Ռուբէն Զարդարեան
Ռուբէն Զարդարեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1874[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Սեւերեկ, Շանլըուրֆայի մարզ, Թուրքիա[3][4] |
Մահացած է | 16 Օգոստոս 1915 |
Մահուան վայր | Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[5][3] |
Ուսումնավայր | Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան? |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, Խմբագիր, հրապարակախօս, թարգմանիչ, լրագրող, քաղաքական գործիչ |
Աշխատավայր |
Ռազմիկ Ազատամարտ Մասիս |
Երեխաներ | Հրաչ Զարդարեան եւ Ռաֆաէլ Զարդարեան |
Ռուբէն Զարդարեան (1874[1][2][3][…], Սեւերեկ, Շանլըուրֆայի մարզ, Թուրքիա[3][4] - 16 Օգոստոս 1915, Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), նշանաւոր արեւմտահայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, բանաստեղծ, գրագէտ, հրապարակագիր, դաստիարակ, հանրային եւ դաշնակցական ականաւոր գործիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Տիգրանակերտի Սեւերեկ գաւառին մէջ։ Հազիւ երկու տարեկան՝ ընտանեօք կը փոխադրուի Խարբերդ, ուր ալ կ՚անցընի իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին շրջանը։ Զարդարեան իր կրթութիւնը կը ստանայ Խարբերդի ազգային դպրոցին մէջ, ապա՝ ամերիկեան հաստատութենէ ներս եւ ի վերջոյ Թլկատինցիի վարժարանին մէջ, ուր ալ կը ձեւաւորուի անոր մտաւոր-բարոյական նկարագիրը։ Թլկատինցիի ազդեցութիւնը հետագային պիտի արտայայտուէր նաեւ իր գրականութեան մէջ։ Տասնութ տարեկանէն՝ հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ է՝ նոյն վարժարանին, ապա Խարբերդի ֆրանսական վարժարանին մէջ։
Թղթակցութիւն Արշակ Չօպանեանի հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատանի տարիքէն գրել սկսած՝ թղթակցական կապի մէջ է Պոլսոյ եւ արտասահմանի գրագէտներուն հետ․ կ'աշխատակցի Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին՝ արձակ բանաստեղծութիւն- հեքիաթներով եւ պատմուածքներով։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1897-1903 թուականներուն Զարդարեան վարեց Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը՝ իրեն գործակից ունենալով կարող ու նուիրուած ուսուցիչներու խումբ մը։ Կը դասաւանդէր հայերէն ու ֆրանսերէն, պատմութիւն եւ գրականութիւն։
Իբր անդամ՝ յեղափոխական կազմակերպութեան, 1903–ին կը բանտարկուի քանի մը ամիս։ Բանտէն ելքին՝ հարկադրուած է երկրէն մեկնիլ․ ընտանեօք կը ստիպուի ապաստանիլ Պուլկարիա, եւ հաստատուիլ Ֆիլիպէ քաղաքը, ուր կը հիմնէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը (1906):
Մանիսայի հայկական վարժարանին տնօրէնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1904ին, Զմիւռնիոյ ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով՝ Զարդարեան ընտանիքով կը տեղափոխուի Զմիւռնիա, բայց արգելքի հանդիպելով՝ կը ստանձնէ մերձակայ Մանիսայի հայկական վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուր սակայն հազիւ տարի մը կրնայ մնալ։
խմբագրապետը Ազատամարտ թերթին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սահմանադրութեան հռչակման՝ կը հաստատուի Պոլիս։ 1909–ին կը դառանյ խմբագրապետը Ազատամարտ թերթին։ Կը վարէ հանրային պատասխանատու պաշտօններ։ Կը վերադառնայ նաեւ ուսուցչութեան (Կեդրոնական վարժարան, Պոլիս)։ Այս շրջանին կը հրատարակէ դասագիրքերոՄանիսայի հայկական վարժարանին տնօրէնութիւնը,ւ «Մեղրագէտ» շարքը։ Նոյն շրանին կը կատարէ նաեւ շարք մը թարգմանութիւններ՝ յատկապէս ֆրանսական գրականութենէն։
