Մինաս Թէօլէօլեան
Մինաս Թէօլէօլեան | |
---|---|
Ծնած է | 24 Նոյեմբեր 1913[1] |
Ծննդավայր | Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 18 Ապրիլ 1997[1] (83 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոսթըն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | վիպասան, հրապարակախօս, Խմբագիր, գրագէտ |
Աշխատավայր | Հայրենիք |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Մինաս Թէօլէօլեան (24 Նոյեմբեր 1913[1], Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Ապրիլ 1997[1], Պոսթըն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ ուսուցիչ, արձակագիր, հրապարակագիր ու խմբագիր։ Իբրեւ նուիրուած կրթական մշակ եւ կուսակցական գործիչ, ապրած է աստանդական կեանք մը Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս եւ ԱՄՆ։ Հայրն է գրականագէտ, սփիւռքագէտ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան-ին:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաճախած է Պարտիզակի Սրբոց Թարգմանչաց։ 1922-ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը: Աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրած է իր առաջին ոտանաւորը: Հազիւ 17 տարեկանին, ընկերոջ մը հետ, Թէօլէօլեան սկսած է հրատարակել «Արձան» գեղարուեստական պարբերաթերթը:
1933-ին աւարտած է Մխիթարեան վարժարանը եւ ներկայացուցած աւարտաճառ մը՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մասին:
Թրքական բանակին մէջ զինուորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան հայ գրականութեան ուսուցչութեան կոչուած է իր աւարտած Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
1937-ին, Մինաս Թէօլէօլեան, որ արդէն կ՚աշխատակցէր սփիւռքահայ մամուլին, ստիպուած է հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսած էին ոստիկանական հետապնդումներ եւ դատական հարցաքննութիւններ, Ֆրանսայի եւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն՝ «Յառաջ»-ին եւ «Հայրենիք»-ին հետ իր ունեցած կապերուն եւ աշխատակցութեան համար:
Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է Պուլկարիոյ մէջ (Սոֆիայի Գէորգ-Մեսրոպ ճեմարան) եւ տարի մըն ալ դասաւանդած՝ Գոսթանցայի (Ռումանիա) ազգային վարժարանին մէջ։ 1939-ի վերջերուն վերադարձած է Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձած է տեղւոյն հայ մամուլին եւ մնացած՝ մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի տակ առնուած է: Այս անգամ վերջնականապէս հեռացած է Թուրքիայէն, հաստատուելով Սուրիա:
Նոյն տարին իսկ, Հալէպի մէջ, Մինաս Թէօլէօլեան պաշտօնապէս միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Ուսուցչութեան կոչուած է Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանին մէջ, միաժամանակ վարելով ՀՅԴ Սուրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը:
Օրուան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.) եւ ՀՅԴ ղեկավար գործիչ ու պետական պատգամաւոր Հրաչ Փափազեանի առաջարկով՝ Թէօլէօլեան 1948-ին նշանակուած է «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի առաջին տնօրէն, այդ պաշտօնը վարելով մինչեւ 1956:
1956-ին, քաղաքական պատճառներով, արտաքսուած է Սուրիայէն եւ հաստատուած՝ Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնած է ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագրի պաշտօնը: 1957-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ուր երեք տարի վարած է ազգ. «Ս. Նշան» վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերած է Լիբանանի «Ազդակ» եւ Փարիզի «Յառաջ» թերթերուն:
1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղուած է Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցած է «Հայրենիք»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին:
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղած է յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին՝ 1969-ին Բէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ Աթէնքի մէջ «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին՝ 1986-էն սկսեալ:
Գրական Վաստակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատակցած է պոլսահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին՝ հրապարակագրական, գրական եւ պատմական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։ Երիտասարդական տարիներուն խմբագրած է «Արձան» պարբերաթերթը (1932)։
Խմբագրական պաշտօններ ստանձնած է Իսթանպուլի «Մարմարա», Հալէպի «Արեւելք», Գահիրէի «Յուսաբեր» եւ Պոսթընի «Հայրենիք« օրաթերթերուն մէջ։
Խմբագրած է Հալէպի «Արեւելք» տարեգիրքը (1948)։
Հեղինակած է հայերէնի քերականութեան դասագիրքեր։
Իր արխիւին մէջ կը գտնուին հրատարակութեան պատրաստ բազմաթիւ անտիպ գրական եւ լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ՝ «Դաստիարակչական ամրոցներ՝ 10–14րդ դարերուն», «Հայ լեզուի հոլովոյթը ՝ Ե.-Ի. դարերուն», «Միջնադարեան հայ բանաստեղծութիւնը», «Խորհրդահայ գրականութիւնը՝ 1920-1980»։
Օգտագործած է Արմէն Ամատեան, Վազգէն Վանանդեան, Նոճեաց Տղան եւ Մ. Թաթուլ գրչանունները։
Հրատարակուած Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վահան Թէքէեան (գրականագիտական վերլուծում), Իսթանպուլ, 1933։
- Նախերգանք (բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր), Սոֆիա, 1937։
- Մթնոլորտ (բանաստեղծութիւններ), Հալէպ, 1945։
- Ցեղին Փառքը (քերթուած թատերգութիւն), Հալէպ, 1952։
- Դար Մը Գրականութիւն. 1850-1950 (հատընտիր), Ա. հտ. Գահիրէ, 1955։ Բ. հտ. Գահիրէ, 1956։ Բ. հրատարակութիւն, Ա. հտ. 1850–1920, Պոսթըն, 1977։ Բ. հտ. 1920-1980, Նիւ Եորք, 1982։
- Պայքարը Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ (հրապարակագրութիւն), Պոսթըն, 1962։
- Հայկական արտասահմանը Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (բանասիրական), Պէյրութ, 1968։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ, Կարօ Աբրահամեան, Ա. հատոր, Անթիլիաս 2004, էջ 517-518։
- ՆՒԻՐԵԱԼՆԵՐ - Մինաս Թէօլէօլեան (1913-1997) Archived 2019-08-04 at the Wayback Machine.
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մինաս Թէօլէօլեան (1913-1997): Խստապահանջ գրականագէտը, գաղափարապաշտ հրապարակագիրը եւ վաստակաշատ ուսուցիչը:[permanent dead link]
- Մինաս Թէօլէօլեան