Jump to content

Սպանիա

(Վերայղուած է Իսպանիա-էն)
Սպանիա
Սպանիոյ Դրօշ Զինանշանը


Կը ներառնէ Անտալուսիա, Քաթալոնիա, Մատրիտ, Վալենսիա, Կալիսիա, Քասթիլիա եւ Լիոն, Բասկերի երկիր?, Կանարյան կղզիներ?, Կաստիլիա-Լա Մանչա?, Մուրսիա, Արակոն, Աստուրիա?, Էստրեմադուրա?, Balearic Islands?, Նավառա?, Կանտաբրիա?, Ռիոխա?, Սեուտա, Մելիլյա? եւ plazas de soberanía?
Պետական լեզու Սպաներէն
Մայրաքաղաք Մատրիտ[1][2]
Օրէնսդիր մարմին Cortes Generales?
Երկրի ղեկավար Աստուրայի արքայազն Ֆելիպե VI?
Կառավարութեան ղեկավար Պեդրո Սանչես?
Ազգաբնակչութիւն 47 415 750 մարդ (2021)[3]
Օրհներգ Իսպանիայի օրհներգ?
Կարգախօս Plus Ultra
Հիմնադրուած է 1715, 19 Մարտ 1812, 9 Դեկտեմբեր 1931, 29 Դեկտեմբեր 1978 եւ 14 Մարտ 1516 թ.
Արժոյթ Եւրօ[4]
Ազգային տօն Նոր Տարի, Մայիս Մէկ, Աստուածածնի վերափոխման տօն, Spanish national day?, Spanish Day of the Constitution?, Immaculate Conception of Mary?, Ս․ Ծնունդ, Յայտնութիւն եւ Աւագ Ուրբաթ
Ժամային համակարգ UTC+1, UTC+2, UTC+0, UTC+1 եւ Europe/Madrid?[5]
Հեռաձայնային համակարգ +34
Համացանցի յղում .es
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,905[6]
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-ca" does not exist։

Սպանիա (սպ.՝ España  Լսել էսփանեայ ), պաշտօնական անուանումը՝ «Սպանիոյ թագաւորութիւն» (սպաներէն՝ Reino de España), պետութիւն Եւրոպայի հարաւ-արեւմուտքին։ Կը գրաւէ Բիրենեան թերակղզիի հիմնական տարածքը, Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող Պալէարեան, Պիթիուսեան եւ Ատլանտեան ովկիանոսի մէջ գտնուող Քանարեան կղզիները։ Արեւմուտքէն սահմանակից է Փորթուկալին, հիւսիսէն՝ Ֆրանսային եւ Անտորային, հարաւէն՝ Ճիպրալթարին։ Սպանիոյ շուրջ կը գտնուին Ատլանտեան ովկիանոսը (հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն) եւ Միջերկրական ծովը (հարաւէն եւ արեւելքէն)։

Պաշտօնական լեզուներն են՝ սպաներէնը (ամբողջ տարածքի մէջ), կաթալոներէնը, պասքերէնը, կալիցիերէն եւ արակոներէնը։ Սպանիոյ բնակչութիւնը 46 423 064 հոգի է, ըստ 2015–ի մարդահամարի տուեալներուն։ Մայրաքաղաքը Մատրիտն է։ Մեծագոյն քաղաքներն են՝ Մատրիտը, Պարսելոնը, Վալենսիան, Սեւիլիան, Սարակոսան եւ Մալական։

España անուանումին, «սպաներէն» եւ «սպանական» ածանցումներուն ծագումին վերաբերեալ քանի մը կարծիքներ կան։ Հռոմէական կայսրութեան կողմէ տրուած Հիսպանիա անուանումը կրնայ սերած ըլլալ բանաստեղծներու կողմէն օգտագործուող Հեսպերիա եզրէն, քանի որ յոյներուն կողմէ Իտալիան անուանուած է «արեւմտեան երկիր» կամ «երկիր, ուր արեւը մայր կը մտնէ» (Հեսպերիայ, յուն․՝ {{{1}}} Εσπερία‎) եւ Սպանիան գտնուելով աւելի արեւմուտք՝ անուանած են Հեսպերիա Ուլդիմա[7]։

