Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան
Մեսրոպ Բ Մութաֆեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 16 Յունիս, 1956 |
Ծննդավայր | Թուրքիա, Պոլիս |
Մահացած է | 8 Մարտ 2019 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա Թուրքիա |
Ազգութիւն | Հայաստան Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Սուրբ Թովմա Աքվինացու պապական համալսարան? |
Ազդուած է | Արմաշականութիւն |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Աշխատավայր | Հոգեւորական |
Վարած պաշտօններ | Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարք? |
Ծնողներ |
Օննիկ Մութաֆեան Մարի Մութաֆեան |
Մեսրոպ Բ Մութաֆեան (16 Յունիս 1956, Պոլիս), Կ․ Պոլսոյ հայոց պատրիարք, հանրային գործիչ։ Կ. Պոլսոյ հայոց 84-րդ Պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեան վախճանած է (8 Մարտ 2019, Պոլիս):
Կենսագրութիւն ու Ուսում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւազանի անունով Մինաս, ծնած է 16 Յունիս 1956-ին, Պոլսոյ մէջ, որպէս զաւակը Օննիկ ու Մարի Մութաֆեան ամոլի։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Էսաեան վարժարանին մէջ։ 1968-ին ընդունուած է Նշանթաշի անգլիական վարժարանը (High School), զոր աւարտած է 1973 թուականին։ 1973-1975 թուականներուն ուսանած է Շթութկարտի Ամերիկեան քոլեժի գեղարուեստի եւ պատմութեան բաժնին մէջ։ 1975-1979 թուականներուն ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Թենըսի նահանգի Մեմփիսի պետական համալսարանին մէջ` հետեւելով ընկերաբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։
Ուսանողութեան տարիներուն Մինաս Մութաֆեան ենթարկուած է երթեւեկի արկածի մը, որու հետեւանքով մահացած է իր մտերիմ բարեկամներէն մին՝ Պետրօ Մարաշօղլու։ Մինաս, որ կը վարէր կառքը, այս պատահարէն ետք կ՚ապրի մեծ հոգեփոխութիւն մը։ Կը սկսի աւելի յաճախ մտածել Աստուծոյ, հոգեւոր կեանքի եւ նոյնիսկ հոգեւորական դառնալու մասին[1]։ Համալսարանի ճիւղը կը փոխէ՝ մասնակցելով Թենըսի նահանգի Էփիսքըփըլ (Անգլիկան) թեմի քահանաներու յատուկ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցագիտութեան դասընթացքներուն։
1979-1982 թուականներուն ուսանած ու պաշտօնավարած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ։ Կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Հին Կտակարանի պատմութեան ու գրականութեան ճիւղէն։ Երուսաղէմի համալսարան-քոլեճէն ալ կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Սուրբ Գրային հնագիտութենէն։ 1979-1980 թուականներուն միաժամանակ դասաւանդած է Երուսաղէմի Ս․ Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ` Հին Կտակարանի ներածութիւն եւ անգլերէն։
Նոյեմբեր 1983-Փետրուար 1984 թուականներու միջեւ կը ծառայէ բանակին՝ Պուրտուրի Ե․ գնդապետական հրամանատարութեան մէջ։
1988-1989 թուականներուն ուսանած է Հռոմի «Ս. Թովմա Աքուինացի» համալսարանին մէջ։ Ստացած է մագիստրոսի աստիճան՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց աստուածաբանութեան մասնագիտութեամբ։
2003-ին Ուաշինկթընի «Սեն Մերի» համալսարանի կողմէ արժանանցած է պատուաւոր դոկտորի կոչման։
Որպէս հոգեւորական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19 Յուլիս 1977 թուականին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Շահան եպսկ․ Սվաճեանի։ 13 Մայիս 1979-ին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շնորհք Բ․ պատրիարքի, կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ։ Երուսաղէմէ վերադարձին, 1982-1983 թուականներուն կը դառնայ Շնորհք Բ պատրիարքին անձնական քարտուղարը։
7 Մայիս 1983-ին «Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն» աւարտաճառով վարդապետական գաւազան կը ստանայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն թուականին կը դառնայ քարոզիչ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Երիտասարդ Մեսրոպ վրդ․ Մութաֆեան դարձած էր Քնալը կղզիի ոգին։ Քարոզելու կարողութիւնը[2], մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ ստեղծած ջերմ երկխօսութիւնը ոսկեդար մը ստեղծած էին այդ համայնքէն ներս։ Հարիւրաւոր մանուկներ հետեւած են իր կազմակերպած հոգեւոր ու մշակութային դասընթացքներուն՝ որոնց ժամանակ երիտասարդ հոգեւորականը իրենց կը սորվեցնէր ո՛չ միայն քրիստոնէութիւն, այլ նաեւ հայոց բանն ու երգը։
3 Մայիս 1986-ին «Նահապետաց կրօնքը նախ քան եգիպտական գերութիւնը» աւարտաճառով ծայրագոյն վարդապետական գաւազան կը ստանայ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
21 Սեպտեմբեր 1986-ին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի, Շնորհք Բ․ պատրիարքի ու Երուսաղէմի ընտեալ պատրիարք Տիրան արք․ Ներսոյեանի։ 5 Դեկտեմբեր 1992-ին ստացած է արքութեան պատիւ՝ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսէն։
Նախքան պատրիարքական գահ բարձրանալը, Շնորհք Ա․ պատրիարքի գահակալութեան վերջին շրջանին եւ Գարեգին Բ․ պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն եղած է Պոլսոյ պատրիարքութեան դիւանապետ, կրօնական ժողովի ատենապետ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատրիարքական փոխանորդ, Իշխանաց կղզեաց տեսուչ։
1995-ին «Շողակաթ» հանդէսին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ: Կարճ ընդհատումէ մը ետք, 1995-ին լոյս կը տեսնէ Շողակաթը՝ առաւելաբար պատմաբանասիրական նիւթերով։ Շողակաթ մատենաշարէն հատորներ կը հրատարակուին[3]։
14 Հոկտեմբեր 1998-ին Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է Կ. Պոլսի հայոց 84-րդ պատրիարք։
Պատրիարքական տարիները եղած են փոթորկալից։ Մէկ կողմէ կը շարունակէր զբաղիլ երիտասարդներով, համայնքային կեանքի վերաշխուժացմամբ, միւս կողմէ սակայն որոշ հարցեր սկսած էր ապրիլ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին, հետեւաբար Մայթ Աթոռ Ս․ Էջմիածնին հետ։
Մեսրոպ պատրիարք երթեւեկի արկածի մը կ՚ենթարկուի նաեւ 1 Փետրուար 2004-ին, Անթալիոյ մերձակայ Սաքլըքենթի մէջ։ Մանր վնասուածքներէն դուրս, կը վնասուի քիթն ու սրունքը[4]։
2008 թուականէն սկսեալ Մեսրոպ Մութաֆեան կորսնցուցած է յիշողութիւնը եւ կը տառապի անբուժելի հիւանդութեամբ (frontotemporal demans)։ Ան կը շարունակեր մնալ պատրիարք, սակայն պատրիարքութիւնը կը ղեկավարեր իր ընդհանուր փոխանորդը՝ Արամ արք․ Աթէշեան։
Իսթանպուլահայ գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր պատրիարքի հիւանդութիւնը հիմք ընդունելով 7 Մայիս-18 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ, Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ բացաւ «Օրէ օր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։[5]