Մակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)

Մակեդոնիա
Μακεδονία
Դրօշակ Զինանշանը


Պետական լեզու հին յունական Մակեդոնիոյ բարբառ եւ Հին Յունարէն
Մայրաքաղաք Վերղինա
Օրէնսդիր մարմին Խորհրդաժողով
Երկրի ղեկավար


Թագաւորներ

Ք․Ա․7րդ դար Քարանոս (դիցաբանութիւն)

Բերդիքաս Ա․ Ք․Ա․7րդ դար (առաջին)

Բերսէաս Մակեդոնացի Ք․Ա․179-Ք․Ա․168 (վերջին)
Կրօնք հին յունական կրօն
Հիմնադրուած է Ք․Ա․653 թ.
Արժոյթ Սթաթիրաս (Թեթրադրախմոն)

Մակեդոնիա, (յուն․՝ Μακεδονία). հին Յունաստանի հիւսիսային ծայրամասին հին յունական թագաւորութիւն, որ հետագային՝ Հելլենականութեան Դարաշրջանին, կը դառնայ գերիշխան պետութիւն։ Իր գոյութեան ընթացքին, մեծ մասով կառավարուած է Արղէադոն հարստութենէն, փոքր դադարներով՝ Անտիբաթրիդոն հարստութեան կողմէն եւ վերջնականապէս Անտիղոնիդոն հարստութեան կողմէ։

Հին թագաւորութեան կեդրոնը եղած է յունական թերակղզիին հիւսիս-արեւելեան մասը որ արեւմուտքէն սահմանակից էր Իբիրոսի թագաւորութեան հետ, հիւսիսէն Բէոնիային, արեւելքէն Թրակիոյ հետ եւ հարաւէն Թեսալիային հետ։

Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մակեդոնիա անունը յառաջացած է «Մակեդոնես» կամ «Մակեդնի» բառերէն։ Ինչպէս «Մաղնիթես» (Μάγνητες․ հին յունական ցեղ որ կ՛ապրէր արեւելեան Թեսալիա), այս բառերը կը ներփակեն «μακ» (մակ) նիւթը որ ծաւալ կը նշանակէ եւ կը հանդիպինք «μήκος» (միքոս), «μάκος» (մաքոս) եւ «μάκρος» (մաքրոս) հին եւ արդի յունարէնին մէջ։

Իրոդոթոս Մակեդոնիա կ՛անուանէ Բրասիադաս լիճէն եւ Դիսորու լեռէն անդին երկիրը որ կ՛երկարի մինչեւ Փինիոս գետը եւ Ողիմպոս լեռը։ Ըստ Իրոդոթոսին, Մակեդոնացիները յունական ցեղ են դորիական ծագումով, որ նախապէս հաստատուած էր Ֆթիոթիդա, Օսա եւ Ողիմպոս, ու ապա Փինդոս։

Յունական դիցաբանութեան մէջ Մակեդոնիա անունին համար երեք աւանդութիւններ կան․-

  1. Մակեդոնաս նախահայրէն․ Էոլոսին զաւակը եւ Էլինին թոռնիկը (Hellanicus of Lesbos, մաս 46)։
  2. Դիասին եւ Թիիային (Դեւքալիոնին դուստր) Մակեդոնաս զաւակէն (Իսիոդոս, Թէողոնիա)․ անոր զաւակներն են Ամաթոն եւ Բիերոն, որոնցմէ անուանուած են Իմաթիա եւ Բիերիա լեռները։
  3. Արքադիայի թագաւորին՝ Լիքաոնասին Մակեդոնա (Մակեդնոս) զաւակէն (Աբոլոդորոս, գրադարան Γ8.1)։ Ըստ Քլաուդիոս Այլիանոսին, ան Իմաթիայի Լիքաոնաս թագաւորին զաւակը եղած է։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախապատմական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մակեդոնական սթաթիրաս (դրամ)․ Ք․Ա․323-Ք․Ա․317․ Կը պատկերացնէ Փիլիպոս Բ․

