Jump to content

Վարշաւա

Վարշավա

Վարշաւան (լեհերէն՝ Warszawa) պաշտօնապէս՝ Վարշաւա մայրաքաղաք[1], Լեհաստանի մայրաքաղաքն ու մեծագոյն քաղաքն է: Մեծաքաղաքը կը գտնուի Վիսլա գետի ափին՝ արեւելեան-կեդրոնական Լեհաստանի մէջ։ Անոր բնակչութիւնը պաշտօնապէս կը գնահատուի 1.86 միլիոն, իսկ ընդհանուր մեծաքաղաքային տարածքը՝ 3.27 միլիոն բնակիչ, ինչ որ Վարշաւան կը դարձնէ Եւրոպական Միութեան 6-րդ ամենաբազմամարդ քաղաքը: Քաղաքի տարածքը 517 քառակուսի քիլոմեթր է եւ բաղկացած է 18 թաղամասերէ, մինչդեռ մեծաքաղաքային տարածքը կը գրաւէ 6,100 քառակուսի քիլոմեթր: Վարշաւան կը դասուի իբրեւ «ալֆա» մակարդակի համաշխարհային քաղաք. ան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կարեւոր հանգոյց է եւ երկրի կառավարութեան նստավայրը: Ան նաեւ Մազովեան նահանգի մայրաքաղաքն է:

Վարշաւայի արմատները կը հասնին Մազովիոյ ձկնորսական փոքրիկ քաղաքի մը: Քաղաքը վերելք ապրեցաւ 16-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Սիկիզմունտ Գ.-ը որոշեց Լեհաստանի մայրաքաղաքն ու արքայական արքունիքը Քրաքովէն տեղափոխել հոս: 18-րդ դարուն Վարշաւան արդէն անցած էր Կտանսքէն՝ դառնալով Լեհաստանի ամենաբազմամարդ քաղաքը: Ան ծառայած է իբրեւ Լեհ-Լիտուական Համադաշնութեան մայրաքաղաք մինչեւ 1795 թուականը, իսկ յետագային՝ Նափոլէոնի Վարշաւայի Դքսութեան նստավայրը: 19-րդ դարն ու Արդիւնաբերական Յեղափոխութիւնը բերին ժողովրդագրական մեծ աճ, ինչ որ քաղաքը դարձուց Եւրոպայի ամենամեծ եւ խիտ բնակեցուած վայրերէն մէկը: Այդ ժամանակ իր շքեղ ճարտարապետութեան եւ ճեմուղիներուն համար ծանօթ քաղաքը ռմբակոծուեցաւ ու պաշարուեցաւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը՝ 1939-ին: Պատմական քաղաքի մեծ մասը կործանեցաւ, իսկ անոր բազմազան բնակչութիւնը բնաջնջուեցաւ 1943-ի Կեթոյի ապստամբութեան, 1944-ի Վարշաւայի համընդհանուր ապստամբութեան եւ համակարգուած քանդումներու հետեւանքով:

Վարշաւան ունի երեք միջազգային օդակայաններ, որոնցմէ ամենաբանուկը Վարշաւայի Շոփենի անուան օդակայանն է, ինչպէս նաեւ Վարշաւա Մոտլին եւ Վարշաւա Ռատոմ օդակայանները: Քաղաքին մէջ գործող հանրային փոխադրութեան հիմնական միջոցներն են Վարշաւայի մեթրօն, հանրաշարժները (bus), արուարձանային գնացքները եւ թրամուայի ընդարձակ ցանցը: Քաղաքը տարածաշրջանի կարեւոր տնտեսական կեդրոնն է. Վարշաւայի ֆոնտային պորսան (Stock Exchange) մեծագոյնն է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Հոս կը գտնուին Frontex-ը՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմաններու անվտանգութեան գործակալութիւնը, եւ ODIHR-ը՝ Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր հաստատութիւններէն մէկը: Վարշաւան ունի Եւրոպայի երկնաքերներու ամենամեծ խտութիւններէն մէկը, իսկ «Վարսօ Թաուըր»-ը (Varso Tower) Եւրոպական Միութեան ամենաբարձր շէնքն է:

Քաղաքի հիմնական կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններն են Վարշաւայի Համալսարանը, Վարշաւայի Ճարտարագիտական Համալսարանը, SGH Վարշաւայի Տնտեսագիտական Դպրոցը, Շոփենի անուան Երաժշտական Համալսարանը, Լեհաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը, Ազգային Թանգարանը եւ Վարշաւայի Մեծ Թատրոնը, որ Եւրոպայի մեծագոյններէն է: Վերակառուցուած Հին Քաղաքը, որ կը ներկայացնէ եւրոպական ճարտարապետական տարբեր ոճեր, 1980-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ դասուեցաւ Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այլ տեսարժան վայրերէն են Արքայական Ամրոցը, Սիկիզմունտի սիւնը, Վիլանով պալատը, Կղզիի պալատը, Սուրբ Յովհաննէսի Մայր Տաճարը, Գլխաւոր Շուկայի հրապարակը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եկեղեցիներ ու դաստակերտներ՝ Արքայական Ուղիի երկայնքին: Վարշաւան «կանաչ» մայրաքաղաք է. քաղաքի տարածքի մօտ մէկ քառորդը զբաղեցուած է զբօսայգիներով: Մարզական կեանքի մէջ քաղաքը հայրենիքն է «Լեկիա» եւ «Փոլոնիա» մարզական ակումբներուն եւ ամէն տարի կը հիւրընկալէ Վարշաւայի մարաթոնը:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (անգլերեն) Warsaw, 2026-04-30, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Warsaw&oldid=1351885160, վերցված է 2026-05-06