Զինետին Զիտան

Զինետին Եազիտ Զիտան
ֆրանսերէն՝ Zarek maldini rios
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Zinedine Yazid Zidane[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Zizou[2]
Ծնած է 23 Յունիս 1972
Ծննդավայր Մարսէյ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա Ֆրանսա
Ազգութիւն Ֆրանսացի
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Կրօնք Իսլամ
Ուսումնավայր Լիմոժի համալսարան?
Կարողութիւն մարզիկ
Մասնագիտութիւն Փորձառու Ֆութպոլիստ
Աշխատավայր Եունիսեֆ
Վարած պաշտօններ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան
Երեխաներ Էնցո Զիդան?, Լուկա Զիդան?, Elyaz Zidane? եւ Théo Zidane?
Կայքէջ zidane.fr[3]

Զինետին Եազիտ Զիտան (ֆրանսերէն՝ Zinédine Yazid Zidane, արաբերէն՝ زين الدين زيدان‎‎‎, ծնած՝ 23 Յունիս 1972 Մարսէյլ (Ֆրանսա)), զինք կը կոչեն՝ Զիզու (ֆրանսերէն՝ Zizou), ֆրանսացի ֆութպոլիստ։

Զիտան ծնունդով Քապիլէն է, յարձակողական ոճի կիսապաշտպան, ֆութպոլի պատմութեան մեջ լաւագոյններէն մէկը։ Հանդէս եկած է «Կանն», «Բորդօ», «Եուվենտուս», «Ռէալ Մատրիտ» ակումբներու եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի մէջ։ 1998 թուական՝ աշխարհի եւ 2000 թուական՝ Եւրոպայի ախոյեան։ Ֆութպոլի կեանքը աւարտած է 2006 թուականին։ 1 Յունիս2009 թուականէն մինչեւ 2011 թուականը եղած է «Ռէալ Մատրիտի» նախագահ Ֆլորենտինօ Պերեսի օգնական։ 2011 թուականի Մայիսէն մինչեւ 2012 թուականը եղած է Ռէալ Մատրիտի մարզական տնօրէնը, իսկ երբ խումբը ձքեց Խորխէ Վալտանօն[4]։ 2012 թուականի ամրան ան ձգեց տնօրէնի աշխատանքը եւ դարձաւ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ՝ Քառլօ Անճելոտտիի օգնական[5][6]։

Առաջին տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զիտանի ծնողների տունը Ալճերիոյ մէջ

Մանկութիւն եւ պատանեկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զիտանի ծնողները Փարիզ եկած են Ալճերիոյ Քաբելիա մարզէն 1953 թուականին, ալճերիոյ պատերազմէն առաջ։ Հետագային անոնք տեղափոխուեցան Մարսէյլի հիւսիսը՝ Լա Քաստելլանա (ֆրանսերէն՝ Lac Castellane), ուր 23 Յունիս 1972 թուականին ծնաւ Զիտանը։ Ան դարձաւ տան ամենափոքր անդամը։ Բացի անկէ ընտանիքին մէջ 4 երեխաներ կային. քոյրերը՝ Լիլան, Ճամել, եղբայրները՝ Ֆարիտն ու Նորտին։ Զիտանի եղբայրը հանրախանութին մէջ պահեստապետ կ՛աշխատէր, գիշերային հերթափոխին, իսկ մայրը տնային տնտեսուհի էր։ Անոնց բնակարանն այնքան փոքր է, որ ճաշելու համար անոնք պէտք է հերթականութեամբ սեղան նստէին։ Հայրը մշտական աշխատանք ունէր, այդ պատճառով ալ թաղամասի չափանիշներուն համեմատ անոնք լաւ կ'ապրէին։ Թաղամասին մէջ՝ ամբողջ Մարսէյլով յայտնի էր յանցագործութեան եւ անգործութեան տոկոսը։ Փոքրիկ Զիտանը բացի ֆութպոլէն հետաքրքրուած էր նաեւ ճուտոյով եւ նոյնիսկ կանաչ գօտի ունէր։ Հետաքրքրուած էր նաեւ սքէյթպօրտով եւ հեծանիւավազքով, բայց անոր տաղանդը յայտնուեցաւ ֆութպոլի մէջ։ Խաղալ սկսաւ ան իրեն տարեկից երեխաներու հետ, որոնք մեծաւ մասամբ եկած էին Ալճերիայէն եւ Մարոքքոյէն, կը բնակէին Լա Քաստելլանա թաղամասին մէջ։ Հետագային ֆութպոլային աստղի մայրը կը յիշէ. «Եօթնամեայ Զիտանը կը վերադառնար դպրոցէն, պայուսակը դնելէն յետոյ անմիջապէս գնդակը կ'առնէր ու կը վազէր բակ, եղբայրներու ու միւս երեխաներու հետ ֆութպոլ խաղալու։ Բակի վերջաւորութեան մսի խանութ կար ու ան իրաւունք չունէր այն տեղէն հեռուն անցնիլ, որպէսզի միշտ իմ աչքի առաջ ըլլար։ Կերպով մը զայն տուն բերելու էինք, իսկ տանը եղած ժամանակ ալ կը շարունակէր բակի ֆութպոլը, արդէն չէինք յիշեր, թէ քանի լապտեր կը փոխէինք անոր խաղը վերջացնելու փոխարէն»։

