Հոլոքոսթ

Յուշարձան Հելմնոյի մէջ

Հոլոքոսթ (The Holocaust - Ողջակիզում, յուն.՝ ὁλόκαυστον), մօտ 6 միլիոն Եւրոպայի հրեաներու, նաեւ միլիոնաւոր գնչուներու, լեհերու, սովետական քաղաքացիներու, այլախոհներու, աղանդաւորներու, միասեռականներու ծրագրաւորուած կոտորածները Նացիստական Գերմանիայի կողմից Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքում։[1]

Ֆաշիստական Գերմանիան ցեղասպանական պետութիւն էր։ Պետական դիւանակալութեան բոլոր միջոցները ուղղուած էին կոտորածներ եւ ջարդեր իրականացնելուն։ Խաղաղ բնակչութիւնը կ'ահաբեկուէր՝ ըստ ազգային պատկանելիութեան, հրեաներուն եւ միւս անցանկալի բնակչութիւնը կ'ենթարկէին հետապնդումներու, կը բռնագրաւէին ունեցածը, կը բռնագաղթեցնէին դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ, անոնց վրայ կը փորձարկէին նոր դեղորայք եւ այլն։ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած հայերու ցեղասպանութեան հետ միասին, անիկա կը համարուի 20-րդ դարու ցեղասպանութեան ամէնէն յայտնի օրինակներէն մէկը։

Ատոլֆ Հիթլըր իր հակամարդկային ծրագիրը կ'արդարացնէր «Ո՞վ կը յիշէ հայերու ջարդերու մասին» արտայայտութեամբ։

Հրեաներու Դրութիւնը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեթթօ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոյքոթ հրէական խանութներէն մէկուն մէջ

Երբ սկսաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը, նացիստները գրաւեցին հրեաներու ստուար զբաղեցուցած տարածքներ, ինչպիսիք են Լեհաստանը, Պալթեան Երկիրները, Ուքրանիան, Պելառուսը։ Մեծ քաղաքներուն մէջ (աւելի հազուադէպ ոչ մեծ քաղաքներուն մէջ) կը կառուցուէին հրէական կեթթօներ, ուր քաղաքներէն եւ արուարձաններէն կ'արտաքսուէր հրէական ամբողջ հասարակութիւնը։

Մեծագոյն կեթթօ ստեղծուած է Վարշաւայի մէջ. անիկա կը ներառէր 480 հզ. մարդ։ ԽՍՀՄ-ի տարածքի մեծագոյն կեթթօներ էին Լվովի կեթթօն (409 հզ. մարդ, գոյութիւն ունեցած է 1941-ի Մարտէն մինչեւ 1943-ի Յունիսը) եւ Մինսքի կեթթօն (մօտ 100 մարդ, լուծարուած է 21 Հոկտեմբեր 1943-ին)։ Մինչեւ հրեաներու զանգուածային բնաջնջման մասին որոշումը ընդունելը՝ գերմանացիները կը կիրառէին «հրէական հարցի լուծման» հետեւեալ գաղափարը. եւրոպական բնակչութեան կեդրոնացում քաղաքներու մեծ շրջաններուն՝ կեթթօներուն մէջ, ոչ հրեայ բնակչութեան անջատում հրէականէն՝ զատում, հրեաներու լիակատար անջատում հասարակական կեանքէն, գոյքի բռնագրաւում, տնտեսական կեանքի բոլոր բնագաւառներէն հրեաներու անջատում, ծանր ֆիզիքական աշխատանքը դարձնել հրեաներու միակ գոյատեւման միջոց։

Խմբակային Գնդակահարումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպայի սպանուած հրեաներուն նուիրուած յուշարձան Պերլին, Գերմանիա

ԽՍՀՄ-ի մէջ բնակող եւրոպացիները, որպէս կանոն, կ'ոչնչացուէին իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ (գերմ.՝ Einsatzgruppen)։ Օտեսայի գրաւած շրջաններու հրեաներու ոչնչացմամբ կը զբաղէր ռումանական բանակը։ Պալթեան երկիրներու, Ուքրանիաոյ, Պելառուսի ամբողջ տարածքով մէկ գրեթէ իւրաքանչիւր ոչ մեծ քաղաքի, գիւղի կից կը գտնուէին, այսպէս կոչված, «փոսերը»՝ բնական հեղեղատները, ուր կը վտարէին եւ կը գնդակահարէին տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները։ Արդէն 1941-ի Յունիսի վերջին Քաունաս-ի գերմանացիներուն եւ իրենց լաթվիացի մեղսակիցներու ձեռքով սպաննուեցան հազարաւոր հրեաներ. Վիլնիւսի 60 հազար հրեաներէ 45 հազարը մահացաւ Պոնարայի զանգուածային գնդակահարումներու ընթացքին, որ տեւեց մինչեւ 1941-ի վերջը։

