Jump to content

Կարօ Փօլատեան

Կարօ Փօլատեան
Ծննդեան անուն Կարապետ Փօլատեան
Ծնած է 1911
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 21 Մայիս 1986(1986-05-21)
Մահուան վայր Մարսէյլ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ
Աշխատավայր Արեւմուտք

Կարօ (Կարապետ) Փօլատեան (1911, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 21 Մայիս 1986(1986-05-21), Մարսէյլ), ֆրանսահայ գրող, վիպագիր, հայ գրականութեան զրուցագիր։

Կարօ Փօլատեան ծնած է Մարաշ, զէյթունցի հօրմէ ու մօրմէ[2]։ Մանուկ հասակին ապրած է Մեծ Եղեռնը, հասնելով մինչեւ Տէր Զօր: Հրաշքով փրկուած ու ապաստանած է Սուրիա։ 1921-1925ին յաճախած է Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանը: Երկրորդական ուսումը ստացած է նոյն քաղաքի Ֆրանչիսկեաններու գոլէճին մէջ եւ 1929ին մեկնած է Ատիս-Ապապա (Եթովպիա) իբրեւ ուսուցիչ։

1931-ին հաստատուած է Ֆրանսա՝ Մարսէյլ, ուր չորս տարի երկրաչափական բարձրագոյն վարժարանի ընթացքին հետեւած է։

1963-1971 Փօլատեան դարձեալ մեկնած է Եթովպիա՝ իբրեւ տնօրէն Ազգ. Գէորգով վարժարանին։ Հոն գոյութիւն ունէր 1200 հոգինոց փոքրաթիւ գաղութ մը ու դպրոցին աշակերտութիւնն ալ կը հաշուէր 150 երեխայ:

Եղած է առաջիններէն, որոնք սփիւռքեան իրականութիւնը սեւեռումի առարկայ դարձուցած են1946-ին հրատարակուած իր «Արեւելքի տղաքը» վէպով, ապա նաեւ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» (1949, երկուքն ալ վերատպուած են Պէյրութ, 1978), «Արծիւները անապատին մէջ» (1958), «Վերադարձը», «Կրակէ շապիկը» եւ «Լոյսերը» անուն վիպակներով, պատմուածքներով եւ պոէմներով։ Բանաստեղծական շնչերակը միշտ կենդանի եղած է իր պատումին մէջ՝ վիպական կառոյց ունեցող ամէնէն առարկայական էջերուն իսկ տալով հաղորդականութիւն, ջերմ ու ընտանի շունչ մը։

Ամբողջական իր գործը, վերոյիշեալ հատորներէն զատ, կ'ընդգրկէ «Զրոյց» խորագրուած հատորներու շարք մը (Ա.-Զ. հատորներ), ինչպէս նաեւ «Հայկական Սփիւռքը իր դերակատարներով» (1973) աշխատասիրութիւնը, որոնց մէջ տեսակցութիւններու եւ կեանքի ու գործի պատկերացումներու ճամբով կը վերծանուին հանրային դէմքեր ու գործունէութիւններ, ձգտումներ եւ հոսանքներ։

Հրատարակելի մնացած են «Որդիք Որոտման» վէպը եւ «Եօթը պատմուածք»։

Մարսէյլի հայութիւնը 1979-ին նշած է Փօլատեանի գրական քառասնամեայ գործունէութեան յոբելեանը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]