Երիտասարդաան ակումբներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆութպոլ խաղալու փափաքը աւելի մեծցաւ, երբ տասնամեայ Զիտանը սկսաւ հանդէս գալ տեղի մանկական Սեն-Անրի ակումբին մէջ Լա Քաստելլանէն։ Կէս տարի յետոյ Զիտանը կը տեղափոխուի Սետեմ-լե-Վալլոն ակումբ։ Այստեղ ան խաղցած է մինչեւ 14 տարեկան։ Մինչ այդ անոր արդէն ընտրած էին, որպէսզի մասնակցի Էկս-ան-Փրովանս քաղաքի կայանալիք երօրեայ մարզային պարապմունքներուն մէջ՝ կազմակերպուած մարզի եւ ֆիզիքական մշակութային մարզային կեդրոնի կողմէն։ Ան քանի մը ֆութպոլային դպրոցներէն մէկն էր, որ կը ղեկավարէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերացիան։ Այստեղ Զիտանին նկատեց «Կանն» ֆութպոլային ակումբի սկաուտ Վարրօն, որ մարզային տնօրէնին խորհուրդ տուաւ ակումբին մէջ առնել Զիտանին։ Ընտանիքը հարուստ չէր, գումարը, որը կ՛աշխատէր հայրը, կը ծախսուէր միայն ամենաանհրաժեշտ բաներու համար։ Այդ պատճառով ալ հայրը այդքան ալ դէմ չէր, երբ «Կանն» ակումբի մարզիչը փափաք յայտնեց առնել պատանին ֆութպոլային դպրոց։ Ան խոստացաւ ծնողներուն, որ Զիտանը լաւ պայմաններու մէջ կ'ապրի եւ լաւ կրթութիւն կը ստանայ, սակայն դասերը Զիտանին այդքան ալ չէին հետաքրքրեր։ 1887 թուականին 14 տարեկանին Զիտանը կնքեց իր առաջին պայմանագիրը։ Այդ ժամանակ Զիտանը տեղափոխուեցաւ Կաննի քաղաքներէն մէկը՝ Երկնագոյն ափ, այստեղէն սկսելով իր վերելքը դէպի ֆութպոլային ողիմբոս։

Ակումբային արհեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժան Ֆերնանտէս, երիտասարդ Զիտանի առաջին արհեստավարժ մարզիչը

Ան տեղաւորուեցաւ Էլինոյի տան մէջ, ուր բացի իրմէ զատ փորձաշրջան անցընող ֆութպոլիստ մը կար Կանն ակումբէն՝ Ամատէ Առնօն։ Էլինօն կ՛ապրէր Կաննէն ոչ հեռու՝ Պեգոմա գիւղին մէջ եւ մարզանքներէն վերադառնալէ վերջ Զիտանի հետ ֆութպոլի մենամարտեր կը կազմակերպէր։ Զիտանը միշտ մնացած է Էլինօ ընտանիքի յիշողութեան մեջ. այս ընտանիքը «Կաննի» փորձարկուող ֆութպոլիստներէն շատերուն կեցութեան տեղ եղած է։ Զիտանը անոնց այգիին մէջ բալենի տնկած էր ու տարբեր երկիրներէ, որ ան տարբեր մրցումներու գացած էր, անոնց յուշանուէրներ բերած էր։ Այստեղ ան բնակեցաւ մէկ տարի։ Յետոյ Զիտանը տեղափուեցաւ Միմոն, որ կը գտնուէր «Կաննի» կեդրոնին մէջ։ Այս բնակավայրի հետ կապուած Զիտանը շատ յիշողութիւններ ունի այն մասին, թէ ինչպէս այստեղ ընկերներ գտաւ եւ, թէ ինչպէս առաջին անգամ ալքոլ կամ թմրացուցիչ օգտագործեց։ Ան տեղի ունեցաւ, երբ նստավայրի միւս մարզիկները անոր եւ ուրիշ ֆութպոլիստներ հրաւիրեցին գինետուն, որպէսզի առաջին անգամ խմիչք խմէին: Յետոյ Զիտանը ձեւով մը հասած է բնակավայրը, իսկ ընկերը չկարողացաւ եւ պատժուեցաւ։ Այս բանը տեղի ունեցաւ առաջին եւ վերջին անգամ, յետոյ Զիտանը զզուանք զգացած է խմիչքի հանդէպ։

