Jump to content

Երուանդ Թէրզեան

Երուանդ Թէրզեան
Ծնած է 9 Փետրուար 1939(1939-02-09)[1]
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1]
Մահացած է 25 Նոյեմբեր 2019(2019-11-25)[1] (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Իթակա, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Ուսումնավայր Գահիրէի Ամերիկեան ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ինտիանայի համալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն աստղաֆիզիկոս, աստղագէտ
Աշխատավայր Քոռնելի Համալսարան
Arecibo Observatory?
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[3], Գիտության զարգացման աջակցության ամերիկյան ասոցացիա?, International Scientific Radio Union?, Սիգմա Xի?, Astronomical Society of New York?, Society for Scientific Exploration? եւ Hellenic Astronomical Society?

Երուանդ Թէրզեան (ծնած՝ 9 Փետրուար 1939, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), մահացած է 25 Նոյեմբեր 2019, ԱՄՆ) հայ գիտնական՝ աստղագէտ։

Թէրզեան ծնած է 9 Փետրուար 1939-ին, հայ հօրմէ եւ յոյն մօրմէ: Դպրոցը կ՛աւարտէ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ապա՝ կը յաճախէ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը: 1960-ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ։ 1963-ին Ինտիանա համալսարանէն կը ստանայ աստղագիտութեան ճիւղին մէջ մագիստրոսի վկայական, իսկ 1965-ին կ՛արժանանայ դոկտորի աստիճանին:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Երուանդ Թէրզեան կեանքը կը նուիրէ կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու:

Ան կ՛ուսումնասիրէ տիեզերքը, ուսանողներու եւ առհասարակ հանրութեան համար ոգեւորիչ փորձառութիւններ ապահովելու համար: Մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երիտասարդ ուղեղները ոգեշնչելու եւ կրթելու հարցին մէջ[4]:

Թէրզեան ութ տարի կ՛աշխատի NASA-ի յանձնախումբերուն մէջ, իսկ 20 տարի կը ղեկավարէ NASA-ի Նիւ Եորքի տիեզերական դրամաշնորհներու համախմբումը, որ կը ներառէ 19 համալսարան եւ գիտական կեդրոն։

12 տարի աստղագիտութեան նիւթով կը դասախօսէ Ամերիկացի աստղագէտներու ընկերակցութեան անդամներուն: Յայտնի է աստղային եղափոխութեան ոլորտին մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռաւոր մոլորակային համակարգերու միջեւ ջրածնային գօտիներու յայտնագործումով[5]: Թէրզեան աւելի քան 235 գիտական յօդուածի համահեղինակ է եւ 7 գիրքի խմբագիր[6]։

Թէրզեան 1965-էն ի վերշ կը դասաւանդէ ու ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ «Քորնել» համալսարանին մէջ[7]։ Ան կ՛արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու։

1965-1967 թուականներուն կը դառնայ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանի գիտական աշխատակից, 1967-1972 թուականներուն` աստղագիտութեան փրոֆէսօրի օգնական, 1968-ին կը նշանակուի Քոռնելի համալսարանի աստղագիտութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն։ 1968-1974 թուականներուն` նոյն համալսարանի ռատիոֆիզիկայի եւ տիեզերական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնի օգնական, 1972-1977 թուականներուն` աստղագիտութեան տոցենդ եւ 1977-ին՝ Քոռնելի համալսարանի աստղագիտութեան փրոֆէսօր[6]:

  • Անանիա Շիրակացիի մետալ։
  • NASA-ի «Lifetime Achievement Award» (Նշանակալի հանրային սպասարկութեան) շքանշան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մահացած է աստղագէտ Երուանդ Թերզեան Archived 2020-09-29 at the Wayback Machine.

Dr. Yervant Terzian, PhD. | 1939 - 2019 | Obituary