Հայաստան Արաբական Տիրապետութեան Տակ
Արաբական տիրապետութիւն, Է. դարու սկիզբները երեւան եկած նոր ուժ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Արաբիոյ մէջ, Մուհամմէտ հիմը կը դնէ նոր կրօնքի մը՝ իսլամութեան, որ շուտով կը տարածուի ամբողջ արաբական թերակղզիին մէջ: Նոր կրօնքին շնորհիւ կը ստեղծուի արաբական հզօր պետութիւն մը: Մինչ այդ առաւելաբար իրենց սահմաններուն մէջ սեղմուած արաբները դուրս կու գան տարածելու համար իրենց կրօնքն ու քաղաքական տիրապետութիւնը:
Արաբները Մուհամմէտի մահէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մուհամմէտի մահէն ետք իր յաջորդները, որոնց Խալիֆա տիտղոսը կը տրուի, կը ձեռնարկեն սրբազան պատերազմի՝ կրօնափոխ ընելու համար իրենց թէ՛դրացի եւ թէ հեռաւոր ժողովուրդները: 634-ին, մարտունակ արաբ կռուողները Բիւզանդիոնէն կը գրաւեն Սուրիան, Լիբանանը եւ Պաղեստինը: 640-ին, անոնք կը քայքայեն եւ տէր կը դառնան Սասանեան Պարսկաստանի:
Համեմատաբար շատ կարճ ժամանակի մէջ, արաբները իրենց տիրապետութեան տակ կ'առնեն Միջին Արեւելքի մեծագոյն մասը՝ մինչեւ Հնդկաստան: Արեւմտեան կողմէն անոնք կը գրաւեն Եգիպտոսը, Տրիպոլիսը (այժմ՝ Լիպիա), Թունուզը, Ալճերիան եւ Մարոքը, ուրկէ կ'անցնին Սպանիա: Հազիւ 80 տարուան ժամանակամիջոցին անոնք կը հիմնեն աշխարհի ամէնէն հզօր եւ ընդարձակ կայսրութիւնը:
Արաբները եւ Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հակառակ Ե.-Է. դարերու անկայուն վիճակին, հայ ժողովուրդը շինարարական եւ ստեղծագործական մարզերուն մէջ ապրած էր մեծ վերելք: Երկրի նիւթական բարգաւաճումը թոյլ տուած էր, որ Հայաստանի քաղաքները զարդարուին հոյակապ շինութիւններով, կառուցուած հայկական իւրայատուկ ոճով: Եկեղեցական ճարտարապետութեան էր, որ յատկապէս զարկ տրուած էր, ինչպէս՝ Դուինի, Մրէնի, Օձունի եւ Հռիփսիմէի սքանչելի տաճարները: Շինարարական աշխատանքի այս թափը՝ սակայն մեծ հարուած կը ստանայ արաբական արշաւանքներուն հետեւանքով:
Արաբները գրաւելէ ետք Ասորիքը (Սուրիա), Լիբանանը, Միջագետքը եւ Պարսկաստանը, 640-ին կ'արշաւեն Հայաստան: Ատրպատականէն մուտք գործելով, անոնք կը տիրանան Նախիջեւանին: Հայոց սպարապետը՝ Թէոդորոս Ռշտունի լուր կը ղրկէ բիւզանդական պահակագունդին, որ օգնութեան հասնի: Բիւզանդացի հրամանատարը կը մերժէ օգնել: Ուստի, Թէոդորոս Ռշտունի կը յարձակի արաբներուն վրայ եւ անակնկալի բերելով զանոնք՝ ետ կ'առնէ անոնց վերցուցած աւարը:
642-643 արաբական արշաւանքները կը կրկնուին աւելի մեծ սաստկութեամբ: Արաբները կը հասնին մինչեւ Դուին, զոր գրաւելով՝ սարսափի կը մատնեն բնակիչները: Մայրաքաղաքին մէջ 12 հազար հոգի ջարդելէ ետք, անոնք մեծ աւարով եւ 35 հազար գերիով կը հեռանան Հայաստանէն:
Ասկէ ետք արաբները պարբերաբար կը վերադառնան՝ կողոպուտի եւ սարսափի մատնելով հայերը: Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ Հայաստանին եւ անոր ուժին, ինչպէս նաեւ՝ գերի եւ աւար վերցնել: Այս արշաւանքներուն ընթացքին, անոնք իրենց դէմ կը գտնեն Թէոդորոս Ռշտունին, որ յաճախ կը յաջողի ազատել գերիները եւ աւարին մէկ մասը:
Թէոդորոս Ռշտունի եւ Հայ-Արաբ Մերձեցումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արաբական արշաւանքներու ընթացքին հայերու համար յստակ դարձած էր, որ Բիւզանդական կայսրութիւնը կը մերժէր անհրաժեշտ զոհողութիւն ընել՝ պաշտպանելու համար Հայաստանը: Հայ նախարարները կ'անդրադառնան, որ պէտք էր ապաւինիլ իրենց սեփական ուժին: Այս պատճառով ալ նախարարներուն եւ ժողովուրդին մօտ կը յառաջանայ հակայոյն հոսանք մը, որ կը ջանար նուազագոյն զիջումներով շահիլ արաբներուն բարեկամութիւնը: Այս շարժումին առաջնորդն էր Թէոդորոս Ռշտունի, որ այլեւս շնորհազուրկ ըլլալով Բիւզանդիոնէն, դադրած էր սպարապետ ըլլալէ: Այնուհետեւ ան պայքարի դրօշ կը պարզէ բիւզանդական պետութեան դէմ:
Արաբները կը գիտնան օգտագործել հայերուն դժգոհութիւնը եւ Թէոդորոս Ռշտունիին վայելած ժողովրդականութիւնը: Անոնք կ'առաջարկեն հայերուն համար նպաստաւոր պայմաններ, զորս Թէոդորոս Ռշտունի եւ Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոս ընդունիլ տուին նախարարներու ժողովին: 652-ին, Թէոդորոս Ռշտունի մեծամեծ ընծաներով կը մեկնի Դամասկոս եւ Ասորիքի արաբ կառավարիչ Մուաուիայի հետ կը կնքէ դաշինք մը, որուն համաձայն՝
- Հայերը կը ճանչնան արաբական խալիֆայութեան գերիշխանութիւնը:
- Հայաստան 2-7 տարի կը մնայ տուրքէ զերծ, ապա կը վճարէ թեթեւ հարկ մը միայն:
- Հայաստան ինքնավար է իր ներքին գործերուն մէջ:
- Հայաստան իր ծախսերով կը պահէ 15 հազարնոց այրուձի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբական արշաւանքներուն:
- Արաբները Հայաստանը կը պաշտպանեն Բիւզանդիոնի դէմ:
- Ոչ մէկ արաբ զինուոր կամ պաշտօնեայ կը մնայ Հայաստանի մէջ:
Ինչպէս կը տեսնուի, այս համաձայնութիւնը կ'ապահովէր հայերու ներքին ազատութիւնը եւ շատ աւելի նպաստաւոր էր, որովհետեւ ինչ որ Բիւզանդիոն շնորհած էր Հայաստանին: Յանձինս արաբներուն, հայերը նաեւ զօրաւոր պաշտպան մը կ'ունենային բիւզանդական ոտնձգութիւններուն դէմ:
Բիւզանդական Միջամտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէոդորոս Ռշտունիի եւ հայերու մեծամասնութեան յարումը արաբական քաղաքականութեան, բնականաբար, գոհ չի ձգեր բիւզանդական կայսրութիւնը:
Դաշինքը հազիւ ստորագրուած՝ Կոստանդին կայսրը հզօր բանակով մը կը քալէ Հայաստանի դէմ: Հայ նախարարներուն մէկ մասը Թէոդորոս Ռշտունիէն բաժնուելով, կ'անցնի կայսեր կողմը, որ ըստ իրենց կու գար Հայաստանը ազատագրելու արաբական լուծէն: Կայսրը 20 հազար զինուորներով կը մտնէ Դուին, սակայն փոխանակ արաբներու դէմ քալելու, ան դաւանական խնդիրներ յարուցանելով՝ պառակտում կը սերմանէ հայերուն միջեւ: 648-ին, կրօնական ժողով մը գումարելով, ան հայերուն ընդունիլ կու տայ յունական դաւանանքը: Արդէն յոյն կրօնաւորներ Դուինի մէջ սկսած էին քաղկեդոնականութիւն քարոզել: Ապա, առանց արշաւելու արաբներու դէմ, Հայաստանի մէջ ձգելով յոյն կառավարիչ մը, կայսրը կը վերադառնայ Կոստանդնուպոլիս: Իր հեռանալէն ետք Հայաստան դարձեալ կը մնայ անպաշտպան: Հակառակ Թէոդորոս Ռշտունիի եւ այն նախարարներու հաւատարմութեան, արաբները չեն խնայեր հայերուն: 654-ին Հայաստանի վրայ յարձակելով անոնք կը գրաւեն Դուինը եւ կողոպուտի ու ջարդի կ'ենթարկեն ամբողջ երկիրը:
Թէոդորոս Ռշտունի զոհ կը դառնայ իր հաւատարմութեան եւ 2000 այլ գերիներու հետ կը տարուի Դամասկոս, ուր ատեն մը ետք կը մեռնի:
Գրիգոր Մամիկոնեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]661-ին, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Դամասկոս պատանդ մնացած Գրիգոր Մամիկոնեանը, որուն թեկնածութիւնը առաջարկած էին կաթողիկոսն ու նախարարները: Նշանաւոր զինուորական եւ դիւանագէտ մըն էր ան, որ կը յաջողի ամբողջ քսան տարի Հայաստանը պահել խաղաղութեան մէջ: Իր ջանքերով կը վերանորոգուի հայ-արաբական դաշինքը եւ Հայաստան կը վերագտնէ իր ինքնավարութիւնը:
681-682 թուականներուն օգտուելով արաբական կայսրութեան ներքին կռիւներէն, հայերը, վրացիներն ու աղուանները կ'ապստամբին եւ անկախութիւն կը հռչակեն: Ազատութեան այս շրջանը սակայն կը տեւէ միայն երեք տարի, երբ հիւսիսէն անակնկալ կերպով կ'արշաւէ խազարներու ցեղախումբը: Հայերը, վրացիները եւ աղուանները կը կազմակերպուին պաշտպանելու համար իրենց երկիրները: Այս կռիւներուն ընթացքին կը նահատակուի Գրիգոր Մամիկոնեան: Օգտուելով խառնաշփոթ կացութենէն, բիւզանդացիները կը վերադառնան Հայաստան: Արաբները, որոնք մինչ այդ կարգի դրած էին իրենց հարցերը, իրենք եւս կու գան վերագրաւելու երկիրը: Մէկ կողմէ բիւզանդացիները, միւս կողմէ արաբները աւարի ու աւերի կը մատնեն Հայաստանը:
Բագրատունիներու Բարձրացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մամիկոնեաններուն արտայայտած ձգտումը՝ բացարձակ անկախութեան եւ անոնց յարատեւ պայքարը՝ արաբներուն դէմ, կասկածելի դարձուցած էր զիրենք այս վերջիններուն աչքին: Գրիգոր Մամիկոնեանի ապստամբութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուած էր, որ այդ տոհմը եւ անոր կողմնակիցները, օգտուելով առաջին յարմար առիթէն, դարձեալ պիտի ապստամբէին:
Այս կացութեան մէջ, յանձինս Բագրատունիներուն, արաբները կը գտնեն իրենց քաղաքականութեան համակիր տունը:
Բագրատունիներուն ընդարձակ կալուածները ցրուած էին երկրին բոլոր կողմերը: Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութեան հարցը, անոնք կողմնակից էին արաբներուն հետ աւելի ճկուն քաղաքականութեան: Անոնք հետզհետէ կը շահին արաբներուն վստահութիւնը եւ կը սկսին առաջնակարգ դեր խաղալ հայ քաղաքական կեանքին մէջ: Այս քաղաքականութեան հետեւանքով է, որ 686-ին, Գրիգոր Մամիկոնեանի մահէն ետք, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Աշոտ Բագրատունին: Այս թուականէն ետք կը սկսի բագրատունիներուն հզօրացումը եւ վերելքը, որմէ բնականաբար կը տուժեն արաբներուն համար կասկածելի դարձած Մամիկոնեանները:
Արաբ Ոստիկաններ Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերու վրայ արաբական լուծը կը սկսի ծանր ճնշել, երբ խալիֆաները Հայաստանը ամբողջովին կը զրկեն իր ինքնավարութենէն եւ կը սկսին զայն կառավարել Էմիրներով, որոնց հայերը կու տան ոստիկան անունը:
Ոստիկանը, որ ընդհանրապէս կ'ըլլար արաբ մը, երկրին թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքական պետն էր: Ան կը հրամայէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական բանակին եւ կը հսկէր հարկահաւաքին: Ոստիկանական շրջանին, արաբները շատ կը ծանրացնեն տուրքերը, որոնք կը դառնան պետական գանձին գլխաւոր եկամուտը:
Վարդանակերտի Կռիւը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]693-ին Հայաստան կը հասնի արաբ առաջին ոստիկանը՝ Ապտուլլահ, որ անմիջապէս կը սկսի հալածել երկրի իսկական տէրերը՝ նախարարները: Ան կը ձերբակալէ անոնցմէ մաս մը, կը խլէ անոնց կալուածները եւ կը կողոպտէ հարստութիւնները: Ապա, ան կը ձերբակալէ սպարապետ Սմբատ Բագրատունին եւ Սահակ Գ. կաթողիկոսը ու զանոնք կ'աքսորէ Դամասկոս:
Ինքնավարութեան կորուստը եւ կրօնական հալածանքները կը զայրացնեն նախարարներն ու ժողովուրդը: Հետեւաբար, անմիջապէս որ Սմբատ Բագրատունի կը վերադառնայ աքսորէն, կը կազմակերպուի ապստամբութիւնը: Երկու կողմերուն բախումը տեղի կ'ունենայ 703-ին, Արաքսի ափին՝ Վարդանակերտ գիւղին մօտ: Հայերը կը հաշուէին 2000 կռուող, արաբները՝ 8000:
Կռիւը կը սկսի հայերու բուռն յարձակումով, որուն ճնշումին տակ արաբները կը փորձեն գետը անցնելով նահանջել: Հայկական սաստիկ ձմեռ էր եւ գետնին մակերեսը սառած. արաբ զինուորներու ծանրութեան տակ, սառոյցը կը ճեղքուի: Այս միջոցին վրայ կը հասնին հայերը, որոնք սոսկալի ջարդ մը կու տան: Հազիւ 300 արաբներ կրնան ազատիլ եւ Սիւնիք ապաստանիլ:
Ապստամբութիւնը կը ծաւալի երկրին բոլոր կողմերը, մանաւանդ Վասպուրական, Վանանդ եւ Շիրակ, ուր հայերը կը կոտորեն արաբական գունդերը:
Արաբներու Վերադարձը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդանակերտի կռիւը եւ հայոց ապստամբութիւնը շատ խիստ կերպով կը պատժուին արաբներու կողմէ, որոնք կ'անդրադառնան նաեւ, որ հայ նախարարներն ու այրուձին տեւական վտանգ էին իրենց համար: Արաբները կ'որոշեն զանոնք բնաջնջել: Իբր թէ խորհրդակցելու համար, նախարարներն ու իրենց ընտանիքները կը կանչուին Նախիջեւան քաղաք եւ Խրամ աւան, ուր սակայն արաբները զանոնք հաւաքելով եկեղեցիներուն մէջ՝ կ'այրեն: Իսկ նախարարներուն զաւակները կը տարուին Դամասկոս՝ իսլամացնելու համար: Իր ընտրանիէն աւելի քան 1200 հոգի կորսնցնելով, սոսկալի հարուած մըն է, որ կը ստանայ Հայաստան: Զրկուելով իր ղեկավարութենէն, ինքնաբերաբար կը կազմալուծուի նաեւ այրուձին:
Արաբները հալածանքը կը շարունակեն տնտեսական գետնի վրայ: Հայաստանի բոլոր հողերը, լեռներն ու անտառները կը յայտարարուին խալիֆայական կալուած: Բանակը կը գրաւէ Հայաստանի ռազմական գլխաւոր կայանները, քաղաքներն ու բերդերը: Կանգ կ'առնեն շինարարութիւնն ու առեւտուրը:
Այս բոլորին վրայ կ'աւելնայ ազնուականութեան եւ ժողովուրդին զանգուածային արտագաղթը դէպի Բիւզանդական կայսրութիւն:
Արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը պէտք է նկատել արաբներու հաստատած հարկային ծանր դրութիւնը: 725-ին, ընդհանուր աշխարհագիր կատարելով, անոնք կը ցուցակագրեն հայերու կալուածներն ու հարստութիւնները, որոնք կ'ենթարկուին ծանր հարկերու: Աղքատացած ժողովուրդը չէր գիտեր ինչպէս վճարել իր տուրքերը: Նախապէս հարկերը կը վճարուէին ըստ երդի, այսինքն հողային ստացուածքի, եւ վճարումները կը կատարուէին բնական բերքերով: Այժմ, նոյնիսկ ռամիկ ժողովուրդին համար հաստատուած էր գլխահարկի դրութիւն, որուն մէկ մասը պէտք էր վճարուէր դրամով: Այս միջոցառումները բոլորովին կը կազմալուծեն երկրին տնտեսութիւնը:
Հայկական Նոր Ապստամբութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստան ղրկուած ոստիկանները կ'ըլլան մէկը միսէն աւելի դաժան: Այս դրութեան դէմ բողոքելով, 771-ին ապստամբութեան դրօշ կը պարզէ Արտաւազդ Մամիկոնեան, որ Կումայրիի (այժմ՝ Գիւմրիի) մէջ կը սպաննէ արաբ հարկահաւաքները եւ անոնցմէ կը խլէ գանձուած տուրքերը: Ապստամբութիւնը կը տարածուի ամբողջ ժողովուրդին, որ կը սկսի վրէժ լուծել արաբներէն: Քիչ ատեն ետք սակայն, ոստիկանին հետապնդումին վրայ, ըմբոստները կը պարտաւորուին անցնիլ Վրաստան եւ Կովկաս:
Ազատագրական շարժումը այնուհետեւ կը շարունակուի Արտաւազդի ազգականներէն Մուշեղ Մամիկոնեանի կողմէ, որ իր հաւատարիմներով յարձակումներ կը գործէր արաբական պահակագունդերուն եւ հարկահաւաքներուն վրայ եւ կը կոտորէր զանոնք: Արաբները 4000 հոգիով կը յարձակին, բայց Մուշեղ, որ միայն 200 քաջերով շրջապատուած էր, փախուստի կը մատնէ զանոնք: Մուշեղի յաջողութիւնները պատճառ կը դառնան, որ ապստամբութեան միանան նաեւ ուրիշ նախարարներ, ինչպէս՝ Վասպուրականի Արծրունիները եւ նոյնինսկ Մամիկոնեաններուն մրցակից Բագրատունիները: Հայերը կը յարձակին Կարին բերդաքաղաքին վրայ, որ բիւզանդական սահմանին մօտ ըլլալով, նպաստաւոր էր իրենց համար: Արաբները ամբողջ ձմեռ մը պաշարուած մնալէ ետք, կը պատրաստուէին անձնատուր ըլլալ, երբ Ալ Մանսուր խալիֆան 30 հազարնոց բանակ մը կը ղրկէ Հայաստան:
Վասպուրականի մէջ, ուր կը գործէին Արծրունիներն ու Ամատունիները, արաբները յաղթանակ մը կը տանին՝ Արճէշ քաղաքը պաշարող հայերուն դէմ: Ապա, անոնք կ'անցնին հիւսիս, ուր իրենց կը սպասէր Մուշեղ Մամիկոնեան իր 5000 քաջերով: Բագրեւանդի մէջ տեղի կ'ունենայ վճռական կռիւը, որ վերջ կը գտնէ հայերու պարտութեամբ:
Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար, կռիւի դաշտին վրայ հերոսաբար կ'իյնան Մուշեղ եւ Մանուէլ Մամիկոնեանները, Սմբատ եւ Սահակ Բագրատունիները, Վահան Գնունին եւ 3000 կռուողներ:
Ապստամբութիւններուն Հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բագրեւանդի պարտութեան կը յաջորդեն սովորական ջարդերն ու աւարառութիւնը: Արտագաղթը կը շարունակուի աւելի մեծ թափով: Ամատունիները 12 հազար հոգիով կը յարձակին արաբներուն վրայ, կը կոտորեն անոնցմէ շատերը ու կ'անցնին բիւզանդական սահմանը: Գաղթողներուն տեղ, ոստիկանները Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կը տեղաւորեն արաբ ազգաբնակչութիւնը:
Հայրենիքի ազատութեան համար մղուած կռիւներուն մէջ, իրենց քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ կարեւոր դեր կ'ունենան Մամիկոնեանները: Բայց անվերջ կռիւները եւ իրենց դէմ եղած հալածանքները կը սպառեն անոնց ուժերը: Անոնք կը մնան կասկածելի եւ վտանգաւոր՝ արաբներու աչքին, որոնք խլելով անոնց կալուածները, բաժան-բաժան կ'ընեն զանոնք: Այս շրջանէն ետք, Մամիկոնեանները հայոց պատմութեան մէջ չեն խաղար այն առաջնակարգ դերը, զոր Գ. դարէն ի վեր անոնցը եղած է՝ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախութեան: Մամիկոնեաններուն հետ քաղաքական եւ զինուորական ասպարէզէն կը հեռանան անոնց ազգական Կամսարականները, Գնունիները եւ ուրիշներ:
Բագրատունիները եւ Արծրունիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օգտուելով արաբներու վստահութենէն, Հայաստանի մէջ հետզհետէ հեղինակութիւն կը ստանան Բագրատունիները, որոնք կը տիրանան Մամիկոնեաններու եւ միւս նախարարութիւններու հողերուն: Այնուհետեւ արաբները անոնց կը վստահին բանակին սպարապետութիւնը եւ անոնց կու տան Հայաստանի Իշխան տիտղոսը:
Ընդարձակ կալուածներ ունէին նաեւ Արծրունիները, որոնք տէր դարձած էին Վասպուրական նահանգին, իրենց ենթարկելով Ռշտունիները, Տէրունիները եւ Ամատունիները: Արաբական տիրապետութեան տակ, Վասպուրականը կը սկսի կազմել առանձին իշխանութիւն մը, որ հետագային կը վերածուի թագաւորութեան:
Աշոտ Մսակերի Իշխանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերու վերջին ապստամբութենէն ետք, Հարուն Ալ Ռաշիտ Խալիֆան առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի իշխանի պաշտօնը կու տայ Աշոտ Քաջին կամ Աշոտ Մսակերին (804-ին), որ այդպէս կոչուած է բազմաթիւ թշնամի բանակներ կոտորած ըլլալուն պատճառով:
Աշոտ Մսակերի իշխանութիւնը իսկական մեծութիւն կը բերէ Բագրատունիներուն, որոնք՝ շնորհիւ իրեն կը բռնեն իշխանութեան եւ թագաւորութեան ուղին:
Արաբական երկիրներու ներքին հոլովոյթն ալ նպաստաւոր էր անոնց, Խալիֆայութեան հեռաւոր նահանգներուն մէջ նշանակուած էմիրները սկսած էին առաւել կամ նուազ չափով կեդրոնէն անկախ քաղաքականութիւն վարել: Էմիրութիւնը դարձած էր տեսակ մը ժառանգական իրաւունք արաբ իշխաններուն համար: Նոյնն էր նաեւ հայ Բագրատունիներու պարագային, որոնք իրենց տոհմին պիտի վերապահէին Հայաստանի Իշխանի պաշտօնը:
Աշոտ Մսակեր շատ առիթներ կ'ունենայ իր զօրութիւնն ու հաւատարմութիւնը ցուցաբերելու Խալիֆայութեան: Այսպէս, երբ Զահապ էմիր, որ գրաւած էր Արշարունիքը, ինքզինք անկախ կը յայտարարէ Աբբասեաններէն: Աշոտ կը յարձակի անոր վրայ եւ պարտութեան մատնելէ ետք զայն, կը խլէ անոր հողերը: Աւելի ուշ, նոյն Զահապը, որ դարձած էր Մանազկերտի էմիր, կրկին կ'ապստամբի կեդրոնին դէմ եւ կը հաստատուի Դուինի մէջ: Այս անգամ եւս Աշոտ կը ճզմէ ապստամբը: Բագրատունիները կը ճզմեն նաեւ Թիֆլիսի արաբ էմիրին ըմբոստութիւնը, այսպիսով շահելով Աբբասեան Խալիֆայութեան վստահութիւնը:
Ներքին կեանքի մէջ, Աշոտ Մսակեր իմաստութիւնը կ'ունենայ իրեն կապելու նախարարական միւս տուները: Այսպէս, օրինակ, ան իր աղջիկներէն մէկը կնութեան կու տայ Վասպուրականի Արծրունի իշխանին, որ այլապէս վտանգաւոր մրցակից մը կրնար ըլլալ:
Աշոտ Մսակեր եւ իր յաջորդները կ'աշխատին Հայաստանի մէջ ամրացնել Բագրատունիներուն իշխանութիւնը: Այսպէս, Բագարատ Բագրատունի խալիֆայէն կը ստանայ Իշխանաց Իշխան տիտղոսը, որ միւս նախարարներուն հետ բաղդատած՝ իրեն կու տայ գերակշիռ դիրք մը:
Նոր Հալածանքներ, Նոր Կռիւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերու անջատողական ձգտումները սակայն լաւ աչքով չէին դիտուեր Աբբասեան Խալիֆայութեան մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Նոր խալիֆան՝ Ալ Մութաուաքքիլ արաբական բանակ մը կը ղրկէ Հայաստան՝ հարկեր հաւաքելու համար: Արաբները կը սկսին կողոպտել Վասպուրականը, որուն իշխանը սակայն, Աշոտ Արծրունի, անակնկալի բերելով պարտութեան կը մատնէ զանոնք: Ապա, արաբները նոր բանակով մը կը մտնեն Տարօն, Իշխանաց Իշխան Բագարատ Բագրատունիէն հարկ պահանջելու համար: Բագրատունիները եւ Ամատունիները կը մէկտեղեն իրենց բանակները եւ կը ջարդեն արաբները:
851-ին, էմիր Եուսուֆ Հայաստան կու գայ ճնշելու համար ապստամբութիւնը: Ան նախ կ'ուզէ իր քով կանչել եւ խաբէութեամբ սպաննել Վասպուրականի իշխան Աշոտ Արծրունին: Բայց այս վերջինը, կռահելով խաղը, հարկերը կը ղրկէ էմիրին, առանց իր երկրէն ներս ընդունելու զինք: Եուսուֆ սակայն կը յաջողի դաւադրութեամբ ձերբակալել Իշխանաց Իշխան Բագարատը եւ իբրեւ կալանաւոր Պաղտատ կ'ուղարկէ: Ան նաեւ բազմաթիւ հարկեր կը հաւաքէ, իբրեւ ստրուկ ծախուելու համար Միջագետքի քաղաքներուն մէջ: Ձմրան, սակայն, Խութի շրջանէն նիզակներով կը յարձակին Մուշի վրայ, կը ջարդեն արաբական զօրքը եւ կ'ազատեն գերիները: Եուսուֆ, որ ապաստանած էր եկեղեցիի մը մէջ, նիզակահար կը սպաննուի:
Ապստամբութիւնը կը ծաւալի ամէն կողմ, նոյնիսկ Վրաստան եւ Աղուանք: Արաբները Հայաստան կը ղրկեն նոր ոստիկան մը՝ Բուղա, նոր բանակով: Այս զօրքը հրահանգ ստացած էր ոչնչացնելու հայկական այրուձին, ինչպէս նաեւ զէնք վերցնելու ի վիճակի եղող բոլոր հայերը: Բուղա վայրագ կերպով կը ճզմէ հայկական ապստամբութիւնը: Ան ամէն կողմ ջարդ ու սարսափ կը տարածէ. կ'ամայացնէ գաւառները՝ բնակչութիւնը աքսորելով Միջագետք եւ Եգիպտոս, ուր անոնք կը ծախուին իբրեւ ստրուկ: Միայն Տարօնի մէջ, 200 հազարնոց անոր բանակը կը ջարդէ 30 հազար հայեր: Բուղան նաեւ կը ձերբակալէ մեծ թիւով հայ իշխաններ եւ սեպուհներ եւ զանոնք կը ղրկէ Սամարրա (Միջագետքի քաղաքներէն):
Հակառակ այս վայրագութիւններուն սակայն, հայ ժողովուրդի մղած պայքարը կանգ չ'առներ: Օգտուելով արաբներու ներքին դժուարութիւններէն եւ արտաքին քաղաքականութեան նպաստաւոր կացութենէն, Բագրատունիները կը վերականգնեն իրենց իշխանութիւնը եւ Հայաստանի կը վերադարձնեն իր անկախութիւնը:
Ոստիկաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ապտուլլահ 699-703
- Ապտ Ալ-Ազիզ 706-709
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայոց Պատմութիւն (Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն), Ա. Տպագրութիւն Պէյրութ - 2009»: