Անդրանիկ Կռանեան
Ծնած է | 20 Յունուար 1929 |
---|---|
Ծննդավայր | Լիբանան |
Մահացած է | 27 Սեպտեմբեր 2017 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանանցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | հայ կաթողիկէ, Զմմառու Պատրիարքական միաբան |
Մասնագիտութիւն | բառարանագէտ, գրաբարագէտ |
Աշխատավայր | հրապարակագիր, խմբագիր, բառարանագէտ, գրաբարագէտ եւ դաստիարակ |
Հայր Անդրանիկ Կռանեան (20 Յունուար 1929, Պէյրութ (Լիբանան) - 27 Սեպտեմբեր 2017, Պէյրութ (Լիբանան)), հրապարակագիր, խմբագիր, բառարանագէտ, գրաբարագէտ եւ դաստիարակ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայր Անդրանիկ Կռանեան ծնած է 20 Յունուար,1929-ին, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն: Նուիրուելով հոգեւորական կեանքի` յաճախած է Զմմառու դպրեվանք եւ, ապա, մտած` Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրոցը եւ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան միջազգային Համալսարանը:
1954-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` դառնալով անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան:
1973-էն ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն ի վեր կը վարէ խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:
Դասաւանդած է գրաբար, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ սիսագիտութիւն եւ հայ մատենագրութեան վերաբերեալ այլ նիւթեր` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Քասլիքի մարոնի Անտոնեան հայրերուն համալսարանին մէջ:
Հայր Կռանեանի դասաւանդած նիւթերուն բնագիրները`«Հայ մատենագրութիւն», «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն», «Հայկական ծէսը» ֆրանսերէն դասագիրքը:
Պէյրութի Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հայր Կռանեանին ֆրանսերէնով տուած դասախօսութիւններու շարքը հրատարակուած է համալսարանին կողմէ:
Պատանեկան տարիքիս շրջանն էր։ Ժողովուրդը ամբողջ ոտքի հանեց ներգաղթը, մարդ չմնաց, որ չխանդավառուի՝ երթա՜նք, երթա՜նք հայրենի Հայաստան։ Յանձնախումբեր ստեղծուեցան թէ՛ աջէն, թէ՛ ձախէն, ամէն տեսակ մարդու կողմէն: Տուներու մէջ խօսակցութիւնները բոլորը ներգաղթի մասին էին, հակառակ կեցող մարդ չկար։[1] Անդրանիկ կռանեան 1946-49 թուականներուն ներգաղթ: |
Ես բարձրացայ Մարիի վանքը՝ եկեղեցական կեանքին նուիրուելու։ Երբ որ վանք բարձրացայ, ուրիշ տեսարան մը պարզուեցաւ ինծի համար։ Առաջին անգամ իմ պատրիարքս՝ Աղաջանեան, դէմ կեցաւ ներգաղթին. գնա՛նք Հայաստան, բայց՝ ոչ հիմա: Ինչու՝ ոչ հիմա, որովհետեւ հոն կոմունիզմ կայ, ազատութիւն չկայ, հաւատ չկայ, կրօնական չկայ, սպասեցէք՝ մի՛ երթաք։[2] Անդրանիկ կռանեան 1946-49 թուականներուն ներգաղթ: |
Ան վախճանեցաւ 27 Սեպտեմբեր 2017-ին Զմմառի վանքին մէջ՝ Լիբանան։ «Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է»:
Լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներու ձեռնարկ նուիրուած ի պատիւ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մարդ մը, որուն կեանքը իրեն չէ պատկանած, այլ` եկեղեցւոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն անունը բազմապատկուած է միաժամանակ ուսուցիչ, դաստիարակ, իմաստասէր, աստուածաբան, դասախօս, լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, վերլուծաբան, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր` վարդապետ ստորոգելիներով: Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, վարքագծի նշանաբան, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած:[3] խմբագիր Սարգիս Նաճարեան: |
«Յեղափոխական մըն է հայր Անդրանիկը` իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման: Յեղափոխական հայր Անդրանիկը թերեւս զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1968-1973 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «Երիտասարդ հայ»-ը, որ հոգեկան սնունդ հանդիսացաւ այդ օրերու հայ ազատամարտիկներուն:[3] «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան |
Կարդացէք իր 1999-ին հրատարակուած «Անապահով օրեր» գիրքը, որ խտացումն է իր խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած պատմուածքներուն:[3] «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան |
«Մասիս» շաբաթերթի խմբագիր Սարգիս Նաճարեանը իր ուսուցչի՝ Հայր Անդրանիկի մասին կը գրէ.