Անուանումը կրնայ ունեցած ըլլալ նաեւ Կարթագէնեան ծագում՝ Իսպանիհադ, որ կը նշանակէ «նապաստակներու երկիր» կամ «ծայրամաս», քանզի Սպանիան կը գտնուի Միջերկրական ծովու վերջաւորութեան։ Տարածաշրջանէն պեղուած են նաեւ Հռոմէական Հատրիանոս կայսրի ժամանակաշրջանի մետաղադրամներ, որոնց վրայ պատկերուած էին կնոջ կերպար, անոր ոտքերուն մօտ՝ ճագար[8]: Կան նաեւ այլ տարբերակներ España անուանումին հետ կապուած, ըստ որուն պասքերէն Էզպաննա կը նշանակէ «ծայրամաս» կամ «սահման», մէկ այլ բացատրութեամբ՝ հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ Բիրենեան թերակղզին կը գտնուի Եւրոպայի արեւմտեան սահմանին[7]:

Հումանիստ Անթոնիօ տը Նեպրիխան առաջադրեց մէկ այլ վարկած, ըստ որուն Հիսպանիա բառը ծագած է իպերերէն «հիսպալիս» բառէն, զոր կը նշանակէ «քաղաք արեւմտեան երկրին մէջ»:

Այժմու Սպանիոյ ամենահին ճանչցուած ազգերը եղած են Քելթերը եւ իպերները։ Հռոմէական կայսրութեան կողմէ՝ Փիրենէյեան թերակղզիի մեծ դժուարութեամբ գրաւումէն յետոյ անիկա դարձաւ կայսրութեան շրջան եւ անուանուեցաւ Սպանիա: Վաղ միջնադարուն անիկա կը գտնուէր գերմանական ցեղերու, յատկապէս վեստգոթերու հպատակութեան տակ, սակայն յետոյ զայն գրաւեցին իսլամները։ Երկարատեւ եւ դժուար պայքարի արդիւնքին մէջ քրիստոնէական թագաւորութիւնը, որ կը գտնուէր թերակղզիի հիւսիսը, երկրէն դուրս մղեց իսլամները, որոնց վերջին մնացորդները քշուեցան 1492-ին Կրանատայէն, այդ ժամանակ Քրիստափոր Գոլումպոսը յայտնաբերեց Ամերիկան։ Թագաւորութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ դարձաւ Եւրոպայի ամենահզօր թագաւորութիւնը 16-րդ դարուն եւ 17-րդ դարու սկզբներուն։

Շարունակական պատերազմները եւ այլ խնդիրները պատճառ դարձան թագաւորութեան տկարացման։ 19-րդ դարու սկիզբին Ֆրանսայի ներխուժումը Սպանիա քաոսի մէջ դրաւ վերջինիս, անկախութեան համար մղուող պայքարը քայքայեց թագաւորութեան մեծ մասը եւ երկիրը դրաւ քաղաքականապէս անկայուն վիճակի մէջ։ 20-րդ դարուն երկիրը տուժեց քաղաքացիական կործանարար պատերազմի պատճառով, եւ իշխանութեան եկաւ մենատիրական կառավարութիւնը, սակայն անիկա աւարտեցաւ տպաւորիչ տնտեսական աճով։ Ժողովրդավարութիւնը վերականգնուեցաւ 1978 թուականին խորհրդարանական սահմանադրական իշխանութեան տեսքով։ 1986 թուականին Սպանիան միացաւ Եւրոմիութեան, վերականգնեց մշակոյթը եւ ունեցաւ կայուն տնտեսական աճ։

