Յովհաննէս Սարկաւագ
Յովհաննէս Սարկաւագ | |
---|---|
Ծնած է | 1045 |
Ծննդավայր | Փիփ, Դաշկեսանի շրջան, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն |
Մահացած է | 1129 |
Մահուան վայր | Հաղպատ, Վրացական թագաւորութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, երաժշտագէտ, փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, պատմաբան |
Յովհաննէս Սարկաւագ (1047, Փիփ - 1129 Հաղբատ), ճանչցուած է Յովհաննէս Իմաստասէր անունով, հայ մատենագիր, փիլիսոփայ, գիտնական, մանկավարժ[1]:
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է 1047-ին քահանայական ընտանիքի մէջ։ Սորված է Հաղբատի եւ Սանահինի վանքին մէջ, ապա՝ Ուռճացի վարդաետի մօտ։ Ապրած եւ գործած է Անիի մէջ, որուն բարձրագոյն դպրոցին մէջ դասաւանդած է քերականութիւն, թուաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, տոմարագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն եւայլն։ Հետագային գլխաւորած է Հաղբատի դպրոցը, որ իրեն շնորհիւ դարձած է գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոն։ Խոր գիտելիքներուն համար ան հռչակուած է որպէս «Սոփեստոս», «Իմաստասէր», «Մեծն Վարդապետ» եւայլն։ Անոր շիրիմաքարը պահուածէ «Արձանս այս սեմական է Սոփեստոսի Սարկաւագին» մակագրութեամբ։
Յովհաննէս Սարկաւագ ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն նաեւ ան սրբագրած, խմբագրած եւ արտագրած է անընթերնելի դարձած աշխատութիւններ։ Իմաստասէր, գրած է բազմաթիւ շարականներ։ Անոնց մէջ ան փառաբանած է հայ հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի փրկութեան համար։ Ան ծանօթացուց հայ ժողովուրդին հայրենիսական երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը եւ քաջալերեց արտագաղթած հայերը վերադառնալու Երկիր[2]:
Յովհաննէս Սարկաւագ մեծ ներդրում ունեցած է թուաբանութեան մէջ եւ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ գիրքեր[2]:
1084-ին Յովհաննէս Սարկաւագ մասնակից կը դառնայ ծրագրի մը՝ հայկական օրացոյցի մը զարգացման։ Օրացոյցը կը պարունակէր 365 օրեր առաւել մէկ օր։ Այս ծրագրին համար իր տարած աշխատանքը պատճառ դարձաւ, հետագային օրացոյցի ստեղծման[3]:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Henri Gabrielian. History of Armenian Philosophy (in Armenian). Vol 1, Yerevan, 1976, p. 155
- ↑ 2,0 2,1 Agop Jack Hacikyan, Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk, Nourhan Ouzounian. The Heritage of Armenian Literature: From the sixth to the eighteenth century. Wayne State University Press. 2002, pp. 350–362
- ↑ Kirakos Gandzaketsi. History of Armenia. Moscow. Nauka. 1976
|