Jump to content

Ատոլֆ Հիթլեր

Ատոլֆ Հիթլեր
գերմաներէն՝ Adolf Hitler
Ծնած է 20 Ապրիլ 1889(1889-04-20)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Վիեննայի Պրոնօ Ինն նահանգ, Աւստրո-Հունգարիա[4]
Մահացած է 30 Ապրիլ 1945(1945-04-30)[5][1][2][…] (56 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆուհրըրպունքըր, Պերլին, Նացիական Գերմանիա
Քաղաքացիութիւն  Սիսլեթանիա[6]
 Աւստրիա
 Ուայմարի Հանրապետութիւն[6]
 Նացիական Գերմանիա
Մայրենի լեզու գերմաներէն
Կրօնք religious views of Adolf Hitler?
Ուսումնավայր Լամբախի աբբայութիւն
Աւստրիոյ Երկրորդական վարժարան
Ազդուած է Գերմանացի երաժիշտ՝ Փոլ Տէվրիէն[7], Քաղաքական գործիչ՝ Ճորճ Ռիթըր Վոն Շոնըրըր[8], Պետական գործիչ՝ Քարլ Լուկըր[9], Քաղաքագէտ՝ Քարլ Հըրմէն, Պետական գործիչ եւ պատմութեան ուսուցիչ՝ Լէօփոլ Փոշ, Գերմանացի լրագրող եւ քաղաքագէտ՝ Տիյիթրիխ Էքարդ[8], Քաղաքագէտ՝ Մաք Էրուին Շօպնըր Ռիխթըր[10], Պետական գործիչ եւ ճարտարապետ՝ ԱլֆրետւՌոզընպըրկ[10], Փիլիսոփայ՝ Հյուսթըն Սթիուըրթ[11] եւ Երաժիշտ՝ Ռիչըրտ Վակներ[12]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Իմ պայքարս
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Ռայխի խորհրդատու, Ռայխի քաղաքական գործիչ, Գերմանիոյ նախագահ, Ուայմարի խորհրդարանի անդամ եւ Խորհրդարանի անդամ՝ 1933-1945
Կուսակցութիւն Բանուորական կուսակցութիւն[13][14] եւ ​​Գերմանական բանուորական կուսակցութիւն1920-1945
Ամուսին Էվա Պրաուն[15]
Ծնողներ հայր՝ Ալոյս Հիթլեր, մայր՝ Քլարա Հիթլեր
Ստորագրութիւն

Ատոլֆ Հիթլեր (գերմաներէն՝ Adolf Hitler, 20 Ապրիլ 1889(1889-04-20)[1][2][3][…], Վիեննայի Պրոնօ Ինն նահանգ, Աւստրո-Հունգարիա[4] - 30 Ապրիլ 1945(1945-04-30)[5][1][2][…], Ֆուհրըրպունքըր, Պերլին, Նացիական Գերմանիա), գերմանացի քաղաքական գործիչ, Նացիստական կուսակցութեան առաջնորդ։

Նախաձեռնած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը՝ Եւրոպայի մէջ, ներխուժելով Լեհաստան, Սեպտեմբեր 1939-ին։

Հիթլեր պատերազմի ընթացքին համակարգած է ռազմական գործողութիւնները եւ եղած՝ Հոլոքոսթի գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը։

1932- 1939 (Բ. Համաշխարհային պատերազմի նախադրեալներ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1932

27 Յունուարին Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքի գործարանատէրերու ակումբին մէջ աւելի քան 700 տնտեսական պետերու ներկայութեան Ատոլֆ Հիթլեր հետեւեալը յայտարարած է. «Մենք վերջնականապէս որոշած ենք մարքսականութիւնը մինչեւ իր վերջին արմատը Գերմանիոյ մէջ կտրել եւ փճացնել»:

30 Մայիսին Գերմանիոյ նախագահ մարշալ Փաուլ Ֆոն Պենեքնթորֆ Հինտենպուրկ (1847-1934) վարչապետ Հայնրիշ Պրունիկը (1885-1970) կը հեռացնէ պաշտօնէն, 1 Յունիսին անոր տեղ կը նշանակէ զօրաւոր կայսերական մը՝ Ֆրանց Ֆոն Փափենը:

1933

Նացիներուն իշխանութեան գլուխ գալուն համար, «Օթօ Վոլֆ Մոնթան» ընկերութիւնը, «Թրեսթներ» դրամատունը, «Կուսթաֆ քրուփ ֆոն Պոհլին», «Հալպախ» ընկերութիւնը, «Սիմընս» ընկերութիւնը եւ տասնեակ ուրիշ մեծ եւ փոքր ընկերութիւններ կ'օգնեն Ատոլֆ Հիթլերին`բարոյապէս եւ նիւթապէս, որ կարենայ վերջին պահպանողական ընդդիմադրութեան յաղթահարել:

30 Յունուարին, նացի բռնատէր Ատոլֆ Հիթլեր դրամատէրերու օգնութեամբ իշխանութեան գլուխ կ'անցնի եւ կը մնայ 12 տարի:

13 Մարտին Փաուլ Եոզեֆ Կոպելս (1897-1945) կը նշանակուի քարոզչութեան նախարար:

2 Օգոստոսին կը մահանայ Գերմանիոյ նախագահ մարշալ Հինտենպուրկը, Ատոլֆ Հիթլեր կը դառնայ Ֆիւհրեր ռայշս քանցլըր-վարչապետ նախագահ` գերման Բ. կայսրութեան եւ գլխաւոր հրամանատար բանակին:

Առանց գերման գործարանատէրերու եւ նացի կուսակցութեան միասնական աշխատանքին` Ատոլֆ Հիթլեր եւ իր կուսակցութեան անդամները որեւէ անդամ չէին կրնար Գերմանիոյ իշխանութիւնը ձեռք առնել եւ ամրացնել եւ Երրորդ ռայշը չէր համարձակեր աշխարհը պատերազմի մէջ կործանել:

Այս խօսքերը արտասանած է ամերիկացի դատախազը 27 Օգոստոս 1947-ին Նիւրենպերկի պատերազմական մարդասպաններու դատարանին մէջ[16]:

1936

Մարտին Ատոլֆ Հիթլեր կը գրաւէ Ռայնլանթի-Ռուհրի ճարտարարուեստական հարուստ շրջանը:

1938

1939

15 Մարտին գերման բանակը այս անգամ կը մտնէ եւ կը գրաւէ Չեխիան:

22 Օգոստոսին Գերմանիան երբ դեռ Լեհաստանը չէր գրաւած, Ատոլֆ Հիթլեր Օպերզալցպերկ քաղաքին մէջ իր հրամանատարներուն ու զօրավարներուն առջեւ հետեւեալը կը խօսի.

Ես իմ մահաբեր խումբերուն հրահանգ տուած եմ, առանց ողորմութեան կամ գթութեան, տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ, որոնք սլաւական ցեղին կը պատկանին, ոչնչացնել:Միայն այսպէս մենք կրնանք տէր դառնալ կենսատարածքի մը, որուն կարիքը մենք ունինք:


Օգոստոս 23-ին Ատոլֆ Հիթլեր ու Եոզեֆ Ստալին կը ստորագրեն ոչ յարձակողական դաշնագիր մը, ուր եւ կ'որոշուի Լեհաստանը բաժնել իրենց միջեւ:

1 Սեպտեմբերի գերման բանակը կը յարձակի Լեհաստանի վրայ ճիշդ ժամը 4:45-ին եւ կը գրաւէ Լեհաստանի միայն կէսը:

17 Սեպտեմբերին Խորհրդային Միութեան Կարմիր բանակը կը յարձակի եւ կը գրաւէ Լեհաստանի արեւելեան տարածքները եւ այսպիսով Լեհաստանը շուրջ վեց տարի աշխարհի քարտէսին վրայէն կը չքանայ:

Այսպիսով կը պայթի Բ. Համաշխարհային պատերազմը:

1941-1945 (Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1941

22 Յունիսին Ատոլֆ Հիթլեր խզելով Մոսկուայի հետ կնքած բարեկամական դաշնագիրը` կը յարձակէր այս անգամ Խորհրդային Միութեան վրայ, Լեհաստանի վրայով, Լաթվիան, Լիթուանիան, Էսթոնիան, Պելոռուսիան եւ Ուքրանիան կը գրաւուին, եւ գերմանացիք կը հասնին մինչեւ Լենինկրատի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գերիներ կը բերեն Գերմանիա` գործարաններու մէջ գործելու:

1944

20 Յուլիսին գերմանական խումբ մը սպաներ կը փորձեն Ատոլֆ Հիթլերը սպաննել, բայց չեն յաջողիր, բոլորն ալ կը գնդակահարուին եւ անոնց ընկերներն ու բարեկամները կը բանտարկուին:

1945

28 Ապրիլին Հիթլեր կ'ամուսնանայ իր ընկերուհիին՝ Էվա Պրաունի հետ: 40 ժամ ետք երկուքը միասին անձնասպան կ'ըլլան «Ֆիւհրիրի պունքրի» մէջ:

1945

8 Մայիսին գերմանական բանակին հրամանատար զօրավար Քայթել չորս մեծ պետութիւններու առջեւ կը ստորագրէ Գերմանիոյ անձնատուութիւնը:

1945

2 Սեպտեմբերին Ճափոն պաշտօնապէս անձնատուր կ'ըլլայ, իրականութեան մէջ ամերիկեան երկու հիւլէական ռումբերը վերջ կու տան Բ. Համաշխարհային պատերազմին:

Անձնասպանութենէն առաջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատոլֆ Հիթլեր, իր անձնասպանութենէն քանի մը ժամ առաջ, երբ լուր կ'առնէ, թէ իտալացիք գնդակահար սպաններ են իր կաթնեղբայրը` Պենիթօ Մուսոլինին եւ անոր դիակն իսկ «պատժելու» համար ոտքէն կախեր են զայն, կը դառնայ Կէօպելսին ու կ'ըսէ.

Տեսա՞ր` ինչ ըրեր են… Ամէ՛ն մեղքիս վրայ, մեր անունն ալ բարբարոս ելեր է… Եթէ մենք Ստալինն ու Չըրչըլը ձեռք անցուցած ըլլայինք, այսպիսի բան չէինք ըներ… Ընդհակառակն, հանգստաւէտ ապարանք մը կը տրամադրէինք իրենց…

Բայց ան երբեք չի խոստովանիր, թէ որքան հալածեցին հրեաները, կիզարաններու, կեդրոնացման վայրերու եւ գիտական փորձերու հրամանը տուողը նոյն ինքն էր…[17]:

Անձնասպանութեան Առեղծուածը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ատոլֆ Հիթլեր սուզանաւով փախած է Արժանթին Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Նացի բռնապետը մեծահարուստ հողատիրոջ մը օգնութեամբ գաղտնի ապաստանած է Արժանթին եւ մինչեւ կեանքին վերջը ապրած է հարաւային Ամերիկայի մէջ:

Պատկերասփիւռի «Ո՞վ կը ցանկայ միլիոնատէր ըլլալ» յայտագիրի 70-ամեայ յայտնի հաղորդավար Քրիս Թարանթ կը պատմէ, որ դէպի Փաթակոնիա գնացքով ճամբորդած ատեն այս մասին իրեն ըսած է տեղացի պատմաբան Ապել Պասթի` յայտնելով, որ Հիթլեր նոյն այս գնացքով փախած է պատերազմէն, 1945-ին:

Պատմականօրէն կ'ըսուի, որ Հիթլեր իր ընկերուհիին` Էվա Պրաունի հետ անձնասպան եղած է:

Սակայն պատմաբանը կը պնդէ, որ ճամբորդելով «Փաթակոնիըն Էքսփրես»ի մէկ վակոննոց գնացքով, Հիթլեր Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին Պերլինէն Արժանթին փախած է: Ըստ պատմաբանին, գերմանացի մեծահարուստ հողատէր մը Հիթլերը սուզանաւով փախցուցած է Արժանթին, ուր ածիլած է անոր մազերն ու պեխը[18]:

Պասթի կը հաւատայ, որ Հիթլեր խոյս տուած է գետնուղիի մը մէջէն` հասնելով Թեմփելհոֆ օդակայան, ուր ուղղաթիռ մը կը սպասէր բռնապետը Սպանիա փոխադրելու համար:  Նախ` Քանարեան կղզիներ ճամբորդելով, Հիթլեր սուզանաւով ուղղուած է Արժանթին, ուր ապրած է 10 տարի, նախքան հաստատուիլը Թարակուէյ, բռնապետ Ալֆրետօ Սթրոյսնըրի պաշտպանութեան ներքեւ:

Մեծահարուստ ընտանիքներ, որոնք  տարիներու ընթացքին օգնած էին Հիթլերի, կազմակերպած են նաեւ անոր յուղարկաւորութիւնը:

Հիթլեր թաղուած է ստորգետնեայ ածուխի ամբարի մը մէջ, որ այժմ Ասունսիոն պանդոկն է: 1973-ին ամբարին մուտքը փակուած է, կնքուած, եւ 40 անձ եկած վերջին հրաժեշտը տալու Հիթլերի: Յուղարկաւորներէն մէկը` պրազիլցի պաշտօնատար Ֆերնանտօ Նոկուէյրա տը Արուխօ, աւելի ուշ թերթի մը տեղեկութիւն կու տայ արարողութեան մասին:

Ոչ Մէկ Ապացոյց, Որ Հիթլեր Մահացած Է Պերլինի Մէջ

Հետաքննիչ մը նշած է.

Միացեալ Նահանգներու բանակի զինուորականները Գերմանիոյ մէջ չեն գտած Հիթլերի մարմինը, ոչ ալ` հաւաստի աղբիւր մը, որ Հիթլեր մեռած է:


Գերմանիոյ խորհրդային գրաւումէն ետք, Հիթլերի ենթադրեալ աճիւնները շուտով կը պահուին եւ Ռուսիա կ'առաքուին, անգամ մըն ալ չտեսնուելով, մինչեւ 2009 թուական, երբ Քոննեքթիքաթ նահանգէն հնախոյզներու կ'արտօնուի  «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութիւններ ընել գտնուած գանկէն բեկորի մը վրայ:

Պատրաստուած տեղեկագիրին մէջ նշուած է.

Տի.Էն.Էյ.-ի քննութիւնները կը հաստատեն, որ գանկը ո՛չ Հիթլերինն է, ո՛չ ալ` Էւա Պրաունին:


Հիթլերի իսկական սիրոյ պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքական գործիչ, Նացիստական կուսակցութեան առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերի ամուսնական եւ սիրային կեանքի մասին բացայայտումներ, փոխանցուած ֆրանսացի գրող Գոմէ Քլարքի կողմէ, 1958-1959 թուականներուն:

Ըստ բացայայտումներուն, Ատոլֆ Հիթլեր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սիրած է միայն մէկ աղջիկ եւ տառապած անոր համար: Աշխարհը ցնցող Հիթլեր սիրած է միայն մէկ անձ՝ սակայն ամուսնացած է այլ անձի մը հետ եւ ամուսնութենէն ընդամէնը 40 ժամ ետք անձնասպան եղած: Պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ Հիթլեր այդ ամուսնութիւնը կնքած էր պատմութեան հաշւոյն, որպէսզի պատմութեան մէջ «չամուսնացած» չյիշուի:

Հիթլեր, որ աշխարհի մեծագոյն ճիւաղներէն մէկը կը համարուի, կրնար ամբողջութեամբ տարբեր մէկը ըլլալ՝ եթէ իրապէս ամուսնացած ըլլար իր սիրած աղջկան հետ: Այս կարծիքը կը յայտնէ Ատոլֆ Հիթլերի հարազատ քոյրը՝ Փաուլա Հիթլեր, երբ կը հանդիպի իր եղբօր սիրած աղջկան հետ. Փաուլա կ'ըսէ. «Սիրելի Մարիա, Ատոլֆի մեծագոյն սխալը եղաւ քեզի հետ չամուսնանալը: Գիտեմ, որ դուն էիր այն միակ կինը, զոր սիրեց միշտ, քեզ է, որ կ'ուզէր: Ու վստահ եմ, որ եթէ քեզի հետ ամուսնանար, այսօր պատմութիւնը բոլորովին տարբեր հանգամանք մը պիտի ունենար»:

Մարիա Ռայթըր կը կոչուէր Հիթլերի սիրած աղջիկը, որ իրմէ 20 տարի փոքր էր: Հիթլեր Մարիան առաջին անգամ կը տեսնէ 1925-ին՝ իր 36 տարեկան հասակին, Նացի կուսակցութեան հաւաքոյթին համար Պէրխթէսկատէնի գտնուելու միջոցին, կօշիկի վաճառատան մը մէջ, որ Մարիայենց սեփականութիւնն էր, սակայն իր սէրը չի կրնար յայտնել: Հիթլեր առաջին ակնարկով բուռն կերպով կը սիրահարի «Միմի»ին (Հիթլեր այդպէս կը կ'անուանէր Մարիան) եւ կ'որոշէ իր սպայակոյտը հիմնել Պէրխթէսկատէնի մէջ: Ի դէպ Մարիա այդ ընթացքին 16 տարեկան էր:

Մարիա եւ Հիթլեր իրենց սէրը գաղտնի կ'ապրին եւ այդ բոլորը կը բացայայտուի Հիթլերի մահէն տասնչորս տարի ետք: Ֆրանսացի գրող Կոմէ Քլարքի Հիթլերի մահէն տարիներ ետք կը գտնէ Մարիան եւ անոր պատմել կու տայ իրենց սիրոյ մասին, այդ բոլորը փաստելով Հիթլերի ձեռքով Մարիային գրուած նամակներով[19]: Մարիա ինք եւս հարցականի տակ կը դնէ Հիթլերի իրեն հանդէպ ունեցած անսահման սէրը եւ Ֆրանսացի գրողին կ՚ըսէ.

«Թերեւս պիտի հարցնէք, թէ ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ ինծի պէս հասարակ կին մը կրցաւ ըլլալ միակ սիրոյ առարկան այն մարդուն՝ որ ամբողջ աշխարհը մխրճեց պատերազմներու ամէնէն սոսկալիին, հուրի ու սուրի մատնելով Եւրոպական ազգերու ժողովուրդները»:

Մարիա Հիթլերի հեղինակութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով.

Յաճախ կը տեսնուէր սարաւանդակի մը վրայ, աջ ձեռքը երկարած, մինչ իր համակիրները կը տողանցէին իր առջեւէն: Շատեր կախարդուած էին իր մագնիսացնող նայուածքէն, իսկ ձայնը խորապէս կը տպաւորէր բոլորը: Հետզհետէ կազմակերպուելու վրայ էին սարսափի այդ ձեռնարկները, երիտասարդ Հիթլերի ներկայութեամբ, որմով 20 միլիոն անձերու մահավճիռը ստորագրեց»:

Հազարաւոր գերմանացի աղջիկներ կ'ուզեն սիրաշահիլ Հիթլերի սիրտը, սակայն մինչեւ կեանքին վերջը Հիթլեր կը սիրէ վաճառատան մէջ պատահականօրէն հանդիպած Մարիան։ Ծածկանունով բազմաթիւ սիրային նամակներ կը գրէ անոր, սակայն երբեք չի կրնար ամուսնանալ իր սիրածին հետ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Adolf Hitler
  3. 3,0 3,1 Nationalencyklopedin — 1999.
  4. 4,0 4,1 4,2 Konder A. Adolf Hitler’s Family Tree: The Untold Story of the Hitler Family — 1 — Salt Lake City: 2000. — P. 29–30.
  5. 5,0 5,1 5,2 Гитлер Адольф // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. 6,0 6,1 https://www.biography.com/people/adolf-hitler-9340144
  7. https://www.spiegel.de/spiegel/print/d-41561080.html
  8. 8,0 8,1 Encyclopædia Britannica
  9. https://books.google.es/books?redir_esc=y&hl=es&id=KX4iAQAAIAAJ&focus=searchwithinvolume&q=Karl+Lueger
  10. 10,0 10,1 https://www.tandfonline.com/doi/abs/10.1080/13501677408577182?journalCode=feej19
  11. https://openlibrary.org/books/OL978979M/Why_Hitler
  12. Kurbjuweit D. Richard Wagner: A Composer Forever Associated with Hitler — 2013. — ISSN 2195-1349; 0038-7452
  13. The Routledge Companion to Nazi Germany — 2007. — ISBN 978-0-415-30860-1
  14. Hitler: A Biography — 2008. — ISBN 978-0-393-06757-6
  15. Deutsche Nationalbibliothek Record #118551655 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  16. Ատոլֆ Հիթլեր
  17. Անձնասպանութենէն առաջ
  18. Անձնասպանութեան Առեղծուածը
  19. Հիթլերի միակ սէրը