Նախապատմութիւն Եւ Նախահռոմէական Ժողովուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աթափուերքայի (Atapuerca - Province of Burgos (Spanish pronunciation: [ataˈpweɾka]Archaeological Site of Atapuerca) մէջ իրականացուած հնէաբանական պեղումներէն պարզուած է, որ Փիրենէեան թերակղզիին (Ֆրանս.՝ Péninsule Ibérique, անգլ.՝ Iberian Peninsula) մէջ մարդը բնակութիւն հաստատած է աւելի քան 1.2 միլիոն տարի առաջ[9]։ Այժմեան բնակչութիւնը բնակութիւն հաստատած է թերակղզիին մէջ 32.000 տարի առաջ, տեղափոխուելով հիւսիսէն[10]։ Լաւագոյն վկայութիւնները հիւսիսային Իբերիա գտնուող Քանթապրիա (Cantabria) բնակավայրին Ալթամիրա (սպաներէն՝ Altamira) քարանձաւի պահպանուած հանրայայտ նկարներն են։

Պատկեր:AltamiraBison.jpg
Ալթամիրա քարանձաւի նկարները, Քանթապրիա

Հնէաբանական եւ ծննդական տուեալները կ՝ եզրակացնեն այն միտքը, որ Փիրենէեան կամ Իբերեան (անգլ.՝ Iberian Peninsula - արաբ.՝ شبه الجزيرة الإيبيرية) թերակղզին եղած է Եւրոպական մեծագոյն թաքստոցներէն մէկը Սառոյցի դարաշրջանի (the ice age) ժամանակ։

Փիրենէեան թերակղզիին երկու հիմնական պատմական ազգերը եղած են Իբերիացիները եւ կամ կելտերը (The Celts)։ Իբերիացիները բնակութիւն հաստատած են Միջերկրական ծովու կողմը՝ սկսած հիւսիս-արեւելեան հատուածէն մինչեւ հարաւ-արեւելեան հատուածը։ Կելտերը բնակութիւն հաստատած են Ատլանտեան մասը՝ հիւսիսը եւ կեդրոնը, Փիրենիան թերակղզիին հիւսիս-արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան հատուածներուն։ Պասքերը (Basques) բնակութիւն հաստատած են արեւմտեան մասը գտնուող Պիրենիան լեռները եւ հարթավայրային գօտին։

Փիրենէեան թերակղզիի հարաւը կը գտնուէր կիսաառասպելական քաղաք Թարթեսոսը (Tartessos Greek: Ταρτησσός, 1100 Ք.Ա.), ուր զբաղուած են ոսկիի եւ արծաթեայ զարդերու առեւտուրով՝ Փիւնիկեցիներուն (Phoenicians) եւ Յոյներուն հետ, յիշուած է Սթրապոնի եւ Սոլոմոնի գիրքին մէջ (Strabo and Solomon) (Սթրապոն Յունարէն՝ Στράβων)։ Ք.Ա. 500-300 թուականներուն փիւնիկեցի եւ յոյն նաւաստիները հիմնած են հին առեւտրական բնակավայրեր Միջերկրական ծովու երկայնքով։ Քարթակենացիներու (Carthage - արաբ.՝ قرطاج ) հսկողութեան տակ էր Միջերկրական ծովու առափնեայ մեծ հատուածը, մինչեւ որ անոնք պարտուեցան հռոմէացիներէն[11]։

Հռոմէական Կայսրութիւն Եւ Գոթական Թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մերիտայի Հռոմէական թատրոնը Roman Theatre, Mérida, Պատայոզ

Կարթագենացիներու (Carthage - արաբ.՝ قرطاج ) հետ պատերազմի ընթացքին Հռոմէացիները Ք.Ա. 210-205 թուականներուն գրաւեցին Կարթագէնացիներուն (Carthage - արաբ.՝ قرطاج ) բոլոր առեւտրային գաղութները Միջերկրական ծովու երկայնքով։ Հռոմէացիներէն պահանջուեցաւ մօտ երկու դար Փիրենէեան թերակղզին ամբողջութեամբ տիրելու համար եւ իրենց տիրապետութեան տակ մնաց մօտ վեց դար։ Հռոմէացիներու տիրապետումը բերաւ օրէնքներու, լեզուներու եւ ճանապարհներու միութիւն[12]։

Սան Սալվատորի տաճարը Օվիէտոյի մէջ։

Կելտերու եւ իբերներու մշակոյթները տարուէ տարի հռոմէականացուեցաւ (Լատինականացուեցաւ ) Սպանիոյ տարբեր մասերուն մէջ տարբեր արագութեամբ։ Տեղւոյն առաջնորդներուն ընդունեցին որպէս Հռոմէական ազնուականներ (aristocrats)։ Սպանիան կը ծառայէր որպէս հռոմէական շուկայի ամբար եւ անոր նաւահանգիստներէն կ՝ արտահանուէին ոսկի, բուրդ, ձիթապտուղի իւղ եւ գինի։ Գիւղատնտեսական արտադրութիւնը աճեցաւ ոռոգման համակարգերու ներդրման հետ, այդ համակարգերէն քանի մը հատը տակաւին կը շահագործուին։ Թրայաններու թագաւորական կամ կայսերական տոհմը (Trajan dynasty /ˈtreɪdʒən/) կայսր Թէոտոսիոս Ա.-ը (Theodosius I), եւ փիլիսոփայ Սենեկան (Seneca) ծնած են Սպանիա։ Բանաստեղծներ Մարցիալիսը, Քուինթիլիան եւ Լուքանոսը նոյնպէս ծնած են Սպանիա։ Սպանիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ Ք.Ե. առաջին դարուն եւ երկրորդ դարուն[11] մեծապէս տարածուեցաւ Սպանիոյ քաղաքներուն վրայ։ Սպանիոյ այժմեան լեզուի, մշակոյթի եւ օրէնքի որոշ տարրեր յառաջ եկած են այս ժամանակներէն։

Արեւմտեան հռոմէական տիրապետութեան տկարութիւնը Սպանիոյ մէջ սկսաւ 406 թուականին, երբ գերմանական Սուէպիները եւ Վանտալները (Germanic Suebi եւ Vandals), Սարմաթական Ալաններու (Sarmatian Alans) հետ միասին անցան Ռին (Rhine) գետը Կալիսիայէն (Galicia) եւ ներխուժեցին Փիրենէեան կամ Իբերեան թերակղզի։ Սուէպիները հիմնեցին թագաւորութիւն այժմեան Կալիսիայի տարածքն ու հիւսիսային Փորթուկալը։ Հիւսիսային կայսրութեան փլուզումէն ետք ընկերային-տնտեսական վիճակը հիմնականօրէն բարելաւուեցաւ, բայց շատ հիմնարկներ մնացին վերջին կայսրութեան տեսքով ներառեալ քրիստոնէութիւնը։

Ալանները միացան Հաստինկիներու (Hasdingi) հետ եւ հիմնեցին թագաւորութիւն Կալիսիոյ մէջ, նաեւ գրաւելով տիրացան քանի մը մեծ շրջաններուն նոյն տարածաշրջանին մէջ, սակայն ետքը ընդարձակեցին տարածքը դէպի հարաւ՝ մինչեւ Տուէրօ գետը։ Սիլինկիան վանտալները (The Silingi Vandals) գրաւեցին Վանտալուսիան, որ մինչեւ այժմ պահպանուած է այդ անունը ու ներկայիս՝ Անտալուսիան է, սպանիոյ մէջ (bears a form of their name—Vandalusia, modern Andalusia)։ Բիւզանդացիները հիմնեցին Սպանիա նահանգը՝ հարաւը, յոյս ունենալով վերականգնել Հռոմէական իշխանութիւնը Փիրենէեանի մէջ։ Վերջնականապէս, սակայն Սպանիան միաւորուեցաւ Վիսիգոթիք թագաւորութեան (Visigothic Kingdom, արեւմտագոթական)։

Ալհամպրա դղեակը Կրանատայի մէջ։

8-րդ դարուն՝ 711-718 թուականներուն, Փիրենեան թերակղզիի համարեայ ամբողջ տարածքը գրաւեցին արաբական զօրքերը, որոնք ներխուժեցին հիւսիսային Ափրիկէէն։ Այս նուաճումները արաբական Խալիֆաթի կայսրութեան ստեղծման մաս մըն էր։ Միայն փոքր երկրամաս մը հիւսիս-արեւմտեան լեռներուն կարողացաւ դիմակայել արաբական առաջին արշաւանքին։

Քորտովայի մզկիթը

Իսլամական տիրապետութեան ներքոյ քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն կու տային տհիմմի A dhimmī (Arabic: ذمي‎ ḏimmī, IPA: [ˈðɪmmiː], collectively أهل الذمة) կարգավիճակ։ Այս կարգավիճակը թոյլ կու տար դաւանել իրենց հաւատքը, սակայն անոնք պէտք է վճարէին աւելի մեծ հարկեր եւ անոնց հանդէպ կը կիրառուէին որոշ խտրականութիւններ[13][14]։

Իսլամի տարածումը թերակղզիին մէջ հետզհետէ աւելի կը զարգանար։ Մուալիտները (Փիրենեան թերակղզի ցեղային մուսուլմանները) կը հանդիսանան հիմնականօրէն Ալ-Անտալուսի 10-րդ դարու բնակչութեան ժառանգները[15][16]։

Լա Ճիրալտա, Սեւիլիայի տաճարի զանգակատունը

Մուսուլմանական համայնքը Փիրենիայի մէջ շատ բազմազան եւ ընկերային ընդվզումներու պատճառ էր։ Պէրպէր (Քապիլ ցեղը) ժողովուրդը հիւսիսային Ափրիկէէն, որոնք կը տրամադրէին արաբներուն մեծ քանակութեամբ զօրքեր նուաճումներու համար, ապստամբեց։ Պէրպէրները շուտով ազատագրեցին հիւսիսային որոշ տարածքներ՝ գահընկեց ընելով արաբ ղեկավարները։ Ժամանակի ընթացքին մաւրիտանացիները բնակութիւն հաստատեցին հիմնականօրէն Կուատալքիվիր գետի ափերուն, Վալենսիա մարզի ափամերձ շրջաններուն մէջ, Էպրօ գետի հովիտին եւ (մինչեւ ժամանակաշրջանի վերջերը) Կրանատայի լեռնային տարածքներուն մէջ։

Քորդովան՝ (անգլ.՝ Córdoba), (قرطبة) խալիֆաթի մայրաքաղաքը, կը հանդիսանար ամենամեծ, ամենահարուստ եւ ամենազարգացած քաղաքը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Միջերկրական ծովուն առեւտուրը կը բարգաւաճէր։ Մուսուլմանները կը ներմուծէին հարուստ մտաւորական եւ խելացի աւանդոյթներ Մերձաւոր արեւելքէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն։ Մուսուլման եւ հրեայ մտաւորականները մեծ դեր խաղցան Արեւմտեան Եւրոպայի հին մշակոյթի վերածնունդի գործընթացին։ Հին մշակոյթը միաձուլուեցաւ մուսուլմանական մշակոյթին հետ եւ տարածաշրջանին տուաւ իւրայատուկ մշակոյթի ոճ։ Քաղաքներէն դուրս, ուր կ՝ ապրէր բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, կը գործէր Հռոմէական ժամանակներէն եկած հողի սեփականութեան ձեւը, քանի որ մուսուլման առաջնորդները հազուադէպ կը վտարէին հողատէրերը, եւ նոր մշակելի բոյսերու եւ արուեստագիտութեան ներդրումը առիթ հանդիսացաւ գիւղատնտեսութեան լայնածաւալ զարգացման։

