Հայկազեան Համալսարան

Հայկազեան Համալսարան
Հայկազեան Համալսարանի Մուկար շէնքը
Տեսակ Անհատական
Կարգախօս Truth Freedom Service.
Հիմնադրուած է 1955
Անուանուած է Արմենակ Հայկազեան
Նախագահ Վեր. Դկ. Փոլ Հայտոսթեան
Տեղ Պէյրութ
Երկիր Լիբանան
Կայք haigazian.edu.lb

Հայկազեան Համալսարան (անգլ.՝ Haigazian University արաբ․՝ جامعة هايكازيان‎‎) բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւն, որ կը գործէ Լիբանանի մէջ եւ կը հետեւի ազատ արուեստից (liberal arts) կրթական սկզբունքին եւ բարձրագոյն կրթութեան ամերիկեան համակարգին։

Հիմնուած է 17 Հոկտեմբեր 1955-ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան միացեալ ջանքերով։

Ուսանողութիւնը կը բաղկանայ ազգային եւ կրօնական տարբեր պատկանելիութեան տէր երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ։

Դասաւանդութեան լեզուն անգլերէնն է։

Նշանաբան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշանաբանն է «Ճշմարտութիւն, Ազատութիւն, Ծառայութիւն» (Truth, Freedom, service)

Վկայականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանի շրջանաւարտները կը վկայուին Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Պսակաւոր Առեւտրական Վարչագիտութեան (B.B.A.), Պսակաւոր Գիտութեանց (B.S.), Մագիստրոս Արուեստից (M.A.) եւ Մագիստրոս Առեւտրական Վարչագիտութեան (M.B.A.) եւ Մանկավարժութեան (Normal Diploma) վկայականներով։
1995-ին, Համալսարանը իրաւասութիւն կը ստանայ շնորհելու մագիստրոսի աստիճան հետեւեալ 4 մասնագիտութիւններու մէջ. Կրթութեան Տնօրինում եւ Վերահսկում, Ընդհանուր Հոգեբանութիւն, Դարմանական Հոգեբանութիւն եւ Պանդոկի Վարչագիտութիւն։
Հայկազեան Համալսարանը կը շնորհէ նաեւ «Պատուոյ Դոկտոր»ի կոչումներ հայ ազգային կեանքին մէջ մասնայատուկ ներդրումներ ունեցած անհատներու։

Բաժանմունքներ եւ Մասնագիտութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանէն ներս կը գործեն 4 բաժանմունքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առեւտրական Վարչագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեան բաժանմունք (Business Admininstration and Economics),
  • Մարդկային Գիտութեանց բաժանմունք (Humanities),
  • Գիտական բաժանմունք (Sciences),
  • Ընկերային եւ Վարքային Գիտութեանց բաժանմունք (Sovial and Behavioural Sciences)։

Համալսարանը ունի հետեւեալ մասնագիտութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանի Մուկար շէնքը

Առեւտրական Վարչագիտութիւն (Business Admininstration) հետեւեալ մասնագիտութիւններուն շեշտադրումով.

  • Հիւրընկալութեան վարչագիտութիւն (Hospitality Management),
  • Տեղեկատուական համակարգի վարչագիտութիւն (Management Information Systems), Հաշուապահութիւն (Accounting),
  • Ելեւմուտք (Finance), Ծանուցումնային վարչագիտութիւն (Advertisement) եւ Առեւտրական Օրէնսգիտութիւն (Business Law),
  • Տնտեսագիտութիւն (Economics),
  • Արաբերէն,
  • Հայագիտութիւն,
  • Անգլերէն Լեզու, Անգլիական Գրականութիւն եւ Անգլերէնի Ուսուցում Իբրեւ Օտար Լեզու (TEFL),
  • Պատմութիւն,
  • Կենսաբանութիւն (Biology),
  • Քիմիագիտութիւն (Chemistry),
  • Համակարգչային Գիտութիւն (Computer Science),
  • Հոգեբանութիւն (Psychology),
  • Ընկերային Ծառայութիւն (Social Work)։
  • Հայկազեան Համալսարանին մէջ կը գործէ նաեւ Յարատեւ Կրթութեան Կեդրոնը (Center for Continuing Education), որ զանազան երեկոյեան դասընթացքներ եւ վարժանքներ կը տրամադրէ չափահասներու։
  • Աշխատող ուսուցիչներու մանկավարժական հմտութիւնները եւ գիտելիքները զարգացնելու նպատակով նոյնպէս կը կազմակերպուին դասընթացքներ եւ վարժանքներ (In-service Teacher Training Program)։

