Jump to content

Պսակաձեւ Ժահր

Պսակաձեւ Ժահր

Պսակաձեւ Ժահր-SARS-CoV-2 (ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան)[1], ՌՆԹ պարունակող միաշղթայ ժահր, առաջին անգամ յայտնաբերուած է Դեկտեմբեր 2019-ին, Ուհանի մէջ 2019-2020-ականներու պսակաձեւ ժահրի բռնկման ժամանակ (COVID-19)[2][3][4][5]։

20 Յունուար 2020-ին Չինաստանի մէջ հաստատուած է, որ ժահրը կը փոխանցուի մարդէ մարդու։ Առայժմ ժահրին բուժման որեւէ ճշգրիտ միջոց չէ մշակուած[6]։

22 Յունուարէն Ուհան քաղաքը արգելանոց յայտարարուած է, ամբողջ հասարակական երթեւեկութեան աշխատանքը դադրած է, իսկ քաղաքը փակուած է մուտքի եւ ելքի համար։ Ընդհանուր առմամբ, Չինաստանի իշխանութիւնները սահմանափակած են 14 քաղաքներու մուտքն ու ելքը[7][8]։ Ժահրը գրանցուած է Չինաստանի վարչական կազմաւորումներու մեծ մասին մէջ[9]։

22 Յունուարին ժահրի բռնկման կապակցութեամբ տեղի ունեցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ կոմիտէի արտահերթ նիստը: 23 Յունուարին ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թեդրոս Ատան Կեպրէիսուս յայտարարած է, որ ԱՀԿ-ի արտակարգ իրավիճակներու կոմիտէն համակարծիք է, որ նոր պսակաձեւ ժահրի բռնկումը առանձնակի վտանգ մը չի ներկայացներ, որու պատճառով հանրային առողջապահութեան բնագաւառին մէջ արտակարգ միջազգային դրութիւն չէ յայտարարուած[10][11][12]:

11 Մարտին «Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն»ը աշխարհի տարածքին պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ահազանգը կը հնչեցնէ[13]:

COVID-19-ով վարակուած երկիրներուն թիւը հասած է՝ 211-ի, ինչպէս նաեւ արձանագրուած է 1 միջազգային փոխադրամիջոցի վարակման դէպք՝ (Diamond Princess ճամբորդանաւը, որ կանգ առած է Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքի ափերուն)[14]:

31 Օգոստոսի դրութեամբ, աշխարհի վրայ աւելի քան 25,2 միլիոն անձ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, որոնցմէ աւելի քան 846000-ը մահացած է, իսկ 16,4 միլիոնը՝ առողջացած:[15]

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քովիտ-19 եւ պսակաձեւ (քորոնա) ժահր երկու անուններն ալ ճիշդ են։ Քովիտ-19 հիւանդութեան անունն է, իսկ «պսակաձեւ» կամ «քորոնա» կը կոչուի հիւանդութիւնը պատճառող ժահրը։ Այս անունով կոչուած է, որովհետեւ ժահրը գնդաձեւ է եւ իր շուրջը ունի պսակի նմանող ցցուն բաժիններ։ Այս ժահրը կը կոչուի գիտականօրէն նաեւ Sars CoV-2[16]։

Պսակաձեւ ժահրերը ժահրերու մեծ ընտանիք են, որոնք յայտնաբերուած են ինչպէս անասուններու, այնպէս ալ մարդոց մօտ: Այս ժահրի որոշ տեսակներ միայն կը վարակեն մարդիկը եւ կը պատճառեն սովորական պաղառութենէն մինչեւ աւելի ծանր վարակիչ  հիւանդութիւններ, ինչպէս` Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշը (MERS) եւ սուր շնչառական համախտանիշը (SARS):

Պսակաձեւ ժահրերու մասին 2020-ի յայտնի տուեալներուն համաձայն, անոնք չեն կրնար երկար գոյատեւել տարբեր մակերեւոյթներու վրայ (մինչեւ 2-4 ժամ)[17]: Մասնաւորապէս, Չինաստանէն ծանրոցներ կամ նամակներ ստանալով որեւէ վարակի վտանգ չ'ըլլար[18]:

4 օրուան ժամկէտը կարելի է բաւարար համարել հիւանդը յայտնաբերելու պարագային նախորդ շփումներուն հետեւելու համար: Թուխսի շրջանի փուլին մէջ ջերմաչափներու միջոցով հիւանդացողներու յայտնաբերումը ապարդիւն է:

ԱՄՆ-ի Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոններու տուեալներով՝ կ'ենթադրուի, որ վարակի փոխանցումը տեղի կ'ունենայ օդակաթիլային ճանապարհով, բայց յայտնի չէ, եթէ անիկա կրնայ տեղի ունենալ այլ առարկաներու կամ մակերեւոյթներու հպումներու միջոցով, որոնց վրայ ժահր կայ, որուն կը յաջորդեն բերանի, քիթի կամ աչքերու հպումները[19]: Սակայն Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան դարմանական յանձնարարականները արդէն յայտարարած են, որ կը փոխանցուի ինչպէս օդակաթիլային (հազի, փռշտոցի եւ զրոյցի պարագային), այնպէս ալ օդ-փոշի ճանապարհներով:

Գործնականօրէն քովիտ-19 կարելի չէ նկատել մահացու հիւանդութիւն։ Մինչեւ Օգոստոս 2020 վարակուողներուն 80%-ը կա'մ թեթեւ կռիփի ախտանշաններ ունէր, կա'մ ընդհանրապէս ոչ մէկ բան կը կը զգար։ Նկատի առած, որ սովորական կռիփի ժահրէն տարեկան 70.000 մարդ կը մահանայ, կարելի է եզրակացնել, որ որեւէ ժահր կրնայ մահացու ըլլալ տկար մարդոց համար, պատճառելով բարդութիւններ եւ վտանգաւոր բորբոքումներ, որոնց չի կրնար դիմադրել մարմինը, եթէ դիմադրողականութիւնը տկար է[16]։