Ըստ հին յունական դիցաբանութեան, ինչպէս նշուած է վերեւ՝ «Ստուգաբանութիւն» բաժնին մէջ, Մակեդոն անունն է ցեղի մը առաջնորդին որ առաջին անգամ հաստատուած է արեւմտեան, հարաւ եւ կեդրոնական Մակեդոնիա եւ հիմնած հին մակեդոնական թագաւորութիւնը։ Ըստ Իրոդոթոսին արձանագրութիւններուն, մակեդոնական ազգը յունական դորիական ծագումով ցեղ էր, որ նախ Թեսալիայի Էսթիէոթիդայէն տեղափոխուելով կը հաստատուի Բինդոսի լանջերուն, ապա կը տեղափոխուի աւելի հարաւ։ Բերդիքաս, Մակեդոնիոյ թագաւորական տան նախահայրը, Դորիական ցեղին կը պատկանէր եւ ծագումով Արղիոս Իրաքլիդիս էր։

Բերդիքաս Ա․ - Փիլիպոս Բ․[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերղինա․ թագաւորական դամբաններէն մէկուն մուտքը․ Եունեսքոյի ժառանգութեան յուշարձան

Մակեդոնացիներուն պատմութիւնը հաւանաբար Ք․Ա․700-ին կը սկսի, Օրեսթիդա շրջանը, ուր նաեւ կ՛ապրէր յունական Օրեսթես ցեղը։ Ըստ Իրոդոթոսին եւ Թուքիդիդիսին մակեդոնական թագաւորական առաջին հարստութիւնը Արղէադոն կամ Թիմենիդես եղած է եւ Բերդիքաս Ա․ անոր հիմնադիրը՝ Ք․Ա․ 7րդ դարու առաջին կիսուն։ Անոր թագաւորութեան ժամանակ, մակեդոնացիները սկսած են դէպի արեւելք տարածուիլ․ յաջորդաբար՝ Էորդէա, Վոթիէա, Բիերիա, Ալմոբիա։ Անոր եւ կամ անոր յաջորդին ժամանակ հիմնուած է մայրաքաղաք Էղէ (Վերղինա

Բերդիքասին ժառանգած են զաւակը Արղէոս (Ք․Ա․652-Ք․Ա․621) եւ անոր յաջորդները՝ Փիլիպոս Ա․ (Ք․Ա․621-Ք․Ա․588), Աէրոբոս (Ք․Ա․588-Ք․Ա․568), Ալքեթաս Ա․(Ք․Ա․568-Ք․Ա․540) եւ Ամինտաս Ա․ (Ք․Ա․540-Ք․Ա․498), որոնք կը դիմադրեն Իլլիրեան ցեղերու արշաւանքները։

Սակայն Մակեդոնիոյ թագաւորութեան ամենէն կարեւոր ընթարձակումը տեղի կ՛ունենայ Ք․Ա․5րդ դարու առաջին տասնամեակներուն՝ Աղեքսանտր Ա․ թագաւորութեան ընթացքին։ Ան ունեցած է քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական բացառիկ կարողութիւններ։ Նաեւ նշուած է որպէս առաջին մակեդոնացի թագաւորը որ դրամ կը կտրէ։

Աղեքսանտր Ա․ յաջորդին՝ Բերդիքաս Բ․ օրով, կը սկսին Աթէնքին հետ խնդիրները․ Աթէնք, կը փորձէ ամէն ձեւով օգտուիլ թագաւորին եւ անոր եղբայրներուն (Ալքեթաս եւ Փիլիպոս) միջեւ հակառակութենէն ու կը յարձակի Մակեդոնիոյ դէմ։ Ք․Ա․413-ի երկու կողմերը դաշինք կը կնքեն։ Աթէնք դիմագրաւելով դժուարութիւններ Պելոպոնեսեան պատերազմին ընթացքին, բարեկամական կեցուածք կ՛ունենայ Մակեդոնիոյ հանդէպ, ինչ որ լրիւ կ՛օգտագործէ Բերդիքասին յաջորդը՝ Արխելաոս Ա․ (Ք․Ա․413-Ք․Ա․399. հիմնած է Բելա քաղաքը, ուր յայտնաբերուած են մակեդոնական բազմաթիւ շինութիւններ եւ իրեր) եւ պետութիւնը կը կազմակերպէ ու կը զօրացնէ։ Անոր կը յաջորդեն Բերդիքաս Գ․ եւ հեղինակաւոր Փիլիպոս Բ․ (Ք․Ա․359-Ք․Ա․336)։

Մակեդոնիա եւ Էգէական աշխարհը, Ք․Ա․200

Փիլիպոս Բ․ նախ կը ձերբազատուի իր հակառակորդներէն եւ ապա կը դիմադրէ ու պետութենէն կը վտառէ Բէոնես եւ Իլլիրեացի ներխուժողները։ Ան պետութիւնը կը կազմակերպէ, կը կեդրոնացնէ եւ կանոնաւորաբար իր իշխանութեան տակ կ՛առնէ Թեսալիան եւ Դելֆիան Դաշինքը։ Ապա Աթէնքի ու անոր դաշնակիցներուն դէմ կը դառնայ․ անոնք արգելք կը հանդիսանային իր իշխանութեան տարածման։ Ք․Ա․ 338 թուականին տեղի կ՛ունենայ Հերոնեայի վճռական ճակատամարտը, մակեդոնացիները պարտութեան կը մատնեն Աթենացիներուն եւ Թիվացիներուն Θήβα միացեալ ուժերը։ Փիլիպոս կը միաւորէ յունական քաղաք-պետութիւնները, ստեղծելով Կորնթոսեան միութիւնը (յայտնի՝ որպէս Հելլենական լիկա կամ Յունական լիկա անունով)։

Մեծն Աղեքսանտր եւ Հելլենիստական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիլիպոս Բ․ին զաւակը՝ Ալեքսանտր Գ․ (ծանօթ որպէս Մեծն Աղեքսանտր) կը շարունակէ հօրը գործը։ Մինչեւ իր վաղահաս մահը՝ Ք․Ա․323, ան կը յաջողի միաւորել Յունաստանի տարածքին յունական անկախ քաղաք-պետութիւնները, կը յաղթէ պարսկական կայսրութեան եւ կը հիմնէ հսկայ կայսրութիւն մը։

Մակեդոնիոյ Բելա քաղաքին աւերակները

Սակայն Մակեդոնիոյ թագաւորութիւնը շուտով կը կորսնցնէ Ասիոյ իր գերիշխան տարածքները եւ կը պահէ Յունաստանի տարածքին իր գերիշխանութիւնը մինչեւ որ ան ալ անցնի հռոմէացիներուն իշխանութեան տակ Մակեդոնական պատերազմներէն ետք (Ք․Ա․215-Ք․Ա․148)։

Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզու եւ բարբառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․4րդ դարու խճանկար․ կը պատկերացնէ Մեծն Աղեքսանտր եւ իր ընկերը ՝Քրաթերոս, որ կը կռուին առիւծի մը հետ

Հին Մակեդոնիոյ հեղինակներուն մեծամասնութիւնը իր գործերը գրած է Քինի Էլլինիսթիքի լեզուով (Ελληνιστική Κοινή՝ հասարակ հելլենիստական), ծանօթ որպէս հասարակ յունական (Κοινή Ελληνική), հասարակ Ատիկեան (κοινή Αττική)։ Հազուագիւտ արձանագրութիւններ կան մայրենի մակեդոնական լեզուով, որ յունական բարբառ մըն է, համանման Էոլեան եւ Դորեան բարբառներուն։ Հին Մակեդոնիոյ փրկուած արձանագրութիւններուն մեծամասնութիւնը գրուած է Ատիկեան եւ հասարակ հելլենիստական բարբառովներով։

Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արխէլաոս Ա․ ժամանակաշրջանէն՝ Ք․Ա․5րդ դար, Մակեդոնիա ներառած է Յունաստանի զանազան շրջաններէ սովորութիւններ եւ արուեստ։ Պահած է արքայիք (արխայիք), հաւանաբար Հոմերոսեան յուղարկաւորութեան սովորութիւններ, որոնք կապուած են խրախճանքի եւ իրերու օգտագործումով, ինչպէս օրինակ՝ մետաղէ զարդարիչ սկահիկներ։ Ք․Ա․ 6րդ դարէն մակեդոնական մետաղագործութիւնը կը հետեւի աթենեան խեցեգործութեան․ մակեդոնական դամբաններու մէջ գտնուած են գոհարեղէններ, ամաններ, թագեր, դրամներ եւ ուրիշ մետաղէ իրեր։

Թատրոն եւ երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատրոնն ու երաժշտութիւնը կարեւոր տեղ ունեցած է յունական աշխարհին մէջ։ Ինչպէս օրինակ Փիլիպոս Բ․ որ կը սպաննուի իր դուստրին՝ Մակեդոնիոյ Քլէոբաթրային, հարսանիքին առթիւ խնճոյքի ընթացքին՝ Ք․Ա․336։ Մեծն Աղեքսանտր յունական դաստիարակութիւն առած է եւ ջերմերանդ խանդավառ եղած է թատրոնի, երաժշտութեան, հին աթենացի ողբերգակներու՝ Էսխիլիոս, Սոֆոքլիս, Էվրիբիդիս եւ Հոմերոսի դիւցազներգութեան։

Մակեդոնիան ունեցած է յունական քաղաքները յատկանշող կարեւոր ազդարարներ, ինչպէս օրինակ՝ աղորա, Ղիմնասիոն, թատրոն եւ յունական աստուածներուն ձօնուած տաճարներ։

Արիսթոթելիսի դիմանկար, գործ Լիսիբոսի (Ք․Ա․370-Ք․Ա․300)․ կը գտնուի Լուվրի թանգարանը

Գրականութիւն, կրթութիւն եւ փիլիսոփայութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերդիքաս Բ․ հիւրասիրած է դասական շրջանի յոյն մտաւորականներ, ինչպէս օրինակ քնարերգակ բանաստեղծներ Մելանիվիդիս եւ Բինդարոս, Հիպոկրաթիս բժիշկը։ Հանրածանօթ փիլիսոփայ Արիսթոթելիս, որ ուսանած է Աթէնքի Պղատոնեան Կաճառը, Մակեդոնիա կը տեղափոխուի ու կը դառնայ Աղեքսանտր Գ․ ուսուցիչը, ինչպէս նաեւ Փիլիպոս Բ․-ին արժանահաւատ դիւանագէտը։

Հին յունական եւ հռոմէական պատմագրութեան մէջ, Ֆելիքս Եաքոպի կը նշէ 13 հին պատմաբաններ որոնք Մակեդոնիոյ պատմութիւնը գրած են։

Մարմնամարզ եւ զուարճանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Աղեքսանտր Ա․ կը դիմէ մասնակցիլ հին Ողիմպիական խաղերուն վազքի մրցումին, նախ կը մերժուի, սակայն կը յաջողի մասնակցիլ երբ ան կը փաստէ իր կարողութիւններուն եւ ծագումին մասին՝ թէ ան յոյն է, սերած՝ Արղէադոն Հարստութեան տոհմէն, այսինքն Արղոսէն։

Ք․Ա․ 5րդ դարուն, Մակեդոնացի թագաւոր Արխէլաոս Ա․ Օլիմպիայի (Ողիմպիայի) Ողիմպիական խաղերուն հեծելարշաւին յաղթական կը հանդիսանայ եւ կը թագադրուի ձիթենիի պսակով, ինչպէս նաեւ Տելֆի, Բիթիա խաղերուն ընթացքին։

