Այրուձի
Այրուձի, Հայոց հեծելազօրի տեսակ հին եւ միջին դարերու։ Պեղածոյ նիւթերն ու սեպագիր արձանագրութիւնները կը վաւերացնեն, որ Ք.Ա. Ա.-ին հազարամեակի Հայկական լեռնաշխարհի բնակիչները պատերազմներուն կ'օգտագործէին ինչպէս մարտակառքեր, այնպէս էր այրուձին։ Ըստ Քսենոփոնի, Երուանդունիներն ունէին 8 հազարնոց այրուձի: Հայոց այրուձին աւելի զարգացաւ, կանոնաւորուեցաւ Արտաշէսեաններու օրով։
Հայոց այրուձիի կորիզը Հին աշխարհին հռչակուած ծանրազէն զրահաւոր հեծելազօրն էր, որու համար կ'ընտրէին առաւել մարմնեղ եւ ուժեղ ձիեր։ Հեծեկամարտիկները կը կրէին ծանր հանդերձանք, մետաղէ թիթեղներով պատած կամ մետաղէ զրահներ (սաղաւարտ, վզնոց, օղազրահ, ուսակալ, սրունքակալ, լանջապանակ, սռնապան, կրծքակալ եւայլն)։ Գլխաւոր զէնքը երկար նիզակն էր։ Զրահաւոր այրուձին հայկական բանակի գլխաւոր հարուածային ուժն էր, որ կը գրոհէր սեպաձեւ խիտ շարքերով։
Թեթեւազէն այրուձին, որու համար կ'ընտրուէին համեմատաբար փոքրամարմին, արագավազ եւ դիմացկուն նժոյգներ, դիւրաշարժութեան համար չէր զրահաւորուեր։ Հեծեալի հիմնական զէնքը նետ ու աղեղն էր։ Թեթեւազէն այրուձին կը կատարէր բանակի մարտակարգի թեւերն ու թիկունքը պաշտպանելու, գլխաւոր ուժերու ծաւալմանը սպասարկելու, ցրուած ուժերը կենդրոնացնելու, հակառակորդին հետապնդելու, հետախուզելու եւ այլ պարտականութիւններ։ Կը յարցակուէր ցրիւ շարքերով։
Հայոց այրուձին կարեւոր դեր կը կատարէր պարթեւ-հռոմէական մրցակցութեան մէջ. անոր անցումը մէկի կամ միւսի կողմը յաճախ ունեցած էր վճռական նշանակութիւն. Հռոմը մարտունակ հեծելազօրք չունէր։ Այդ պատճառով ահեղ հեծելազօրատէր Պարթեւաստանի դէմ մղուող պատերազմներուն կը ձգտէր շահիլ Հայաստանի դաշնակցութիւնը։ Արշակունիներու ժամանակ այրուձին, մասնաւորապէս ծանրազէնը, կը համարուէր ազնուատոհմիկներով՝ ազատներով, որոնց դաստիարակութեան մաս կը կազմէր ձիավարժութիւնը։
Պատերազմի ժամանակ ցած խաւերէն նոյնպէս ստեղծուած էր առանձին հեծելագունդ, որ կոչուած էր «ռազմիկ այրուձի»: Այրուձիի գերագոյն հրամանատարը կոչուած էր «ասպետ», որ միաժամանակ «թագադիր» կամ ալ «թագակապ» իշխան էր։ Այդ պաշտօնը Բագրատունիներու տոհմի մենաշնորհն էր։ Արշակունիները այրուձիին խիստ մեծացրեցին, յատկապէս 3-4-րդ դարերուն, երբ Հայաստանի անկախութեան սպառնաց Սասանեան Պարսկաստանը։ Այրուձիի զինուորական աստիճաններու, հրահանգներու, կանոնադրութիւններու, զինանշաններու, դրոշներու մասին պահպանուած են կցկտուր տեղեկութիւններ։ Աղբիւրներու մէջ յիշատակուած են «բիւրաւորք», «հազարաւորք», «գումապէտք», «հարդարի մարտի», «աղեղնադրոշք», «ասպարախաղք» կամ «ասպախաղք», «դրոշակակիրք», «վառնունիք», «ճակատամուղք» ստորրաբաժանումներու անուններ[1]:
Ընդհանուր տեղեկութիւններ այրուձիի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական լեռնաշխարհի բնակիչները Ք.Ա. Ա. հազարամեակին օգտագործած են ռազմակառքեր, ունեցած են հեծեալ զօրախումբեր։ Ք.Ա. 6-րդ դարուն Երուանդունիներն ունեցած են 8 հազար հեծելազօրք ու 40 հազար հետեւակ, իսկ Գաւգամելայի ճակատամարտին մէջ (Ք.Ա. 331 թուական) Ալեքսանտր Մակետոնացիի դէմ պարսից բանակի կազմով կռուած է Մեծ Հայքի 7-հազարնոց այրուձին։ Արտաշէսեաններու (Ք.Ա. 189–181 թուականներ) օրով ստեղծուած են հեծելազօրային միաւորումներ, որոնց կորիզը ծանրազէն կամ սպառազէն հեծելազօրքն էր։
Հեծելամարտիկները կրած են մետաղէ թիթեղներով պատած կամ մետաղէ զրահ (սաղաւարտ, վզնոց, օղազրահ, ուսակալ, սրնքակալ, լանջապանակ, սռնապան եւայլն)։ Զրահով պաշտպանուած էին նաեւ ձիու մարմնի առաւել խոցելի տեղերը։ Գլխաւոր զէնքը նիզակն էր։ Հայկական բանակի գլխաւոր հարուածային ուժը զրահակիր հեծելազօրքն էր։ Թեթեւազէն հեծելազօրքը, որու համար ընտրած են համեմատաբար փոքրամարմին, արագավազ եւ դիմացկուն նժոյգներ, դիւրաշարժութեան համար չէր, զրահաւոր էր, կ'ապահովէր բանակի մարտակարգը, կը հետապնդէր թշնամիին, կը հետախուզէր եւ կը կատարէր այլ պարտականութիւններ։ Հեծեալի հիմնական զէնքը նետն ու աղեղն էր։ Արշակունիներու (66–428 թուականներ) օրով այրուձին, մասնաւորապէս ծանրազէնը, համալրուած է ազնուատոհմիկներով՝ ազատներով, որոնց դաստիարակութեան անքակտելի մասն էր ձիավարժութիւնը։
Համաձայն հին Հայաստանի ռազմական ուժերու քանակի եւ դասակարգման մասին հրովարտակի, որ կը կոչուէր Զօրանամակ, IV դարուն 86 նախարարութիւն ներկայացած է 84 հազար ձիաւոր մարտիկ, իսկ արքայականը 40 հազար էր։ Արշակունիներու անկումէն յետոյ հայկական այրուձիի թիւը նուազած է։ Մարզպանական Հայաստանին մէջ (V–VII դարեր) այրուձին 30 հազարը չէր անցներ։
529 թուականին յատուկ հրովարտակով Յուստինիանոս Ա. կայսրը Հայաստանի բիւզանդական մասին մէջ արգիլած է նախարարներուն հեծեալ ուժեր ունենալ (արգելքը տեւած է մինչեւ արաբական նուաճումները` 7-րդ դարու կէսը)։ 652-ին հայ-արաբական պայմանագրի համաձայն՝ Հայաստանը կարողացած է պահել 15 հազարնոց այրուձի (նախկին 30 հազարի փոխարէն), որու վարձատրութիւնը վճարելու էին արաբները։ Այս կարգը պահպանուած է մինչեւ Ապտուլլահ խալիֆի (750–775 թուականներ) իշխանութիւնը։ Բագրատունիներու (885–1045 թուականներ) օրով նոյնպէս այրուձին համալրած են գերազանցապէս ազատները։ Գագիկ Ա.ի (989–1020 թուականներ) ժամանակ արքունական զօրագունդերուն մէջ կը հաշուուէր 55 հազար, իսկ իշխանականին մէջ՝ 45 հազար զինուոր։ XII–XIII դարերուն հայկական հեծելագունդերը Զաքարեան իշխաններու գլխաւորութեամբ մեծապէս օգնած են վրացական պետութեան հզօրացմանը եւ սելճուկեան թուրքերէն հայկական հողերու ազատագրմանը։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Գագիկ Հարութիւնեան (պատմաբան), Սուրէն Մարտիկեան, Արտակ Մովսէսեան (պ.գ.թ.), Մեր յաղթանակները, հ. Ա (խմբ. Էտուարտ Լ.Դանիելեան), Երեւան, ««Գասպրինտ» ՍՊԸ», 2010 — 259, էջեր 259 — 259 էջ. — 500 հատ։