Հոգեբանութիւն

Հոգեբանութիւն, (յունարէն՝ ψυχή՝ հոգի, λόγος՝ միտք, գիտութիւն) գիտական եւ կիրառական գիտութիւն հոգեկանի` որպէս կենսագործունէութեան յատուկ ձեւի զարգացման եւ գործունէութեան մասին[1]:

Գիտական մեկնաբանութեամբ «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը առաջացած է 16–րդ դարուն: Սկզբնապէս այն կը վերաբերէր յատուկ գիտութեան, որ կը զբաղէր հոգեւոր կամ հոգեկան երեւոյթներու ուսումնասիրութեամբ, այսինքն այնպիսի երեւոյթներու, որոնք մարդը հեշտութեամբ իր գիտակցութեան մէջ կրնան գտնել ինքնադիտման արդիւնքին մէջ։ Աւելի ուշ հետազօտութիւններու ոլորտը նշանակալիօրէն ընդլայնուեցաւ՝ իր մէջ ներառելով անգիտակցական հոգեկան գործընթացները եւ մարդու գործունէութիւնը: 20-րդ դարէն սկսած հոգեբանական հետազօտութիւնները յարմարած են այն երեւոյթներու սահմաններէն, որոնց շուրջ դարեր շարունակ կեդրոնացած էին: Ասոր հետ կապուած «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր սկզբնական, բաւական նեղ իմաստը, երբ այն կը վերաբերէր միայն, մարդու կողմը անմիջականօրէն ընկալուող եւ ապրուող գիտակցութեան երեւոյթներով[2]: «Հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը, համաձայն որոշ տուեալներու, 1590 թուականին առաջադրած է Քոգլենիուսը, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն իմաստին թափանցումը ներմուծած է Քրիսթիան Ուոլֆ 1732 թուականին[3]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեբանութեան զարգացման պատմութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել չորս փուլի[4]:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն հոգիինմասին

Հոգեբանութեան նախապատմութիւնը կը սկսի հին ժամանակներէն, երբ փիլիսոփաները իրենց աշխատութիւններուն մէջ կը փորձէին պարզել հոգւոյ բնոյթը: Հոգեբանութեան ուսումնասիրումը փիլիսոփայական համահատուածին մէջ կու գայ Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն[5]:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն գիտակցութեան մասին

Կ'առաջանայ 17-րդ դարուն՝ կապուած Բնական Գիտութիւններու զարգացման հետ: Մտածելու, զգալու ունակութիւնները կ'անուանէին գիտակցութիւն: Ուսումնասիրման հիմնական մեթոտը կը համարուի ինքնադիտումը եւ փաստերու նկարագրութիւնը:

  • Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն վարքի մասին

Կ'առաջանայ 20-րդ դարուն: Այս փուլին մէջ կեդրոնական խնդիր կը հանդիսանայ փորձարարական հետազօտութիւններ իրականացնելը եւ այն ամէնուն հետեւիլը, ինչ որ կարելի է դիտել անմիջականօրէն (վարքը, արարքները, մարդոց արտայայտութիւնները):

  • Ժամանակակից փուլ

Հոգեբանութիւնը հանդէս կու գայ որպէս գիտութիւն․ կ'ուսումնասիրէ հոգեկանի առարկայական օրինաչափութիւնները, դրսեւորումները եւ աշխատաձեւերը[4]:

Կամքը Հոգեբանութեան Տեսանկիւնէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կամքը գիտակցութեան կենսագործունէութեան աշխոյժ կողմն է եւ կը բնութագրուի իբրեւ մղում, որ կ'ուղղեկցուի ցանկալի նպատակի հասնելու գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ, անձը կրնայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար անհրաժէշտ ջանքեր թափել: Այլ կերպով՝ կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անձի գիտակցուած պատրաստականութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է: Այն անմիջականօրէն կապուած է մտածողութեան եւ սրտաշարժ ոլորտի հետ: Կամքի արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով՝ գործողութիւններ կը դառնան, իսկ գործողութիւններն ալ կը ձեւաւորեն նպատակաուղղուած գործունէութիւն: Կամքի ներքին դրսեւորումները ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի՝ կամածին ուշադրութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Блейхер, Вадим Моисеевич, and Инна Вадимовна Крук. "Толковый словарь психиатрических терминов
  2. Немов, Р. С. "Психология: учеб. для студ. высш. пед. учеб. заведений: в 3 кн." М.: Гуманит. изд. центр ВЛАДОС (2003).
  3. Աւանեսեան Հ., Յովհաննիսեան Հ., յովհաննիսեան Ս., Ասրիյեան Է. Հոգեբանութիւն. դէմքեր, փաստեր/ Ուսումնական ձեռնարկ. Եր. ԵՊՀ հրատ. 2010,204 էջ
  4. 4,0 4,1 Столяренко, Людмила Дмитриевна. Психологии.учебник для вузов.-СПб.: Питер,2010.-592 с.
  5. Green, C.D. & Groff, P.R. (2003). Early psychological thought: Ancient accounts of mind and soul. Westport, Connecticut: Praeger