Վահրամ Րապունի
Վահրամ Րապունի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ |
Ծննդավայր | Եդեսիա? |
Մահացած է | անհայտ |
Մահուան վայր | Սիս? |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, պատմաբան |
Վահրամ Րապունի (անհայտ, Եդեսիա? - անհայտ, Սիս?), հայ քաղաքական միտքի Կիլիկեան դպրոցի նշանաւոր ներկայացուցիչ։ Ապրած եւ ստեղծագործած է 13-րդ դարին, ծննդեան եւ մահուան թուականները յայտնի չեն։ Ըլլալով բարձրակարգ մտաւորական՝ Վահրամ Րապունին պաշտօնավարած է Լեւոն Գ-ի(1270-1289) արքունիքին մէջ որպէս ատենադպիր եւ տնօրինած պետութեան դիվանագիտական հարաբերութիւնները, ստեղծած պետական փաստաթուղթեր ու գրագրութիւններ, ընդունած դեսպաններ։ Անոր գրիչին կը պատկանին բազմաթիւ իմաստասիրական ու կրօնա-աստուածաբանական աշխատութիւններ՝ Արիսդոդելի, Պորփիւրի, Դավիթ Անհաղթի, Գրիգոր Նիւսացի, Դիոնիսիոս Աերոպագացի երկերու մեկնութիւնները։ Հետաքրքրական է նաեւ Լեւոն Գ թագաւորի օծման առիթով անոր արտասանած ճառը, որուն մէջ կ'արտացոլուին Րապունի քաղաքագիտական միտքերն ու հայացքները։ Այս ճառին մէջ ան իր տեսակետն կ'արտայայտ է թագաւորական իշխանութեան առաջացման, անոր էութեան, պետութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղիներու մասին։ Վահրամ Րապունի կարծիքով պետութեան ծագումը պայմանաւորուած է աստուածային կամքով ու մարդու բնութեամբ։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչէն յետոյ եւ ինչու առաջացած է թագաւորութիւնը, Րապունին կը գտնէ, որ Աստուած անմիջականօրէն չէ ստեղծած թագաւորութիւնը. մարդկանց ստեղծելով իր պատկերու նմանութեամբ՝ անոնց հաւասար իրաւունքներ տուած է իշխելու եւ կենդանի բնութեան վրայ, որ նահապետներէն ոմանք իրենց թագաւոր հռչակեցին՝ համազգայիններու վրայ իշխելու նպատակով։
Ըստ Րապունի՝ պետութիւնը իշխանութեան զարգացած ձեւն է, որն կ'իրականանայ իշխանութիւն բոլորի անունէն, ընդհանուրի օգուտին։ Հետեւելով դեռեւս անտիկ աշխարհէն եկող բնական իրաւունքի աւանդական սկզբունքներուն՝ Րապունին կը գտնէր, որ պետութիւնը պետք է սանձահարի մարդկանց ագրեսիւութիւնը, ապահովի կարգուկանօն, մեկուսացնի ներօին ապակաիւնացնող կենդրոնախոյս ուժերուն, պաշտպանի մարդու ազատութիւնն ու սեփականութիւնը։ Այս հարաբերութիւնները, ըստ Րապունի կը բխին սոցիալական որոշակի պայմաններէն։ Արտաքին հարաբերութիւններու մէջ պետութիւնը պարտաւոր է պահպանել տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր շահերը, ապահովել փոխշահավետ համագործակցութիւնը եւ այլն։ "Թագաւորութիւն է ըստ ուղիղ բանին վերայ աշխարյի, որ իւր է վիճակած եւ ի նմա բնակելոցն իշխած արդարացի հարկս եւ իրաւունքս ի նոցանէ առնուլ, եւ զնոսին ի հաստատութիւն պահել արտաքին թշնամացն` քաջութեամբ պատկերազմեալ` յաղթել, եւ կամ յաղթութեան հնարիւք զխաղաղութիւն ողջունել": Թագաւորութիւնը կոչուած է երկրի ներսին մէջ կարագաւորելու իր հպատակներու ներդաշնակ գործունէութիւնը, խրախուսելու բարեգործութիւնը, պատժելու չարագործութիւնը, հետեւելու օրէնքներու իրագործմանը, իսկ արտաքին հարաբերութիւններու մէջ՝ քաջաբար պատերազմելով յաղթել թշնամին կամ դիւանագիտական արուեստով հաշտութիւն կնքել հակառակորդի հետ եւ պահպանել խաղաղութիւնը։ Լեւոն Գ-ի իշխանութիւնը ջատագովող այս ճառը, գործող իրաւունքը կը հայտարարէ արդարացի ու բնական։ Պետութեան գլխաւոր դէմքը թագաւորն է, որու վարքագիծէն է կախուած երկրի բարեկեցութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Յատուկ ուշադրութիւն՝ կը դարնայ թագաւորի եւ իշխաններու փոխհարաբերութիւններուն եւ կը հիմանաւորէ կենդրոնաձիգ պետութեան գաղափարը։ Սմբատ Գունդստաբլի օրինակով Րապունին Հոգեւոր իշխանութիւնը կ'ենթարկէ աշխարհիկ իշխանութեանը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հենզել Մանուչարեան (2002), «Դրվագներ հայ քաղաքական մտքի պատմության»։ Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն։