Jump to content

Բժշկական Զբօսաշրջութիւն

Թայլանտի Պամրունկրատ հիւանդանոցը բժշկական զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոն է:

Բժշկական զբօսաշրջութիւնը կամ առողջապահական զբօսաշրջութիւնը կ'իրականացուի որեւէ երկիրի մէջ բուժում ստանալու նպատակով,

Անցեալին, նուազ յառաջացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդէին դէպի բժշկական մեծ կեդրոններ, որոնք կը գտնուէին յառաջացած երկիրներու մէջ, ստանալու այն բժշկական օգնութիւնը, որ անհասանելի էր իրենց երկիրներուն մէջ։[1][2]

Վերջերս, զարգացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդեն նուազ յառաջացած երկիրներ, բժշկական նպատակներով, ուր ծախսերը համեմատաբար աւելի նուազ են. թէեւ աւանդական ձեւը դեռ կը կիրարկուի։

Հազարաւոր տարիներ առաջ, յոյն ուխտաւորներ ճամբորդած են Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սարոնիքոս ծոց, որ կը համարուէր բժշկութեան աստուած Ասքլիպիոսի սրբավայրը։

Առողջարանային քաղաքները եւ առողջարանները կարելի է համարել բժշկական ճամբորդութեան հին ձեւեր։

ԺԸ. դարուն, Անգլիոյ մէջ հիւանդները կ'այցելէին առողջարանային կենդրոններ, ուր հանքային ջուրերով լուծում կը գտնէին արեան թանձրացման եւ թոքատապի կամ թոքախտի հետ կապուած հարցերու։[3]

  • Հարվըրտի Առեւտրական Դպրոցին ղեկավարները նշած են, որ բժշկական զբoսաշրջութիւնը աւելի շատ զարգացած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, քան՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։[8]
  • Զարգացած երկիրներու կարգ մը հիւանդներ կը նկատեն, որ առողջապահական ապահովագրութիւնը չի փոխհատուցեր ծունկի կամ ազդրերու փոխպատուաստելու պարագաները կամ ալ կը սահմանափակէ բժշկական հաստատութեան, բժիշկի կամ կիրարկուող փրոթեզի (Prothèse) ընտրութիւնը։
  • Ըստ "Sociedad Boliviana de Cirugia Plastica y Reconstructiva"-ի միջին եւ բարձր խաւի կիներուն 70%-ը Պոլիվիոյ մէջ կատարած է զանազան գեղագիտական վիրաբուժութիւններ։ Պոլիվիոյ կը յաջորդէ Պելճիքան, Լեհաստանը, Սլովաքիան, Ուքրանիան եւ Հարաւային Ափրիկէն։[9]
  • Շատեր կը ճամբորդեն արհեստական բեղմնաւորում իրականացնելու նպատակով։
  • Այնուամենայնիւ, բժշկական զբօսաշրջութեան արդիւնքները միշտ ալ դրական չեն։ ԱՄՆ-ի նման երկիրներու մէջ, որ բարձրորակ չափորոշիչներ ունի, բժշկական զբօսաշրջութիւնը կը ներկայանայ վտանգուած պատկերով։
  • Այն ընկերութիւնները, որոնց մասնագիտութիւնը բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովելն է, բուժքոյրեր եւ օգնականներ կը տրամադրեն, որոնք կ'աջակցին հիւանդներուն ճամբորդութենէն առաջ եւ ետք։
  • Այն անձը, որ արտասահմանի մէջ բժշկական ծառայութիւններ կ'որոնէ, կապ կը հաստատէ բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովողին հետ։ Վերջինս հիւանդէն բժշկական տեղեկագիր մը կը պահանջէ, ներառեալ՝ տեղական բժիշկին կարծիքը, եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ։ Մասնագէտ բժիշկներ կամ խորհրդատուներ այնուհետեւ խորհուրդներ կու տան ամբողջ գործընթացին վերաբերեալ։ Կը քննարկեն հաւանական ծախսերը, հիւանդանոցին ընտրութիւնը, զբօսաշրջութեան ուղղութիւնը, կեցութեան տեւողութիւնը եւ այլն։
  • Համաձայնագիրի մը ստորագրութենէն ետք, հիւանդին կը տրուի երաշխաւորագիր մը՝ բժշկական վիզային համար։
  • Հիւանդը կը ճամբորդէ տուեալ երկիր, ուր բժշկական զբօսաշրջութիւն ապահովողը կը նշանակէ գործի ղեկավար մը, որ հոգ տանի հիւանդին ապաքինման, բնակարանին եւ այլ պահանջներուն։
  • Ապաքինումէն ետք, հիւանդը կրնայ մնալ եւ վայելել իր հանգիստը կամ վերադառնալ տուն։

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրը գործընթաց մըն է, որուն ընթացքին կ'արժեւորուին բուժաշխատողները եւ առողջապահական տարբեր ծրագիրները՝ զանազան երկիրներու մէջ։

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ կը շնորհուին մեծ թիւով առողջապահական ծրագիրներու, ինչպիսիք են՝ հիւանդանոցները, խնամքի կենդրոնները, բժշկական փոխադրամիջոցները եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները։[10]

Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրներ շնորհող ամէնէն հին կառոյցը «Աքրետիթէյշըն Քանատա»ն է, որ 1968-ին հաւատարմագիր մը շնորհած է «Պերմուտեան հիւանդանոց»ի խորհուրդին (Bermuda Hospital Board) (Accreditation Canada):[11] Այդ օրէն ի վեր, անիկա հաւատարմագիրներ շնորհած է հիւանդանոցներու եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու՝ 10 այլ երկիրներու մէջ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ նման ընկերութիւն մը հիմնուած է 1994-ին, որ կը կոչուի «Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնէշընլ» (Joint Commission International (JCI))։ Ան կը միտի միջազգային յաճախորդներուն տրամադրել խորհրդատուական ծառայութիւններ։[12]

Կարգ մը միջազգային հիւանդանոցներ այսօր հաւատարմագիր ձեռք բերելը կը նկատեն ամերիկացի հիւանդները գրաւելու ձեւ։[13]

«Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնէշընլ»ը կապուած է «Ճոյնթ Քըմիշն»ի հետ՝ ԱՄՆ։ Միջազգային առողջապահական հաւատարմագիրները կը տարբերին իրենց որակով, չափերով, արժէքով, նպատակով եւ իրենց առեւտրական հմտութեամբ։

Կարգ մը հիւանդանոցներ կը ձգտին երկակի միջազգային հաւատարմագիրներ ձեռք բերել։[14]

Բժշկական զբօսաշրջութիւնը ենթակայ է բարդութիւններու։

Կարգ մը երկիրներու, ինչպէս՝ Հնդկաստանի, Հարաւային Ափրիկէի կամ Թայլանտի մէջ զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ տարածուած են, որոնք համաճարակի բնոյթ ունին։ Հիւանդութիւններէն չպաշտպանուիլը կրնայ վնասակար ըլլալ յատկապէս ստամոքսի եւ աղիքի հիւանդութիւններէ տառապողներուն համար։

Վիրահատութենէն ետք, խնամքին որակը նոյնպէս զգալիօրէն կը տարբերի ըստ հիւանդանոցին եւ երկիրին։

Երկարաժամկէտ ուղեւորութիւնները եւս կրնան բարդութիւններ յառաջացնել։ Երկար թռիչքները եւ շարժման պակասը կրնան նախապայման հանդիսանալ զարգացող երակային եւ թոքային հարցերու։[15][16][17]

Աշխարհի տարածքին, բուժաշխատողներու չափանիշները համահաւասար են եւ վաւերացուած՝ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ, իսկ 2004-ին մեկնարկած է Համաշխարհային դաշինք մը՝ հիւանդներու անվտանգութեան համար։ Այս կառոյցը կ'աջակցի հիւանդանոցներուն եւ կառավարութեան ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ հիւանդներու ապահովութեան քաղաքականութեան մշակման համար։[18]

Եթէ արտերկրի մէջ բարդութիւններ ծագին, հիւանդը հոն կը մնայ նախատեսուած ժամկէտէն աւելի երկար, իսկ եթէ վերադառնայ, հարկ եղած խնամքին չ'արժանանար։[19]

Իրաւական հարցեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժշկական խնամք ստանալը հիւանդները կրնայ ենթարկել իրաւական որոշ հարցերու։[20]

Տարբեր երկիրներու մէջ դատավէճերու սահմանափակ բնոյթը կը հանդիսանայ խնամքի ցած գիներու հիմնահարցերէն մէկը։ Մինչդեռ կարգ մը երկիրներ ներկայիս կը ներկայանան իբրեւ գրաւիչ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւններ, որոնք կը տրամադրեն օրինական դեղամիջոցներ՝ հակաօրինական գործողութիւններու համար, ինչ որ կրնայ անհաճոյ թուիլ զբօսաշրջիկներուն համար։ Խնդիրներու ծագման պարագային, համապատասխան անձնական ապահովագրութիւնը հիւանդներուն փոխհատուցում չի կատարեր կամ հիւանդը փոխհատուցում չի ստանար հակաօրինական գործողութիւններու դէմ ուղղուած դատավճիռի միջոցով։ Հիւանդանոցները կամ բժիշկները կարգ մը երկիրներու մէջ չեն կրնար նիւթական վնասները հատուցել, որոնք կը սահմանուին դատարանին կողմէ։[21]

Բարոյական հարցեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժշկական զբօսաշրջութեան ընթացքին բարոյական հարցեր կրնան ծագիլ։ Օրինակ՝

  • Փոխպատուաստման համար գործարաններու անօրինական ձեռքբերումը հաստատուած է այնպիսի երկիրներու, ինչպէս՝ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։[22][23][24][25]
  • Հնդկաստանի մէջ, բժշկական զբօսաշրջութիւնը աւելի կը խորացնէ անհաւասարութեան հարցերը, որոնք արդէն իսկ գոյութիւն ունին առողջապահութեան համակարգին մէջ։[26]
  • Թայլանտի մէջ, 2008-ին հաստատուած է, որ տեղական բժիշկները այնքան տարուած են արտասահմանէն ժամանած հիւանդներով, որ բնիկ հիւանդներուն պէտք եղած ձեւով թեն խնամեր։[27] [28][29]

Գործատուի կողմէ հովանաւորուող առողջական խնամք՝ ԱՄՆ-ի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միացեալ Նահանգներու մէջ կարգ մը գործատուներ սկսած են քաջալերել բժշկական զբօսաշրջութիւնը՝ կրճատելով իրենց աշխատողին առողջական խնամքին համար տրամադրուող գումարը։ Այսպիսի առաջարկներ բուռն բանավէճերու առիթ դարձած են գործատուներու եւ աշխատողներուն ներկայացնող առեւտրային միութիւններու միջեւ. միութիւնները կը պնդեն, որ դատապարտելի է նոր ապշեցուցիչ մօտեցումը, որ կ'առաջարկէ աշխատողներուն արտասահմանի մէջ բուժում ստանալ՝ յօգուտ ընկերութեան խնայողութիւններուն։

Գործատուները իրենց պաշտօնեաներուն կ'առաջարկեն օդային ճամբորդութիւններու համար վճարուող գումարներ։ Օրինակ, Յունուար 2008-ին «Հաննաֆորտ» հանրախանութներու ցանցը, իր աշխատակիցներուն հոգացած է բժշկական ամբողջական ծախսերը՝ Սինկափուրի մէջ իրականացնելու ազդրերու եւ ծունկի փոխպատուաստում: Գումարը կը ներառէր նաեւ հիւանդին ուղեկցողին համար նախատեսուած ծախսերը։[30]

2000-ին «Քալիֆորնիոյ Պլու Շիլտը» հիմք կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու առաջին տարածաշրջանային առողջապահական նախագիծին։ «Քալիֆորնիոյ Պլու Շիլտ» կազմին մէջ գտնուող քալիֆորնիացի հիւանդները կրնային ընտրել Մեքսիքոյի մէջ գտնուող երեք հաւաստագրուած հիւանդանոցներէն մէկը։[31]

2007-ին «Հարաւային Գարոլայնայի ՊլիւՔրոսս ՊլիւՇիլտ» կազմակերպութեան դուստր ձեռնարկութիւնը կը սկսի համագործակցիլ Թայլանտի, Սինկափուրի, Թուրքիոյ, Իրլանտայի, Քոսթա Ռիքայի եւ Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն հետ։[32]

2008-ին լոյս տեսած «Ֆասթ ընկերութեան» յօդուածի մը մէջ կը քննարկուի առողջապահութեան համաշխարհայնացումը եւ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ԱՄՆ-ի առողջապահական շուկային մէջ «խաղացողներ» սկսած են ուսումնասիրել այս ոլորտը։[33]

Ափրիկէ եւ Մերձաւոր Արեւելք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2012-ին, Յորդանան «Փրայվեթ Հոսփիթըլզ Ըսոսյէյշըն»ի (Private Hospitals Association) միջոցով կը յաջողի հրապուրել 250.000 միջազգային հիւանդներ, համագործակցելով աւելի քան 500.000 ընկերութիւններու հետ:

Եկամուտը կը կազմէ աւելի քան 1 միլիառ ԱՄՆ տոլար։[34]