Սպանութիւններու ալիքը տարածուեցաւ ամբողջ Լաթվիոյ մէջ։ 1942-ին հրէական համայնքներու մնացորդներ կային միայն Քանուաս, Վիլնիւս, Շիաուլիայ եւ Շվեհչիս քաղաքներուն մէջ։ Լաթվիոյ մէջ մի քանի շաբաթուան ընթացքին ոչնչացաւ գաւառական քաղաքներու ամբողջ եւրապական բնակչութիւնը. պահպանուեցան միայն Տաուգավպիլսի, Ռիկայի եւ Լիեպայի համայնքները։ Ռիկայի մէջ բնակող երեսուներեք հազար հրեաներէն քսանեօթը հազարը սպաննուեցաւ 1941-ի Նոյեմբերի վերջաւորութենէն Դեկտեմբերի սկիզբը։ Այդ ժամանակ ալ ոչնչացան Տաուգավպիլսի եւ Լիեպայի հրեաները։ Էսթոնիոյ եւրոպական բնակչութեան զգալի մասը, որ 1940-ին կը հաշուըուէր մօտ 4,5 հզ. մարդ, կորողացաւ խուսափիլ մահէն։ 14 Յունիս 1941-ին՝ պատերազմէն ընդամէնը 8 օր առաջ, մօտ 500 հրեաներ 10 հզ. էսթոնացիներու հետ ԽՍՀՄ-ի ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիայի միջոցով գաղթեցին Սիպերիա, մօտ 500 տղամարդ հրեաներ զորակոչուեցան Կարմիր բանակ կամ ընդունուեցան կործանիչ գումարտակներ։ Էսթոնիոյ 3,5 հզ. հրեաներէն միայն 950-ը չկրցան կամ չցանկացին տարհանուիլ։ Մօտ 2-2,5 հզ․ հրեաներ կարողացան տարհանուիլ ԽՍՀ-ի ներքին շրջաններ, որուն նպաստեց այն փաստը, որ գերմանացիները գրաւեցին Թալինը միայն 28 Օգոստոս 1941-ին։ Այն 929 հրեաները, որոնք Էսթոնիոյ մէջ էին, գնդակահարուեցան մինչեւ 1941-ի վերջը Ռիկայէն ժամանած համար 1ա զոնդերխումբի կողմէ, որ կը ղեկավարէր շտանդարտենֆիւրեր Մարթին Զանտպերկերը։

Գնդակահարումներ եղան Թալինի, Տարտուի եւ Պիարնուի մէջ։ 1942-ին փետրուարեան դէպքերը Պերլինի մէջ առիթ հանդիսացան, որ Էսթոնիան դառնայ առաջին եւ միակ եւրապական երկիրը «հրեաներէն ազատ» (գերմ. «Judenfrei»)։ Պելառուսի հրեաներուն միայն փոքրամասնութիւնը կարողացաւ տարհանուիլ քաղաքի խորքեր։ 1941-ի Յունիսին Պելոստոկի մէջ սպաննուեցան հազարաւոր հրեաներ։ Հինգ օրուան ընթացքին Մինսքի եւ անոր շրջակայքը բնակող մօտ 80 հազար հրեաներ կենդրոնացան կեթթօներուն մէջ (ստեղծուած էին 20 Յունիս 1941-ին)։ Մինչեւ ձմրան սկիզբը աւելի քան 50 հազար մարդ սպաննուած էր։ Գրաւման առաջին ամիսներուն սպաննուեցաւ Վիտեբսկի, Գոմելում, Բոբրույսկի եւ Մոգիլիովի մէջ բնակող հրեաներու մեծամասնութիւնը։ Պելառուսի եւ միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ (յատկապէս Սմոլենսկի շրջանին) ստեղծուած քսաներեք կեթթօներէն 12-ը հաշուեյարդարի ենթարկել մինչեւ 1941-ի վերջը, իսկ յաջորդ վեցը՝ 1942-ի առաջին ամիսներուն։

