Արամ Սահակեան
Ծնած է | 1897 |
---|---|
Ծննդավայր | Ուրֆա |
Ամուսին | Օր. Էգիս Յովանասեան |
Երեխաներ | Վարուժան եւ Կասիա |
Արամ Սահակեան
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Սահակեան, Ուրֆացի, ծնած 1897-ին: Պէյրութ եկած է 1910-ին իբրեւեւ ուսանող, սակայն ստիպուած եղած է զբաղիլ լուսանկարչութեամբ, հիմնելով սեփական գործատեղին։ Պրն. Սհակեան ինքնաշխատութեամբ զարգացած է, երիտասարդութիւնը անցուցած ըլլաով Պէյրութի զոյգ Համալսարաններուն մէջ, Հայ ուսանողներուն հետ շփման մէջ մտած է։ Նախապատերազմեան ուսանողական գործունէութեան մասին մեզի հայթայթեց կարեւոր տեղեկութիւն։ Ա.Ընդհ. Պատերազմին աքսորուած է Դամասկոս, ուրկէ խումբ մը ընկերներով փախած Աքապա անգլիացիներուն մօտ, ապա անցած Եգիպտոս։ Անդամակցած է Կամաւորական Հայկական Լէգէոնին։ Կիպրոսէն եւ Յունական կղզիներէն անցած Կիլիկիա։ Մասնակցած է կամաւորական բոլո՛ր կռիւներուն։ Բանակէն արձակուելէ ետք կը հաստատուի Պէյրութ ուր կը բանայ իր Լուսանկրարչական գործատեղին։
Պրն. Սահակեան մեր գաղութին գրական կարեւոր դէմքերէն է։ Ա. Ընդհ. Պատերազմէն ետք է որ կը սկսի իր գրական գործունէութեան եւ հետզհետէ կը հրատարակուին իր Երկերը։ Պատերազմէն անմիջապէս ետք լոյս կը տեսնէ իր մէկ վէպը Ֆրանսերէն լեզուով, «Լա Ֆամ Սօլտա» խորագիրով։ Այս վէպին Հայերէն բնագիրը գրուած իր կողմէ՝ որ սակայն լոյս չի տեսներ Հայերէնով, այլ Վահրամ Վարժապետեանի կողմէ Ֆրանսերէնի Թարգմանուելով կը հրատարակուի։
1928-ին լոյս կը տեսնէ իր «Բանտի Աշխարհէն» գիրքը։ 1933-ին «Ուրֆայի Հերոսամարտը», 1937-ին «Քերթուած Գարնան Գիշերներ», 1945-ին «Մահուան Պէս Զօրաւոր», 1947-ին «Անահիտ Մանուկեան» իսկ քանի մը տարի առաջ ալ «Արեան Ձայնը»: Պրն. Սահակեանի «Մահուան Պէս Զօրաւոր» գործը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ նոյնիսկ Թարգամնուեցաւ Արաբերէնի, տեղական մամուլի գնահատանքին արժանանալով։ Կը գործածէ կարգ մը գրչանուններ որոնցմէ կարեւորը՝ Լութեր։ Ինչպէս ըսինք՝ Պրն. Սհակեան մեր գաղութի կարեւոր մտաւորականներէն է եւ եթէ օր մը Լիբանանահայ գաղութի մեր օրերու պատմութիւնը գրուի, լայն տեղ պիտի յատկացուի անոր։ Ունեցած է նաեւ Եռանդուն հանրային հասարակական եւ կուսակցական (Դաշնակցական) գործունէութիւն։ Պրն. Սահակեանի այս ամփոփ կենսագրութիւնը կուտանք առաւելաբար Լիբանանահայ նախապատերազմեան շրջանին (1914) ըլլաուն, հոս պիտի չկրնանք անդրադառնալ իր ամբողջական կենսագրութեան, տրուած ըլլալով որ մեր գիրքը մինչեւ Ա. Ընդհ. Պատերազմը կ'ընդզրկէ։ Ամուսնացած է Օր. Էղիս Յովանանեանի հետ։ Ունի երկու զաւակ, մանչը մը՝ Վարուժան եւ աղջիկ մը՝ Կասիա[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։
2. Հայերը Լիբանանի մէջ Ա. Հատոր Պէյրութ 1951, եւ Բ. հրատարակութիւն 1982 էջ 388-390