Յորդանան 2014-ին կը ստանայ տարուան բժշկական ճամբորդութեան մրցանակը՝ «IMTJ» բժշկական մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։

Իսրայէլը նշանաւոր ուղղութիւն է բժշկական զբօսաշրջութեան համար։[35]

2010-ին, Իսրայէլի մէջ կը բուժուէին 30.000 բժշկական զբօսաշրջիկներ, որոնց մեծ մասը Խորհրդային Միութենէն կու գային։

Ըստ կարգ մը զրոյցներու, բժշկական զբօսաշրջիկները կը ստանան արտօնեալ բուժումը՝ ի վնաս տեղի հիւանդներուն։

Իսրայէլի մէջ, շատեր կը գնեն Մեռեալ ծովուն շուրջ գտնուող առողջարանները՝ Կիներետ գետը այցելելու նպատակով։

Ամէն տարի Իրան կ'այցելէ 30.000 այցելու՝ բուժում ստանալու նպատակով։[36]

Հարաւային Ափրիկէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարաւային Ափրիկէն Ափրիկէի առաջին պետութիւնն է, որ ծանօթ է իբրեւ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւն։[37] Այստեղ կ'առաջարկեն բժշկական եւ ատամնաբուժական ծառայութիւններ։[38]

Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ գտնուող Ալպերթ Այնըշթայն հիւանդանոցը առաջին «Ճոյնթ Քըմիշն Ինթըրնեշընըլ»ի կողմէ հաւատարմագրուած կառոյցն է, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս, որմէ ետք, Պրազիլի մէջ գտնուող տասնեակ նման հիւանդանոցներ ստացած են նման հաւատարմագիրներ։[39]

Միացեալ Նահանգներու բնակիչները վիզայի կարիք ունին Պրազիլ այցելելու համար, որ հիմնուած է երկկողմանի համաձայնութեան վրայ։

Քանատան նոյնպէս կը գտնուի բժշկական զբօսաշրջութեան ոլոտրին մէջ։ Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու առողջապահական գիներուն, բժշկական զբօսաշրջիկները կրնան խնայել 30-էն 60% առողջապահական ծախսեր։

Քոսթա Ռիքայի մէջ գոյութիւն ունի «Ճոյնթ Քըմիշն»ի կողմէ հաւատարմագրուած երեք հիւանդանոց։ Երեքն ալ կը գտնուին Սեն Ժոզէի մէջ։

2000-ին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դասակարգած է համաշխարհային առողջապահական համակարգը, ուր Քոսթա Ռիքան գրաւած է 36-րդ դիրքը, ինչոր Միացեալ Նահանգներէն աւելի բարձր է։

Մինչ այժմ Քուպան չէ ստացած հաւատարմագիր մը։[40]

Միացեալ Նահանգներու բժիշկները նշած են, որ մեքսիքական օրինական համակարգը հակաօրինական գործողութիւններու համար չի դատապարտեր մեքսիքացի բժիշկները:[41]

Կարգ մը հիւանդանոցներ կ'առաջարկեն նաեւ այլընտրանքային բժշկական բուժումներ, որոնք արդիւնաւէտ չեն կամ արգիլուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։[42]

Վերջին շրջանին, Մեքսիքոյի պետութիւնը կարգ մը բուժումներ արգիլած է։

Միացեալ Նահանգներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ը ՄըքՔինսի էնտ Քօ»ն (A McKinsey and Co.) կը զեկուցէ, որ 2008-էն սկսեալ 60.000-էն 85.000 բժշկական զբօսաշրջիկներ կը ճամբորդէին Միացեալ Նահանգներ՝ մշտական բուժում ստանալու նպատակով։[43] Նոյն զեկոյցը կը փաստէ, որ 2007-ին 750.000 ամերիկացի ճամբորդած է Միացեալ Նահանգներէն այլ երկիրներ։[44]

Յառաջադէմ բժշկական միջոցներու հասանելիութիւնը եւ բժիշկներու վերապատրաստումը խթան կը հանդիսանան օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւի աճի։

Կարգ մը բժշկական մեծ կեդրոններ եւ հիւանդանոցներ միջազգային հիւանդներու համար կեդրոններ կ'առաջարկեն, որոնք կը սպասարկեն օտարերկրեայ այն հիւանդներուն, որոնք կը փափաքին բուժուիլ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։[45] Այս կազմակերպութիւններէն ոմանք կ'առաջարկեն այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք կ'աջակցին միջազգային հիւանդներուն բուժման, բնակարանային պայմաններու, նիւթական եւ երթեւեկի հարցերուն, ներառեալ՝ օդային կարմիր խաչի ծառայութիւններ։

