Բիւզանդ Եղիայեան
Բիւզանդ Եղիայեան | |
---|---|
Ծնած է | 1900 |
Ծննդավայր | Ատանա |
Մահացած է | 1995 |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Բիւզանդ Եղիայեան (1900 Ատանա)
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հանրային, կրթական, մշակութային ու գրական բազմակողմանի իր ծառայութիւններով երախտաշատ մշակ մը՝ Բիւզանդ Եղիայեան ծնած է Ատանա (կիլիկիա) ուր եւ ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Տարսօնի եւ Զմիւռնիոյ ամերիկեան գոլէճներուն, Աթէնքի կրօնից Վարժարանին, Ժընէւի Institut Universitaire de Hautes Études Internationalesի եւ Պըրմինկհամ-Վուտրպրութի (Անգլիա) Sally Oak գոլէճին մէջ՝ մասնագիտնալով մանկավարժական, աստուածաբանական, միջազգային-օէնսգիտական եւ քաղաքական - տնտեսութեան ճիւղերու մէջ։ Տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած է Քրաֆթ Պոնառի՝ Զուիցերիոյ Հայասէրներու Ընկերութեան հովանաւորած «Հայ Դպրոց»ին, Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին, Պէյրութի «Դարուհի Յակոբեան» եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդ. վարժարաններուն եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, իբրեւ դասախօս գրական, հայագիտական, պատմագիտական, իմաստասիրական եւ մանկավարժական նիւթերու։
Աւելի քան յիսնամեայ իր գործունէութիւնը մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի հայահոծ գօտիներուն մէջ՝ կ'ընդգրկէ առաւելապէս կրթական-դաստիարակչական դերակատարութեամբ։
Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Սփիւռք» (պատմուածքներ), «Արդի Հայ Գրականութեան», «Մանկութեան Պարտէզ», «Կարաւանը», «Մարդու Օրերը» (պատմուածքներ), «Լուսակամար Հայ Գրականութեան», «Փոքր Ածու» (բանաստեղծութիւններ), «Տրդատ Մեծ», «Վասակ Մարզպան», «Որդի Մարդոյ», «Դաւիթ եւ Մելիք» (թատերգութիւններ):
Իր խառնուածքով եւ մտաւորականի անհականութեամբ՝ Բ. Եղիայեան կ'անձնաւորէ դասական Ուսուցիչը, աւանդապաշտ Գրագէտը եւ Գրի ու Մշակոյթի բոլորանուէր սերմնացանը[1]:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։