Ծայրայեղ պարագաներու, երբ հիւանդը տարիքով մեծ է, կամ՝ դիմադրողականութիւնը տկար, կրնայ ունենալ թոքերու ծանր բորբոքում, որուն հետեւանքով կրնայ տառապիլ թթուածինի պակասէ։ Այս պարագային պէտք կ'ըլլայ հիւանդանոցի մէջ անոր թթուածին ապահովել։ Հիմնական հարցերէն մէկը այն է, որ նախնական շրջանին երբ ժահրը նոր յառաջացած էր, մասնագէտներ չէին գիտեր, թէ որքա'ն վտանգաւոր է ան եւ ի'նչ բարդութիւններ կրնայ պատճառել, իսկ երկրորդը, որ պէտք չէ բոլոր վարակուողները հիւանդանոց ընդունիլ, որովհետեւ եթէ շատ մեծ թիւով վարակուողներ միասին հիւանդանոց ընդունին, առողջապահական համակարգը կրնայ քայքայուիլ, չհասցնել պէտք եղած օգնութիւնը իսկապէս վտանգի մէջ գտնուողներուն, հետեւաբար մահերու թիւը կրնայ բարձրանալ։ Այս մէկը կը պատահի Իտալիոյ մէջ, ուր վարակը շատ արագ կը տարածուի եւ յանկարծ մեծ ճնշումի տակ կը դրուի երկրի առողջապահական համակարգը, այդ պատճառով ալ կ'որոշուի ամէն տեղ փակել, համաճարակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար[16]։

Ժահրը՝ մէկ տարի ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պսակաձեւ ժահրը կայծակի արագութեամբ մէկ տարուան ընթացքին կը հասնի աշխարհի բոլոր ծայրամասերը: Ըստ նոր ուսումնասիրութիւններու (2021), անիկա անձէ անձ կը փոխանցուի վարակակիրին օդին մէջ տարածած կաթիլիկներու (droplets) ներշնչումով: Վարակակիրը կաթիլիկները իր շուրջը կը տարածէ հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը նաեւ կը վարակուի, երբ ան դպչի վարակեալին ձեռքերուն, երեսին եւ անոր գործածած իրեղէններուն, ուր տեղ գտած կ'ըլլայ ժահրով հարուստ քթախլնային հեղուկը կամ լորձունքը: Վարակումը աւելի դիւրին կ'ըլլայ նեղ, գոց եւ վատ օդափոխուող վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` խճողուած, բազմամարդ հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ` մարզասրահ, ժողովասրահ, համերգասրահ, երաժշտանոց, ճաշարան, մարզադաշտ, մեծ վաճառատուն, եկեղեցի կամ համագումարներու, նուագահանդէսներու, երգահանդէսներու եւ խրախճանքներու ընթացքին: Պսակաձեւ ժահրերը, հակառակ մանրէներուն, մարմնէն դուրս  չեն բազմանար, սակայն երկար կ'ապրին: Անոնք մարմնէն դուրս աւելի կ'ապրին,  երբ շրջապատուած ըլլան լորձունքով եւ քթախլնային հեղուկով:

Ուսումնասիրութեան պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

SARS-CoV-2 շտապը առաջին անգամ յայտնաբերուած է Դեկտեմբեր 2019-ին՝ թոքաբորբ ունեցող հիւանդի մը nucleic acid-ի վերլուծութեան արդիւնքով: 31 Դեկտեմբեր 2019-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տեղեկացուած է անյայտ ախտածին սունկի յարուցած ժահրային թոքաբորբի քանի մը դէպքերու մասին: 7 Յունուար 2020-ին նոր ժահրի մը մասին տեղեկատուութիւնը հաստատուած է, իսկ ժահրը ինքը դասուած է պսակաձեւ ժահրերու շարքին: Մինչեւ 12 Յունուար 5 genom-ները գրանցուած են GenBank տուեալներու հիմքով, 26 Յունուարին անոնց թիւը հասած է 28-ի: Բացառութեամբ վաղ genom-ի, genom-ները կը գտնուին արգելման տակ GISAID-ի մէջ։ Phylogenetic վերլուծութիւնը հասանելի է Nexttrain-ի միջոցով: 20 Յունուար 2020-ին Չինաստանի Գուանդուն նահանգին մէջ հաստատուած է ժահրը մարդէ մարդու փոխանցուիլը[20][21]:

Պսակաժախրի հասարակ ախտանշաններջերմութիւն, սաստիկ հազ, յոգնութիւն։ Անսովոր ախտանշաններգլխացաւ, ռնգային արնախռնում, չոր կոկորդ, լորձունք, շնչառութեան դժուարութիւն, մկաններու կամ ոսկրազօդի ցաւ, դող, ծովախտ - փսխուք, փորհարութիւն։ Ծանր ախտանշաններ՝ բարձր ջերմութիւն, արիւնալորձունք, արեան սպիտակախորշերու բարձրացում, երիկամունքի անզօրութիւն։

Պսակաձեւ ժահրերը, որոնց շարքին կը դասուի SARS-CoV-2-ը, սովորաբար մրսածութեան պատճառ կը դառնան, սակայն այդ նոյն ընտանիքին կը դասուին SARS-CoV եւ MERS-CoV վտանգաւոր ժահրերը, որոնք կը յառաջացնեն ծանր սուր շնչառական համախտանիշ եւ մերձաւորարեւելեան շնչառական համախտանիշ համապատասխանաբար[20]: Պսակաձեւ ժահրային վարակը animal anthroponics է, այսինքն՝ հնարաւոր է անասուններէն մարդուն փոխանցել։ Պարզուած է, որ SARS-CoV-ի աղբիւրը ծաղիկներ եղած են, իսկ MERS-CoV-ը՝ միապաղ ուղտեր: Հնարաւոր է, որ SARS-CoV-2-ի պարագային ալ վարակի աղբիւր կը հանդիսանան անասունները: ժահրի ծննդական քննութիւնը յայտնաբերած է պսակաձեւ ժահրերու նմանութիւնը, որոնք տարածուած են նատականի, չղջիկներու շրջանին մէջ, սակայն առայժմ ստոյգ յայտնի չէ, եթէ անոնք վարակի սկզբնական աղբիւր են: Այժմ ժահրի տարածման հիմնական միջոցը մարդէ մարդուն փոխանցելն է:

Տարբեր երկիրներու գիտնականները վերլուծած են ժահրի genom-ը եւ կը հաստատեն, թէ ժահրը բնական ծագում ունի։ Այսպիսի տեսութիւնները, լուրերը եւ նախապաշարումները կը ստեղծեն վախի մթնոլորտ: Այս տեսութիւնները կը քննարկուին գիտական հանրութեան կողմէ: ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէնի հետ գիտնականները կոչ կ՚ուղղեն ապատեղեկատուութեան փոխարէն յառաջ տանիլ գիտական ապացոյցները:

Ժահրին աղբիւրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

22 Յունուար 2020-ին բժշկական ամսագիրը հրապարակած է չինացի գիտնականներու հետազօտութիւնը, որուն մէջ SARS-CoV-2 ժահրի հինգ genom-ները համեմատած են պսակաձեւ ժահրերու 276 յայտնի genom-ային յաջորդականութիւններու հետ, որոնք կ՚ազդեն մարդոց եւ տարբեր անասուններու վրայ։ Գիտնականներու կարծիքով՝ պսակաձեւ ժահրերու phylogenetic ծառը ցոյց կու տայ, որ նոր ժահրերը յայտնուած են մօտաւորապէս երկու տարի առաջ մէկ ընդհանուր նախնիէ, չղջիկի պսակաձեւ ժահրէ եւ հնարաւոր է, չինական օձերու պսակաձեւ ժահրէ ՝ Հարաւչինական բազմաձայն եզրի կամ չինական քոպրայէ (օձերու երկու տեսակներն ալ կը վաճառուէին Ուհանի շուկային մէջ իբրեւ օտար սնունդ):

NCP պսակաձեւ ժահրի ախտանիշները նման են թոքաբորբի կամ ծանր սուր շնչառական համախտանիշի ախտանիշներուն։ Անիկա ընդհանրապէս պարզ հարբուխի նշաններով ալ կը յայտնուի:Պսակաձեւ ժահրի Սկզբնական ախտանշաններէն են`

  • Գիտակցութեան կորուստ (թոքային հիւսուածքներու զարգացող ոչնչացման արդիւնքով)
  • Չոր, անարդիւնաւէտ հազ
  • Հոտառութեան զգացողութեան կորուստ[22]
  • Ջերմութիւն (38 °C կամ աւելի բարձր)
  • Շնչառական դժուարութիւններ
  • Կրծքավանդակի հատուածի ցաւ
  • Գլխացաւ
  • Աչքերու կարմրութիւն
  • Քթահոսք,
  • Կոկորդացաւ,
  • Դող,
  • Յոգնածութիւն,
  • Փորի ցաւ,
  • Փսխունք եւ փորհարութիւն:

Այս ախտանշանները կը տեւեն ընդհանրապէս քանի մը օր, եւ վարակեալը շուտով կ'ապաքինի:

Ախտանշաններու զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարակեալներուն տասը տոկոսը ապաքինման ընթացքէն կը շեղի եւ կ'անցնի հիւանդութեան յաջորդ փուլ, ուր կ'ունենան՝

  • Բարձր ջերմ,
  • Համի եւ հոտի կորուստ,
  • Մկանային սաստիկ ցաւ,
  • Հազ,
  • Շնչառական վարին ու վերին խողովակներու լուրջ բորբոքումներ` քթախոռոչաբորբ (sinusitis), քթաբորբ (rhinitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), խռչափողաբորբ (laryngitis), շնչափողաբորբ (trachiitis), ցնցղատապ (bronchitis), ցնցղիկատապ (broncheolitis) եւ թոքատապ (pneumonia):
  • Ծայրայեղ պարագաներու կրնան պատահիլ լեարդի եւ երիկամի մտահոգիչ բորբոքումներ:
  • Երեխաներ կ'ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան տկարութիւն:
  • Տարեցներ, տկար ախտամերժութիւն, մարդկային ախտամերժողականութեան ժահր (HIV) ունեցողները եւ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) հիւանդութենէ տառապողները աւելի հակամէտ կ'ըլլան ունենալու վերոյիշեալ ծանր հիւանդութիւնները:

Ախտաճանաչում եւ դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարակեալը կրնայ ախտանշաններ ունենալ եւ կամ ոչ: Ախտանշանները կը սկսին վարակումէն անմիջապէս ետք կամ յաջորդող 14 օրերու ընթացքին: Վարակեալը, որ ախտանշաններ չունի, կրնայ վարակել առողջ անձ մը:Վարակուած ըլլալը փաստելու միակ միջոցը թագաժահրի քիթին եւ կամ կոկորդին մէջ ըլլալու քննութիւնն է, այլ խօսքով, քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումն է (culture): Դրական արդիւնքի պարագային, վարակեալը պէտք է մեկուսանայ տան մէջ, ախտանշան ունենայ կամ ոչ: Մեկուսացումի ընթացքին ախտանշան չունեցողը, եթէ ախտանշաններ ունենայ, պէտք է մեկուսանայ 14 օր` ախտանշանները սկսելէ ետք: Թագաժահրախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քիթի եւ կոկորդի խլնահեղուկի մշակումով, արեան քննութիւններով եւ թոքի Ք-ճառագայթային նկարումով: Ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք վարակեալը պէտք է ինքնամեկուսացումի դիմէ տան մէջ: Թագաժահրախտի դարմանումը, պարզ պարագաներուն, կ'ըլլայ տան մէջ հանգիստ ընելով, սննդարար կերակուրներ ուտելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաները եւ բարդութիւններ ունեցողները պէտք է խնամուին հիւանդանոցի մէջ եւ ենթարկուին լուրջ դարմանական միջոցառումներու` Dexamethasone եւ հակաջերմ դեղեր, թթուածին, օժանդակ շնչառութիւն եւ ներերակային հեղուկներ:

Թագաժահրի այլափոխուած տեսակներ երեւան եկած են կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս`  Հարաւային Ափրիկէ, Անգլիա եւ Պրազիլ: Կը կարծուի, որ այս նոր տեսակի թագաժահրերը աւելի վտանգաւոր են: Անոնք արդէն յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ[23]:

Տարածումը աշխարհի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաճարակաբանութիւն եւ մեկուսացման միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

11 Մարտին ԱՀԿ-ն յայտարարած է, որ COVID-19 ժահրի բռնկումը ձեռք բերած է համաճարակի բնոյթ, իսկ երկու օր ետք, համաճարակին կեդրոնը Եւրոպան է: Այդ պահուն այնտեղ ամէն օր յայտարարուած Է վարակման աւելի մեծ թիւեր, քան Չինաստանի մէջ՝ համաճարակի գագաթնակէտին: Անոր հետ մէկտեղ կ՚աճի համաճարակաբանական կապերու բացակայութեան դէպքերու թիւը՝ ժահրի փոխանցման աղբիւրը բացատրելու համար։ Եւրոպայի մէջ վարակի տարածման յառաջատարը Սպանիան է՝ 30 Ապրիլի դրութեամբ վարակման դէպքերու թիւը կազմած է 239,639 դէպք եւ 24,543 մահ, իսկ երկրորդը՝ Իտալիան վարակման դէպքերու թիւը կազմած է 203,591, իսկ զոհերու թիւը՝ 27,682։ Հազարաւոր դէպքեր գրանցուած են նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ։

30 Ապրիլի դրութեամբ աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 3,248,042 է, իսկ մահացողներուն թիւը՝ 229,313։ Շենկենեան գօտիի եւ Եւրամիութեան արտաքին սահմանները 17 Մարտէն փակուած են մուտքի համար (սահմանափակումներու գործողութեան նախնական ժամկէտը 30 օր է)։

Ընկերա-տնտեսական հետեւանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարակի շարունակուող տարածումը ամբողջ աշխարհին տարածքին յանգեցուցած է տնտեսական շուկայի վթարի, որ սկսած է Փետրուար 2020-ի կէսերուն: Մասնաւորապէս, Տոու Ճոնսի արդիւնաբերական ցուցանիշը եւ S&P 500 ցուցանիշը յաջորդ ամսուան ընթացքին նուազած են 26-27%-ով։

Յետաձգուած են բազմաթիւ մարզական մրցումներ, ինչպէս՝ եւրոպական երկիրներու ազգային առաջնութիւնները գրեթէ բոլոր մարզաձեւերով, անոնցմէ՝ ոտնագնդակը (ֆութպոլը), յետաձգուած է մէկ տարիով՝ 2020-ի ոտնագնդակի Եւրոպայի առաջնութիւնը։

Չեղարկուած կամ յետաձգուած են բազմաթիւ փառատօններ, ցուցահանդէսներ եւ մրցոյթներ, ներառեալ Մոսկուայի միջազգային ֆիլմի փառատօնը, Քաննի ֆիլմի փառատօնը եւ Եւրատեսիլ-2020 երգի մրցոյթը։

Պսակաձեւ ժահրի տարածումը այլ երկիրներու մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրանի մէջ առաջին հաստատուած դէպքը տեղի ունեցած է 19 Փետրուար 2020-ին՝ Ղոմի մէջ։ Ըստ Իրանի առողջապահական մարմիններու տուեալներուն, այդ պահուն Իրանի մէջ գրանցուած էր 54 մահուան դէպք, իսկ վարակուածներուն թիւը կը կազմէր շուրջ 980: Նոյն ամսաթիւին դրութեամբ Իրանի մէջ կայ ամէնէն շատ մահուան դէպքերը Չինաստանէն դուրս:

30 Ապրիլի դրութեամբ Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը 88,194 է, իսկ մահացողներունը՝ 6,028:

31 Օգոստոսի դրութեամբ, Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը 375,212 է, իսկ մահացողներունը՝ 21,571:[15]

Արդէն Յունուար 2020-ի վերջը COVID-19-ի բռնկումէն Աւստրալիոյ տնտեսութեան ընդհանուր կորուստները կը գնահատուէին աւելի քան 1 մլրտ. Աւստրալիական տոլար[25]։

13 Մարտին Ֆորմուլա1-ի եւ FIA-ի ղեկավարութեան որոշմամբ Australian Grand Prix Corporation-ի (EGPC) պաշտպաններու աջակցութեամբ չեղարկուած Է Աւստրալիոյ Կրան Փրին, որ պէտք է դառնար 2020-ի մրցաշրջանի առաջին մրցարշաւը[26]։ Մրցարշաւը չեղարկելու մասին որոշումը հրապարակուած է ազատ Մրցումներու մեկնարկէն մէկուկէս ժամ առաջ: Պատճառը McLaren Racing խումբի աշխատակիցներէն մէկուն COVID-19-ի վերլուծութեան դրական արդիւնքն է:

30 Ապրիլի դրութեամբ Աւստրալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 6,753 է, իսկ մահացողներունը՝ 91:

6 Մայիսի դրութեամբ, Աւստրալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 6,875 է, իսկ մահացողներունը՝ 97:[27]

31 Օգոստոսի դրութեամբ Աւստրալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 25,746 է, իսկ մահացողներունը՝ 652:[15]

Հունգարիոյ կառավարութիւնը 11 Մարտին երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է։ Այդ օրը երկրին մէջ եղած են ժահրով վարակման 13 հաստատուած պարագաներ:

30 Ապրիլի դրութեամբ Հունգարիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 2,775 է, իսկ մահացողներունը՝ 312:

6 Մայիսի դրութեամբ Հունգարիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 3,111 է, իսկ մահացողներունը՝ 373:[28]

Մարտի սկիզբը Գերմանիոյ մէջ արգիլուած էր աւելի քան 1000 հանդիսատեսի մասնակցութեամբ զանգուածային միջոցառումներու կազմակերպումը։

Գերմանիոյ 2019/2020 տափօղակով հոկեյի առաջնութիւնը, որուն մասնակցած է 14 ակումբ, դադրեցուած է 10 Մարտին։

Երկիրը աշխարհի ամենաշատ վարակուած ունեցող երկիրներու հնգեակին մէջն է։ Ընդ որուն, Գերմանիոյ մէջ անբնականոն ցած կ՚արձանագրուի՝ համեմատած այլ եւրոպական երկիրներու հետ՝ քորոնա ժահրէն մահացութիւնը (0,35%, քորոնա ժահրով առաւել ախտահարուած միւս երկիրներուն այդ ցուցանիշը կը հասնի 13.51%-ի (Իտալիա), 14.11%-ի (Ֆրանսա), 10.24%-ի (Սպանիա) եւ -ի Չինաստանի մէջ)[29]:

Ռոպերք Քոխի ուսումնարանը իր կայքին մէջ կը հրապարակէ ամէնօրեայ հաշուետուութիւններ՝ հաստատուած դէպքերու եւ մահերու քանակով։ Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի ինչպէս ամբողջ Գերմանիոյ մէջ, այդպէս ալ շրջաններուն մէջ առանձին-առանձին։

30 Ապրիլի դրութեամբ Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 161,552 է, իսկ մահացողներունը՝ 6,467:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 243,588 է, իսկ մահացողներունը՝ 9,303:[15]

Իտալիոյ մէջ, արագօրէն տարածուող պսակաձեւ ժահրի պատճառով, տեղական իշխանութիւնները 23 Փետրուարէն փակած են Վենետիկի Սան Մարքօ բազիլիկան եւ Միլանի Ս. Մարիամ Աստուածածնի մայր տաճարը՝ այցելելութեան համար: Նման որոշում կայացուած է հասարակական վայրերուն մէջ մարդոց կուտակումը սահմանափակելու նպատակով:

8 Մարտէն Իտալիոյ հիւսիսը կ՚ընդլայնուի քարանտինային ռեժիմը, մուտքը եւ ելքը շրջաններէն (Լոմպարտիա եւ եւս 14 նահանգ, ինչպէս՝ Էմիլիա-Ռոմանիա, Մարքէ, Փիեմոնտ, Վենեթօ) կը թոյլատրուի միայն բացառիկ պարագաներուն։ 10 Մարտէն նմանատիպ միջոցները տարածուած են Իտալիոյ ամբողջ տարածքին։

9 Մարտ 2020-ին Իտալիոյ կառավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ կը դադրցեցնէ բոլոր մարզական մրցաշարքերը երկրին մէջ, ներառեալ Սերիա A-ն, մինչեւ 3 Ապրիլ 2020[30]։

21 Մարտ 2020-ին Իտալիոյ Նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ժուզեբբէ Քոնտէի հետ հեռախօսազրոյցէ ետք Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կարգադրած է անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել հանրապետութեան: Օգնութիւն ցուցաբերուած է պաշտպանութեան նախարարութեան ճամբով՝ Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու ինքնաթիռներու գործարկմամբ։

30 Ապրիլի դրութեամբ Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 203,591 է, իսկ մահացողներունը՝ 27,682:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 268,218 է, իսկ մահացողներունը՝ 35,477:[15]

14 Փետրուար 2020-ին ճափոնական CIPA (Camera & Imaging Products Association) կազմակերպութիւնը, որ կը միաւորէ Ճափոնական լուսարուեստի արտադրողները, յայտարարած է CP+ 2020 մեծ միջազգային լուսանկարչական ցուցահանդէսի չեղարկման մասին՝ վկայակոչելով պսակաձեւ ժահրի հետ կապուած մտահոգութիւնները: Ցուցահանդէսը պէտք է տեղի ունենար 27 Փետրուար - 1 Մարտ 2020-ին։

Թոքիոյի մարաթոնի կազմակերպիչները որոշում կայացուցած են 2020-ին չեղարկել սիրողական մարզիկներու զանգուածային մրցավազքը՝ սահմանափակելով միայն 200 մարդէ բաղկացած մասնագէտներու վազքով[31]:

Թոքիոյի մէջ 2020-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը, որոնք պիտի սկսէին 24 Յուլիսին, պսակաձեւ ժահրի հետ կապուած իրադրութեան սրման պատճառով յետաձգուած են:

30 Ապրիլի դրութեամբ Ճափոնի մէջ վարակուածներուն թիւը 14,677 է, իսկ մահացողներունը՝ 438:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Ճափոնի մէջ վարակուածներուն թիւը 68,365 է, իսկ մահացողներունը՝ 1,297:[15]

13 Մարտին առաւօտեան Էսթոնիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է մինչեւ 1 Մայիս՝ արգիլուած են բոլոր հանրային հաւաքները, համերգները եւ մարզական մրցումները, փակուած են թանգարաններն ու պատկերասրահները, դպրոցները անցած են հեռաւոր եւ տնային ուսուցման, հիւանդանոցներուն եւ բանտերուն մէջ կը գործէ այցելութեան արգելք, սահմանին, օդակայաններուն եւ նաւահանգիստներուն մէջ սանիտարական հսկողութիւն սահմանուած է: 12 Մարտին Էսթոնիոյ մէջ քորոնա ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 27-ի։

Իսկ 30 Ապրիլի դրութեամբ Էսթոնիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 1,689 է, իսկ մահացողներունը՝ 52:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Էսթոնիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 2,375 է, իսկ մահացողներունը՝ 64:[15]

Ֆրանսայի մէջ 17 Մարտէն (Եւրոպայի մէջ ժահրի տարածման ցուցանիշով 4-րդ տեղը) սահմանափակումներ եղած են երկրի ուղեւորութիւններու նկատմամբ, առնուազն երկու շաբաթով: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ազգին յղած հեռուստաուղերձով յայտնած է քորոնա ժահրին հետ կապուած իրադրութիւններու մասին (նախագահին ուղերձը դիտած է Ելիսէեան պալատին համար ցուցանշային հեռուստաալսարան՝ աւելի քան 35 միլիոն մարդ):

Տունէն դուրս գալ կարելի է միայն մթերքի համար, հիւանդանոց (բայց միայն ծայրահեղ անհրաժեշտութեան պարագային), աշխատանքի (եթէ հնարաւոր չէ հեռակայ աշխատիլ), կը թոյլատրեն կարճ զբօսանքներ եւ հարազատներուն անյետաձգելի օգնութիւն, փողոցին մէջ չարդարացուած յայտնուածին համար տուգանք՝ 38-էն մինչեւ 135 եւրօ: Իւրաքանչիւր շրջանի, քաղաքներէն եւ ազգային մայրուղիներէն տեղակայուած են բջիջային հսկիչ անցակէտեր:

30 Ապրիլի դրութեամբ Ֆրանսայի մէջ վարակուածներուն թիւը 166,420 է, իսկ մահացողներունը՝ 24,087:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Ֆրանսայի մէջ վարակուածներուն թիւը 315,813 է, իսկ մահացողներունը՝ 30,611:[15]

16 Մարտէն Ուզպեքիստանի մէջ յայտարարուած են արձակուրդներ բոլոր կրթական հաստատութիւններուն համար, դադրած են երթեւեկութեան հաղորդակցութիւնները այլ երկիրներու հետ, չեղեալ յայտարարուած են ժողովրդական զբօսանքները Նաւրուզի տօնակատարութեան կապակցութեամբ, աշխատանքէ դադրած են պատկերասրահները:

30 Ապրիլի դրութեամբ Ուզպեքիստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 2,017 է, իսկ մահացողներունը՝ 9:

ԱՄՆ-ի տարածքին քորոնա ժահրով վարակումի առաջին դէպքը գրանցուած է 21 Յունուար 2020-ին, Ուաշինկթընի մէջ[32]։ 29 Փետրուարին յայտարարուած էր քորոնա ժահրի պատճառով GDC 2020 միջազգային խորհրդաժողովի տեղափոխման մասին, որ պէտք է տեղի ունենար 16-20 Մարտ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ[33]։

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնները (ԱՄՆ առողջապահութեան նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանում) ամէն կերպով կը խրախուսեն մեղմաբանութիւնը, որ խորհուրդ կու տայ ամէն ձեւով խուսափիլ մարդոց զանգուածային կուտակումներէն, սկսած են չեղեալ յայտարարել յայտնի մարզական մրցումները, օրինակ՝ քոլեճներու պասքեթպոլի խումբերու խաղերը։

Մարտին չեղարկուած են Ինտիան Ուածսի եւ Մայամիի մեծագոյն թենիսի մրցաշարքերը, որոնք պէտք է տեղի ունենային Մարտին եւ Ապրիլին։ 13 Մարտէն NBA-ը պաշտօնապէս դադրած է կանոնաւոր եղանակի կազմակերպումը ՝ քանի մը խաղացողներու քորոնա ժահրի յայտնաբերման պատճառով:

Electronic Entertainment Expo (E3) խաղային ցուցահանդէսը, որ պէտք է տեղի ունենար 9-11 Յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ, չեղեալ յայտարարուած է։

11 Մարտին չինական քորոնա ժահրի համաճարակ յայտարարումէն ետք ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկած է ազգին ուղղուած ուղերձով։ Ան յայտարարած է, որ եւրոպացիներու մուտքը երկիր միամսեայ արգելք սահմանած է, որու տակ, սակայն, բրիտանացիներ չէն յայտնուած, եւ ֆինանսական աջակցութիւն խոստացած է առաւել տուժած ամերիկացիներուն:

12 Մարտին դադրեցուած է NHL-ի առաջնութիւնը։

Ultra Music Festival 2020-ը, որ նախատեսուած է 20-21-22 Մարտ 2020-ին, կը տեղափոխուի 26-27-28 Մարտ 2021[34]։

30 Ապրիլի դրութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ վարակուածներուն թիւը 1,064,832 է, իսկ մահացողներունը՝ 61,680:

31 Օգոստոսի դրութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ վարակուածներուն թիւը 5,997,737 է, իսկ մահացողներունը՝ 183,068:[15]

11 Մարտին յայտնի կը դառնայ Քանատայի մէջ գեղասահքի աշխարհի առաջնութիւնը չեղեալ յայտարարելու մասին, որ պէտք է տեղի ունենար 18-22 Մարտ Մոնրէալի մէջ, առաջնութեան պէտք է մասնակցէին 183 գեղասահորդներ աւելի քան 30 երկիրներէ:

30 Ապրիլի դրութեամբ Քանատայի մէջ վարակուածներուն թիւը 51,597 է, իսկ մահացողներունը՝ 2,996:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Քանատայի մէջ վարակուածներուն թիւը 129,888 է, իսկ մահացողներունը՝ 9,164:[15]

Յունաստանի կառավարութիւնը, պսակաժահրին յայտնաբերման առաջին իսկ օրէն յատուկ առողջապահական ուղղութիւններ կը յղէ բոլոր կրթական եւ հանրային կառոյցներուն։ Միաժամանակ կը սկսի հասարակութեան կարճ տեղեկութիւններ փոխանցել։ Կառավարական հրամանագիրով 12 Մարտ 2020-ին, բոլոր կրթական հաստատութիւնները կը փակուին, իսկ յաջորդող շաբթուան ընթացքին անձնական բոլոր խանութները (ներառեալ ուտելիքի սպասարկութեան․ ճաշարան, սրճարան, bar, եւայլն․), մեծ վաճառատուները։ Կ'արգիլուին հասարակութեան ուղղուած հաճելի ժամեր մատակարարող ամէն տեսակի ելոյթներ․ մշակութային, մարզական։ Կ'ազդարարէ ժողովուրդին տուն մնալ, անիմաստ տեղափոխումներ չընել․ ճշգրիտ առողջապահական ուղղութիւններ շարունակ կը սփռեն հաղորդակցական բոլոր միջոցներէն։ Հանրութեան համար միայն ուտելիք մատակարարող վաճառատուները եւ մասամբ շաբաթական հերթականութեամբ «բաց շուկաները» λαϊκή αγορά բաց կը ձգէ։ 18 Մարտէն խստօրէն կը սահմանափակուի շրջագայութիւնը, մանաւանդ նահանգէ նահանգ եւ յատուկ արտօնագիրով մարդիկ կրնան կատարել իրենց առօրեայ անհրաժեշտ գնումները։

Այս արտակարգ միջոցներով, Յունաստան կանխած է պսակաժախրի արագ տարածութիւնը։

Կրթական հաստատութիւնները կը փակուին, սակայն միաժամանակ կը սկսի հեռակայ դասաւանդութիւնը բոլոր կարգերուն համար․ կրթական համակարգը արագօրէն կը բարելաւուի, որպէսզի երկրին բոլոր աշակերտութիւնը կարողանայ ուսումը (կարելի եղած սահմաններուն մէջ) շարունակէ մինչեւ դպրոցներուն վերբացուիլը․ ենթադրեալ թուական ճշդուած է՝ մօտաւորապէս Մայիս ամսուան սկիզբները։[35][36] [37] [38] [39]

30 Ապրիլի դրութեամբ Յունաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 2,576 է, իսկ մահացողներունը՝ 139:[40]

31 Օգոստոսի դրութեամբ Յունաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 10,134 է, իսկ մահացողներունը՝ 262:[15]

Լիբանանի պետութիւնը, պսակաժահրին յայտնաբերման առաջին իսկ օրէն, յատուկ առողջապահական ուղղութիւններ կը յղէ կրթական եւ հանրային կառոյցներուն։

Կրթական նախարարութեան որոշումով 29 Փետրուարին կրթական բոլոր հաստատութիւնները կը փակուին (տեղի տալով առցանց դասաւանդութիւններուն, բոլոր մակարդակներու վրայ), իսկ յաջորդող շաբթուան ընթացքին բոլոր խանութները, ճաշարանները եւ մեծ վաճառատուները։ Կ'արգիլուին հասարակութեան մշակութային եւ մարզական ելոյթները ։ Ժողովուրդը կ'արգելափակուի տուներէն ներս, հետեւելով առողջապահական նախարարութեան ուղղութիւններուն: Առողջապահական ուղղութիւններ կը սփռուին հաղորդակցական բոլոր միջոցներէն։ Հանրութեան համար միայն ուտելիք մատակարարող վաճառատուները եւ դեղատուները բաց կը մնան։ Այս արտակարգ միջոցներուն դիմելով, Լիբանան զգալի տոկոսով կանխած է պսակաժախրի արագ տարածութիւնը։

30 Ապրիլի դրութեամբ Լիբանանի մէջ վարակուածներուն թիւը 725 է, իսկ մահացողներունը՝ 24:

6 Մայիսի դրութեամբ վարակուածներուն թիւը 750 է, իսկ մահացողներունը՝ 25:[41]

31 Օգոստոսի դրութեամբ Լիբանանի մէջ վարակուածներուն թիւը 16,780 է, իսկ մահացողներունը՝ 160:[15]

12 Մարտի երեկոյեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ Պսակաձեւ ժահրի պատճառով կրթական համակարգը պիտի դադրի աշխատանքէ: Դասաւանդութիւնները կը սկսին առցանց տեղի ունենալ: Ան կոչ կ'ուղղէ քաղաքացիներուն, որ մնան հանդարտ եւ հետեւին առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն:Փաշինեան կոչ կ'ուղղէ նաեւ չկազմակերպելու զանգուածային ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ կիրարկել ժահրի տարածումը կանխարգիլող Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ խորհուրդ տրուող միջոցները:

Առողջապահութեան նախարարը կը նշէ որդեգրուած հակահամաճարակային խստագոյն ձեւերը` ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար:[42]

30 Ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 2,066 է, իսկ մահացողներունը՝ 32:

31 Օգոստոսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 43,781 է, իսկ մահացողներունը՝ 879:[15]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Naming the coronavirus disease (COVID-2019) and the virus that causes it»։ www.who.int (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-02-21 
  2. «Naming the coronavirus disease (COVID-2019) and the virus that causes it»։ www.who.int (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-02-21 
  3. «中国疾病预防控制中心»։ www.chinacdc.cn։ արտագրուած է՝ 2020-01-09 
  4. «New-type coronavirus causes pneumonia in Wuhan: expert – Xinhua | English.news.cn»։ www.xinhuanet.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-01-09 
  5. «CoV2020»։ platform.gisaid.org։ արտագրուած է՝ 2020-01-12 
  6. «China confirms human-to-human transmission of new coronavirus»։ CBC News։ 2020-01-20։ արտագրուած է՝ 2020-01-21 
  7. «湖北黃岡:城鐵站、火車站離開黃岡市區通道暫時關閉»։ www.hkcna.hk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-01-23 
  8. hermesauto (2020-01-23)։ «Wuhan virus: China locks down Huanggang, imposes tough travel restrictions in 3 other cities, after Wuhan lockdown» (անգլերեն)։ The Straits Times։ արտագրուած է՝ 2020-01-23 
  9. https://www.telegraph.co.uk/news/2020/01/24/china-locks-eight-cities-pledges-new-hospital-within-six-days/
  10. «Undiagnosed pneumonia - China (HU) (01): wildlife sales, market closed, RFI Archive Number: 20200102.6866757»։ Pro-MED-mail։ International Society for Infectious Diseases։ արտագրուած է՝ 2020-01-13 
  11. Pinghui Zhuang (2020-01-15)։ «Wuhan pneumonia: how search for source unfolded»։ South China Morning Post (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-15-ին։ արտագրուած է՝ 2020-01-16 
  12. «Wuhan seafood market pneumonia virus isolate Wuhan-Hu-1, complete genome»։ NCBI Genbank։ National Center for Biotechnology Information։ արտագրուած է՝ 2020-01-20 
  13. «ԱՀԿ-ն աշխարհում հայտարարել է կորոնավիրուսի համաճարակ»։ Zonapositive.com (հայերեն)։ Zona News։ 2020-03-11։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-11 
  14. «Getting your workplace ready for COVID-19»։ World Health Organization։ 27 February 2020 
  15. 15,00 15,01 15,02 15,03 15,04 15,05 15,06 15,07 15,08 15,09 15,10 15,11 15,12 «ArcGIS Dashboards»։ gisanddata.maps.arcgis.com։ արտագրուած է՝ 2020-08-31 
  16. 16,0 16,1 16,2 «Համաճարակագէտ Դոկտ. Նաթալի Թերզիխան. «Պսակաձեւ Ժահրէն Վարակուողներուն 80%-ը Կա'մ Թեթեւ Կռիփի Ախտանշաններ Կ’ունենայ, Կա'մ Ընդհանրապէս Ոչ Մէկ Բան Կը Զգայ»»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-03-19։ արտագրուած է՝ 2020-03-28 
  17. «Novel 2019 coronavirus genome» (անգլերեն)։ Virological։ 2020-01-11։ արտագրուած է՝ 2020-02-01 
  18. «Novel Coronavirus (2019-nCoV) advice for the public: Myth busters» (անգլերեն)։ World Health Organization։ արտագրուած է՝ 2020-01-30 
  19. «Transmission of Novel Coronavirus (2019-nCoV)» (անգլերեն)։ U. S. CDC։ 2020-01-31։ արտագրուած է՝ 2020-02-01 
  20. 20,0 20,1 «Genomic epidemiology of novel coronavirus (nCoV) using data generated by Fudan University, China CDC, Chinese Academy of Medical Sciences, Chinese Academy of Sciences, Zhejiang Provincial Center for Disease Control and Prevention and the Thai National Institute of Health shared via GISAID»։ nextstrain.org։ արտագրուած է՝ 2020-02-01 
  21. Associated Press (2020-01-20)։ «China confirms human-to-human transmission of new coronavirus»։ CBC News (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-01-21 
  22. «Loss of sense of smell as marker of COVID-19 infection»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-14-ին 
  23. Պսակաձեւ ժահրը՝ ըստ 2021-ի տուեալներուն
  24. The Novel Coronavirus Pneumonia Emergency Response Epidemiology Team. The Epidemiological Characteristics of an Outbreak of 2019 Novel Coronavirus Diseases (COVID-19) – China, 2020. China CDC Weekly, 2020, 2(8): 113–122.
  25. Jack Derwin (2020-01-31)։ «The Wuhan coronavirus will hurt these Australian companies and cost the economy billions, according to global bank UBS» (անգլերեն)։ Business Insider Australia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-11 
  26. «Formula 1, FIA and AGPC announce cancellation of the 2020 Australian Grand Prix | Formula 1®» (անգլերեն)։ www.formula1.com։ արտագրուած է՝ 2020-03-13 
  27. «Australia Coronavirus: 6,875 Cases and 97 Deaths - Worldometer»։ www.worldometers.info (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-05-06 
  28. «Hungary Coronavirus: 3,111 Cases and 373 Deaths - Worldometer»։ www.worldometers.info (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-05-06 
  29. «RKI - Coronavirus SARS-CoV-2 - Archiv der Situationsberichte des Robert Koch-Instituts zu COVID-19 (ab 4.3.2020)»։ www.rki.de։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-22 
  30. «Coronavirus: All sport in Italy suspended because of outbreak» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2020-03-09 
  31. «Tokyo Marathon Cancels Mass Participation Race, To Go Ahead as Elite-Only Event (updated)»։ japanrunningnews.blogspot.com։ արտագրուած է՝ 2020-02-28 
  32. Important GDC 2020 Update
  33. «First Travel-related Case of 2019 Novel Coronavirus Detected in United States» (անգլերեն) 
  34. «Official Notice · Ultra Music Festival» (անգլերեն)։ Ultra Music Festival։ արտագրուած է՝ 2020-03-16 
  35. Ազատ Օր - Վարչապետը դիմեց բոլոր քաղաքացիներուն. «Մնացէ'ք տուն, մնացէ'ք ապահով»
  36. Ազատ Օր -Շրջագայութեան արգիլում Յունաստանի մէջ
  37. Ազատ Օր -Պսակաձեւ ժախրի պատճառաւ սեղմումները կը շարունակուին
  38. Ազատ Օր -Յունաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներու վիճակագրական պատկերը
  39. Ազատ Օր-Յունաստանի կառավարութիւնը յաւելեալ միջոցներու կը դիմէ «Քորոնա» ժահրին դէմ
  40. Աշխարհի տարածքին Պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու թիւ
  41. Համաճարակով վարակուածներու վիճակագրական պատկեր
  42. Համաճարակը Հայաստանի մէջ
  • Ազատ Օր օրաթերթ, 23-3-2020, թիւ 21688։
  • Ազատ Օր օրաթերթ, 26-3-2020, թիւ 21690։
  • Ազատ Օր օրաթերթ, 27-3-2020, թիւ 21691։
  • Zhang Y.-Z. et al. [GenBank Wuhan seafood market pneumonia virus isolate Wuhan-Hu-1, complete genome] (անգլ.) : journal. —Bethesda MD, 2020.
  • Ji W., Wang W., Zhao X., Zai J., Li X. J. Homologous recombination within the spike glycoprotein of the newly identified coronavirus may boost cross‐species transmission from snake to human(անգլ.) // Journal of Medical Virology : журнал. — Hoboken, New Jersey: Wiley-Blackwell, 2020. — С. 1—29. — ISSN 1096-9071. — doi:10.1002/jmv.25682
  • Callaway E., Cyranoski D. Why snakes probably aren’t spreading the new China virus. One genetic analysis suggests reptilian reservoir — but researchers doubt that the coronavirus could have originated in animals other than birds or mammals (անգլ.) // Nature : журнал. — Nature Publishing Group, 2020. — doi:10.1038/d41586-020-00180-8
  • Peng Zhou, Xing-Lou Yang, Xian-Guang Wang, Ben Hu, Lei Zhang, Wei Zhang, Hao-Rui Si, Yan Zhu, Bei Li, Chao-Lin Huang, Hui-Dong Chen, Jing Chen, Yun Luo, Hua Guo, Ren-Di Jiang, Mei-Qin Liu, Ying Chen, Xu-Rui Shen, Xi Wang, Xiao-Shuang Zheng, Kai Zhao, Quan-Jiao Chen, Fei Deng, Lin-Lin Liu, Bing Yan, Fa-Xian Zhan, Yan-Yi Wang, Gengfu Xiao, Zheng-Li Shi Discovery of a novel coronavirus associated with the recent pneumonia outbreak in humans and its potential bat origin (անգլ.) // bioRxiv : сайт. — 2020. — С. 1—18. — doi:10.1101/2020.01.22.914952

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]