11-րդ դարուն մուսուլմանական տիրապետութիւնը վտանգի տակ էր, քանի որ կը զարգանար տաիֆաներու թագաւորութիւնները, որ կը հրահրէր փոքր քրիստոնէական երկիրներուն ընդլայնել իրենց տարածքները։ Հիւսիսային Ափրիկէէն ժամանած մուսուլմանական համայնքները, ինչպէս էին Ալմորատիւները եւ Ալմոհատները վերականգնեցին իշխանութիւնը մուսուլմանական տարածքներուն մէջ եւ առաւել մեծ ուժով իրականացուցին Իսլամի տարածումը։ Վերականգնուած իսլամական իշխանութիւնը յաջողութեամբ գոյատեւեց մօտ մէկ դարէ աւելի։

Իսլամական Կայսրութեան Անկումը եւ Միաւորումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լոարէ Ամրոց, Հուեսքա

«Reconquista» ("Երկակի նուաճում") այդ Իբերիական քրիստոնէական թագաւորութեան ընդլայնման բազմադարեան ժամանակաշրջանն է։ Կրկնակի նուաճումը սկսաւ 722 թուականի Քովատոնկայի ճակատամարտով Battle of Covadonga եւ միաժամանակ ՓիրենԷեան (Իբերեան) թերակղզիին մուսուլմանական նուաճումներու ժամանակաշրջանն էր։ Քրիստոնէական բանակի յաղթանակը մուսուլմանական նուաճողներու դէմ՝ թոյլ տուին ստեղծել քրիստոնէական Ասթուրիասի թագաւորութիւնը «Kingdom of Asturias» 739 թուականին, հիւսիս-արեւմտեան ափամերձ լեռներու երկայնքով, Մուսուլմանական նուաճումներուն նաեւ դուրս մղեցին Կալիսիայէն «Galicia», որ յետագային դարձաւ ամենասուրբ վայրը արեւմտեան Եւրոպայի մէջ՝ միջին դարերուն իր Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթելա «Santiago de Compostela» քաղաքով եւ միաւորուեցաւ նոր քրիստոնէական թագաւորութեան։

Մուսուլմանական զօրքերը նոյնպէս տեղափոխուեցան Իբերայի հիւսիսը, սակայն ջախջախուեցան Ֆրանքներու «Frankish forces» կողմէն։ Աւելի ուշ Ֆրանքները հիմնեցին քրիստոնէական երկիրներ Իբերայի հարաւային մասերուն մէջ։ Անոնց տարածքները կը ծաւալուէր մինչեւ Նաւառէի թագաւորութիւն «The Kingdom of Navarre», Արակոն «Aragon» եւ Քաթալոնիա «Catalonia»[17]։ Քանի մը դար մուսուլմաններու եւ քրիստոնէական երկիրներու սահմանները կ՝ անցնէին Էպրօ եւ Տուրօ «Ebro and Douro valleys» Հովիտներով եւ ձորերով։

Աւիլա քաղաքի պարիսպները։

Տաիֆա թագաւորութեան հետ մրցակցութեան ընթացքին՝ Ալ-Անտալուսի փլուզումը, օգնեց երկար ատեն պատերազմի պատրաստուող՝ իբերական քրիստոնէական թագաւորութիւններուն նախաձեռնութիւն ձեռք բերել։

Նշանաւոր Սակրատա ֆամիլիա տաճարի կառուցունը կը տեւէ արդէն աւելի քան հարիւր տարի: Տաճարի կառուցման աւարտը նախատեսուած է 2026 թուականին՝ Անթոնիո Կաուտիի մահուան 100-ամեայ տարեդարձին

1085 թուականին Ռազմագիտական կեդրոնական քաղաք՝ Թոլետոյի գրաւումը մեծ քայլ էր քրիստոնէական թագաւորութեան առաջխաղացման հարցին։ Մուսուլմանական մեծ վերածննդից ետք՝ մեծ Մաւրական տէրութիւնը ինկաւ քրիստոնէական տիրապետութեան տակ 13-րդ դարուն, Քորտոպան 1236-ին եւ Սեւիլեան 1248 թուականին, մնաց միայն Կրանատան որպէս չնուաճուած քաղաք հարաւը[18]։