Շքանշան «Լիբանանեան մշակոյթի կերտիչներ»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու ատենապետ Յակոբ Գասարճեան «Լիբանանեան մշակոյթի կերտիչներու» անուան արժանացող հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին յանձնեց շքանշանը:[3] |
Խմբագրական Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1973-էն ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն ի վեր կը վարէ խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:
Ուսումնասիրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2001-ին Պէյրութի մէջ լոյս ընծայած է «Հայ ծիսական պաշտամունք» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը:
Թատերախաղեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան հեղինակ է վեց թատերախաղերու: » : Թատերախաղ 3 արար, 68 էջ
1988-ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսած է «Պէտք չունինք քեզի...» Ա. հ., 40 էջ նոթագրութիւն՝ Թատրերգութիւն:
2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Մարզպանը» Թատերախաղ 5 արար, 127 էջ:
Գրականութիւն՝ Հայերէն բառարաններ, գրաբարի դասագիրք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրատարակած է հայերէնէ հայերէն բառարաններ, գրաբարի դասագիրք:
Պէյրութի մէջ «Շիրակ» տպարանէն լոյս տեսած են հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի հետեւեալ գիրքերը: -
1967-ին «Գրաբար: Ինքնուսոյց» գիրքը, որ կը բաղկանայ 192 էջերէ:
1970-ին «Գործնական բառարան հայերէն լեզուի», Խմբ.՝ Յ. Հաննեսեանի, որ կը բաղկանայ 768 էջերէ։
1982-ին «Հայերէնի գործնական բառարան» հատընտիրք Բ. հատոր, որ կը բաղկանայ 184 էջերէ:
1984-ին «Գրաբար: Քերականութիւն եւ հրահանգ, ոճաբանութիւն», հատընտիրք Բ. հատոր, որ կը բաղկանայ 189 էջերէ:։
1998-ին «Բառգիրք Հայերէն Լեզուի» գիրքը, որ կը բաղկանայ 526 էջերէ:
1998-ին «Քերականութիւն հայկական լեզուի» գիրքը, որ կը բաղկանայ 524 էջերէ:
Հրատարակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1994-2014 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «ՅՈՒՇԵ՛Ր ԵՒ ՓՈՒՇԵՐ»-ը:
1968-1973 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «Երիտասարդ հայ»-ը:
1999-ին Պէյրութի մէջ «Սիփան» տպարանէն լոյս տեսաւ «Անապահով օրեր» եւ «Արեւելեան ծէսերու գոհարը» հատորները:
2000-ին Պէյրութի մէջ «Սիփան» տպարանէն լոյս տեսաւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի«Լուսարձակդ բա՛ց վրաս», Մարդեղութեան 2000 - ամեակին խորագրեալ հոգեւոր խորհրդածութիւններու գիրքը:
2010-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Խոկամ» խորագրեալ գրքոյկը, որ կը բաղկանայ 112 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 41 խոհական բնոյթ կրող նիւթեր:
Հայր Անդրանիկ Կռանեանի «Խոկամ» խորագրեալ գրքոյկը քարոզագիրք մը չէ բառին ընթացիկ առումով, այլ խոհական ապրումներու համադրոյթ մըն է, որ շարահարուած է բարոյալից դրուագներու տրամաբանական դասաւորումով:[4] ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ապրիլ 2011 Պէյրութ: |
2011-ին Պէյրութի մէջ «Փոմիկրաւիւր» տպարանէն լոյս տեսաւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիի մասին» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 288 էջերէ եւ կը բովանդակէ 21 գլուխներ եւ վերջաբան մը:
2012-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Մորմոքիմ» խորագրեալ Ա. հատորը՝ Առաջաբ. Փ. Հայտօսթեան, որ կը բաղկանայ 144 էջերէ:
2013-ին Պէյրութի մէջ «Փոմիկրաւիւր» տպարանէն լոյս տեսաւ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Սերմանեմ» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 256 փոքրակազմ էջերէ եւ 60 հակիրճ գրութիւններէ:
Հայր Անդրանիկ կ՛ըսէ, թէ ամէն մարդ կոչուած է ընտրութիւն ընելու իր կեանքին մէջ։ Թէ` հաւատացեալին համար այս աշխարհը ինքնանպատակ միջավայր մը չէ, այլ հոգեւոր առումով կրկէս մըն է, ուր կռիւ տեղի կ՛ունենայ բարիի եւ չարի միջեւ։ Բարոյական այս նկատումէ մեկնելով` հայր Անդրանիկ Կռանեան կը թելադրէ մարդոց, որ մերժեն վատութիւնը, ըլլան ճշմարտախօս եւ խղճամիտ:[5] ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Յուլիս 2013 Պէյրութ: |
2013-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսան Անդրանիկ վրդ.Կռանեանի հետեւեալ գիրքերը․
- «Ողբամ եւ ծիծաղիմ», խորագրեալ Ա. հատորը, որ կը բաղկանայ 126 էջերէ:
- «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիի մասին», Բ. տպագր. խորագրեալ գիրքը՝ Հայ եկեղեցու պատմութիւն, որ կը բաղկանայ 287 էջերէ:
- «Խորհիմ : Խոհեր, մտորումներ» խորագրեալ հատորը՝ Սփիւռքահայ գրականութեան խոհերը, աֆորիզմները, որ կը բաղկանայ 175 էջերէ:
2014-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Անդրանիկ վրդ.Կռանեանի «Գրեմ թէ չգրեմ» խորագրեալ Մենախօսութիւնը՝ Սփիւռքահայ գրականութեան խոհերը, աֆորիզմները, որ կը բաղկանայ 124 էջերէ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայրենադարձութեան թանգարան Անդրանիկ կրանեան
- ↑ Հայրենադարձութեան թանգարան Անդրանիկ կռանեան
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 Լիբանանահայ Մշակոյթի Կերտիչներէն Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Կեանքն Եւ Ստեղծագործական Ուղիին Նուիրուած Ձեռնարկ
- ↑ «ԽՈԿԱՄ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)
- ↑ «Սերմանեմ» (Հեղինակ` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան)
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)
- «ԽՈԿԱՄ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)
- «Սերմանեմ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)
- Լիբանանահայ Մշակոյթի Կերտիչներէն Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Կեանքն Եւ Ստեղծագործական Ուղիին Նուիրուած Ձեռնարկ
- «ՅՈՒՇԵ՛Ր ԵՒ ՓՈՒՇԵՐ» 2015-02-04 [permanent dead link]
- ՀԱՅ ԳԻՐՔ = Armenian Book Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան
- Ի Տէր հանգչեց մեծ հայագէտ Գերհ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը
- Անդրանիկը ԿԱ՛Յ (Հեռակայ Դամբանական)[permanent dead link]
- Լուսաւորեալ Մըն Էր Հայր Անդրանիկ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