Մասնակից:Werldwayd/News
Werldwayd Ուիքիփետիայի խմբագիր է։ Այս խմբագիրը արեւմտահայերէն կը խօսի իբր մայրենի լեզու։ Աշխատակցած է հայ Վիքիպեդիային 5 Փետրուար 2010-էն ի վեր: Հիմնած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Incubator-ը Յունուար 2018-ին եւ որ իբր հիմ ծառայեց Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման 1 Ապրիլ 2019-ին։
Կապ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կապ պահելու համար այս խմբագրի (werldwayd-ի) հետ
werldwayd [at] yahoo.com
Ստեղծած յօդուածներ=
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լուռեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ յաճախ կ՜աւելցնեմ նոր լուռեր "Ամսուան Իրադարձութիւնները" մասին մէջ։
Իմ շարադրած լուռերս Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ
Հոկտեմբեր 2019
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 Սեպտեմբերին Սանթա Մոնիքայի մէջ մահացաւ սփիւռքահայ էսդրատային երգերու միջազգային ռահվիրա եւ հայ փոփ երգերու մեկնաբան լիբանանահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանը յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Հրապարակած էր 30-է աւելի ալպոմներ եւ ծանօթ էր 400-է աւելի երգերով։
- Սեպտեմբերին Հայ-ֆրանսական համատեղ հնագիտական պեղումներ կատարող խումբ մը գտած է հիմերը Ուրարտական շրջանի պատկանող տաճարի մը Երեւանի մօտ գտնուող Էրեբունի Ամրոցին մէջ։ Այս երրորդ տաճարն է համալիրին մէջ նախապէս յայտնի Խալթի եւ Իյուպսա տաճարներու կողքին եւ մեծ ներդրում մը կը համարուի Հայաստանի եւ ընդհանուր Հին Միջին Արեւելքի պատմութեան վրայ։
- Լոս Անճելըսի Թուճունկա շրջանին մէջ 19 Հոկտեմբեր 2019-ին բացումը կատարուեցաւ Ուիլիամ Սարոյեան Հրապարակին ի յիշատակ ամերիկահայ նշանաւոր վիպագրին, թատերագրին եւ կարճ պատմուածքներու հեղինակին։
Նոյեմբեր 2019
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, ամերիկեան «Տելթա Ֆորս»-ի Սուրիոյ Իտլիպի շրջանին մէջ կատարած Պարիշայի յարձակումին ժամանակ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման՝ Իսլամական պետութեան առաջնորդ եւ ինքնակոչ խալիֆայ Ապու Պաքր Ալ Պաղտատին անձնասպան եղած է նախքան ձերբակալուիլը ամերիկեան ներխուժող ուժերուն կողմէ։ Յարձակումին հետեւանքով 9 մեռեալ արձանագրուած է, անոնց մէջ ըլլալով Պաղտատիի կիներն ու զաւակները։
- Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր հայազգի Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութեամբ Թուրքիոյ 2020 պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ժամանակ: «Նախքան 1915 թուականը այս հողերու վրայ հայեր կը բնակէին եւ այս երկրի իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր, իսկ եթէ հիմա հաւաքուինք մէկ մարզադաշտ իսկ կարող չենք լեցնել: Տեղի ունեցաւ մեծ աղէտ, որը, դժբախտաբար, 104 տարիէ ի վեր կը ժխտենք ուրացման քաղաքականութեամբ, կը մերժենք խօսիլ այդ մասին: Եթէ այս աշխարհի մէջ կայ խորհրդարան մը, ուրտեղ այս մասին պէտք է խօսուի, Թուրքիոյի Ազգային Մեծ Ժողովն է, որովհետեւ մենք ալ այս հողերու զաւակներն ենք», յայտարարեց Փայլանը:
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տունը (Ամերիկայի Գոնկրէսը) 29 Հոկտեմբերին վաւերացուց բանաձեւ մը ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը 405 դեր, 11 դէմ ու 3 ձեռնպահ քուէարկութեամբ։
- Հոկտեմբեր 2019-ին «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն»ը մեծ հանդիսութեամբ տօնեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Ընկերակցութիւնը կը գործէ 24 երկիրներու սփիւռքահայ օճախներու մէջ ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ մաս կազմելով 1846-ին հիմնուած Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն։
- Հայաստանի Ակնալիճ բնակավայրին մէջ բացումը կատարուեցաւ Quba Mere Diwane տաճարին, դառնալով աշխարհի ամենամեծ եզիտի կրօնական տաճարը։ Եօթ գմբէթաւոր տաճարը կ՜ընգգրկէ եզիտի գլխաւոր աղօթատեղին, եզիտի կրօնական սեմինար մը եւ եզիտի պատմութեան նուիրուած թանգարան մը։ Հայաստանի մէջ կ՜ապրին մօտ 35,000 եզիտիներ։
- 11 նոյեմբեր 2019-ի Սուրիոյ մէջ սպաննուեցաւ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Աբրահամ Պետոյեանը: Սպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Իսլամական Պետութիւն (Տահեշ) ահաբեկչական խմբաւորումը: Երկուքը ինքնաշարժով կ՜ուղուէին քննելու Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակը երբ ահաբեկիչներ կրակ բացած են անոնց ինքնաշարժին ուղղութեամբ:
- 2 նոյեմբեր 2019-ին ԱՄՆ-ի մէջ 102 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց հայ բանաստեղծ, քարոզիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս․ Յակոբեան։ Հեղինակն էր 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Ծնած էր Երուսաղէմ 1917-ին եւ մասնագիտացած դեղագործութեամբ։ Ապրած է Եգիպտոս, Լիբանան եւ 1967-էն սկսեալ ԱՄՆ-ի Փասատինա քաղաքին մէջ։
- Նիքոլա Ազնաւուրը՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստատագէտ Շարլ Ազնաւուրի զաւակը յայտարարեց որ Ազնաւուր Հիմնարկը Երեւանի մեջ պիտի հիմնէ Ազնաւուր Կեդրոնը նուիրուած Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան։
- Ուրուկուէյի զբօսաշրջիկութեան նախարար հայազգի Լիլիան ՔԷշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ։ «Ձախակողմեան Լայն Ճակատ» կուսակցութեան անդամ 67-ամեայ ՔԷշիշեանը առաջին Ուրուկուահայն է որ Ծերակուտական ընտրուած է երկրին օրէնսդիր իշխանութեան վերին պալատին մէջ։
Դեկեմբեր 2019
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ մեծ երաժիշտ, մանկավարժ եւ խմբավար Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Կոմիտասի նուիրուած յուշարձանի մը որուն հեղինակն է պոլսահայ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան։ Իր կեանքի որոշ շրջանին Կոմիտաս գործած էր Պոլսոյ մէջ, ուր նաեւ ստեղծած էր «Գուսան» յանրայայտ երգչախումբը։
- Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է աշխարհահռչակ աստղագէտ, «Քորնել» համալսարանի պատուոյ դասախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ եւ Հայ աստղագիտական ընկերութեան համանախագահ Երուանդ Թէրզեան։
- Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900) «Փոթորիկ» գործը Բրակի մէջ աճուրդում վաճառուեցաւ մօտ 705 հազար տոլարով: 1889 թուականով թուագրուած այդ նկարի գնորդը ռուս հաւաքող մըն է:
- Նոյեմբեր 25-ին վախճանած է խորհրդային ամենայայտնի հետախոյզներէն՝ Գէորգ Վարդանեանի այրին՝ Գոհար Վարդանեանը: Նա 93 տարեկան էր: Գոհարը միացած էր իր ամուսնոյն հետ հակաֆաշիստական խումբի մը Թեհրանի մէջ: Հոն երկուքը խափանած էին Ստալինի, Ռուզուելթի եւ Չըրչիլի դէմ գերմանական հետախուզական ծառայութեան նախապատրաստած մահափորձը:
- Հակա-dopping-ի Միջազգային Կազմակերպությունը` WADA-ն, 4 տարիով զրկեց Ռուսիան միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելէն կամ հիւրընկալելէն։ Ռուսիա նաեւ բացակայ պիտի մնայ 2020-ի Ողիմպիական Ամառնային եւ 2022-ի Ողիմպիական Ձմեռնային խաղերէն: Ռուս մարզիկներ կրնան մասնակցիլ անկախ կերպով, սակայն առանց Ռուսիոյ դրօշակին տակ ներկայանալէ։ Նման խիստ պատժամիջոցներու պատճառը Մոսկուայի տարրալուծարանին մէջ յայտնաբերուած խարդախութիւններն են, ծածկելու ռուս մարզիկներու dopping-ի դրական արդիւնքները։
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը (Ամերիկայի Սենաթը) 12 Դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը ճանչնալով 1915-էն 1923 պատահածը որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցչական Տունը (Ամերիկայի Գոնկրէսը) այս տարուայ 29 Հոկտեմբերին արդէն վաւերացուց էր նմանօրւնակ բանաձեւ մը 405 դեր, 11 դէմ ու 3 ձեռնպահ քուէարկութեամբ։
- Դեկտեմբեր 11-ին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը ընտրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նոր Պատրիարք ստանալով 119 կարելի քուէներէ 102-ը: Յուլիս 2019-ին, Սահակ եպիսկոպոսը, որպէս Պատրիարքական տեղապահ ընտրուած էր Պատրիարք Տէր Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի մահուամբ Նուիրապետական Աթոռի թափուր մնալու պատճառով։
Յունուար 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակը 1990 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի տարեսկիզբը աստիճանաբար նուազած է կազմելով մտահոքիչ երեւոյթ: Եթէ 1992 թուականի տարեսկիզբին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը կազմած էր 3,633,300, ապա արդէն 2016 թուականէն սկսեալ թիւը 3 միլիոնի շեմէն վար իջած է արդէն հասնելով 2,998,600 մարդու:
- Հայաստանի «Հիւսիս-Հարաւ» շինարարական ծրագրի մեկնարկէն 6 տարի անց ճանապարհի միայն մէկ հատուածը պատրաստ է՝ բաժին թիւ մէկը: Անոր երկարութիւնը 31 քիլոմեթր է: Վերջին 6 տարին աւելի քան 550 քիլոմեթր ճանապարհէն միայն այդ հատուածը շահագործման յանձնուած է: Այս ժամանակահատուածին պէտք է աւարտած ըլլար ամբողջ ճանապարհի շինարարութիւնը:
- Իրանահայ երգիչ Էնտի Մատատեանը իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին:
- 21 Յունուար 2020-ին Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց իր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմը կ՜ընդգրկէ հայազգի Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը որ պիտի ծառայէ որպէս Լիբանանի Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան Նախարար:
Փետրուար 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամսուան Յօդուածին վրայ աւելցնելով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու լայն զանգուած մը կը հաստատուի այստեղ եւ Պէյրութ կը դառնայ Սփիւռքի ամենակարեւոր կեդրոնը։ Պէյրութի մէջ կը բնակէր շուրջ 180 հազար հայ (1973), յատկապէս՝ արհեստաւորներ, բանուորներ եւ փոքր առեւտրականներ, կան մեծ առեւտրականներ, ձեռնարկատէր արդիւնաբերողներ, մեծ թիւով մտաւորականներ (գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, ճարտարապետներ, եւյլն.)։ Պէյրութի առաջին հայկական եկեղեցին՝ Ս․ Նշանը, սկսած է գործել 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն, իսկ առաջին հայկական դպրոցը՝ 1902-ին։ 1973-ին Պէյրութի մէջ կը գործէին 50-էն աւելի վեցամեայ, թերի միջնակարգ եւ միջնակարգ հայկական դպրոցներ: Բարձրագոյնի մակարդակի ուսումնական հաստատութիւն՝ Հայկազեան Համալսարանը, ուր հայերէն բացի կրթութիւն կը ստանան արաբ եւ այլազգի երիտասարդներ։ Հայագիտական ամպիոն ունի Հայկազեան համալսարանը։ Պէյրութի առաջին հայերէն թերթի հրապարակումէն (1921) մինչեւ 1973 լոյս տեսած է շուրջ 150 անուն պարբերական։ Այժմ կը հրատարակուի աւելի քան 20 անուն պարբերական։ Կը գործեն 100-էն աւելի հայկական մշակութային, երիտասարդական-մարզական, բարեգործական, հայրենակցական միութիւններ, քաղաքական, կրօնական, կրթական եւ այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ թատերախումբեր։ Պէյրութի մէջ եղած են Ս. Նշան եկեղեցին (1851-էն), անոր կից հոգետուն, առաջնորդարան, դպրոց եւ գերեզմանատուն։ Կաթողիկէ համայնքը Պէյրութի մէջ ունեցած է Ս. Եղիա եկեղեցին (1890-էն), Ս. Յայտնութեան մատուռը եւ այլ գերեզմանատուն մը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը քանդէ Պէյրութը։ Բնականաբար կը տուժէ նաեւ տեղի հայ գաղութը երբ մեծ թիւով պէյրութահայեր կը փոխադրուին ԱՄՆ, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ։
- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երուսաղէմի մէջ մասնակցած է Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած միջազգային համաժողովին։ Սարգսեան Իսրայէլի խորհրդարան Քնեսեթին առջեւ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին հերթին բարոյական պատասխանատւութիւն է եւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերու յիշատակին, միաժամանակ կարեւոր ներդրում է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերուն մէջ»,- շեշտած է Հայաստանի նախագահը: Նշելով, որ պատմութեան շատ էջեր ողբերգական են հայ եւ հրեայ ժողովուրդի համար` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ պէտք է համատեղել ջանքերը, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք չըլլան եւ երբեւէ չկրկնուին:
- Յունահռոմէական հայազգի ըմբշամարտիկներ Արթուր Ալեքսանեան եւ Գէորք Ղարիպեան Հռոմի մէջ կայացած Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն ընթացքին շահած են ոսկի մետալներ դառնալով Եւրոպայի ախոյեաններ:
- Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպական աշխատանքի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 Փետրուարէն 3 Մարտ, Անթիլիաս, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը:
- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագրով, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար – պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ Կարէն Աբրահամեանի փոխարէն որ ազատուած է բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:
- Սուրիոյ խորհրդարանը Փետրուար 13-ին միաձայն քուէարկութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող եւ դատապարտող բանաձեւ մը: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր երեսփոխան Նորա Արիսեանը նշած էր իր ելոյթին մէջ որ աւելի քան 30 երկիրներու խորհրդարաններ արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնական բանաձեւերով։
Մարտ 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիի թանգարանին մէջ պահուող սուրերէն մէկը յայտարարուեցաւ աշխարհի ամենահին թուրերէն: Հազուագիւտ սուրը մինչեւ հիմա թիւրիմացաբար կը համարուէր միջնադարեան ժամանակներէն եկած, բալց յետագայ վերլուծումներէն ետք կը նկատուի ունենալու մօտ 5000 տարուայ ծագում: Թուրը՝ պատրաստուած արսէնային պրոնզով կրնայ ըլլար մարտական գործողութիւններու գործածուող առարկայ: Այս տեսակի թուր յայտնաբերուած ըլլալու է Արեւելեան Անատոլիոյ շրջանին մէջ՝ Եփրատի եւ Սեւ Ծովի հարաւային ափերու միջեւ: Վենետիկ բերուած է 19-րդ դարի երկրորդ կէսին Տրապիզոնէն Օսմանեան կայրութեան օրերուն։
- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 31 Մարտ 2020-ին: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի կայանայ 5 Ապրիլ 2020-ին:
- 27 Փետրուար 2020-ին Մոսկուայի մէջ մահացաւ Ռօլան (Մարտիրոսեան) Մարտիրոսովը՝ Սուխոյ խորհրդային օդանաւերու գլխաւոր մշակող եւ շինարարներէն եւ ՍՈՒ-34 ճակատային կործանիչ ռմբակոծիչի ստեղծման յեղինակը։ Ծնուած էր 1935-ին Արցախի Չարդախլու գիւղին մէջ: Աշխատած էր օդանաւերու նախագծերու բաժնին մէջ Պաւել Օսիպովիչ Սուխոյի անմիջական ղեկավարութեան տակ եւ հսկայական ներդրում ունեցած Խորհրդային Միութեան պատերազմական օդուժին։
- Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկու հայազգի թեկնածուներ ընտրուած են։ Առաջինը Ռոբերտ Բեգլարեանն է որ անցնող Խորհրդարանին մէջ անդամ էր եւ վերընտրուեցաւ, իսկ երկրորդը նորընտիր ներկայացուցիչ Արա Շահվերդեանն է։ Երկուքն ալ առաջադրուած էին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ։
- Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը COVID-19 «Քորոնա» ժահրը յայտարարած է իբր համաշխարհային համաճարակ: Հայաստանի կառավարութիւնը արտակարգ նիստով որոշեց նախագիծ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարել 16 Մարտէն 14 Ապրիլ։ Ժահրի կանխարգիլման համար որոշում առնուած է դադրեցնել Հայաստան-Իրան ցամաքային հաղորդակցութիւնը։
- Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է COVID-19 «Քորոնա» ժահրախտի տարածման պատճառով եւ յետաձգուած է 5 Ապրիլ 2020-ի որոշուած Սահմանադրական Հանրաքուէն։
- Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած՝ Հայաստանի Յեղափոխութեան մասին «Ես Մենակ Չեմ» (I Am Not Alone) վաւերագրական շարժապատկերը պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Շարժապատկերի բեմադրիչն է Կարին Յովհաննիսեանը։
- Աթենա Մանուկեանը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Եւրատեսիլի Երգի Մրցոյթին «Chains On You» երգով։ Եւրատեսիլի 64-րդ մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Ռոթերտամի մէջ 16 Մայիս 2020-ին։
- Եւրատեսիլի Երգի 64-րդ Մրցոյթը որ տեղի պիտի ունենար Ռոթերտամի մէջ 16 Մայիս 2020-ին ջնջուած է «Քորոնա» ժահրի վտանգի պատճառով։ Աթենա Մանուկեանը Հայաստանը պիտի ներկայացնէր Եւրատեսիլի Մրցոյթին «Chains On You» երգով։
- Մարտ 2020-ին Օքսֆորտի Համալսարանի մէջ հիմնուեցաւ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Օքսֆորտի Ցանցը (Oxford Network of Armenian Genocide Research - ONAGR)։ Հիմնադիրներն են Մերյեմ Սուզան Ռօզիթա Գալայճին եւ Թէօ Մարդեն վան Լինդը։
- Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մեկնարկեց «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն հրաւիրելով աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին Սփիւռքի զարգացած ներուժի ներգրաւման եւ մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացման: Ծրագրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մագիստրոսի կամ աւելի բարձր գիտական աստիճան: Մասնակիցներուն պիտի տրամադրուի օդանաւի տոմս եւ 336 հազար դրամ գումար կեցութեան ծախսերը հոգալու համար: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի եւ պիտի մեկնարկէ Յուլիս 1-էն։
- Արցախի Հանրապետութեան Մարտ 31-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն կը մասնակցին 14 թեկնածուներ՝ Վիթալի Բալասանեան («Արդարութիւն» կուսակցութիւն), Ռուսլան Իսրայէլեան («Անկախութեան Սերունդ» կուսակցութիւն), Դաւիթ Պապայեան (Արցախի Պահպանողական Կուսակցութիւն), Դաւիթ Իշխանեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), Աշոտ Ղուլեան (Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն), Հայկ Խանումեան («Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութիւն), Արայիկ Յարութիւնեան («Ազատ Հայրենիք - «Քաղաքացիական Միացեալ Դաշինք- ՔՄԴ» ընտրական դաշինք), Վահան Պատասեան («Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն), ինչպէս նաեւ անկախ առաջադրուած թեկնածուներ՝ Մասիս Մայիլեան, Սերկէյ Ամիրեան, Քրիսթին Պալայեան, Պելա Լալայեան, Մելսիկ Պօղոսեան եւ Աշոտ Տատայեան։
- Ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ Բաթրիք Տէվէճեան մահացած է Մարտի 28-ին։ 1944-ին ծնած քաղաքական գործիչը 1983էն 2002 քաղաքապետ էր Փարիզի արուարձան Անթոնիի մէջ, ապա Ֆրանսայի Խորհրդարանի անդամ UMP կուսակցութենէն։ Նշանակուած էր նախարար 2008–էն 2010-ին։ Նա մեծ ներդրում ունեցած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին մէջ։
Ապրիլ 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արցախի Հանրապետութեան Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արայիկ Յարութիւնեանը ստացած է քուէներու 49 տոկոսը, իսկ Մասիս Մայիլեանը 26 տոկոսը: Երրորդ տեղ գրաւած է Վիթալի Բալասանեանը մօտ 15 առ հարիւր տոկոսով։ Պէտք է Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլ անցկացուի Յարութիւնեանի եւ Մայիլեանի միջեւ որոշելու երկրի նախագահը: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւած են 5 քաղաքական ուժեր։ Ամէնէն մեծը Յարութիւնեանի «Ազատ Հայրենիք - «Քաղաքացիական Միացեալ Դաշինք- ՔՄԴ» ընտրական դաշինքն է, իսկ երկրորդ հանդիսացած է «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւնը: Բալասանեանի «Արցախի Արդարութիւն Կուսակցութիւն»ը երրորդ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չորրորդ եւ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն»ը հինգերորդ հանդիսացած են։ Ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 73 առ հարիւր տոկոսը։
- 14 Ապրիլ 2020-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին, Արայիկ Յարութիւնեանը ստանալով քուէներու 87 առ հարիւր տոկոսը ընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ։ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլին Յարութիւնեանը ստացած էր քուէներու 49 տոկոսը, իսկ Մասիս Մայիլեանը 26 տոկոսը: Երրորդ տեղ գրաւած էր Վիթալի Բալասանեանը մօտ 15 առ հարիւր տոկոսով։
- 13 Ապրիլ 2020-ին Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի խորհուրդի որոշումով քաղաքապետ նշանակուեցաւ Վրէժ Աղաճանեանը։ Ան կը փոխարինէ այդ հայահոծ ամերիկեան քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեանին։
- Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ բոլոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու բարեխօսական կարգը: Արարողութիւնները եղան դռնփակ COVID-19 «Պսակաձեւ ժահր»ի արտակարգ դրութեան ներքոյ։ Նոյն օրը, ժամը 12-ին, հնչեցին բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
- Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը սկսած է «Ցաւի Գոյնը» խորագիրը կրող առցանց նախագիծ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյին պատկանող հայ նկարիչներու շարք մը աշխատանքներ ներկայացնելով` նուիրուած Ցեղասպանութեան:
Մայիս 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ-թրքական սահմանին վրայ` Շիրակի մարզի Նորշէն բնակավայրի մէջ, Ապրիլ 24-ին 21 մեթր բարձրութեան վրայ վեր խոյացած է Հայաստանի հսկայ Եռագոյն դրօշակ մը 10 մեթր երկարութեամբ եւ 5 մեթր լայնքով։ Իր մօտը նաեւ կանգնեցուած է խաչքար մը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Դրօշի հորիզոնին կը տեսնուի պատմական Անի մայրաքաղաքը։
- Երկրորդ անգամ ըլլալով, Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ ըմբոստ հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2020 թուականի Ապրիլի 24-ին: 2019-ի ապրիլի 19-ին, Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը հանդէս եկած էր նմանօրինակ ճանաչումով:
- Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով Մարտ 16-էն յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է եւս 30 օրով` մինչեւ Յունիս 13, 2020-ը:
- Հայաստանի ամենատարեց բնակիչը՝ Սիրուշ Սմբատ Մարգարեանը 3 Մայիս 2020-ին դարձաւ 115 տարեկան։ Ան կ՜ապրի Հայաստանի Գլաձոր համայնքին մէջ։
