմով։ Յետոյ Լոնտոնի ու Փարիզի վրայով կը մեկնի Կալկաթա։ Կտակներու հարցը դասաւորած կը վերադառնայ նոյն ճամբով, կրկին դադարելով՝ Պոլիս ու Եւրոպա։

Եւրոպայի մեծ քաղաքներուն մէջ, Նալպանտեան կ՛ունենայ շփումներ՝ ժամանակի ընկերվարական մտածողներու եւ գործիչներու հետ, որոնց գաղափարներն ու գործի հեռանակարներն ալ կը կիսուէր։ Հազիւ Նոր Նախիջեւան հասած՝ իր հաշուետուութիւնը ընելու, 1862-ին կը ձեռբակալուի ցարական ոստիկանութեան կողմէ (վրայէն կը գտնուին ծածկագիր նամակներ՝ ծանօթ յեղափոխականներէ)։

Փեթերսպուրկ տարուելով՝ Նալպանտեան երեք տարի կը բանտարկուի, քաղաքական բանտարկեալներու յատուկ, բանտին մէջ։ Հոնկէ կը հանուի, աքսորուելու համար Ռուսիոյ ներսերը՝ արդէն լրիւ քայքայուած առողջութեամբ։ Տարի մը ետք կը մեռնի Կամիշին քաղաքին մէջ։

Հանդիսաւորապէս կը բերուի ու կը թաղուի Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքը։

Գրական եւ հասարակական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նալպանտեան եղած է հայ յեղափոխական-տեմոկրատական շարժման պարագլուխը։ Ան իր ստեղծագործութեամբ եւ պայքարով պաշտպանած է գիւղացիութեան դատը։ Անոր համոզումը այն էր, որ «Ստրկութեան մէջ, աղքատութեան մէջ չկայ եւ չի կարող լինել լուսաւորութիւն»։

Ուրեմն նախ եւ առաջ պէտք էր վերջ տալ աշխատաւորութեան աղքատութեան, այսինքն՝ լուծել տնտեսական խնդիրը։ Այս առնչութեամբ Նալպանտեան կը գրէ.-

Տնտեսական խնդիրը միակ խնդիրն է մարդու կեանքը եւ գոյութիւնը ապահովելու համար։ Եւ որչափ ծանր արժէք ունի այս խնդիրը... այնքան դժբախտ է եղել այդ խնդրի ճակատագիրը։ Նա դարձել է մի քար, որի վրայ մարդը քանի եւ քանի անգամ գայթակղեցաւ։


Նկատի ունենալով այն պարագան, որ մինչեւ իր ժամանակը եղած հասարակական շարժումները չեն կրցած լուծել այդ խնդիրը, Նալպանտեան խորունկ համոզումով այս խնդրին լուծումը կը կապէ գիւղացիութեան յեղափոխութեան հետ։ Ուստի իր գաղափարակիցներն ու զինակիցները բարձր գնահատելով զինք, անոր վստահած են այս բարդ եւ պատասխանատու յանձնարարութիւններու իրականացումը։ Այս իրողութեան լոյսին տակ լիովին հասկնալի է այն յեղափոխական ճշմարտութիւնը, զոր Նալպանտեան արտայայտուած է իր «Երկու Տող» հանրայայտ յօդուածին մէջ։

Մենք ազատակամ նուիրեցինք մեզ հասարակ ժողովրդի իրաւունքը պաշտպանելու։ Մեր անձը եւ գրիչը չնուիրեցինք հարուստներին, նոքա իւրեանց արծաթէ թումբերի տակ միշտ անխոցելի են նաեւ բռնակալների իշխանութեան մէջ։

Բայց այն խեղճ հայը ... Ոչ միայն ճնշուած օտարներից ու բարբարոսներից, այլեւ իւր հոգեւորներից ու կիսագրագէտ, ուսումնական կամ փիլիսոփայ ասուածներից, ահա այն հայը ամենայն արդարացի իրաւունքով գրաւում է մեր ուշադրութիւնը եւ նորան դարձեալ, առանց եւ վայրկենական երկմտութեան, նուիրեցինք մեր բոլոր կարողութիւնը։

Պաշտպանել այն հայի առաթուր կոխուած իրաւունքը՝ է՛ մեր կեանքի բուն խորհուրդը եւ նպատակը։ Եւ այս նպատակին հասնելու համար չէ՛ պիտոյ ընկրկինք ո՛չ բանտի եւ ո՛չ աքսորի առջեւ, ոչ միայն բանիւ եւ գրչով, այլեւ զէնքով եւ արիւնով, եթէ մի օր արժանի լինէինք զէնք առնուլ մեր ձեռքը եւ մինչեւ այժմ քարոզած ազատութիւնը նուիրել եւ սրբել մեր արիւնով։


Նալպանտեանի ստեղծագործութիւններն ու արձակը նոր էջ բացին աշխարհաբարի եւ հայ ժողովուրդի մտածողութեան զարգացման պատմութեան մէջ։ Անոր «Մանկութեան Օրեր», «Երգ Ազատութեան», «Ապոլլոնին», «Ժան Ժագ Ռուսոյի Յիշատակին», «Մամիկոնեան Մեծ Վահանի Պատասխանը» եւ այլ բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ «Մեռելահարցուկ», վէպը եղան հայ ընթերցող զանգուածներու սիրուած ստեղծագործութիւնները։

Նալպանդեանի գլուխ գործոցներն են՝ «Երգ Ազատութեան» եւ «Մանկութեան Օրեր» բանաստեղծութիւնները։ Բանաստեղծը անոնց մէջ մեծ ուժով արտայայտած է թէ՛ քաղաքական եւ թէ ընկերային բռնութենէն ժողովուրդը ազատագրելու գաղափարը, աշխատաւորական զանգուածներու ոգին ու տենչանքները.

- Ազատութի՜ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլա՛կ, կայծա՛կ, հո՛ւր, երկա՛թ,
Թող դա՛ւ դնէ թշնամին,
Եւ մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար՝ ազատութի՜ւն։

«Մանկութեան Օրերը» Նալպանտեանի հայրենասիրութեան եւ ժողովրդասիրութեան ամենացայտուն արտայայտութիւններէն մէկն է, որ ուղղուած է ժողովուրդին ազատասիրական շարժման հակառակորդներուն դէմ։

Գիտակցութիւնը յաջորդեց սորան.
Ազգի վիճակը ծանրացաւ սրտիս...
Ապոլլոն տուեց ինձ իւր քնարը,
Որպէս փարատիչ տրտում ցաւերիս։
Աւա՜ղ. Այդ քնարն իմ ձեռքում հնչեց
Նոյնպէս լալագին նոյնպէս վշտահար,
Ինչպէս իմ սիրտն էր, իմ զգացմունքը,
Ուրախացուցիչ չգտայ մի լար։

Բանաստեղծը որքան խոր կ’ապրի ազգին վիճակը, որքան ծանր է անոր վիշտը, երբ կը գիտակցի որ ժողովուրդը կը հեծէ օտարի լուծին տակ։

Ես այն ժամանակ միայն զգացի,
Որ այդ ցաւերից ազատուելու չեմ,
Որչափ իմ ազգս կը մնայ ստրուկ՝
Օտարների ձեռք, անխօս, տխրադէմ։

Եւ ահա պայքարի կոչ կ’ընէ ան ժողովուրդին՝ փշրելու համար ստրկութեան շղթաները։

Ես պիտի դուրս գամ դէպ հրապարակ
Առանց քնարի, անզարդ խօսքերով.
Ես պիտի գոչեմ, պիտի բողոքեմ,
Խաւարի ընդդէմ, պատերազմելով։

Շարունակելով եւ զարգացնելով իր «Երգ Ազատութեան» բանաստեղծութեան պատկերը՝ հեղինակը կը խորհրդածէ անցած-գացած մանկութեան օրերուն մասին եւ այնուհետեւ կ’արտայայտէ «ներկայ օրերում» զինք համակած յոյզերն ու ձգտումները։

ներկայ օրերում այլ ի՞նչ սեւ քնար,
Սուր է հարկաւոր կտրիճի ձեռքին.
Արի՛ւն ու կրա՛կ թշնամու վերայ,
Այս պիտի լինի խորհուրդ մեր կեանքին։

Նալպանտեանի «Երգ Ազատութեան», «Մանկութեան Օրեր», եւ միւս լաւագոյն բանաստեղծութիւնները ոգեշնչած են մեր ժողովուրդը՝ պայքարելու, ընկերային եւ քաղաքական ճնշումէն ազատագրուելու համար։ Ահա թէ ինչով պայմանաւորուած է Նալպանտեանի ստեղծագործութեան ժողովրդայնացումը։

Գործերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բանաստեղծութիւններ (մամուլի մէջ)
  • «Մեռելահարցուկ» (վէպ)
  • «Երկրագործութիւնը, որպէս՝ Ուղիղ Ճանապարհ» (ընկերա-տնտեսագիտական փորձ)
  • «Ազգային Թշուառութիւն» (փորձ)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 41:
  • Հայ Գրականութեան Պատմութիւն։