Jump to content

Պոլիվիա

Պոլիվիա, Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնին գտնուող պետութիւն։

Մակերեստը լեռնային է։ Տարածքը կը կազմէ կեդրոնական Անդերի լեռնաճիւղերը եւ անոնց միջեւ գտնուող Պունա սարահարթը։ Յարթավայրերը կը գտնուին հիւսիս արեւելքին, աստիճանաբար իջած են դէպի Ամազոնի Դաշտավայրէն։

Բնական Պաշարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կան անագի, նավթի, գազի, պղնձի, ցինկի, կապարի, արծաթի հանքավայրեր։

Կլիման արեւադարձային է։

Գետերը՝ Բենին, Մամորեն եւ Գուապորեն, որոնք արագահոս են, ջրառատ։ Միախառնուելով կ՛անցնին Մարդեյրա Գետէն։ Խոշոր լիճերն են Պոպոն եւ Տիտիկակայի արեւելեան մասը։

Հնդկական ցեղերը հին ժամանակներէ ի վեր կը բնակին Պոլիվիայի մէջ։ Գրեթէ 300 տարի Պոլիվիան, Սպանիայի  գաղութն էր՝ Վերին Պերու անունով։ Ամերիկայի Սպանական գաղութներու անկախութեան պատերազմի ընթացքին Սիմոն Պոլիվարի զորքերը ազատեցին երկիրը (1825 թուականին) այս պատճառաւ երկիրը անուանեցին Պոլիվիայի Հանրապետութիւն։ Բնակչութեան %60-ը հնդիկ է՝ կեչուաներ, այմարաներ եւ այլք։

Տնտեսութեան հիմքը հանգարդիւնաբերութիւն է, գլխաւորապէս՝ անագի, նավթի, ծարիրի, կապարի եւ ցինկի արդիւնահանումը։ Կան սննդի եւ մալածագործութեան արդիւնաբերութեան ձեռնարկութուններ։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսական գլխաւոր մշակաբոյսերն են սուրճ, եգիպտացորեն, շաքարի ճակնդեղ, ծխախոտ, կակաոն եւ այլն։ Անասնապահութեամբ կը զբաղին։

Երկիրը պահպանած է հնդիկներու մշակոյթի որոշ աւանդութիւնները։ Ազգային մշակոյթի ամենաորոշ երեւոյթը դիմակահանդէսներն են, որ Փետրուար-Մարտ ամիսներուն կը կազմակերպուին  խոշոր քաղաքներուն։ Դիմակահանդէսների օրերուն ներկայացումներ (դիաբլադոս) տեղի կ՚ունենան, որոնց հիմքը բարի եւ չարի պայքարն է։