Արեւմտեան Ուքրանիոյ գերմանացիներուն եւ տեղի բնակչութեան ջարդը սկսաւ 1941-ի Յունիսի վերջաւորութեան եւ Յուլիսի սկիզբը ինկած ժամանակահատուածին։ Լվովի մէջ 30 Յունիս-էն 3 Յուլիս-ը սպաննուեցաւ չորս հազար հրեայ, իսկ 25-27 Յուլիս-ին՝ մօտ երկու հազար։ Լուցկը գրաւելէն մի քանի օր ետք այնտեղ սպաննուեցաւ երկու հազար հրեայ. քսանեօթը հազար հրեաներէն ճիշդ քսանմէկ հազարը սպաննուեցաւ 1941-ի Նոյեմբերին։ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ այն հրեաները, որոնք չկարեցան տարհանուիլ մինչեւ գերմանացիներու ժամանելը, ինկան նացիստներու ձեռքը։ Գերմանական զօրքերու ժամանումը արեւելք եւ ԽՍՀՄ-ի հսկայական տարածքներու գրաւումը անոնց կողմէ հանգեցուցին անոր, որ նացիստներու ազդեցութեան տակ ինկան այն հրեաները, որոնք կարողացած էին փախչիլ արեւելեան երկիրներու շրջաններէն մինչեւ պատերազմական գործունէութիւններու սկսիլը։ Ուքրանիոյ մէջ հրէական համայնքներու մեծամասնութիւնը ոչնչացաւ առանց հետք թողնելու։ Ուքրանիոյ՝ մինչպատերազմական շրջանին ապրող եօթանասուն հրէական կեդրոններէն 43-ը ոչնչացան 1941-ին, իսկ մնացածը՝ մինչեւ 1942-ի կէսը։

1941-ի Հոկտեմբերին Խրիմի մէջ տեղի բնակչութեան աշխուժ օգնութեամբ սպաննուեցան մօտ հինգ հազար տեղի եւ մօտ 18 հազար արտագաղթած հրեաներ։ Լենինկրատեան եւ Նովկորոտեան շրջաններուն, Հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի հրեաներու ոչնչացումը կ'իրականացուէր տարածքը գրաւելէն անմիջապէս ետք։ Սակայն Կալուժիսկեան եւ Կալինինեան շրջաններու հակայարձակման շնորհիւ այդ տարածքներուն մէջ չիրագործուեցաւ հրեաներու ամբողջական ոչնչացում։ Հրեաներու սպաննութիւնները Հարաւային Ռուսաստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ սկսան 1942-ին ամրան։ 11 Օգոստոս 1942-ին հրեաներու մասսայական սպաննութիւն տեղի ունեցաւ Ռոստով-նա-Տոնուի մէջ։ Հրեաներուն ոչնչացուցին նաեւ յաջորդ օրերուն ընթացքին եւ այդպէս մինչեւ քաղաքի ազատագրումը։ Տոնի Ռոստովի երկրորդ գրաւման ժամանակ հրեաներու զոհերու թիւը, տարբեր մասնագէտներու կարծիքով, 15000-էն 30000 էր։

«Հրէական Հարցի Վերջնական Լուծումը»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարշաւայի կեթթօ․ 1943-ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն

31 Յունիս 1941-ին Հերման Գիորինգը ստորագրեց Ռեյնհարդ Հեյդրիխի՝ Կայսերական անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան (գերմ. Reichssicherheitshauptamt) ղեկավար նշանակուելու հրամանը, որ դարձաւ «հրէական հարցը վերջնական լուծելու» պատասխանատու։ 1941-ի Հոկտեմբերին սկսաւ հրեաներու տարհանումը Գերմանիայէն Լեհաստանի, Պալթեան երկիրներու եւ Պելառուսի կեթթօներ։ 1942-ի Յունուարին Վանզեյսկեան համաժողովին հաստատուեցաւ «հրէական հարցի վերջնական լուծման» ծրագիրը։ Այս որոշումը չէր ազդարարուած, եւ քիչերը, որոնցմէ ապագայ զոհերը, կրնային հաւատալ, որ 20-րդ դարուն կ'իրագործուի այսպիսի ոչնչացում։ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի հրեաները կ'ուղարկէին արեւելք՝ Լեհաստանի եւ Պելառուսի ճամբարներ եւ կեթթօներ։ Լեհաստանի մէջ կը ստեղծուէին մահուան ճամբարներ, որոնք հաշուարկուած չէին բազմաթիւ մարդոց բնակութեան համար, այլ նախատեսուած էին նոր ժամանածներու արագ ոչնչացման համար։ Մահուան առաջին ճամբարներու (Հելմնօ եւ Բելժեց) կառուցման վայրերը արդէն իսկ որոշուած էին 1941-ի Հոկտեմբերին։ Լեհաստանի հրեաներու ոչնչացումը կ'անուանուին «Ռեյնհարդի Գործողութիւն»՝ ի պատիւ 1942-ի Մայիսին Փրակի մէջ սպաննուած Ռեյնհարդ Հեյդրիխի։

1941-ի Դեկտեմբերի սկիզբը սկսաւ գործել Հելմնոյի առաջին մահուան ճամբարը։ Այնտեղ հրեաներուն կը սպաննէին ածխածնի օքսիդով փակ բեռնատար մեքենաներու մէջ։ 1942-ի Յուլիսին սկսան մասայական տարհանումներ Վարշաւայի կեթթոյէն (ստեղծուած կեթթօներէն ամենամեծը) Տրեբլինկի մահուան ճամբար։ Մինչեւ 13 Սհպտեմբեր 1942 տարհանուեցան կամ մահացան կեթթոյին մէջ 300 հազար Վարշաւայի հրեաներ։ Լոձ քաղաքի կեթթոյին մէջ կը պահուէին մինչեւ 160000 հրեաներ։ Այս կեթթօն ոչնչացաւ աստիճանաբար. տարհանման առաջին ալիքը դէպի Հելմնօ իրականացուեցաւ 1942-ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն (Լոձի եւ Կալիշկսեան շրջանի գաւառական քաղաքներու 55 հազար հրեաներ), այնուհետեւ տարհանումներու յաջորդ ալիքները Հելմնօ եւ այլ ճամբարներ, իսկ 1 Սեպտեմբեր 1944-ին անիկա վերջնականապէս լուծարուեցաւ։ Լիուբլիանայի հրէական բնակչութիւնը ուղարկուեցաւ Բելժեցի ոչնչացման ճամբար։ 17 Մարտէն 1942էն 14 Ապրիլ 1942 ինկած ժամանակահատուածին մահուան ուղարկուեցան 37 հազար հրեաներ, իսկ չորս հազար հրեաներ, որոնք չէին ուղարկուած, կեդրոնացան Մայդան-Թաթարական կեթթոյին մէջ։ 1942-ի Մարտին Բելժեց քաղաք տեղափոխուեցան Լիուբլիանայի բոլոր հրեաները։ 1942-ի Մարտին Լվովէն Բելժեց ուղարկուեցան մօտ 15 հազար հրեաներ, իսկ Օգոստոսին՝ 50 հազար եւս։ 1942-ի Յունիսին եւ Հոկտեմբերին հրեաներուն մեծամասնութիւնը Կրակովէն տեղափոխուեցաւ Բելժեց. 1943-ի Մարտին այնտեղ մնացած մօտ վեց հազար հրեաներ տեղափոխուեցան Պլաշուվ, իսկ մօտ երեք հազարը՝ Օսվենցիմ։

1942-ի Սեպտեմբերին Ռոտոմի, Կելցի, Չենստոխովի եւ Արեւելեան Լեհաստանի այլ քաղաքներու հրեաներու մածամասնութիւնը ուղարկուեցաւ Տրեբլինկա։ Ռադոմսկեան շրջանի 300 հազար հրեաներէն 1942-ի վերջաւորութեան ողջ մնաց միայն 30 հազարը։ 1942-ին ոչնչացան Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հրեաներու մեծամասնութիւնը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հրեաներուն զգալի մասը։ 1943-ի սովետական բանակի յարձակումը, Ստոլինինկրատեան ճակատամարտի դրութեան փոփոխութիւնը եւ Ռոմելի բանակի պարտութիւնը Էլ-Ալամեյնի մէջ հանգեցուցին հրեաներու նկատմամբ նացիստներու կոտորածներու արագացումը։ Սովետական բանակի արագ յառաջխաղացումը արեւմուտք ստիպեց էսէսները լուծարել կեթթօները եւ աշխատանքային ճամբարները, վերացնել իրենց կատարած յանցագործութեան հետքերը։ Յատուկ ստորաբաժանումներ (գերմ. Sonderaktion 1005) մասայական գնդակահարութիւններու վայրերուն մէջ կը զբաղէին դիակներ այրելով։ Արագ կերպով լուծարուեցան Լեհաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ կեթթօները եւ ճամբարները։ Սկսաւ հրեաներու մասայական տարհանում Իտալիայէն, Նորվեկիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Սլովաքիայէն եւ Յունաստանէն Օսվենցիմ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1944։ Հունգարիոյ հրեաներու ոչնչացումը սկսաւ, երբ սովետական բանակը գրաւեց երկրին արեւելեան շրջանները։

Պատերազմի Աւարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարշաւայի կեթթոյի պատի կառուցումը

Ըստ որոշ հետազօտողներու՝ 1943-1945 թուականներուն հրեաներու ոչնչացման ծրագիրը (մինչեւ 1945-ի Մայիսի Գերմանիոյ յանձնումը) իրականացուեցաւ երկու երրորդով։ 1943-1944 թուականներուն աշխատուժի պակասը եւ միաժամանակ միլիոնաւոր մարդոց անհիմն սպաննութիւնները կասկածներ յառաջացուցին նացիստական վերնախավի մօտ «վերջնական լուծման» մօտեցման հարցերուն մէջ։ 1943-ին Հիմլերը ողջ մնացած հրեաներուն պատերազմական գործողութիւնները ներգրաւելու մասին հրաման արձակեց։ Պատերազմի վերջին փուլին, երբ անխուսափելի էր Գերմանիոյ պարտութիւնը, որոշ նացիստական կառավարիչներ փորձեցին օգտագործել հրեաները՝ խաղաղ բանակցութիւններ վարելու համար, մինչդեռ միւս ներկայացուցիչները (յատկապէս Հիթլըրը) կը շարունակէին պահանջել ողջ մնացած հրեաներու ամբողջական ոչնչացում։ Շտուրմբանֆիւրեր Տիտեր Վիսլիցենին Նյուրնբերգեան պրեցեսին պնդեց, որ 1945-ի Փետրուարին Ատոլֆ Էյխմանը տեղեկացուցած է իրեն, որ սպաննուած հրեաներուն թիւը մօտ 5 միլիոն է։

«Այստեղ ձեզ հետ կը խօսիմ բացարձակապէս անկեղծ… Իրարու հետ մենք կը խօսինք բացէ ի բաց, որ երբեք չենք ըներ հրապարակային… Նկատի ունիմ հրեաներու արտաքսումը, հրեաներու ոչնչացումը… Այստեղ ներկայ գտուողներէն քիչերը գիտեն, թէ ինչ է դիակներու կոյտը, հարիւր, յիսուն, հազար դիակներու կոյտը… Դիմանալ այդ ամէն ինչին եւ պահպանել պարկեշտութիւն… Ասիկա մեր կեանքին մէկ պատմութիւնն է, որ երբեք չէ գրուած եւ չի ալ գրուիր» [Հայնրիխ Հիմլերի ճառէն. Պոզնան, 4 Հոկտեմբեր 1943

Հոլոքոսթի Տարբերակիչ Յատկանիշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայնրիխ Հիմլեր
  1. Կանխամտածուած փորձ, ողջ ազգի մը ամբողջական ոչնչացում, որ հանգեցուց Եւրոպայի հրեաներու 60% -ի ոչնչացման, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի հրեաներու մէկ երրորդի ոչնչացման։
  2. Գնչուներու մէկ քառորդէն մինչեւ մէկ երրորդի ոչնչացման
  3. Լեհերու 10% - ի ոչնչացացմամբ (չհաշուած ռազմական կորուստներ եւ Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիոյ դաւաճաններուն կողմէ իրականացուող կոտորացները)
  4. Մօտ 3 միլիոն սովետական գերիներու ոչնչացումը
  5. Գերմանիոյ սեւամորթ բնակչութեան ամբողջական բնաջնջումը
  6. Հոգեկան հիւանդներու եւ հաշմանդամների ամբողջական վերացումը (երբ աշխատելու ունակությունը չի վերականգնիր աւելի քան 5 տարուան ընթացքին - տես սպաննութեան ծրագիրը T-4)
  7. Մօտ 3 հազար միասեռականներու ոչնչացումը
  8. Իրենց ցուցակներու համակարգերու եւ զանգուածային ոչնչացման մեթոտներու մշտական ​​կատարելագործում (բազմաթիւ անմեղ զոհերու մահուան ճամբարներուն մէջ, եւ այլն)
  9. Դաժան ու անմարդկային նացիստական հետազօտութիւններ և փորձեր ​​Հոլոքոսթի զոհերուն վրայ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Niewyk, Donald L. The Columbia Guide to the Holocaust, Columbia University Press, 2000, p.45