Ասիա, Խաղաղական ովկիանոսեան տարածաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոնկ Քոնկի բոլոր 12 յատուկ հիւանդանոցները ուսումնասիրուած են եւ 2001-էն ի վեր հաւատարմագրուած՝ Միացեալ Թագաւորութեան «Թրենտ Աքրետիթէյշըն Սքիմ»ի կողմէ։[46]

Հարաւային Քորիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Քորիա Թայմզը» կը զեկուցէ, որ Քորիական հիւանդանոցները որդեգրած են սակերու խտրականութեան քաղաքականութիւն մը՝ օտարներէն գանձելով երկու կամ երեք անգամ աւելի բարձր գումարներ՝ համեմատած տեղի բնակչութեան հետ։[47]

Ան կը պնդէ, որ ըստ քորիական օրէնքին, պետութիւնը կ'անտեսէ բժշկական բարձրացող գիները օտարերկրացի հիւանդներուն համար, որոնք չեն պաշտպանուած հակաօրինական գործողութիւններէն, խտրական գիներէն եւ հիւանդին անձնական իրաւունքներու ոտնահարումէն:[48]

Միացեալ Թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային Առողջապահական Ծառայութիւնը (Անգլիա) հասարակական է, սակայն կարգ մը հիւանդանոցներ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ բժշկական զբօսաշրջութեան ուղղութիւնը որդեգրած են, յատկապէս՝ Լոնտոնը։[49] Այնուամենայնիւ, ներկայիս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ շատ քիչ հիւանդանոցներ հաւատարմագիրներ ստացած են։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Michael D. Horowitz, MD, MBA; FACS, Research Associate, Jeffrey A. Rosensweig, PhD, Associate Professor of International Business and Finance and Director, and Christopher A. Jones, DPhil, MSc, FRSM, Research Associate (2007)։ «Medical Tourism: Globalization of the Healthcare Marketplace»։ MedGenMed։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբեր 16 
  2. «Medical tourism--health care in the global economy»։ Physician Exec։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբեր 16 
  3. Gahlinger, PM. The Medical Tourism Travel Guide: Your Complete Reference to Top-Quality, Low-Cost Dental, Cosmetic, Medical Care & Surgery Overseas. Sunrise River Press, 2008
  4. Paul McFedries (2006-05-17)։ «fertility tourism»։ Word Spy։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 29–ին 
  5. Laurie Goering, "For big surgery, Delhi is dealing," The Chicago Tribune, March 28, 2008
  6. Tung Sarah (հուլիսի 16, 2010)։ «Is Taiwan Asia's Next One-Stop Plastic-Surgery Shop?»։ Time։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-23 
  7. Linda A. Johnson, "Americans look abroad to save on health care: Medical tourism could jump tenfold in next decade," The San Francisco Chronicle, August 3, 2008
  8. Lagace, Martha "The Rise of Medical Tourism" Archived 2021-04-27 at the Wayback Machine., Harvard Business School Working Knowledge, December 17, 2007. Retrieved July 1, 2008.
  9. "Medical tourism: Need surgery, will travel" CBC News Online, June 18, 2004. Retrieved September 5, 2006.
  10. Joint Commission International Accreditation & Certificationweb, Joint Commission International, արխիվացված օրիգինալից 2011-07-22-ին, https://web.archive.org/web/20110722144022/http://www.jointcommissioninternational.org/Accreditation-and-Certification-Process/, վերցված է 2011 թ․ հուլիսի 19 
  11. «Accreditation Canada History»։ արտագրուած է՝ հունիս 12, 2012 
  12. «A Journal Through the History of The Joint Commission»։ The Joint Commission։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-13-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ ապրիլ 13 
  13. "Medical Tourism Magazine", Medical Tourism Association, February 2008
  14. «Home»։ World Hospital Monitor։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ սեպտեմբեր 15–ին 
  15. «New DVT Guidelines: No Evidence to Support "Economy Class Syndrome"; Oral Contraceptives, Sitting in a Window Seat, Advanced Age, and Pregnancy Increase DVT Risk in Long-distance Travelers»։ American College of Chest Physicians։ փետրուար 7, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-01-20-ին։ արտագրուած է՝ փետրուար 10, 2012 
  16. "Caring for Your Incision After Surgery", FamilyDoctor.org, American Academy of Family Physicians, December, 2010. Retrieved July 23, 2013.
  17. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-23 
  18. «World Alliance for Patient Safety»։ Who.int։ 2010-05-05։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 29–ին 
  19. Ginger Rough (հունիս 7, 2009)։ «Globe-trotting to cut down on medical costs»։ The Arizona Republic։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ Յունուար 1 
  20. «Medical Tourism: Ethical Pitfalls of Seeking Health Care Overseas»։ Ahcpub.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-07-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  21. «Medical Protection Society | MPS UK»։ Medicalprotection.org։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  22. «IFTF's Future Now: The dark side of medical tourism»։ Future.iftf.org։ 2006-04-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-29-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 29–ին 
  23. Chopra Anuj (Փետրուարի 9, 2008)։ «Organ-transplant black market thrives in India»։ The San Francisco Chronicle 
  24. «Transplants and Ethics in San Francisco»։ The Epoch Times։ 2007-05-23։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  25. Participants in the International Summit on Transplant Tourism and Organ Trafficking convened by The Transplantation Society and International Society of Nephrology in Istanbul, Turkey, 30 April to 2 May 2008. "The Declaration of Istanbul on Organ Trafficking and Transplant Tourism." Kidney International 74, no. 7 (2008): 854-59.
  26. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-07-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-23 
  27. «Medical Tourism Creates Thai Doctor Shortage»։ NPR։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  28. USA (2011-10-03)։ «Lindvall O, Hyun I. Medical innovation versus stem cell tourism. Science. 2009 Jun 26;324(5935):1664-5»։ Ncbi.nlm.nih.gov։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 29–ին 
  29. «ISSCR Guidelines for the Clinical Translation of Stem Cells. 2008»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-23 
  30. McGinley, Laurie, "Health Matters: The next wave of medical tourists might include you", Wall Street Journal, February 16, 2008. Retrieved March 13, 2008.
  31. Perry, Laura. "New Releases." Blue Shield of California. N.p., 7 June 2000. Web. 15 Nov. 2009. <https://www.blueshieldca.com/bsc/newsroom/pr/United_Behavioral_Health.jhtml>
  32. Bruce Einhorn, "Outsourcing the Patients", BusinessWeek, March 13, 2008
  33. Greg Lindsay,"Medical Leave" Fast Company, May 2008. Retrieved October 15, 2008.
  34. «IMTJ MEDICAL TRAVEL AWARDS 2014»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-25-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ ապրիլ 25 
  35. Health Ministry to probe Israel medical tourism industry following Haaretz exposé, Haaretz, Nov. 18, 2010
  36. «Fars News Agency :: Ahmadinejad Stresses Iran's Growing Medical Tourism Industry»։ English.farsnews.com։ 2012-01-17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-07-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ փետրուար 5 
  37. «: Medical tourism in SA»։ Mediaclubsouthafrica.com։ 2009-08-06։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  38. «Dental Tourism South Africa Medical Facilities»։ Dentalsafaris.com։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  39. «Why opt for the Albert Einstein Jewish Hospital»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-23 
  40. «(JCI) Accredited Organizations»։ Joint Commission International։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հոկտեմբեր 29–ին 
  41. Manuel Roig-Franzia, Discount Dentistry, South of The Border, Washingtonpost.com, June 18, 2007. Retrieved October 15, 2008.
  42. «U.S. Hospitals Worth The Trip»։ Forbes (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-10-30 
  43. Allison Van Dusen (մայիս 29, 2008)։ «U.S. Hospitals Worth The Trip»։ Forbes։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբեր 17–ին։ «It narrowly defined medical travelers as only those whose primary and explicit purpose in traveling was to obtain in-patient medical treatment in a foreign country, putting the total number of travelers at 60,000 to 85,000 per year.» 
  44. Fred Hansen, A revolution in health care Archived 2014-07-12 at the Wayback Machine., Institute of Public Affairs review article (January 2008).
  45. International Medical Services Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine., Stanford Hospital & Clinics
  46. Trent Accreditation Scheme Newsletter Archived 2008-02-27 at the Wayback Machine., Iss. 6, 2001
  47. «Korea Times, Major Hospitals Overcharge Foreigners»։ Koreatimes.co.kr։ 2010-02-15։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ Հոկտեմբեր 29–ին 
  48. «Korea Overlooks Soaring Medical Fees on Foreigners»։ Koreatimes.co.kr։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ Հոկտեմբեր 29–ին 
  49. The forgotten medical tourism destination