Jump to content

Արշարունիք

Արշարունիք՝ գաւառ Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի, հինէն յայտնի էր նաեւ Երասխաձոր անունով։ Սկզբնապէս կը պատկանէր Արշակունիներու արքունական տանը, սակայն հետագային կը տրուի Արշակունիներու տան ճիւղերէն մէկուն՝ Կամսարական նախարարական տանը։ կ՝ենթադրուի, որ իր անունը ստացած է գաւառի առաջին տիրակալ՝ Արշաւիր Կամսարականի անունէն։ Գաւառը կը տարածուէր Երասխ եւ Ախուրեան գետերու կազմած արեւմտեան անկիւնին մէջ։ Արշարունիքի մէջ կը գտնուէին Կաղզւանի յայտնի աղահանքերը։

Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի բազմաթիւ այլ նախարարական տներու հետ միասին աստիճանաբար իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը կը կորսնցնէին եւ Կամսարականները։ 8-րդ դարու վերջին Կամսարականները Շիրակի եւ Արշարունիքի իրենց կալուածքները դրամով կը վաճարեն Բագրատունիներուն։ Արշարունիքը առանձնապէս կարեւոր դեր խաղցած է Բագրատունիներու թագաւորութեան շրջանին։

Գաւառի առաւել նշանաւոր պատմական վայրերն են՝ Երուանդաշատ, Երուանդակերտ, Բագարան քաղաքները եւ Արտագերս ամրոցը։[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Թ. Խ. Հակոբյան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրություն, Երեւան, «Միտք», 1968, էջ 130-131։