Զիտանը միշտ գտնուած է Ֆրանսայի գրեթէ բոլոր տարիքային հաւաքականներուն մէջ։ Անոր անունը յայտնի էր մարզչական շրջանին մէջ, այդ շրջանին անոր բնորոշ որակներէն էին թեքնիկը եւ ֆիզիքական մեծ ուժը։ Ան բարձրահասակ, իր հասակակիցներէն համեմատաբար մեծ երեւցող, միշտ կը հետեւէր ինքնիրեն։ Կաննի մարզիչները, սկիզբին Կի Լիակոմբը, հետագային արդէն Ժիլ Ռամպիլլոնը կը փորձէին ուղղակի չխանգարել անոր զարգացումը՝ ուղղորդելով ու անհատապէս աշխատելով անոր հետ։ «Զիտանը քիչ կը խօսի,- կ՛ըսէր Լիակոմբը,- ան ուղղակի կը լսէ եւ կ՛ընէ»։ Զիտանի Կաննի մեկնարկային կազմ տեղափոխուիլը տեղի ունեցաւ Ժան Ֆերնանտեսի ղեկավարութեամբ, խումբի դուրս գալու հետ առաջին լիկա։ Արհեստավարժային ֆութպոլին մէջ Զիտանի դեբիւտը կայացաւ 1989 թուականի 20 Մայիսին։ Անոր 17 տարին դեռ չէր լրացած։ Ան տեղի ունեցաւ 1988-1989 թուականներու Ֆրանսայի առաջնութեան խաղին Նանտի մէջ։ Զիտանը 78-րդ վարկեանին փոխարինեց Մարտինեսին, խաղը աւարտեցաւ ոչ-ոքի՝ 1։1 հաշուով։ Հետագային այդ խաղի մասին Զիտան ըսաւ. «Ինծի դաշտ ձգեցին ընդամէնը 15 վայրկեան, բայց այնպիսի վարպետներու կային, ինչպէս Զլատը Վույովիչն ու Ռուտի Կռոլը։ Այդ օր ես գնդակին ընդամէնը 3 անգամ դպայ, բայց դեռ երբեք այդքան երջանիկ չեմ զգացած։ Ոչ միայն անոր համար, որ ես կը խաղայի կուռքերու հետ: Բանը այն է, որ քառորդ ժամուան ընթացքին ես համարեայ 5000 ֆրանկ աշխատեցայ, ան 6 անգամ շատ է այն գումարէն, որ ես կը ստանամ ամուան ընթացքին որպէս փորձաշրջանէ անցնող ֆութպոլիստ»։ Հպարտ եւ երջանիկ իր աշխատած գումարով՝ ան նուէրներ գնեց իր ընտանիքին համար։

Առաջին կօլը բարձրագոյն խաղին ան արձանագրեց 1991 թուականին այդ նոյն «Նանտի» դէմ խաղին։ 1991-1992 թուականներու առաջնութեանը խումբը անյաջողութիւն կրեց եւ դուրս եկաւ երկրորդ հնարաւորութեամբ։ Ծանր տարի էր ոչ միայն խումբի, այլ նաեւ Զիտանի համար։ Չնայած իր երիտասարդ տարիքին՝ ան կը համարուէր խումբի հիմնական խաղցողը։ Անոր ձգտումը դէպի ֆութպոլային բարձունքներ մեծ էր, թռիչք՝ շատ արագ երիտասարդ խաղցողի համար, պատրաստ չէր ան ֆիզիքական եւ նեարդային ծանրաբեռնման. այս մասին Զիտանը հետագային կ՛ըսէ. «Այդ մաքուր ճշմարտութիւն է, «Կաննին» վերջին մրցաշրջանին ես ինծի յայտնաբերեցի թակարդի յատակին՝ ամբողջովին դատարկուած։ Կը թուէր, որ ոչինչ չէ ստացուած։ Այդ ժամանակ ես կը վերջացնէի ծառայութիւնս բանակին մէջ, Երկուշաբթի կ՛երթայի եւ կը վերադառնայի Հինգշաբթի օրը Շաբաթ ըլլալիք խաղին համար։ Այս ամէնը կարծես դժոխք էր։ Ես ու իմ խումբը յատակին կը յայտնուէինք»։ Անյաջող մրցաշրջանը մնաց ետեւը։ Այդ ժամանակ Զիտանը արդէն 19 տարեկան էր, եւ անոր եւս մէկ առիթ կը տրուէր նորէն գտնել ինքնիրեն։ Ան կը վճռէր քայլ մը առաջ առնել՝ ընդունելով «Բորդօ» ակումբի առաջարկը։

Բորդօ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1992 թուականին Ռոլլան Կուրբիսը՝ «Բորդոյի» մարզիչը, ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի իր խումբը առնէ տաղանդաւոր կիսապաշտպանին, որու մասին կը խօսէր ամբողջ Ֆրանսան։ Այդ ժամանակ խումբին մէջ կը խաղային Զիտանի ընկերները՝ Բիկսենտ Լիզարազուն եւ Քրիստոֆ Տիւգարին, Զիտանը հեշտ մերժուեցաւ նոր միջավայրի մէջ։ 1992-1993 մրցաշրջանը, Ֆրանսայի ամենալաւ ակումբներէն մէկը դեբիւտանտի տեսքով հանդէս եկած էր։ Նախորդ տարի խումբը իր նախագահի մեքենայութիւններու պատճառով երկրորդ հնարաւորութիւն մը ուղարկած էր եւ 11-րդ շրջանէն յետոյ կը զբաղեցնէր ընդամէնը 8-րդ հորիզոնականը։ 1992 թուականին խումբը մօտեցած էր մրցաշրջանի յաղթողի աստիճանին. կը պակսէր ընդամէնը 3 միաւոր։ Սակայն այդ ժամանակ խումբը յանկարծակի պարտութիւն կրեց ՊՍԺ-էն 5։0 հաշուով։ Բայց խումբը յաղթահարեց այդ պարտութեան հետեւանքները եւ 4-րդ տեղը զբաղեցնելով՝ ապահովեց իրեն համար յաջորդ տարուան ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթի խաղարկութեան ուղեգիրը։ Այդ մրցաշրջանը կարելի է յաջողած համարել, նաեւ Զիտանի համար, որ մէկ անգամ չէ, որ աչքի ինկաւ իր լաւ յատկանիշերով՝ դառնալով Ֆրանսայի առաջնութեան խումբի լաւագոյն ռմբարկու՝ 10 կօլով։

«Այդ քաղաք տեղափոխուիլը փոխեց ինծի։ Ինծի յաջողուեցաւ չարձանագրել մեկնարկը։ Իմ առաջին մրցաշրջանը Բորդոյի մէջ լաւ անցաւ. ինծի յաջողուեցաւ արձանագրել 10 կօլ առաջնութեան։ Ես սկսայ հասկնալ ինքզինքս եւ նոյնիսկ լաւացնել զայն։ Ինծի համար այս ակումբը իտալական տրամպլին էր բոլոր կողմերէն, ինչպէս տեխնիկակական, ֆիզիքական, այնպէս ալ հոգեպէս մեծնալու առումով»։ 1993-1994 թուականներու մրցաշրջանը՝ Բորդօն սկսաւ որպէս ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթի խաղարկութեան ուղղեգրի հաւակնորդ խումբ։ Առաջին տարին Բորդօն հանդիպեցաւ ապագայ չեմպիոնի ՊՍԺ-ի հետ եւ յաղթանակ տարաւ 1։0 հաշուով։ 7-րդ տարին ժիրոնտեցիները ոչ մէկ կերպով չէին կարողանար կոտրել Թուլուզի պաշտպանութիւնը, բայց վերջապէս 56-րդ վարկեանին Բորդոյի խաղցողները 25 մեթրէն հարուած իրականացնելու հնարաւորութիւն կը ստանան, որ յաջողած է Զիտանը խաղի արդիւքնով դուրս բերել Բորդօյին առաջին հորիզոնական կօլը։

18 Սեպտեմբեր 1993 թուականին Զիտանը իր ակումբի հետ տեղափոուած է հայրենի քաղաք հերթական խաղի համար, այս անգամ Մարսէյլի Օլիմպիկի հետ։ Հիւրերը արդէն առաջին վայրկեաններուն բացին հաշիւը, իսկ 36-րդ վայրկեանին Զիտանը կարմիր քարտ ստացած եւ ստիպուած է երթալ խաղահրապարակ։ 10 հոգի մնալով Բորդոյի ֆութպոլիստները ամէն ինչ կ՛ընէին, բայց խաղի վերջաւորութեան բաց ձգեցին երեք գնդակ։ Զիտանի հարցը կը քննարկուէր յատուկ յանձնաժողովի կողմէ, արդիւնքին մէջ ան երկու ամսով հեռացուեաւ ֆութպոլէն։ Կատարուածը Զիտան սապէս կը բացատրէ։ «Ես կ՛ատեմ անարդարութիւնն ու բռնութիւնը. խաղի ժամանակ ես շատ հարուածներ կը ստանամ, եւ կ՛ընդունիմ այդ ամէնը փոխարենը բան մը չըսելով, բայց կու գայ պահ մը, երբ ես այլեւս չեմ կարողանար ես ինծի զսպել, եւ կը բռնկիմ, այդ բանը ինձմէ ուժեղ է։ Ես Մարսէյլի ոչ ամենալաւ թաղամասէն եմ։ Այստեղ կռիւ չեն ըներ, բայց եթէ մէկը ստիպէ քեզ, դուն սովորաբար անոր թոյլ չես տար պատիժէն խուսափիլ»։

Եուվենթուս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուտով Զիտանի վրայ իր ուշադրութիւնը հրաւիրեց եւս մէկ յայտնի ակումբ՝ իտալական Եուվենթուսը։ Եւ այսպէս 1996 թուականին Զիզուն յայտնուեցաւ Թուրինի մէջ։ Այստեղ ալ սկսան անոր ֆութպոլային մեծ յաղթանակները։ Մինչ Զիտանի գալը 1996 թուականի գարնանը Եուվենթուսը յաղթած էր Եւրոպական չեմպիոններու լիկան՝ եզրափակիչին մէջ յաղթելով Ամսթերտամի Այաքսին, իսկ արդէն Զիտանի հետ խումբը տարուան վերջաւորութեան յաղթեց Միջմայրցամաքային ֆութպոլի գաւաթը՝ յաղթելով արժենթինական Ռիվեր Փլեյթին։ Նոյն տարին խումբը նուաճեց նաեւ Եւրոպական սուբերգաւաթը, որ Եուվենթուսը յաղթեց Բարի Սեն-Ժէրմէնին, որ այդ տարի յաղթած էր Գաւաթներու գաւաթը։ Երկու անգամ՝ 1997 եւ 1998 թուականներուն, Զիտանը Եուվենթուսի հետ միասին դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան, 1997 թուականին յաղթեց Իտալիոյ սուբերգաւաթը։ 1998 թուականին Զիտանը որպէս Եւրոպայի լաւագոյն ֆուտբոլիստ ստացաւ Ոսկէ գնդակ մրցանակը, նոյն տարին համարուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ 2001 թուականին մեծ իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ, որ Եուվենթուսի հետ պայմանագիրը մինչեւ 2005 թուականն էր՝ Զիտանը տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ, որ այդ ժամանակ հաւաքած էր արդէն ֆութպոլային աստղերու ամբողջ խումբ մը։

Զիտանը Տէյվիտ Պեքհեմի հետ Ռէալ Մատրիտի մէջ 2003-ին

Ռէալ Մատրիտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆլորենտինօ Բերեսի ջանքերով Զիտանը յայտնուեցաւ Ռէալի մէջ

Զիտանը տեղափոխուեցաւ Ռէալ 2001 թուականի ամրան, բարձրագոյնը՝ 75 միլիոն եւրոյով։ Կը հարմարուի թէ նոր միջավայրը երկար տեւեց Զիտանի համար: Ան երկար ժամանակ իր սովորական խաղը կը փնտռէր, եւ այդ ընթացքին ան կօլեր կ՛արձանագրէր։ Գլխաւոր մարզիչը՝ Վիսենտէ տել Պոսկեն, ստիպուած փոխեց Ռէալի թեխնիկ կազմը եւ Զիտանի համար աւելի լաւ տեղ գտաւ։ Փնտռտուքները յաջողութեամբ պսակուեցան, 2001 թուականի Նոյեմբերին. Զիտանը իրեն լաւ կողմերով ցուցադրեց 2002 թուականի ձմեռուընէ սկսած։ Յիշարժան էր 2002 թուականի երկու խաղ՝ Տեպորտիվոյի եւ Վալենսիայի հետ։ Այս մրցաշրջանին 2001-2002-ին Զիտանը օգնեց Ռէալին՝ յաղթելու Չեմպիոններու լիկան, Քառլոսի փոխանցումէն յետոյ՝ ձախ ոտքով հիանալի կօլ աժձանագրելով Լեվերկուզենի Պայերի դարպասը։ 2002-2003 մրցաշրջանին Զիտանը դարձաւ Սպանիոյ ախոյեան։ Արքայական ակումբին մէջ Զիտանը առաջատար էր, վառ աստղը մեծ աստղաբոյլէն (Զիտան, Ֆիկու, Ռոնալտօ, Քառլոս, Ռաուլ

Ելոյթները հաւաքականին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Օգոստոս (արեւմտահայերէն) 1994 թուականին Զիտանը առաջին անգամ հագաւ Ֆրանսայի հաւաքականի մարզաշապիկը։ Ընկերական խաղին ֆրանսացիները չեխերուն կը պարտեցնէին 0։2 հաշուով, երբ Էմէ Ժակեն մարզադաշտ դուրս բերաւ 22-ամեայ Զիտանին Բորդոյէն: Ան ընդամէնը երկու վայրկեանի ընթացքին՝ 80-82 վայրկեաններուն, երկու գնդակ հարուածեց եւ հաւասարցուց հաշիւը։ Խոշոր միջազգային մրցաշարերուն հաւաքականի կազմին ան հանդէս եկած է 1996 թուականէն սկսած, Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ։ Այդ ժամանակ Ֆրանսայի հաւաքականը հասաւ կիսաեզրափակիչ՝ տասնմէկ մեթրնոց հարուածաշարով՝ զիջելով Չեխիային։ Բայց արդէն երկու տարի անց 1998 թուականին Ֆրանսային մէջ տեղի ունեցած աշխարհի առաջնութեան խաղերու ժամանակ Զիզուն ցոյց տուաւ իր խաղարկութիւնը ամբողջ փայլով։ Ֆրանսան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը, իսկ Զիտանը երկու հիանալի կօլ արձանագրեց գլխով Պրազիլիայի հետ կայացած եզրափակիչ խաղի ժամանակ։

2000 թուականին Պէլճիքայի եւ Հոլանտայի Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ Զիտանը կրկին խումբի առաջատարն էր։ Ան քառորդ եզրափակչին սպանացիներուն տուգանայինէն կօլ հարուածեց, իսկ կիսաեզրափակչին փորթուկալցիներուն աւելցուած ժամանակի ընթացքին «ոսկէ գնդակ» խփեց տասնմէկ մեթր հեռաւորութենէն։ Եզրափակչին աւելցուած ժամանակի ընթաքին Ֆրանսայի հաւաքականը 2։1 հաշուով յաղթեց Իտալիոյ։

2002 թուականին ֆրանսացիները պետք է պաշտպանէին իրենց տիտղոսը Ճաբոնի եւ Հարաւային Քորէայի մարզադաշտերուն մէջ։ Զիտանը վնասուածք ստացաւ այս մրցաշարէն առաջ եւ չկարողացաւ պաշտպանել իր խումբին առաջին երկու խաղերուն, որոնք աւարտեցան անսպասելի հաշուով. պարտութիւն 1։0 հաշուով Սենեկալի հաւաքականէն եւ 0։0 Ուրուկուէի հաւաքականի խաղին մէջ։ Զիտանը որոշեց դուրս գալ մարզադաշտ որոշիչ խաղի Տէնմարքի դէմ, արդիւնքը այդ էր որ խումբըը պարտուեցաւ 0։2 հաշուով՝ զիջելով ախոյեանի տիտղոսը։ Եւրօ 2004-ին Փորթուկալի մէջ Զիտանը իսկական հրաշք գործեց Անգլիոյ դէմ։ Ան հարուածեց երկու գնդակ աւելացուած ժամանակի ընթացքին, որու շնորհիւ ֆրանսացիները յաղթեցին 2։1 հաշուով։ Վերջին շրջանին Զիտանը գրաւեց զուիցերիացիներու դարպասը, որ ֆրանսացիները յաղթեցին 3։1 հաշուով։ Արդիւնքը այդ էր որ Ֆրանսան յաղթական դուրս եկաւ, բայց կիսաեզրափակչին զիջեց Յունաստանին՝ Եւրոպայի ապագայ ախոյեաններուն։ 2006 թուականին համաաշխարհային խաղերէն առաջ Ֆրանսայի հաւաքականի հետ այդքան ալ մեծ յոյսեր չէին կապեր։ Բայց ան զարմացուց աշխարհը։ Զիտանը յաջողեցաւ եւ խաղերուն 34-ը լրացաւ յաղթական։ Ֆրանսան այդքան ալ վստահ չսկսկաւ խմբային խաղը Հարաւային Քորէայի եւ Զուիցերիոյ հետ։ Այս ամէնուն զուգահեռ Զիտանը երկու դեղին քարտ ստացաւ եւ ստիպուեցաւ բաց ձգել որոշիչ խաղը Տոգոյի հետ։ Ֆրանսան առանց իր առաջնորդին յաղթեց 2։0 հաշուով։ Այս ամէնէն յետոյ Զիտանը ցոյց տուաւ ինքզինք իր ամբողջ փայլով։ Ֆրանսացիները 1/8-րդ եզրափակչին յաղթեցին զօրաւոր խումբերէն մէկուն Սպանիոյ 1։3 հաշուով։ Քառորդ եզրափակչին յաղթեցին գլխաւոր խումբին՝ Պրազիլիային։ Կօլը Զիտանի հրաշալի փոխանցումէն յետոյ հարուածեց Թիերի Անրին կոտրելով պրազիլիացիներու յոյսերը։ Կիսաեզրափակչին Զիտանը տասնմէկ մեթր հեռաւորութենէն գրաւեց փորթուկալացիներու դարպասը։ Զիտանը եզրափակչին գրաւեց նաեւ Իտալիոյ դարպասը, բայց խաղը տխուր երանգ ստացաւ Մատերացիին հարուածելու պատճառով անոր մարզադաշտէն վտարուելէն յետոյ։ Ֆրանսացներու աւագը կոպիտ պատասխանեց պաշտպան Մատերացիի խոսքերուն՝ գլխով հարուածելով անոր կրծքաւանդակին, որմէ յետոյ հեռացուեցաւ մարզադաշտէն։ Յաջող անցած տասնմէկ մեթրներու հաշուով իտալացիները յաղթեցին խաղը եւ հռչակուեցան աշխարհի ախոյեաններ։ Զիտանը չորրորդ ֆութպոլիստն է Բելէէն, Վավայէն, եւ գերմանացի Պրայտներէն յետոյ, որ յաջողած է գրաւել դարպասը երկու աշխարհի առաջնութիւններու եզրափակիչ խաղերուն։ Ան, որ վատ պահուածքի համար ձգած էր մարզադաշտը, հռչակուեցաւ առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ։

Զիտանը Մունտիալ 2006-ի եզրափակիչ խաղին

Արհեստի աւարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զիտանը յայտարարեց, որ ֆութպոլը կը լքէ 2006 թուականի աշխարհի առաջնութեան աւարտէն յետոյ։ Ֆրանսայի հաւաքականը Ռայմոն Տոմենեկի գլխաւորութեամբ դուրս եկաւ եզրափակիչ, որ տեղի ունեցաւ 9 Յուլիս 2006 թուականին Պերլինի մէջ։ Զիտանի հեռանալը տեղի ունեցաւ անյաջող այդ դէպքով, կապուած իտալացի պաշտպան Մատերացիի հետ։ 1 Յունիս 2009 թուականին Զիտանը նշանակուեցաւ օգնական՝ Ռէալի նախագահ Ֆլորենտօ Պերեսի, որ ընտրութիւններու ժամանակ ան օգնած էր իրեն։ 30 Մայիս 2010 թուականին խաղցաւ Ռէալի աստղերու եւ Միլանի միջեւ կայանալիք բարեգործական խաղին, որ իր ակումբը յաղթեց 4։3 հաշուով։ 12 Նոյեմբեր 2010 թուականին պաշտօնի բարձրացում կատարուեցաւ եւ Զիտանը նշանակուեցաւ ակումբի նախագահի օգնական։ 8 Յուլիս 2011 թուականին Զիտանը դարձաւ Ռէալի առաջին խումբի մարզային տնօրէն, Խորխէ Վալտանոյի հեռանալէն յետոյ։ Անկէ վերջ ան ընդունուեցաւ համալսարան, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքին մէջ՝ որպէսզի ստանայ մարզային մարզիչներու վկայական։ 2012 թուականի Սեպտեմբերին ան ձգեց մարզային տնօրէնի պաշտօնը եւ սկսաւ մարզչական արհեստը մատրիտեան երիտասարդական ակադեմիային մէջ։ Ժոզէ Մոուրինիոյի հեռանալէն յետոյ Զիտանէն կրկին առաջարկութիւն առնուեցաւ Ռէալի մարզիչ դառնալու համար, սակայն ան հրաժարեցաւ, որպէսզի աշխատի ապագայ գլխաւոր մարզչի մօտ որպէս օգնական։

Արձանագրած հանդիպումներու վիճակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ակումբային վիճակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կատարուած խաղեր Առաջնութիւն Գաւաթ Եւրոգաւաթներ Արդիւնք
Մրցաշրջան Ակումբ Առաջնութիւն խաղեր կօլեր խաղեր կօլեր խաղեր կօլեր խաղեր կօլեր

