Jump to content

Վազգէն Շուշանեան

Վազգէն Շուշանեան
Ծննդեան անուն Օննիկ Շուշանեան
Ծնած է 9 Փետրուար 1903(1903-02-09)[1]
Ծննդավայր Թեքիրտաղ (Ռոտոսթօ), Ատրիանուպոլսոյ նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Յունիս 1941(1941-06-02)[1] (38 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][1]
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ
Աշխատավայր Մենք
Մարտկոց
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Վազգէն Շուշանեան (9 Փետրուար 1903(1903-02-09)[1], Թեքիրտաղ, Ատրիանուպոլսոյ նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 2 Յունիս 1941(1941-06-02)[1], Փարիզ, Ֆրանսա[1]), ֆրանսահայ գրող, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ։

Ծնած է Արեւելեան Թրակիոյ՝ եւրոպական Թուրքիոյ երբեմնի հայահոծ Ռոտոսթօ քաղաքին մէջ։ 1915-ի Եղեռնին կը կորսնցնէ ընտանիքին բոլոր անդամները ու կը մնայ որբ։ Կ'ապաստանի Հալէպ, իսկ 1919-ին, զինադադարէն ետք, կ'անցնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Արմաշի երկրագործական վարժարանը։ 1920-ին, երբ վարժարանը կը փոխադրուի Հայաստան, ինք եւս կը մեկնի հայրենիք։ Երեւան ու շրջանները որոշ ժամանակ ապրելէ ետք, դէպքերու վերիվայրումին հետ կ'անցնի Թիֆլիս, Պաթում ու աւելի հեռու։

Հանրապետութեան անկումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1922-ին կ'անցնի Ֆրանսա, իբրեւ հասարակ բանուոր աշխատելու համար Ռընոյի եւ ապա Մոնրուժի գործարաններուն մէջ։ Կ'աւարտէ Վալապրի երկրագործական վարժարանը (1926), ապա գործի բերումով կայք կը հաստատէ Ֆրանսայի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ։

Շուշանեան ՀՅԴ Ֆրանսայի կազմակերպութեան աշխուժ գործիչներէն դարձած է, ուսանող տարիքին իսկ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընտրուելով։ 1925-ին, միացած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, որ հրատարակութեան իր երկրորդ շրջանը կը սկսէր Փարիզի մէջ` Սիմոն Վրացեանի խմբագրապետութեամբ, իբրեւ օգնական խմբագիրներ ունենալով Շաւարշ Միսաքեանն ու Վազգէն Շուշանեանը: Շուշանեան կը ներկայացնէ «Դրօշակ»ն ու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ընկերվար Միջազգայնականին մօտ։

Կը վկայուի Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չ'առներ ուսումնառութեան ճամբու կէսին: Բարձրագոյն ուսման կը հետեւի Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930-ին կը վկայուի հասարակական գիտութեանց մէջ:

Շուշանեան իբրեւ արձակագիր ու հրապարակագիր կը մարմնաւորէ մեր ժամանակներու առաջին սփիւռքահայու կերպարը թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ՛ մանաւանդ իր գրական վաստակով:

Գրած ու հրատարակած է պատանի տարիքէն, նախ՝ բանաստեղծութիւններ, ապա՝ գրեթէ միայն արձակ։ 1925-ին լոյս տեսած է իր առաջին վէպը, որուն յաջորդած են, մեծ մասամբ մամուլի մէջ ու երբեմն միայն առանձին հատորով, ուրիշ արձակ գործեր՝ վէպ ու վիպակ, քնարական-ինքնակենսագրական կամ խորհրդածական-տպաւորապաշտ էջեր։

«ՄԵՆՔ» պարբերաթերթին կողքը

1931-ին Փարիզի մէջ կը ստեղծուի «Մենք» գրական պարբերաթերթը, որ արեւմտահայ գրականութեան շարունակութիւն մը կ'ուզէր ապահովել, բայց նաեւ կոչ կ'ուղղէր անցեալէն խզուելու։ Այս շարժումը սփիւռքահայ գրականութեան առաջին փորձը պիտի ըլլար ժամանակակից գրողները համախմբելու միեւնոյն գաղափարախօսութեան տակ։ Պարբերաթերթին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 20 Ապրիլին, առաջին էջին վրայ մատուցելով յայտարարութիւն մը՝ տասնհինգ գրողներու ստորագրութեամբ (Նշան Պէշիկթաշլեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, Հրաչ Սարգիսեան, Ռաֆայէլ Զարդարեան, Յարութիւն Ֆրէնկեան, Ոստանիկ, Գ. Գեղարքունի, Նիկողոս Սարաֆեան, Բիւզանդ Թոփալեան, Փայլակ Միքայէլեան, Արշամ Տատրեան, Զարեհ Որբունի, Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Շաւարշ Նարդունի): «Մենք»ի հինգ թիւերուն մէջ հանդէս կու գան երիտասարդ գրողները իրենց քննադատական յօդուածներով, կարծիքներով ու գրական ստեղծագործութիւններով[3]:

Շուշանեան դարձած է առաջին սփիռքահայերէն, որ զոհ գացած է խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին, «Մարտկոցական» շարժումի օրերուն (1932-1933)։ Կեանքին վերջին տարիներուն, լրիւ քաշուած է ազգային-հասարակական գործունէութենէ: Ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ֆրանսայի կորսուած մէկ շրջանին մէջ, ապրելով ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց շարունակած է ստեղծագործել:

Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը, 2 Յունիս 1941-ին, մահացու կ'ըլլայ Վազգէն Շուշանեանի համար: Մահուան յաջորդող հինգ տարիներուն Շուշանեան թաղուած է Փարիզի արուարձաններէն՝ Պանէոյի գերեզմանատան մէջ։ Սակայն, հինգ տարուան ժամկէտը լրանալէ ետք, պայմանագիրը չէ նորոգուած եւ Շուշանեանի աճիւնը թաղուած է անյայտ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ։ Պանէոյի գերեզմանատան մատեաններու ցանկին մէջ տակաւին նշուած է Շուշանեանի թաղման առաջին վայրը: Վաղահաս մահուան պատճառով, անոր գործերուն մէկ մասը մամուլի մէջ մնացած է, որոշ գործեր ալ՝ մասամբ կամ լրիւ անտիպ։

Շուշանեանի տածած սէրը՝ Հայոց լեզուին հանդէպ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ'ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»[4]:
  • «Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը»
  • «Գարնանային»
  • «Մթին Պատանութիւն»
  • «Տենդեր»
  • «Ալեկոծ Տարիներ»
  • «Խառնիխուռն»
  • «Բանաստեղծն ու Կինը»
  • «Առաջին Սէրը»
  • «Մահուան Առագաստը»
  • «Ճերմակ Վարսենիկ»
  • «Դառն Հացը»
  • «Օրերը Գեղեցիկ Չեն»
  • «Օրագիր»
  • «Ներքին դաշտանկար»
  • «Քրոնիկոն քնարական»
  • «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» (ուղղուած Շահան Շահնուրին)
  • «Հին երգի կտոր մըն էր...» (Մատենաշար «Մարտկոց» Թիւ 1)

Երկերու մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մահուան առագաստը (վիպակներ), Պէյրութ, 1952, 303 էջ:
  • Գարնանային սիրոյ հեզ նամակներ, Պէյրութ, 1956, 150 էջ:
  • Մթին պատանութիւն, Պէյրութ, 1956, 215 էջ:
  • Սիրոյ եւ արկածի տղաքը, Պէյրութ, 1957, 193 էջ:
  • Մահուան առագաստը, Պէյրութ, 1959, 128 էջ:
  • Ճերմակ Վարսենիկ, Պէյրութ, 1960, 200 էջ:
  • Երկիր հիշատակաց, Երեւան, 1966:
  • Բանաստեղծը եւ կինը, Պէյրութ, 1982, 207 էջ:
  • Երկու վիպակ. «Ճերմակ Վարսենիկ»: Մթին պատանութիւն, Երեւան, 1983, 336 էջ:
  • Ներքին դաշտանկար, Երեւան, 1995, 312 էջ:
  • Սիրոյ եւ արկածի տղաքը, Պէյրութ, 1996, 200 էջ:
  • Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյ խորը, Պէյրութ, 1998, 176 էջ:
  • Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին, Պէյրութ, 1998, 303 էջ:
  • Օրագիր, Երեւան, 1999:
  • Քրոնիկոն քնարական, Երեւան, 2000, 262 էջ:
  • Խառնիխուռն, Երեւան, 2001, 272 էջ:
  • Բանաստեղծը եւ կինը, Երեւան, 2005, 230 էջ:
  • Ընտրանի, Երեւան, 2010, 394 էջ:
  • Սիրոյ եւ արկածի տղաքը, Պէյրութ, 2012, 200 էջ:
  • Ալեկոծ տարիներ (1920–1932), Մոնրէալ, 2014, 445 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 263:
  • Դար մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 227-229:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]