Jump to content

Կարօ Մեհեան

Կարօ Մեհեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Կարօ Ղազարոսեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Կարօ Մեհեան եւ Սօսեաց Տղա
Ծնած է 1898
Ծննդավայր Ռոտոսթօ
Մահացած է 1984
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հրապարակախօս
Աշխատավայր «Յուսաբեր», «Յառաջ» թերթեր
Անդամութիւն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[2]

Կարօ Մեհեան կամ (Կ․ Մեհեան) ծ․ Կարօ Ղազարոսեան (1898–1984), արձակագիր, հասարակական ու մշակութային գործիչ։

Յաճախած է Ռոտոսթոյի ազգային եւ թրքական վարժարանները, ապա Պոլսոյ Արդի Կրթարանը, որուն ընթացքը աւարտած է 1914–ին, աշակերտելով Ռուբէն Զարդարեանի։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կը ձերբակալուի ու կ'աքսորուի անապատ։ Զինադադարէն ետք Կարօ Ղազարոսեան կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մաքրիգիւղի վարչութեան անդամ։ Կ՚աշխատակցի «Ճակատամարտ» թերթին։

1922–ին կը հաստատուի Պուլկարիա, ուր կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպութեան Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1925-ին կը հրատարակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը։ 1927-ին կը հրատարակէ «Մարզիկ»ը, նոյնպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը։ 1938-ին կ'անցնի Ֆրանսա, ուր աշխատանքի մեծ բաժին մը կ'ունենայ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քսանամեայ յուշարձան»ի խմբագրութեան գործին մէջ։ Ապա կ'անցնի Պուլկարիա, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործիչ։

Մինչեւ Բ. աշխարհամարտ կը նուիրուի ուսուցչական եւ հրատարակչական աշխատանքներու։1920-1940ին իր աշխատակցութիւնը կը բերէ «Յուսաբեր», «Յառաջ», «Հայրենիք», «Արմենիա» եւ Պոլսոյ «Ազդարար» թերթերուն։ Շրջան մը կը վարէ Սելանիկի «Հորիզոն»ը։

1944-ի Հոկտեմբերին, երբ ռուս համայնավարները կը գրաւեն Պուլկարիան, ան ալ ուրիշ ազգայիններու հետ (ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներ ու վարիչներ) ձերբակալուելով կ'աքսորուի Սիպերիա, ուր կալանքի տակ կը մնայ աւելի քան տասը տարի։

Աքսորավայրին մէջ տաժանելի կեանք մը ապրելէ ետք, Ստալինի մահէն ետք ազատ կ'արձակուի եւ կ'ապաստանի Ֆրանսա, ուր կը վարէ Հ. Յ.Դաշնակցութեան թանգարանի տնօրէնութիւնը եւ կ՚աշխատակցի հայ մամուլին։ Կը մահանայ 1984-ին։

Պատմուածքները, հեքիաթները եւ արձակ էջերը ամփոփուած են 11 հատորներու մէջ։ Ասոնցմէ գլխաւորներն են.

  • Վերածնունդի Օրերէն (1924), Վերջալոյսի Տակ, Թատերակ (1926),
  • Ասուր Նազիր Աբալ հեքիաթ (1933), Պզտիկ Մեղքեր (1936),
  • Իմաստութեանց Ուղիով - Ա. Գիրք (1959), Իմաստաթեանց Ուղիով - Բ. Գիրք (1962),
  • Աքսորականի մը Յուշերէն (1969, Սօսեաց Տղան գրչանունով)
  • Ալեծուփ Ջուրեր(1973)
  • Իմաստութեանց Ուղիով երկու գործերէն Հատընտիրներու Հաւաքածոյ մը, անգլերէնի Թարգմանուած (1974)
  • Ապազգայնացման Վտանգը եւ այլ հատորիկներ։

1983-ին արժանացած է Գաւուքճեան–Այվազեան գրական մրցանակին իր «Որպէս երազ անկրկնելի» պատմուածքներու հատորին համար։

Կ. Մեհեան տուած է ազգային շունչով օծուն շահեկան պատմուածքներ, հեզասահ եւ վճիտ լեզուով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։

  • Հ․Մ․Ը․Մ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտական Բ․կարգի գիտելիգներու թերթիկ 1998