Ֆրանսա

Առաջնութիւն Ֆրանսայի գաւաթ ՈՒԵՖԱ Արդիւնք
1988–89 Կանն 1-ին լիկա 2 0 0 0 2 0
1989–90 0 0 0 0 0 0
1990–91 28 1 3 0 31 1
1991–92 31 5 3 0 4 0 38 5
1992–93 Բորդօ 35 10 4 1 - 39 11
1993–94 34 6 3 0 6 2 43 8
1994–95 37 6 4 1 4 1 45 8
1995–96 33 6 1 0 15 6 49 12
Իտալիա Առաջնութիւն Իտալիոյ գաւաթ ՈՒԵՖԱ Արդիւնք
1996–97 Եուվենթուս Սերիա Ա 29 5 2 0 10 2 41 7
1997–98 32 7 5 1 11 3 48 11
1998–99 25 2 5 0 10 0 40 2
1999–2000 32 4 3 1 6 0 41 5
2000–01 33 6 2 0 4 0 39 6
Սպանիա Առաջնութիւն Սպանիոյ գաւաթ ՈՒԵՖԱ Արդիւնք
2001–02 Ռէալ Մատրիտ Լա Լիկա 31 7 9 2 9 3 49 12
2002–03 33 9 1 0 14 3 48 12
2003–04 33 6 7 1 10 3 50 10
2004–05 29 6 1 0 10 0 40 6
2005–06 29 9 5 0 4 0 38 9
Երկիր Ֆրանսա 200 34 18 2 29 12 247 45
Իտալիա 151 24 17 2 41 5 209 31
Սպանիա 155 37 23 3 47 9 225 49
Արդիւնք 506 95 58 7 117 26 681 125

Միջազգային վիճակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաւաքական Տարի Խաղեր Կօլեր Փոխանցումներ
Ֆրանսա 1994 2 2 0
1995 6 2 3
1996 12 2 4
1997 8 1 0
1998 15 5 3
1999 6 1 1
2000 13 4 4
2001 8 2 0
2002 9 1 2
2003 7 3 3
2004 7 4 1
2005 5 2 1
2006 10 3 1
Արհեստի ընթացքին 108 31 23

Հաւաքականին մէջ արձանագրուած խաղեր եւ կօլեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նուաճումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ակումբային[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Բորդօ»

«Եուվենթուս»

«Ռէալ Մատրիտ»

«Ֆրանսայի հաւաքական»

Անհատական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • ՖԻՖԱ-ի վարկածով աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ։ 1998, 2000, 2003
  • Ոսկէ գնդակ մրցանակի դափնեկիր/ Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստ (1)։ 1998
  • ՖԻՖԱ-ի Աշխարհի առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ ]] (1)։ 2006
  • ՈՒԵՖԱ-ի Եւրոպայի առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ ]] (1)։ 2000
  • ՈՒԵՖԱ-ի վարկածով վերջին 50 տարիներու լաւագոյն ֆութպոլիստ (1)։ 2004
  • Ֆրանսայի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ (1)։ 1993
  • Սերիա Ա-ի լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (3)։ 1997, 2000, 2001
  • «Don Balon»-ի վարկածով Սպանիոյ առաջնութեան լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (1)։ 2002
  • «El Pais»-ի վարկածով Սպանիոյ առաջնութեան լաւագոյն արտասահմանցի ֆութպոլիստ (1)։ 2002
  • Ֆրանսայի տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ (2)։ 1998, 2002
  • ՈՒԵՖԱ-ի Չեմպիոններու լիկայի ամենաարժէքաւոր ֆութպոլիստ (1)։ 2002
  • ՈՒԵՖԱՉեմպիոններու լիկայի լաւագոյն կիսապաշտպան (1)։ 1998
  • Կը գտնուի աշխարհի լաւագոյն 100 մարզիկներու թիւին մէջ «Համաշխարհային ֆութպոլ» եւ «Ֆիֆա 100» ամսագրերու վարկածով (2
  • Ֆութպոլի պատմութեան համաշխարհային ֆետերացիայի վարկածով տարուայ լաւագոյն կիսապաշտպան (1)։ 2006

Մրցանակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զինէտին Զիտան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զիտանը օգտուած է նորոյթի աշխարհէն։ Louis Vuitton-ի գովազդային արշաւին մասնակցելէն յետոյ, ան նկարահանուեցաւ Տիէկօ Մարատոնայի եւ Բելէի հետ: Ան Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին աւագը առաջարկ ստացաւ նաեւ Y-3 նորաձեւութեան հաստատութենէն։ Լուսանկարիչ Ակաստեր Մակլելլան եւ բեմադրիչ Տեօ Ստենլը նկարահանեցին անհաւատալի գեղեցիկ սեւ ու սպիտակ նկարներ վերածելով զանոնք տեսահոլովակի։ «Վերջին տարիներու տենտենցները կը պտտէին աւելի կարճ եւ սեքսուալ հագուստներու շուրջը։ Այս հաւաքածոյին մէջ ես փափաքեցայ փաթթել ամբողջ մարմինը, որպէսզի չերեւի աւելորդ բան մը, որպէսզի չերեւի աւելի բան մը»,- մեկնաբանեց իր հաւաքածոն Ետզի Եամամոտօն։ Նկարահանուած է նաեւ Adidas-ի համար, որպէս սովորական գնորդ, որ կը տեսնուի որպէս ապրանքի զարմանալի յատկութիւնը օգտագործող։

Հետաքրքիր փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]