13-րդ եւ 14-րդ դարերուն Մարինիտի «Marinid» մուսուլմանները Հիւսիսային Ափրիկէի մուսուլմանական խմբաւորումներու հետ ներխուժեցին եւ հիմնեցին որոշ ներգաւառներ թերակղզիի հարաւային ափամերձ գօտիին վրայ, բայց ձախողեցան մուսուլմանական տէրութիւնը վերականգնելու իրենց փորձին մէջ, եւ անոնք Իբերայէն դուրս նետուեցան։

13-րդ դարուն նաեւ տեղի ունեցաւ Արակոնի թագաւորութեան կազմաւորումը՝ որուն կեդրոնը կը գտնուէր Իբերեան թերակղզիի հիւսիս-արեւելքը։ Այն ընդլայնացաւ տիրանալով Միջերկրական ծովու հարուստ կղզիներուն, ինչպէս օրինակ Սիքելիոյ եւ նաեւ Աթէնքին[19]։

Պուրկոսի տաճարը

1469-ին Քրիստոնէական թագաւորութիւնները՝ Քասթիլեան եւ Արակոնը միացան Իզապելլա Ա․ Քասթիլիացիի եւ Ֆերտինանտ Բ․ Արակոնցիի ամուսնութենէն ետք։ 1478-ին աւարտեցաւ Քանարեան կղզիներու նուաճումը, եւ 1492-ին Քասթիլիայի եւ Արակոնի միացեալ ուժերը նուաճեցին Կրանատա Էմիրաթը, եւ վերջացաւ 781-տարուան մուսուլմանական տիրապետութիւնը Փիրենէեան թերակղզիին մէջ։ Կրանատային մէջ ցուցաբերեցին որոշ համբերութիւն մուսուլմաններու նկատմամբ[20]։

Սպանիոյ մէջ կ'ապրեն նաեւ լուսաններ
AVE Արագընթաց գնացքը

1492-ը պատմութեան մէջ մտաւ նաեւ Նոր երկիրի յայտնաբերումով՝ Քրիստափոր Քոլոմպոսի կողմէն, որուն նաւային երթեւեկը կը հովանաւորէր Իզապելլան։ Այդ նոյն տարին սկսաւ Սպանիոյ հրէաներու բռնի վերափոխումը կաթոլիզիմի եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հրաժարէին՝ դուրս կը քշուէին Սպանիոյ տարածքներէն[21]։ Քանի մը տարի ետք Մուսուլմանները նոյնպէս նոյն բախտին արժանացան[22]։

Որպէս Վերածնունդի Նոր Արքաներ՝ Իզապելլան եւ Ֆերտինանտը իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցին ամբողջ իշխանութիւնը եւ նոր թագաւորութիւնը կոչեցին «España»՝ փոխարինելով նախկին Հիսպանիա բառին[22]։ Իրենց քաղաքականութեան արդիւնքով ծնաւ նոր Սպանական կայսրութիւն։

