Աշխարհաբար
Մշակոյթ Եւ Գրականութիւն, Գրական Զարթօնք
Հայ նոր գրականութիւնը թափ կ'առնէ 19–րդ դարուն, յատկապէս՝ 1860–ական թուականներէն սկսեալ։ Բայց գրական այս շարժման նախանշանները արդէն կ'երեւէին 1750–ականներուն։
Աշխարհաբարը միջնադարուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջնադարուն կային նմոյշներ զանազան ժամանակաշրջաններու աշխարհաբարներէ. նմոյշներ, որոնք աւելի հասկնալի են՝ քան պիտի ըլլար, օրինակ, գրաբար գրութիւն մը։ Կը նկատուի, որ անոնք այլատարր են, չեն կազմեր հոլովոյթի կանոնաւոր կորագիծ մը, այսինքն՝ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ կը տարբերին իրարմէ եւ ժամանակին մէջ կ'արձանագրեն ետ-առաջներ։ Յամենայն դէպս, անոնք հետաքրքրական են ե՛ւ իրենց լեզուական երեսով, ե՛ւ իրենց բովանդակութեան պատգամներով։ Երկու այս տեսանկիւններէն հաւասարապէս, անոնք կը չափեն հայերէնի ու հայ ժողովուրդի կենսական ուժը, կենսունակաթի՛ւնը, յաճախ պատմա-քաղաքական ահաւոր պայմաններու մէջ։
Աշխարհաբարը 1750–էն մինչեւ 1800 շրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդարեւ, այդ թուականներէն եւ մինչեւ 1800՝ Վենետիկ, Մոսկուա եւ Հնդկաստան, ու աւելի մօտ Պոլիս, Թիֆլիս, Նոր Ջուղա ու այլ վայրեր հաստատուած հայ գաղութները ձեռք բերած էին տնտեսական եւ մշակութային որոշ մակարդակ։ Բացուած էին շատ մը հայկական տպարաններ, սկսած էին հին ձեռագիրներու հաւաքումը եւ անոնց մէջէն հին, դասական հայերէնի՝ գրաբարի ուսումնասիրութիւնը կազմելու քերականութիւններ, բառարաններ։ Նաեւ կ'ըլլային թարգմանութիւններ, մանաւանդ եւրոպական դասական գործերու, անոնցմէ ներշնչուելով կը գրուէին գրական նոր երկեր։ Հայ մտաւորական գործիչներ կը մտահոգուէին հայութեան անմխիթար վիճակով ու կ'ընէին առաջարկներ ու կը գործէին հայոց վիճակը բարւոքելու։
1800–էն ետք, այս շարժումը կ'արագանայ, կը զօրանայ։ Կը բացուին դպրոցներ, կը բազմանան եւ կ'արդիականանան։ Թերթեր կը հրատարակուին ու կը զարգանան, հայրենասիրական ընկերութիւններ կը հիմնուին, թարգմանութիւններ եւ ինքնագիր գործեր կը բազմանան, կ'ըլլան աւելի մշակուած, աւելի ինքնուրոյն։ Կը բացուին թատրոններ, թափ կ'առնեն հայագիտական ուսմունքները, կ'առաջանայ լուսաւորեալ միտքով գործիչներու սերունդ մը, որ ձեռք կ'առնէ շարժման ղեկը։
Աշխարհաբարը 1830–ական տարիներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քառորդ դար հազիւ անցած, կը նկատենք որ աշխարհաբարի որակը կը բարելաւուի։ Մէկ կողմէն կը սկսի զգալի դառնալ տարբերակում մը, աշխարհաբարի երկու ճիւղերուն միջեւ՝ արեւմտահայ ու արեւելահայ։ 1830–1940–ականներէն արեւելահայերէնի իբր նմոյշ՝ հետաքրքրական է Խաչատուր Աբովեանի քիչ ծանօթ մէկ գործը՝ «Դորպատեան Օրագրեր» (հոս՝ բովը), որ տիպար օրինակ է արեւելահայ աշխարհաբարի, արդէն բաւական զտուած։ Նմոյշը կրկնակի շահեկան է անով, որ կու տայ արեւելահայ աշխարհաբարի ապագայ գարգացման ճամբան. անիկա գրեթէ Ստ. Նազարեանի, Միք. Նալբանդեանի լեզուն է, որուն աւելի ուշ պիտի հանդիպինք «Հիւսիսափայլ» թերթին մէջ։ Բայց Աբովեան կը վարանի ու շուտով ան կը լքէ ե՛ւ գրաբարը, ե՛ւ հոս փորձած «Միջին եզրը»՝ ծայրայեղական ընտրանքի մը համար՝ «Վէրք Հայաստանի»ն գրել Քանաքեռի բարբառով, ժողովուրդին լրիւ հասկնալի ըլլալու շեշտակի մտահոգութեամբ։
Մեր քննած հոլովոյթին երկրորդ փուլը կ'ընդգրկէ 19–րդ դարը, 1800–էն մինչեւ 1860, այսինքն՝ դարասկիզբէն մինչեւ հայ նոր գրականութեան լրիւ «ընթացքի մտնելը»։
Մխիթարեանները, գրաբարը պաշտպանելով եւ անոր վերակենդանացման ձգտելով հանդերձ, արեւմտահայ զանգուածին հետ շփումի համար, որոշ պահէ մը սկսեալ չխուսափեցան գործածելէ պոլսահայ բարբառը, որ հիմա պիտի դառնար գրական արեւմտահայերէնին։
Այսպէս, մինչ հայերէն առաջին թերթը՝ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի «Ազդարար»ը (1794, Մատրաս, Հնդկաստան), առաւելաբար գրաբարը կը գործածուէր: Տասնհինգ տարի ետք, Պոլսոյ մէջ, Մխիթարեան վարդապետներ (տեղական մշակութային միութիւններէ քաջալերուած), իրենց «Դիտակ Բիւզանդեան»ին իբր լեզու կ'ընտրէին դեո անմշակ, թրքախառն «պոլսահայերէն»ը։
Գեղարուեստական նոր արձակ 1920-1960 տարիներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յետ 20–ական առաջին սերունդին մօտ, արձակ արտադրութիւնը կը գերակշռէ իբր որակ, ե՛ւ Սփիւռք-արեւմտահայութեան, ե՛ւ արեւելահայութեան մօտ․․․։ Շատ աւելի քան բանաստեղծութեան՝ արձակի զանազան տեսակներու ծաղկումին մէջ կ'անդրադառնանք զարմանալի այն կենսունակութեան, որ ընդդէմ Եղեռնին կամ աշխարհասասան վերիվայրումներուն (ինչպիսին արեւելահայութեան համար կ'ըլլան խորհրդայնացումն ու հետեւող խզումը), կը ձգտի փաստել ազզային-մշակութային կենսունակութիւնը, վերապրելու վճիռը։
Նախ կը տեսնենք անոնք, որոնք մեծ վերիվայրումներէն ետք վայր եւ ինքնութիւն կը փնտռեն․ կամ՝ անոնք որ նոր վայրը կ'ուրուագծեն, պատշաճեցումի ճիգերն ու ապրուած աոօրեան կը պատմեն։ Ապա՝ անոնք, որոնց ճիգը կը կեդրոնանայ արձակի նորոգման, գեղարուեստական մշակման վրայ։