Տեսիլք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանը կը տրամադրէ որակաւոր ուսում, մատչելի գիներով։
Համալսարանը կը պատրաստէ ապագայի մարտահրաւէրները դիմակայելու ատակ ուսեալ, մասնագէտ քաղաքացիներ, զինուած՝ ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ առաջնորդական կարողութիւններով։

Առաքելութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանին առաքելութիւնն է որակաւոր կրթութեան ջամբումը քրիստոնէական մթնոլորտի մը մէջ, ուր գերակայ սկզբունքներ են ակադեմական ազատութիւնը եւ ճշմարտութեան որոնումն ու սփռումը։
Համալսարանը կը ձգտի պատրաստել մասնագէտներ, որոնք ունենան նաեւ առաջնորդի ունակութիւններ, ծառայելու համար լիբանանահայ եւ լիբանանեան ընկերութեան։
Համալսարանին ազգային ինքնութիւնը եւ աշխարհագրական դիրքը կը պահանջեն, որ ան պահպանէ եւ ջատագովէ իր հայկական եւ միջին-արեւելեան ժառանգութիւնը, համաշխարհային պարունակի մէջ դիտուած։
Հայկազեան Համալսարանը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վկայութեան գործնականացած տեսիլքներէն մին է։ Այդուհանդերձ, համալսարանին դռները բաց են ամէն որակաւոր ուսանողի դիմաց, առանց ցեղային, քաղաքացիական եւ դաւանանքային խտրականութեան։
Ակադեմական եւ արտադասարանային ծրագիրներուն ընդմէջէն, Համալսարանը կ'ընծայէ կրթական բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, որպէսզի ամբողջանայ ուսանողներուն ակադեմական, անձնական, ընկերային եւ հոգեւոր կազմաւորումը։
Ուսանողներուն համար պատրաստուած է ընդհանրական կրթութեան, ինչպէս նաեւ մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման ծրագիր։

Համալսարանին ժառանգութեան երեք երեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Աւետարանական կողմնորոշում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Աւետարանական համայնքը պատասխանատու տէրն ու կառավարիչն է Համալսարանին, որ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին (NEST) գործակցութեամբ կը պատրաստէ ուսուցիչներ, հոգեւորականներ եւ առաջնորդներ։
Համալսարանը կը ծառայէ նաեւ կրօնական տարբեր դաւանանքի տէր ուսանողներու ընդարձակ խումբի մը։ Համալսարանին դաւանած ակադեմական ազատութեան սկզբունքը կը բխի քրիստոնէական հաւատքի ազատագրիչ ներգործութենէն։ Որպէսզի ուսանողները կարենան բացայայտել իրենց ուրոյն հաւատոյ հանգանակը եւ կազմաւորեն հետեւողական եւ գիտակցուած անձնական աստուածաբանութիւն, Համալսարանը կը տրամադրէ կրօնագիտական եւ փիլիսոփայական դասընթացքներ։ Աշակերտութեան, դասախօսական կազմին եւ պաշտօնէութեան համար կը կազմակերպուին պաշտամունքներ, հանրային դասախօսութիւններ եւ կրօնամէտ համագումարներ։

Բ. Հայկական ինքնութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանին դիմագիծը կազմաւորուած է ոչ միայն կրօնական համայնքին պատկանելիութեամբ, այլեւ՝ իր հայկական ժառանգութեամբ։ Համալսարանին ինքնութեան այս յատուկ երեսակը կազմուած է սփիւռքահայութեան իւրայատուկ կարգավիճակէն։
Համալսարանին հայկական դիմագիծը կ'արտացոլայ Հայագիտական Ուսմանց Ամպիոնին կողմէ տրամադրուող հայ գրականութեան, պատմութեան, լեզուաբանութեան եւ մշակոյթի պատմութեան բազմապիսի դասընթացքներով։ Ամպիոնը իր ուսանողները կը նախապատրաստէ մագիստրոսական ուսման, կը պատրաստէ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներ եւ տարբեր մասնագիտութեան տէր ապագայ գործիչներ, առաջնորդներ։
Համալսարանին հայկական դիմագիծը կազմաւորող հիմնական բաղադրիչներէն են Տէրեան Հայագիտական Գրադարանը, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը, հրապարակային դասախօսութիւնները, զանազան գիտաժողովները եւ հրատարակութիւնները։

Գ. Լիբանանեան դիմագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան համալսարանը բարձրագոյն կրթութեան լիբանանեան հաստատութիւն է, որուն շնորհած բոլոր վկայականները ունին պետական ճանաչում։ Համալսարանը կը գործէ Լիբանանի Կրթութեան եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան իրաւասութեան ներքոյ ու կ'առաջնորդուի անոր օրէնքներով։ Համալսարանին ուսանողութեան, դասախօսական կազմին, պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամներուն զգալի թիւը Լիբանանի քաղաքացիներ են։ Համալսարանական առօրեան հայելին է լիբանանեան հարուստ բազմահամայնքային խաղաղ համակեցութեան կեանքին։ Համալսարանը ջատագովն է երկխօսութեան, ներդաշնակ կեանքի եւ լիբանանեան բոլոր համայնքներու համարկումին։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանը անուանուած է ի պատիւ Դոկտոր Արմենակ Հայկազեանի[1], որ տեսուչն էր Գոնիոյ Ճենանեան Առաքելական Հիմնարկին, Թուրքիոյ մէջ։ Ան շրջանաւարտ է ԱՄՆ-ի Եէյլի Համալսարանէն։ Արմենակ Հայկազեան թէեւ առիթ ունէր ԱՄՆ փախչելու եւ խուսափելու հակահայ հալածանքներէն, այդուհանդերձ կը նախընտրէ շարունակել իր ծառայութիւնը։ Այդպիսով, ան կը կիսէ իր հարազատ ժողովուրդին ճակատագիրը եւ կը նահատակուի 1921-ին, Խարբերդի բանտին մէջ։
Արմենակ Հայկազեանին ազգականները՝ Մէրի Մեխակեան եւ Ֆլորընս Մեխակեան-Կերթմէնեան, գործակցութեամբ Ստեփան Փիլիպոսեանի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մօտ կը հաստատեն դրամագլուխ մը, որմով 17 Հոկտեմբեր 1955-ին կը հիմնուի Հայկազեան Գոլէճը Ա.Հ.Ա. Ընկերակցութեան եւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան կողմէ, իբրեւ «ազատ արուեստից» բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւն, պատրաստելու համար ապագայ ուսուցիչներ եւ հոգեւոր hովիւներ։
Նորաստեղծ Քոլէճին կը միանան Ուսուցչաց Պատրաստութեան Հիմնարկը եւ Հայ Աւետարանական Քոլէճին բարձրագոյն դասարանները։
Համալսարանը նախ կը մեկնարկէ 2 դասարաններով, իբրեւ կրտսեր քոլէճ, սակայն, հետագային, անսալով պահանջներու, կ'որդեգրէ քառամեայ բարձրագոյն ուսմանց ծրագիր։
Մինչեւ 1991, Հայկազեանը կը կոչուէր Քոլէճ. 1992-ին, անիկա կը փոխուի Համալսարանական Քոլէճի։ 28 Դեկտեմբեր 1996-ին, Լիբանանի Մշակոյթի եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութիւնը, թիւ 9657 հրամանագիրով կ'արտօնէ Համալսարան բառին գործածութիւնը։
Առաջին տարին, Հայկազեանը կ'ունենայ 43 ուսանող։ 1975-ին, այդ թիւը կը բարձրանայ 650-ի։ Հայկազեանէն շրջանաւարտներու թիւը 2014-ին կը հասնէր 3200-ի։
1987-ին, ապահովական պատճառներով, Հայկազեանը կը փոխադրուի Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանին մէջ գտնուող Քրիստնէական Բժշկական Կեդրոնին (CMC) շէնքը։

27 Մարտ 1996-ին, հոգաբարձութիւնը կ'որոշէ վերադառնալ հիմնական մասնաշէնքեր։

16 Փետրուար 1997-ին ծայր կ'առնէ վերանորոգութեան աշխատանքը, եւ յաջորդ տարեշրջանի սկիզբը՝ 6 Հոկտեմբեր 1997-ին, Հայկազեան իր դռները կը բանայ իր մայր շրջափակին մէջ, Քանթարի թաղ։

Ժամանակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1955 – Հիմնադրութիւն Ուէպ շէնքին մէջ։
1966 – Ճանաչում իբրեւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւն, թիւ 3/3991 հրամանագիրով։
1970 – Մուկար պատմական շէնքի յաւելում։
1971 – Պսակաւոր Արուեստից, Պսակաւոր Գիտութեանց եւ Մանկավարժական Վկայականի պաշտօնական վաւերացում։
1987 – Փոխադրութիւն դէպի CMC։
1992 – Վերանուանւում Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճի (HUC)։
1996 – Մագիստրոս աստիճանի շնորհման թոյլտւութիւն թիւ 9657 հրամանագրով։
1997 – Վերադարձ դէպի մայր շրջափակ, Քանթարի թաղ։
2000 – ԱՄՆ-ի մէջ ճանաչում իբրեւ ոչ-շահութաբեր (501(c)(3)) կազմակերպութիւն։
2001 – 4-րդ մասնաշէնքին շինութիւնը Մուկարի շրջափակէն ներս։
2004 – Դրկից Հայ Աւետարանական Գոլէճի ձախ թեւի վարձում եւ յաւելում համալսարանին։
2011 – Հայկազեան Հրատարակչականի արձանագրութիւն։
2012 – Heritage շէնքի բացում։
2012 – Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի բացում:

Պաշտօնական վաւերացումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

25 Մարտ 1966 - Բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւն։ Հրամանագիր թիւ 3/3991։
17 Մայիս 1971 - Պսակաւոր Արուեստից, Պսակաւոր Գիտութեանց եւ Մանկավարժական Վկայականի պաշտօնական վաւերացում եւ համապատասխանեցում Լիբանանեան Համալսարանի համապատասխան վկայականներուն։ Հրամանագիր թիւ 1152/70։
28 Դեկտեմբեր 1996 - Մագիստրոս աստիճանի շնորհման թոյլտուութիւն։ Հրամանագիր թիւ 9657։

Մասնագիտական անդամակցութիւն եւ համագործակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանը անդամ է Ամերիկեան Միջազգային քոլէճներու եւ Համալսարաններու Ընկերակցութեան (AAICU)։
Հայկազեան համալսարանը գործակից է հետեւեալ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններուն.

  • Յունաստանի Ամերիկեան Համալսարան
  • Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան
  • Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
  • Ֆրանքլին Քոլէճ, Զուիցերիա
  • Ամերիկեան Համալսարաններու Հիմնարկ, Ֆրանսա
  • Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարան
  • Լոնտոնի Ամերիկեան Միջազգային Համալսարան, Ռիչմընտ Քոլէճ
  • Պուլկարիոյ Ամերիկեան Համալսարան
  • Փարիզի Ամերիկեան Համալսարան
  • Ճոն Քապոթ Համալսարան, Իտալիա
  • Լա Վըրն Համալսարան, Յունաստան
  • Սէնթ Լուիս Համալսարան, Սպանիա
  • Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան
  • Շարժայի Ամերիկեան Համալսարան
  • Կեդրոնական Ասիոյ Ամերիկեան Համալսարան
  • Լիբանանեան Համալսարան

Համալսարանի նախագահներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Դոկտ. Ճան Մարգարեան (1955-1966, 1972-1982)
  • Դոկտ. Ճան Պիլէզիկեան (1967-1971)
  • Դոկտ. Վերն Ֆլեչըր (1983-1985)
  • Վեր. Դոկտ. Ճոն Խանճեան (1995-2002)
  • Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան (2002 - )
  • Փետրուար 1985-էն մինչեւ Օգոստոս 1995, ի չգոյէ նախագահի, վարչական դեկան Օրդ. Ուիլմա Չոլաքեան կը ստանձնէ Համալսարանին ղեկավարութիւնը։

Հոգաբարձութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Համալսարանին հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ 18 անդամներէ։ Անոնք կը նշանակուին Ա.Հ.Ա. Ընկերակցութեան եւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան կողմէ։ Ի պաշտօնէ հոգաբարձութեան կ'անդամակցին Ա.Հ.Ա.Ը.-ի գործադիր տնօրէնը (Նիւ Ճըրզի), Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.-ի նախագահը (Պէյրութ) եւ Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան նախագահը։ Հոգաբարձուներէն վեցը կ'ընտրուին Լիբանանէն, միւսները՝ ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէն։

Կալուած եւ մասնաշէնքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանին ընդհանուր տարածութիւնը 6475 քառակուսի մեթր է, որուն 1952-ը՝ ուսումնական նպատակներու կը գործածուի, իսկ 1096-ը՝ վարչական։ Հայկազեան Համալսարանի շրջափակը կը բաղկանայ 6 մասնաշէնքերէ.

  1. Ուէպ շէնքը՝ աշակերտական գործունէութիւններու կեդրոն։
  2. Մեխակեան շէնքը՝ դասարաններ, տարրալուծարաններ, դասախօսներու գրասենեակներ եւ սրահ։
  3. Մուկար պատմական շէնքը՝ վարչական գրասենեակներ եւ զոյգ գրադարաններ։
  4. Ահարոնեան շէնքը՝ սրահ, ժողովասրահ եւ դասախօսներու գրասենեակներ։
  5. Քոլէճ շէնքը՝ դասարաններ, համակարգչային դասարան եւ քննութեանց սրահ։
  6. Heritage պատմական շէնքը՝ վարչական գրասենեակներ եւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Haigazian University, The University Archived 2007-06-07 at the Wayback Machine.