Jump to content

Ծովահէնութիւնը հնադարեան Միջերկրականին մէջ

Էքսիքիասին քիլիքսը (Ք․Ա․530) - Պատկերացում Տիոնիսոսի առեւանգումը Թիրինեան ծովահէններուն կողմէ առասպելին․ յայտնաբերուած է Վուլչի էթրուսքեան քաղաքը

Ծովահէնութիւնը հնադարեան Միջերկրականին մէջ․ ծովահէնութեան պատմութեան մէջ նշուած հնագոյն արձանագրութիւնն է որ կը ներկայացնէ նաւային զինեալ խումբերու կողմէն նաւերու եւ քաղաքներու կողոպուտը։ Հնադարի գրագէտներուն մեծամասնութիւնը, սկսեալ Հոմերոսէն, Իրոդոթոսէն, Թուքիդիդիսէն մինչեւ Լիվիոս եւ Բլութարհոս, զբաղած են ծովահէններու գործերով։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, բացի արձանագրութիւններէն, տուեալ է թէ Միջերկրական ծովը, աշխարհագրական առաջին վայրն է ուր ծովահէնութիւնը կերպարանաւորուած է ու զարգացած է։

Քարտէզ կեդրոնական-արեւելեան Միջերկրականի երեք մեծ թերակղզիրու․ ծախէն աջ՝ Իտալական, Պալքանեան եւ Փոքր Ասիոյ։

Ծովահէնութիւնը, հնադարէն որպէս հարստութեան եւ ստրուկներու հայթայթումի միջոց ծառայած է եւ օգտագործուած գրեթէ բոլոր ժողովուրդներէն որոնք բնակած են Միջերկրականի ափերուն․ Նախապատմական Ծովի ժողովուրդներէն եւ Էթրուսքներէն, մինչեւ Իլիրիացիներուն եւ նախաքրիստոնէական վերջին դարերու Կիլիկիացիներուն կողմէն, նոյնիսկ յոյներուն կողմէն, որոնք դասական մշակոյթին հետ միաժամանակ ծնունդ տուին նաեւ այդ օրերու ծանօթ աշխարհին վախազդու ծովահէններ։ Երբեմն քանի մը ուժերու գերիշխանութիւնը ծովուն մեծ մասին (Եգիպտացիներ, Մինոացիներ, Աթենացիներ) ժամանակաւոր սահմանած է ծովահէնութիւնը, սակայն չէ յաջողած անոր վերանումը։ Միայն Հռոմէացիները յաջողած են ճնշել ու ժամանակաւոր վերացնել շնորհիւ «Կապինիա Օրէնք»ին (Lex Gabinia) Ք․Ա․1ին դարու ընթացքին եւ Միջերկրականը վերածել հռոմէական ծովի։

Բներեւոյթին պատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ Ք․Ա․3000

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրականի աւազանը

Ծովահէնութեան պատմութիւնը կը սկսի միաժամանակ առեւտուրի եւ նաւարկութեան պատմութեան հետ, երբ ստեղծուեցան նաւերու առաջին փրկուած (ու յայտնաբերուած) պատկերացումները, բաւական առաջ Ք․Ա․3000-էն։ Ովսիդաքարէ (Միլոսի հանքային ապակի) արհեստական գործեր, որոնք գտնուած են Մակեդոնիոյ, Թեսալիա եւ Պելոպոնեսի շրջանները Նոր Քարէ դարու բնակավայրերու մէջ, կը վկայեն թէ նաւարկութիւնը նորքարէ դարու Յունաստանի բնակիչին համար անծանօթ չէր։ Նոյնը կ՛եզրակացնէ Ք․Ա․6000-ին Կրետէի մէջ հասում մշակոյթի մը յայտնաբերումը։

Միկինեան (Ք․Ա․1600 - Ք․Ա․1100) եւ Յունաստանի Մութ դարաշրջաններուն (Ք․Ա․9-րդ եւ 8-րդ դարեր) ծովահէնութիւնը ընդունուած էր եւ կը սեպուէր հասարակական գործունէութիւն մը։ Ատի կը վկայէ Հոմերոս Ոդիսականին մէջ, կերպը՝ զոր երբ Օդիսէաս ծպտուած Էվմէոսին կը ներկայանայ որպէս Տրոյան Պատերազմի վեթերան որ հետագային` Եգիպտոս, ծովահէն կը դառնայ։

Հոմերոս նաեւ հիացումով կ՛արտայայտուի յոյներուն այդ ուղղութեամբ տարած գործունէութիւններուն։ Կը նշէ թէ յունական քաղաք-պետութիւնները, գրեթէ ինքնաբաւ էին շնորհիւ օտար առետրական նաւերուն իրենց կողոպուտին, ինչպէս օրինակ Թաֆոս, որուն քաղաքացիները «թին կը սիրէին»։ Թաֆեցի ծովահէններուն համբաւը այդքան մեծ էր, որ անոնք կեդրոնական նիւթն էին Իասոնային Աթինային նուիրած պատմուճանի (հիթոն (χιτών)) զարդարանքին։

Արխայիք եւ դասական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 1-ին հազարամեակի սկզբնական շրջանէն մինչեւ հելլենիստական դարաշրջանը, երբ Դորեացիները Կրետէն կը գրաւեն, կրետացիները նաւաստիներուն վախ ու սարսափն էին։ Նոյնպէս Սեւ ծովուն ծովահէնները, որոնք Վոսպորոսի քաղաքներու հետ կը գործակցէին ճամբորդներ առեւանգելով եւ ստիպելով անոնց արտասուագին նամակներ գրել իրենց ազգականներուն իրենց ազատութիւնը «գնելու» համար։

Յունական քաղաք-պետութիւնները մէկ կողմէն կը ջանային վահանուիլ ծովահէններուն դէմ, որոնք կը սպառնային իրենց ափերուն կամ նաւերուն վրայ, սակայն միւս կողմէն անտարբեր էին իրենց սահմաններէն դուրս անոնց բնաջնջումին մասին մտածել։ Շատեր նոյնիսկ բարոյապէս եւ կամ պարզապէս իրենց վարմունքով կը քաջալերէին ծովահէնութեան հետ կապուած գործունէութիւններ, ինչպէս օրինակ Իրոդոթոս կը նկարագրէ Սամոս կղզիին բնակիչներուն եւ Փոքր Ասիոյ Յոնիացիներուն տարած այդպիսի գործունէութիւնները, իսկ Թուքիդիդիս կը նշէ թէ Լոքրիդայի, Էթոլիայի եւ Աքարնանիայի ժողովուրդները յաճախ աչք կը գոցէին եւ կամ իրենք էին հեղինակները նման գործունէութիւններու։

Ք․Ա․4րդ դարուն Աթենացիները կը հալածեն ծովահէնութիւնը։ Ինչպէս նաեւ Մեծն Աղեքսանդր, որ կը յաջողի ժամանակի մը համար կասեցնել ծովահէններու գործունէութիւնը, երբ Իլիրիան կը գրաւէ եւ Իլիրիացիներուն իր զօրքին մէջ կը զինուորագրէ։

Հելենիստական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք եւ անոր ստեղծած կայսրութեան բաժանումին հետեւանքներէն մէկն է նաեւ ծովահէնութեան ծաղկումը։ Յունական թագաւորութիւնները յաճախ կը նախաձեռնէին ծովահններու հետ գործակցութիւնը, որպէսզի Միջերկրականի աւազանին մէջ պահեն նաւարկութեան հաւասարակշռութիւնը։ Ք․Ա․3րդ դարուն «ծովահէն-ղեկավարը» լաւագոյն վարձատրողին կը սպասարկէր եւ միաժամանակ անոր հաշուոյն խաղաղութեան շրջանին նաւեր եւ քաղաքներ կը կողոպտէր։

Իլիրիացի ծովահէնները կը յայտնաբերուին Յոնեական ծով, յարձակելով ու կողոպտելով յունական եւ հռոմէական նաւեր, ինչպէս նաեւ արեւմտեան Յունաստանի ափերը։ Ք․Ա․230-ին, Հռոմ կը փորձէ համաձայնիլ անոնց հետ, որպէսզի իր նաւերը ազատ եւ հանգիստ շրջին, սակայն Իլիրիացիները կը սպաննեն հռոմէական պատուիրակութենէն անձ մը։ Հետեւանքն է հռոմէական լեգէոններ առաջին անգամ ըլլալով արշաւեն Պալքանեան թերակղզին (Ա․ Իլիրիական Պատերազմ

Յուլիոս Կայսր երիտասարդ տարիքին Կիլիկիացիներէն կ՛առեւանգուի։ Անոնք զայն Ֆարմաքոնիսի կը բանտարկեն եւ ընտանիքէն 20 թալանտա կը պահանջեն։ Սակայն ան «կը վիրաւորուի» ցած (ըստ իր ինքնահաւանութեան) գինէն եւ զանոնք կը յորդորէ 50 ուզել, ինչ որ կը տրուի։ Իր ազատագրումէն ետք, Միլիթոսին (Փոքր Ասիոյ Յոնիայի ափերուն յունական քաղաք) մէջ նաւատորմիղ մը կը կազմակերպէ եւ կը ձերբակալէ առեւանգողները եւ զանոնք կը խաչէ։

Էգէական ծովուն մէջ, ծովահէններուն հիմնական հալածողը կ՛ըլլան Ռոտոսցիները (Ք․Ա․ 300 - Ք․Ա․2-րդ դարու կէսերուն)։

Հելլենիստական վերջին շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Ք․Ա․190-ին, Սելեւկեացիները ետ կը քաշեն իրենց նաւերը, ծովահէնները առիթը կը գտնեն ու կը հաստատուին յունական շրջաններ՝ մանաւանդ Աքարնանիա։ Իսկ, Կիլիկիոյ մէջ Փոքր Ասիոյ կարգ մը կառավարիչներու օգնութեամբ կը հիմնուի ծովահէններու հսկողութեան տակ շրջան մը։ Ունէին 1000-է աւելի նաւեր, գրաւած էին 400 քաղաքներ եւ կ՛արշաւէին Սամոթրաքիին, Լեֆքատային եւ Լաքինիոյին (Քալավրիա) վրայ։

Արեւմտեան Միջերկրական

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին ծովահէնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջերկրականի արեւմտեան ջուրերն ալ վտագաւոր դարձած էին։ Թիրինեան ծովը ըլլալով առեւտրական ճամբայ, անոր ջուրերուն մէջ ծովահէններու գլխաւոր գործունէութիւնները կը կատարուէին։ Եգիպտոսի փարաւոն Ամենհոթեբ Գ․-ի ժամանակաշրջանի (Ք․Ա․14րդ դարասկիզբ) եգիպտական արձանագրութիւններուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք Շերտեն կամ Շարտանա անունով Ծովի Ժողովուրդի մը տարբեր բնայատկութիւններով․ փարաւոններու վարձկաններ, խուժաններ, նաւաստիներ, ծովահէններ։ Պատմաբաններ անոնց կեդրոնը Սարտինիա եւ Քորսիքան կը համարեն։ Շատեր անոնց կը նոյնացնեն Սիչիլիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած նախապատմական Սեքլես կամ Սաքլասա ժողովուրդին հետ։ Եթէ այս ենթադրութիւնները հաստատուին, Շերտեն եւ Սեքլես ժողովուրդները արեւմտեան Միջերկրականի առաջին ծովահէնները եղած պիտի ըլլան։

Կարգ մը հետազօտողներ կը հաստատեն թէ եգիպտական արձանագրութիւններուն մէջ նկարագրուած Ծովի ժողովուրդներէն մէկը, որ կը նշուի «Trš.w» անունով Թիրինացիները (այսինքն էթրուսքները) պէտք է որ ըլլան։ Արխայիք եւ դասական առաջին դարերուն ընթացքին Թիրինեան ծովին մէջ ծովահէնութիւնը եւ Էթրուսքները նոյնացած նշանակութիւն ունեցած են։

Միերկրականի աւազանի քարտէս․ կը ներկայացնէ Էթրուսքներուն (սրճագոյն) եւ յոյներուն (կապոյտ) առեւտուրի ճամբաները

Տիոնիսոսի առեւանգումը Թիրինեան ծովահէններուն կողմէ առասպելը կը հաստատէ թէ անոնց գործունէութիւնը սահմանուած չէր միայն մերձակայ ծովերուն մէջ, այլ նաեւ տարածուած էր մինչեւ Կիպրոս, Եգիպտոս եւ Սեւ ծով։ Անոնց զոհերն էին ընդհանրապէս հռոմէացիները, Մեծ Յունաստանին (հարաւային Իտալիա) յոյները, կամ շրջանին մէջ ապրող փոքր ժողովուրդներ, եւ աւելի նուազ չափով Կարթագէնցիները։

Դասական ժամանակաշրջանին, էթրուսքներու գործունէութիւնը կը ծաւալի արեւելեան Միջերկրականի ջուրերուն մէջ։ Սակայն անոնք կը տկարանան Ք․Ա․474-էն սկսեալ (Քիմիին նաւամարտը)։ Անոնց պետութիւնը կը տապալի Ք․Ա․3րդ դարուն։

Արխայիք ժամանակաշրջանին յոյներուն հաստատումով հարաւային Իտալիա (Մեծ Յունաստան) ու աւելի անդին, էթրուսքները զօրաւոր մրցակիցներ կ՛ունենան։ Յաճախ կ՛ընտրուէր յունական գաղթօճախի մը վայրը, ինչպէս օրինակ Քիմի որ ընտրած էր Սիչիլիոյ հիւսիս-արեւելան ծայրամասը, ուր կը հիմնէ Զակլին (Մեսինա)։ Ֆոքէացիները կը տարածուին մինչեւ Մարսիլիա եւ Քորսիքա (Ք․Ա․600 - Ք․Ա․565) ու ծովահէնութեամբ կը գոհանան։ Նաեւ Սարտինիոյ բացերուն անոնք կը խորտակեն էթրուսքներուն եւ Կարթագէնցիներուն նաւային միացեալ ուժերը։

Յոյն ծովահէնները այդ յաղթանակէն ետք կը բազմապատկուին։ Անյաջող Յոնիական Ապստամբութենէն ետք, շատեր Սիչիլիա կ՛ապաստանին որպէս ծովահէն, ինչպէս օրինակ՝ Տիոնիսիոս Ֆոքաեցին․-․․«առանց վնասելու յունական նաւերը, սակայն միայն կարթագէնի եւ թիրինեցիներուն նաւերը․․»։ Էոլեան կղզիները (Զակլիին հիւսիս-արեւմտեան կողմը) ծովահէններու դրախտավայրը կը դառնայ։

Հռոմէացիներ եւ Կարթագէնցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կարթագէնի դիրքը

Հռոմէացիներն ու կարթագէնցիները ծովահէնութեամբ չեն զբաղիր։ Հռոմէական Օրէնքը առաջինը կը հանդիսանայ որ ծովահէնութիւնը կը դասէ որպէս գարշելի գործունէութիւն։

Հռոմ ծովահէնութիւնը կը խափանէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջերկրականը վերջնականապէս կը մաքրուի ծովահէններու ներկայութենէն Հռոմէական Հանրապետութեան ընթացքին (Ք․Ա․509 - Ք․Ա․27)։

Առաջին նպատակակէտներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէացիները չորս դարերու ընթացքին կը գրաւեն երկու մեծ թերակղզիներ՝ իտալական եւ պալքանեան։ Ք․Ա․101-ին Հռոմի Ծերակոյտը կը քուէարկէ ծովահէնութեան դէմ առաջին օրէնքը։ Սակայն հարցը կը բարդանայ Միհրդատեան պատերազմներուն ժամանակ (Ք․Ա․88 - Ք․Ա․63, Միհրդատ Էվպատորի ժամանակաշրջան)։ Մենամարտողներու ապստամբութեան ընթացքին (Ք․Ա․73 - Ք․Ա․71), Սպարթաքոս կ՛օգնէ կիլիկիացի ծովահէնները։ Անոնք կը հասնին մինչեւ Թիվերիսի գետաբերանը եւ Օսթիան (Հռոմի նաւահանգիստը) կը կողոպտեն։

Պոմպէոս զօրավար․ «Կապինիա Օրէնք»ին (Lex Gabinia) օրէնքով մեծ իրաւասութիւններ կը ստանայ կանխելու երեք տարուան ընթացքին ծովահէնութիւնը, մինչեւ Իրաքլեան սիւները՝ Ճիպրալթար

«Կապինիա Օրէնք», Պոմպէոսին արշաւանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէացիները կը հակադարձեն Ք․Ա․67-ին Ad hoc (բառացի թարգմանութիւն՝ ատոր համար) օրէնսդրութեամբ մը, Պոմպէոսին մեծ իրաւասութիւններ կը տրուին կանխելու երեք տարուան ընթացքին ծովահէնութիւնը․ «Կապինիա Օրէնք» (Lex Gabinia)։ Ծերակուտականները կը սարսափին տեսնելով որ միայն մէկ անձ՝ Պոմպէոս, պիտի յանձանձէ հսկայ գումարները եւ ռազմական ուժ։ Փոքրաթիւ ծերակուտականներէն որ Պոմպէոսին նեցուկ կը կանգնին Յուլիոս Կայսրն է։

Պոմպէոս Միջերկրականը 13 մասի կը բաժնէ՝ 12 եւ 1 (Կիլիկիա)։ Իւրաքանչիւր բաժնին որպէս ղեկավար երկու ծերակուտականներ կը նշանակէ։ Երբ պատրաստական աշխատանքները կը վերջանան, ղեկավարներուն կը հրամայէ միաժամանակ յարձակին, որպէսզի ծովահէնները ժամանակ չունենան ուրիշներու օգնութիւնը ուզելու։ Կիլիկիոյ գրաւումը արշաւանքին վերջին փուլը կը հանդիսանայ։

Պոմպէոս երեք ամսուան ընթացքին կը յաջողի մեծ վնաս հասցնել ծովահէններուն։ Կ՛օգտագործէ 500 նաւ, 120 000 զինուորներ եւ 6․000 թալանտա։ Կը քանդէ ծովահէններու 120 խարիսխներ, 500 նաւ եւ մահուան կը դատապարտէ 10 000 ծովահէններ։ Վերջինները կը ստիպուին հրկիզել իրենց իսկ նաւերը եւ ցամաքի ճամբով մեկնին եւ կամ փոխան գումարի մը դիմաց եւ նաեւ տեղեկութիւններ տալով շահիլ իրենց ազատութիւնը։

Ծովահէնութեան վերակենդանացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական կայսրութեան անկումով, ծովահէններու գործունէութիւնը թափ կ՛առնէ եւ կը շարունակէ զարգանալ մինչեւ Միջնադար։

Գ․ դարու կէսերուն, Կոթեր եւ Էրուլիներ իրենց արշաւանքներուն ընթացքին կը քանդեն Էգէական ծովուն կղզիներն ու ծովափնեայ քաղաքները։ Անոնք կը ներխուժեն Պալքանեան թերակղզին եւ Փոքր Ասիա։ Կը կործանեն դասական Աթէնքի հիանալի կառոյցներ, ինչպէս օրինակ՝ Իրոտու Ադիքու Օտէոնը։

Ե․ դարու կէսերուն, Վանդալները (ծովահէններու գերմանական ցեղ) Կարթագէնը կը գրաւեն։ Անոնք իրենց մէկ արշաւանքին ընթացքին Հռոմը կը գրաւեն ու կը կողոպտեն, ինչպէս նաեւ Սիչիլիան կը գրաւեն։ Անոնց իշխանութիւնը վերջ կը գտնէ 534-ին, երբ Բիւզանդիոնի Յուստինիանոս կայսր անոնց դէմ կը ղրկէ Վելիսարիոս զօրավարը։

Հռոմէական կայսրութեան արեւելեան բաժինը (ծանօթ որպէս Բիւզանդական կայսրութիւն) Միջերկրականի արեւելեան մասի ապահովութիւնը կը պահպանէ մինչեւ արաբ ծովահէններու յայտնուիլը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ծովահէններ հին Միջերկրականի տարածքին, 18-4-2020, Մարք Ուլմըր(անգլերէն)
  2. Աշխարհի Պատմութիւն - Հին Միջերկրականի ծովահէնութիւնը, 19-8-2019(անգլերէն)
  3. Ծովահէնութեան պատմութիւնը․Սինդի Վալար(անգլերէն)
  4. Հռոմ եւ յունական արեւելքը մինչեւ Օգոստոսին մահը, Քեմպրիճ համալսարան(անգլերէն)
  5. Ծովահէնութիւնը Յունահռոմէական աշխարհին մէջ, 24-5-2016(անգլերէն)
  6. Ծովահէնութիւնը Հելլենիստական շրջանին, Ճ․Ճ․Կապեսթ, 1986
  7. Քեմպրիճ համալսարան․ Ծովահէնութիւնը Հելլենիստական սկզբնաշրջանին, 7-9-2009(անգլերէն)
  8. Աբոլոդորոս գրադարան․ Տրոյան պատերազմի վերջաւորութենէն ետք․․ (ֆր.)
  9. իրոդոթոս․ Հնադարեան ծովահէններ, 27-5-2023 (ֆր.)
  10. Ռոտոս, Հռոմ եւ առասպելական ծովահէնները․ Բոլիվուոս, 30.5.6-8(ֆր.)
  11. Արիստոթելիս եւ Թիրինեան ծովահէնները, Ճ․Պրանշուիկ, 1963(ֆր.)
  12. «Տիոնիսոս եւ ծովահէնները(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-12-21-ին։ արտագրուած է՝ 2023-12-21 
  13. Ծովահէնները Միջերկրականի մէջ․ հնադարէն մինչեւ այսօր (յունարէն)
  14. Փոքր Ասիոյ հանրագիտարան - Կիլիկիոյ ծովահէնները եւ անոնց կործանումը Հռոմէն, Վերա Սթեֆանիդու, 27-8-2001, արտատպուած 1-10-2023(յունարէն)
  15. Ծովահէնները Միջերկրական, Խրիսթոֆորոս Մալամաս, Աթէնք 1993, Քարանասիս տպգ․(յունարէն)
  16. Ծովահէնութիւնը Միջնադարին․ Էգէական ծով(յունարէն)