- Հրդեհի հետեւանքով ոչնչացած է Ազգային Գրադարանի թուային արխիւը։ Գրադարանը ունի կրկնօրինակներ, սակայն ընթերցողները որոշ ժամանակի համար պիտի չկարենան օգտուիլ։
Յունիս 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանին: Թեհլիրեանի կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է։
- Յովհաննէս Այվազովսքիի նկարը «Նափոլիի ծոցը» անունով (գծագրուած 1878-ին) Sotheby's-ի աճուրդին ծախուեցաւ 2,9 միլիոն տոլարի: Այվազովսքիի մէկ այլ նկար մը «Անցող նաւը լուսնային լուսնի գիշերը» (գծագրուած 1868-ին) վաճառուեցաւ 435 հազար տոլարի։
- Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 Յունիսին․ այդ դադրեցաւ նախորդ 13 Մարտին: Իսկ վերսկսելու պարագային, հանդիսատեսներուն մարզադաշտ մուտքը արգիլուած է: Գերմանիոյ Պունտեսլիկան արդէն վերսկսած էր Մայիս 15-ին:
- Յունիս 18-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակուեցաւ երկու միլիառ հայկական դրամ գրաւի փոխարէն։
- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննարկումը կը շարունակուի։ Ծառուկեան ըսաւ որ ինք կը մերժէ իրեն դէմ ուղղուած մեղադրանքը:
- Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուին ցոյցերը բողոքելու Մինիսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ պատահած դէպքին ուր Ճորճ Ֆլոյտ մահացաւ 25 Մայիս 2020-ին քաղաքի ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալման պահին։
Յուլիս 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունիս 24-ին, ստորագրեց Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին: Այս օրէնքին ընդունումէն ետք նախագահ Սարգսեան այլեւս լիազօրութիւն չ’ունի ստորագրելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը, որուն հրապարակումէն ետք կը դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի 3 անդամներու պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ անդամ:
- «Օսմանեան սուլթանութեան ցեղասպանութեան զոհերու քրիստոնէական միասնական յուշահամալիր» հիմնադրուած է Պերլինի մէջ, հայերու, յոյներու եւ արամէալեզու քրիստոնեաներու նուիրուած Պերլինի Շառլոթնպուրգ թաղամասի աւետարանական պանթէոնի մէջ։
- Հայազգի ֆրանսացի քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան 39 տարեկան Ժաննա Բարսեղեանը ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի քաղաքապետ: Ան ընտրութիւններուն ստացած էր ընտրողներու 42,5% քուէն: Ան կը գլխաւորէ ֆրանսական «Էքոլոկիա՝ կանաչներու կուսակցութեան» ցուցակը։
Նոյեմբեր 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն: Վարչապետը ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի և բանակի բարձրագոյն սպայակազմի հետ անցուցած է խորհրդակցութիւններ: Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանը հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցում տուած է առաջնագծի իրավիճակի, հակառակորդի կողմի սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն արժանի հակահարուած հասցնելու հարցով։
- ԱՄՆ-ի ամբողջ տարածքին Նոյեմբեր 3-ին տեղի կունենան նախագահական ընտրութիւններ։ Գլխաւոր թեկնածուներն են Հանրապետական Կուսակցութեան թեկնածու եւ ներկայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտընը։
- Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց թրքական ծայրահեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը ֆրանսական հողերու վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Լիոնի մէջ կառուցուած յուշահամալիրի պղծումէն ետք ուր դեղին ներկով թրքամէտ գրութիւններ էին կատարուած էին, մասնաւորաբար` «Գորշ գայլեր» եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անուան առաջին տառերը՝ RTE վերարտադրուած յուշահամալիրի վրայ։