Վարչական Բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կաղապար:Սպանիոյ Վարչական Բաժանումի քարտէս
  • Անտալուսիա (սպ.՝ Andalucía)
  • Արակոն (սպ.՝ Aragón)
  • Ասթուրիա (սպ.՝ Principado de Asturias)
  • Պալէարական Կղզիներ (սպ.՝ Islas Baleares, кат. Illes Balears)
  • Պասքերու Երկիր (սպ.՝ País Vasco, Պասքերէն՝ Euskadi)
  • Վալենսիա (սպ.՝ Comunidad Valenciana)
  • Կալիսիա (սպ.՝ Galicia, Կալիսերէն՝ Galiza)
  • Քանարեական Կղզիներ (սպ.՝ Islas Canarias)
  • Քանթապրիա (սպ.՝ Cantabria)
  • Քասթիլիա Լա Մանչա (սպ.՝ Castilla-La Mancha)
  • Քասթիլիա եւ Լէոն (սպ.՝ Castilla y León)
  • Կաթալոնիա (սպ.՝ Cataluña, Կաթալաներէն՝ Catalunya)
  • Մատրիտ (սպ.՝ Madrid)
  • Մուրսիա (սպ.՝ Región de Murcia)
  • Նաւարրա (սպ.՝ Navarra, Պասքերէն՝ Nafarroa)
  • Ռիոխայ (սպ.՝ La Rioja)
  • Էսթրեմադուրայ (սպ.՝ Extremadura)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Constitución española de 1978, Constitució espanyola, Constitución española, Konstituzioa Espainiako, Constitució espanyola, Constitució espanyola // Boletín oficial del EstadoAgencia Estatal Boletín Oficial del Estado, 1978. — ISSN 0212-033X
  2. Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  3. https://data.worldbank.org/indicator/SP.POP.TOTL?locations=ES
  4. 4,0 4,1 https://www.ecb.europa.eu/euro/html/index.en.html
  5. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/europe
  6. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  7. 7,0 7,1 Anthon Charles (1850)։ A system of ancient and mediæval geography for the use of schools and colleges։ New York: Harper & Brothers։ էջ 14 (անգլերէն)
  8. Burke Ulick Ralph (2nd edition, 2008)։ A History of Spain from the Earliest Times to the Death of Ferdinand the Catholic, Volume 1։ London: Longmans, Green & Co։ էջ 14։ ISBN 978-1-4437-4054-8 (անգլերէն)
  9. «'First west Europe tooth' found»։ BBC։ 30 June 2007։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9 
  10. Typical Aurignacian items were found in Cantabria (Morín, El Pendo, Castillo), the Basque Country (Santimamiñe) and Catalonia. The radiocarbon datations give the following dates: 32,425 and 29,515 BP.(անգլերէն)
  11. 11,0 11,1 Rinehart Robert; Seeley, Jo Ann Browning (1998)։ «A Country Study: Spain – Hispania»։ Library of Congress Country Series։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9  (անգլերէն)
  12. Payne Stanley G. (1973)։ «A History of Spain and Portugal; Ch. 1 Ancient Hispania»։ The Library of Iberian Resources Online։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9 (անգլերէն)
  13. Dhimma provides rights of residence in return for taxes. H. Patrick Glenn, Legal Traditions of the World. Oxford University Press, 2007, pg. 218–219.
  14. Dhimmi have fewer legal and social rights than Muslims, but more rights than other non-Muslims.Lewis, Bernard, The Jews of Islam. Princeton: Princeton University Press (1984). ISBN 978-0-691-00807-3 p. 62(անգլերէն)
  15. Islamic and Christian Spain in the Early Middle Ages. Chapter 5: Ethnic Relations, Thomas F. Glick
  16. Payne Stanley G. (1973)։ «A History of Spain and Portugal; Ch. 2 Al-Andalus»։ The Library of Iberian Resources Online։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9 (անգլերէն)
  17. Rinehart Robert; Seeley, Jo Ann Browning (1998)։ «A Country Study: Spain – Castile and Aragon»։ Library of Congress Country Series։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9  (անգլերէն)
  18. «Ransoming Captives in Crusader Spain: The Order of Merced on the Christian-Islamic Frontier»։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 13  See also: Payne Stanley G. (1973)։ «A History of Spain and Portugal; Ch. 4 Castile-León in the Era of the Great Reconquest»։ The Library of Iberian Resources Online։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9 (անգլերէն)
  19. Payne Stanley G. (1973)։ «A History of Spain and Portugal; Ch. 5 The Rise of Aragón-Catalonia»։ The Library of Iberian Resources Online։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9 (անգլերէն)
  20. «The Treaty of Granada, 1492»։ Islamic Civilisation։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 13 (անգլերէն)
  21. Spanish Inquisition left genetic legacy in Iberia. New Scientist. 4 December 2008.(անգլերէն)
  22. 22,0 22,1 Rinehart Robert; Seeley, Jo Ann Browning (1998)։ «A Country Study: Spain – The Golden Age»։ Library of Congress Country Series։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 9  (անգլերէն)