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարնոյ Ը. Ընդհանուր Ժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1914ի ամրան Զարդարեան ալ կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարնոյ Ը. Ընդհանուր Ժողովին՝ լի յոյսերով ու ոգեւորութեամբ։ Բայց ժողովը դեռ չէր վերջացած, երբ կը սկսի համաշխարհային պատերազմը եւ Զարդարեան ընկճուած կը շտապէ վերադառնալ Պոլիս։ Կը սկսին մռայլ օրերը։ Զարդարեան մինչեւ վերջ կը մնայ «Ազատամարտ»ի գլխին՝ անյողդողդ պաշտպանելով հայութեան դատը։ Ապրիլ 24ին ան ալ կ՚աքսորուի հարիւրաւոր ուրիշ մտաւորականներու հետ նախ Այաշ, ապա՝ Քոնիա, վերջը՝ Հալէպ։ Եւ Հալէպէն ետք ոչ մէկ լուր իրմէ. Գերեզման իսկ չունեցաւ, ինչպէս իր բախտակից ընկերները։
1915–ի Ապրիլին կը ձերբակալուի եւ կը սպաննուի՝ արեւմտահայութեան ցեղասպանութեան բնաջնջման առաջին հանգրուանին։
Ամուսնացած էր եւ զաւակներու տէր, երբ 41 տարեկանին զոհ գնաց 1915-ի ցեղասպանութեան: Կինը եւ զաւակները կ՛անցնին արտասահման։ Աւելի ուշ, զաւակներէն՝ Հրաչ Զարդարեան, մաս կը կազմէ ֆրանսահայ գրագէտներու փաղանգին։
Ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1910-ին «Ցայգալոյս» ընդհանուր խորագրին տակ, կը հրատարակէ հատոր մը իր գործերէն՝ մեծ մասամբ գրուած նախքան հրապարագրական սպառիչ գործի տարիները։
Զարդարեանի գործերէն են. «Ցայգալոյս» հաւաքածոն (1910), որ 1912-ին ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած է Փարիզի մէջ, «Եօթը երգիչները» (1911), «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ» (1913)..:
Զարդարեան գրած է չափածոյ ու արձակ բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր («Սեւ հաւը կանչեց», «Նահանջ», «Ապրելու համար», «Տան սէրը», «Սարերու տղան», «Զղջումը»), հեքիաթներ, գրականագիտական յօդուածներ:
Ռուբէն Զարդարեանի գործերէն կը հրատարակուի Փարիզ, 1930–ին։
Զարդարեանի գրուածքները կրնանք բաժնել հետեւեալ խումբերու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1) Հեքիաթներ
«Քարացածներ», «Ծովակին Հարսը», «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ», «Զարնուած որսորդը», «Բռնաւորին արցունքը» եւայլն։ Հեքիաթներուն հիմնական նիւթը եղած է գաւառի կեանքը։ժողովուրդէն առնելով հեքիաթի եւ առասպելի իր նիւթերը, զանոնք մշակած է նոր ձեւով։իր հեքիաթներով Զարդարեան գրական նոր սեռ եւ դպրոց մը ստեղծեց։ Զարդարեան հեքիաթները շատ սեղմն են,աւելի նկարագրական քան թէ պատմողական։Ան հեքիաթ հասցուցած է բանաստեղծական գեղեցկութեան։
2) Պատմուածքներ եւ պատկերներ
«Տան Սէր», «Սեւ Հաւը Կանչեց», «Գամբռը», «Պուտ մը ջուրը», քիչ են թիւով։ Զարդարեան աւելի հակում ցոյց տուած է բանաստեղծական արձակին քան վիպական կառուցում ունեցող գրուածքներու։Սակայն այս քանի մը կտորն ալ, զորս գրած է իրապաշտ շարժումի ազդեցութեան տակ, վիպագիրի տաղանդ մը կը մատնեն։ Զարդարեան խորող փիլիսոփա գրագէտ պատմուածքներուն նիւթը քաղած է Արեւմտեան կեանքէն։
3) Արձակ բանաստեղծութիւններ
բնութեան նկարագրութեան նուիրուած գեղեցիկ էջեր են ատոնք,երբեմն ալ կապուած կեանքի մէկ խորհուրդին․ «Ճախարակին քերթուածը», «գիւղին գերեզմանոցը», «դաշտային վերջալոյս», «կարօտներ», «Փողոցը»։
4) Դասագիրքեր
«Մեղրագետ»ներու շարքը։
5) Թարգմանութիւններ
Ա․ Ֆրանսի «Աստուածները Ծարաւի են»և Սելմա լացերլոֆի «Երուսաղէմ Տալէ Քարլիի մէջ»։
6) Ոտանաւորներ
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ցայգալոյս, Կ. Պոլիս, 1910, 236 էջ:
- Ամբողջական էջեր, Փարիզ, 1930, 215 էջ:
- Ցայգալոյս, Վենետիկ, 1945, 100 էջ:
- Ցայգալոյս, Վենետիկ, 1959, 104 էջ:
- Ցայգալոյս, Երեւան, 1959, 598 էջ:
- Ցայգալոյս, Պէյրութ, 1977, 447 էջ:
- Ցայգալոյս, Վենետիկ, 1983, 108 էջ:
- Ցայգալոյս, Անթիլիաս, 1994, 448 էջ:
- Ընտրանի, Երեւան, 2014, 200 էջ:
- Յօդուածներ, Իսթանպուլ, 2015, 199 էջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 185:
- Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցաւ Ռուբէն Զարդարեանի յօդուածներու ժողովածուն
- Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Faceted Application of Subject Terminology
- ↑ 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 623. — ISBN 978-2-905686-93-0