Jump to content

Գրագէտ

Գրագէտ (Արեւելահայերէն՝ կը գործածուի գրող բառը), այն հեղինակը, որ գրաւոր գործեր կ'արտադրէ լեզուի գեղարուեստական մշակումով։ Ան կրնայ ըլլալ բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, թատերագիր կամ պատմուածքներ գրող։ Գրագէտ կը նկատուին դեռ գրադատը (կամ գրաքննադատ), փորձագիրը։

Գրականութիւնը, երբ կը վերաբերի Հնադարուն եւ Հին միջնադարուն, կը կոչուի մատենագրութիւն, իսկ ժողովրդական արտադրութեան պարագային՝ բանահիւսութիւն։

Հին գրագէտները՝ մատենագիրներն են, իսկ ժողովրդական բանաստեղծները՝ գուսանները։ Ուշ Միջնադարուն եւ մինչեւ 18-րդ դար, գործած են ժողովրդական բանաստեղծներ՝ աշուղներ։

Գրականութիւնը կը հետաքրքրուի գրագէտին կեանքով, գոնէ այն չափով, որ կ'օգնէ լուսաբանելու անոր գործը։ Այս պատճառով է, որ կը կազմուի գրագէտի մը կենսագրութիւնը, կ'ուսումնասիրուին անոր կեանքը, գործի արտադրման պայմանները, անոր ինքնութեան մաս կազմող առարկայական տուեալները։