Jump to content

Հայ Մամուլը՝ 1915-էն ետք

Հայկական մամուլը, առաջին օրէն մինչեւ այսօր եղա՛ծ է եւ է՛ գաղափարի ծառայող, քաղաքական նպատակ հետապնդող, ազգի շահը պաշտպանող գործօն, Ցեղասպանութենէն ետք, Սփիւռքահայ գրականութեան հիմնական կեդրոնները կը դառնան Պոլիս, Ֆրանսան՝ իր Փարիզ մայրաքաղաքով, Միջին Արեւելք, Միացեալ Նահանգներ եւ Պալքանեան երկիրները[1]:

Պատմական Տուեալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

23 Ապրիլ 1915-ի գիշերը Թուրք ոստիկանութիւնը կը հաւաքէ բոլոր հայ գրագէտները եւ զանոնք կ'աքսորէ անյայտ վայրեր: Սակայն, միաժամանակ կային գրագէտներ, որոնք կ'ապրէին արտասահման: Անոնք իրենց մտածումները եւ արտայայտութիւնները կը գրէին եւ կը հրապարակէին ժողովուրդին, իբրեւ անհայրենիք մնացած ժողովուրդ: Անոնք իրենց գրութիւններուն ճամբով ցոյց կու տային անհող, անտուն եւ անհայրենիք մնացած հայ մարդուն հոգեբանութիւնը եւ անոր ներքին տառապանքը՝ յիշեցնելով, թէ ան միշտ կառչած կը մնայ իր հողին: Գրագէտները կ'ապրէին անցեալի իրենց թողած երազներով եւ իրենց ցասումը արտայայտելով թշնամիին դէմ:

Գրողները կը բաժնուին երկու խումբերու՝ Հին եւ Նոր գրողներ: Հին Խումբին կը պատկանին՝ Կոստան Զարեան, Լեւոն Շանթ, Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան եւ ուրիշներ: Նոր գրողներուն խումբին կ'անդամակցին Վահէ Վահեան, Արշակ Չօպանեան, Վազգէն Շուշանեան, Արամ Հայկազ եւ ուրիշներ: Այս գրագէտները ապրած են զանազան երկիրներու մէջ:

Լեզուն եւ Մամուլը՝ Գաղութներուն Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոլիս

Գեմալականները հայ գրականութիւնը ամբողջովին արգիլած էին, եւ որեւէ մէկ գիր կամ յօդուած խիստ գրաքննութեան կ'ենթարկուէր պետութեան կողմէ:

Հայերը Ցեղասպանութեան եւ յետ Ցեղասպանութեան շրջանին ունեցած են ազատամարտութեան ոգի, Պոլսոյ մէջ «Ազատամարտ» անունով թերթ մը կը սկսի տպուիլ: Անոր խմբագիրը կը հանդիսանայ Ռուբէն Զարդարեան, որ ապագային Պէյրութ փոխադրուելով կը հիմնէ «Ազդարար» թերթը: Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուէին նաեւ այլ թերթեր, ինչպէս՝ «Հայ Կին»ը, «Բանբեր»ը, «Արձան»ը, «Հայ խօսնակ»ը, «Մարմարա»ն, «Արեւելք»ը եւ «Աստղաբեր»ը:

1930-ական թուականերուն ի յայտ կու գան գրողներ, Եղիշէ Այվազեան, Սիպիլ, Թորոս, Յակոբ Մնձուրի եւ այլք: Անոնք իրապաշտներ էին եւ կը գրեն կեանքը ինչպէս որ է:

Պալքաններ

Գրողներն են՝ Օննիկ Զարկունի, Սիրունի եւ Կարօ Մեհեան:

Ֆրանսա

Կենսական կեդրոնը կը դառնայ Փարիզը հետ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: Գեղապաշտ սերունդի պատկանող անհատներ կ'ապրէին Ֆրանսա եւ ազդուելով Ֆրանսական գրականութենէն կը գործածէին իրենց գրութիւններուն մէջ: Գեղապաշտ սերունդին մաս կը կազմեն, Վազգէն Շուշանեան, Կարօ Փօլատեան, Յակոբ Օշական, Արշակ Չօպանեան եւ ուրիշներ:

Լոյս կը տեսնէր Միսաքեաններուն «Յառաջ» թերթը մինչեւ 1999 թուական: Այս թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ «նահանջը առանց երգի» գործը: Ֆրանսայի մէջ նաեւ կար «Նոր յառաջ»ը (Ժիրայր Չոլաքեան), «Ապագայ» եւ «Մարտկոց»:

Միջին Արեւելք

1920-1950 երկարող թուականը, անոնք կը պահեն այն նոյն խռովքը, որ տրուած էր իրենց նախապէս: Աւանդութիւնները, բարքերը եւ գրականութիւնը պահելով արաբական ազդեցութեան տակ: Ռահվիրաներն էին՝ Լեւոն Շանթ, Արամ Սահակեան, Մուշեղ Իշխան, Նիկոլ Աղբալեան եւ այլ տիտաններ:    

ՊԱԼՔԱՆՆԵՐ

Պուլկարիոյ մէջ կը հրատարակուին «Ազատ խօսք» եւ «Փարոս» թերթերը:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Կը հրատարակուի մէկ օրաթերթ՝ «Ազատ օր»:

ԼԻԲԱՆԱՆ

Հայկական առաջին թերթը եղած է «Փիւնիկ» թերթը, որ կը պատկանէր Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Ապագային «Փիւնիկ» թերթը կը փոխէ իր անունը եւ կ'ըլլայ՝ «Նոր Փիւնիկ», աւելի ուշ՝ «Ազդակ», որուն խմբագիրն էր Հայկ Պալեանը եւ առաջին անգամ «Ազդակ» անունով լոյս կը տեսնէ 1927 -ին:

Լիբանանի մէջ լոյս կը տեսնէ նաեւ «Լիբանան» թերթը, որ որեւէ կուսակցութեան չէր պատկաներ: Ամէն կուսակցութիւն ունէր իրեն յատուկ թերթը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ «Զարթօնք» թերթը եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ «Արարատ»ը: Կրօնական հաստատութիւներն ալ ունէին իրենց թերթերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» ամսագիրը կը սկսի լոյս տեսնել 1932-ին եւ մինչեւ օրս կը գործէ: «Մասիս» թերթը, որ կը պատկանի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարգութեան, սակայն միայն առցանց կը հրատարակուի:

Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, լոյս կը տեսնէին  նաեւ «Տիգրան» եւ «Այգ» թերթերը:

ՍՈՒՐԻԱ

Սուրիոյ մէջ լոյս կը տեսնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Եփրատ» թերթը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ՝ «Արեւելք» եւ «Սուրիա» թերթերը, սակայն բոլորը կը դադրին 1960-ական թուականներուն:

Ասոնց կողքին նաեւ կը հրատարակուին գրական թերթեր, ինչպէս՝ Բիւզանդ Եղիայեանի «Ծիածան»ը, հրատարկուած Պէյրութի մէջ տասը տարիներու ընթացքին 1939-1949 թուականերուն: Հայր Անդրանիկ Կռանեանի «Նայիրի» թերթը, որ առաջին անգամ կը սկսի լոյս տեսնել Հալէպի մէջ, որմէ ետք կը փոխադրուի Պէյրութ Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Հայ ճեմարանականներու միութեան կողմէ 1944-1960 թուականներուն լոյս կը տեսնէ «Ակօս» թերթը: 1946-ին Վահէ Վահեանի պատկանող «Անի» թերթը լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ: 

ԵԳԻՊՏՈՍ

Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւ» թերթը՝ 1915-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ, ապա՝ Գահիրէ մայրաքաղաքին մէջ: Խմբագիրն էր Նուպար Պէրպէրեան: Իսկ Գահիրէի մէջ «Յուսաբեր» թերթը[2], լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ Սուրէնի, Վահան Նաւասարդեանի եւ Գուրգէն Մխիթարեանի:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Գոյութիւն ունի նշանաւոր «Սիոն» թերթը, որ 1927-էն մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ:  Թերթին առաջին խմբագիրները եղած են Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Շնորհք Վրդ. Գալուստեան եւ Տիրան Վրդ. Ներսոյեան:

ԻՐԱՔ

Ունեցած է միայն մէկ թերթ՝ «Գոյամարտ»ը:

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ

Լոյս տեսած են՝ «Ալիք-Արենուհի», «Արբ», «Նոր էջ» եւ «Պարսկահայ Տարեցոյց» թերթերը:

Ամերիկա

Լոյս կը տեսնեն «Հայրենիք», «Նոր Օր» եւ «Պայքար» թերթերը: Իսկ հարաւային ամերիկայի մէջ՝ «Արմենիա» թերթը:

1850-1915 երկարող տարիներուն, կը զարգանայ արեւմտահայերէնը:

Մինչեւ 1930, ֆրանսահայ գրականութիւնը իր ամբողջական ճիգը ի գործ դնելով, կը յաջողի հայերէն լեզուն անաղարտ պահել: Հայ հեղինակներ, որոնք ազդուած են Եւրոպական գրականութենէն, օտար լեզուամտածողութիւն բերելով զանոնք կը ներմուծեն հայ գրականութեան մէջ անոր քիչ մը եւս ճոխութիւն պարգեւելու: Նախապէս գիրքեր տպելու փոխարէն կը հրատարկուէր թերթերու մէջ:

Հայ պարբերական մամուլը, մատենագիտական համահաւաք ցուցակ (1794-1980), կազմումը Մ․ Ա․ Բաբլոեան, Երեւան, 1986։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]