Մեծն Աղեքսանտր, իր հիմնած կայսրութեան տարածքին գրական մրցումներէն զատ, կը կազմակերպէր նաեւ երաժշտութեան եւ մարմնամարզի մրցումներ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6][7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28][29] [30] [31] [32] [33] [34] [35]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մակեդոնիա, Բրիթանիքա հանրագիտարան, 8-12-2008(անգլերէն)
  2. Աղեքսանտր Ա․ Իրոդոթոսին Պատմութիւններուն մէջ, Էլեֆթերիա Ցոլաքի, Հելլենիք Միջազգային Դպրոց, Փետր․ 2018(անգլերէն)
  3. Յունական Աշխարհի պատմութիւնը, հատոր Բ․, Արքայիք հելլենիսմ, հրատ․ Էքդոթիքի Աթինոն(յունարէն)
  4. Յունական ազգին պատմութիւնըԲաբարիղոբուլոս Գոսթանտինոս, 1932, հրատ․ Էլեֆթերուդաքիս(յունարէն)
  5. Օքսֆորտ Աքատեմի․ Ուսումնասիրութիւններ հին յունական աշխարհին, Ուիլիամ Մաք, Մարտ 2015(անգլերէն)
  6. Աբոլոդորոս գրադարան, Γ18(յունարէն)
  7. Հետաքրքրական հին Մակեդոնիան, Քաթիմերինի օրաթերթ, 5-10-2021(յունարէն)
  8. Հին Մակեդոնիա, Սիմոս Շալթիել, Նէա Քրինի շարք, հատոր 2, 2013(յունարէն)
  9. Հին Յունաստան․ Մակեդոնացիները(յունարէն)
  10. Հին Մակեդոնիոյ շուրջ ուսումնասիրութիւններ, Տիմիթրիոս Ղրամենոս(յունարէն)
  11. Թեսաղոնիկէի Արիսթոթելեան Համալսարան․ Հին Մակեդոնիա, մշակոյթ(յունարէն)
  12. հին մակեդոնացիներուն ծագումը(յունարէն)
  13. Բերղինայի դամբաններուն մէջ գտնուած յուղարկաւորական իրեր, Ալոքսանտրոս Լաֆցիդիսմ Թասոս Քաքամանուդիս, 2019(անգլերէն)
  14. Ակնարկութիւն Մակեդոնիոյ եւ մակեդոնացիներուն մինչեւ Ք․Ա․ 323, Ն․Ճ․Լ․Համոնտ, Քամպրիճ համալսարան, 1995անգլերէն՝
  15. Հին յունարէն, Պրայան Ճոսեֆ հրատ․, Ohio State University
  16. տեսերիզ․ մակեդոնացիներուն պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը, Ք․Ա․7րդ-Ք․Ա․4րդ դար(յունարէն)
  17. Մեծն Աղեքսանտրի յաջորդները մինչեւ Ք․Ա․221, Ատամս, Ուինթրոբ Լինցէյ, 2010(անգլերէն)
  18. Մակեդոնիքա, Էօժէն Պորզա, Ռիգինա գիրքեր, 1995(անգլերէն)
  19. յունական պատմութեան նայուածք, Ք․Ա․750-Ք․Ա․323, Թերի Պաքլէյ, 1996(անգլերէն)
  20. Հելլենիստական աշխարհը Աղեքսանտրէին միրներ հռոմէական գերիշխանութիւնը, Մ․Մ․Օսթին 2006(անգլերէն)
  21. Հածոբուլոս,Ուսումնասիրութիւն հին Մակեդոնիոյ, Ք․Ա․650-300 Մաքեդոնացիներն եւ միւս յոյները, 2011(անգլերէն)
  22. Հածոբուլոս,Ուսումնասիրութիւն հին Մակեդոնիոյ, Ք․Ա․650-300, Մակեդոնիա եւ մակեդոնացիներ(անգլերէն)
  23. Հածոբուլոս,Ուսումնասիրութիւն հին Մակեդոնիոյ, Ք․Ա․650-300, Արքայիք եւ արդի դասական Մակեդոնիա, Մ․Մարի(անգլերէն)
  24. Փիլիպոս Բ․ եւ Ս․պատերազմը, Ճոն Պաքլեր - հատոր 2, Դէպի Սուրբ պատերազմ, Ք․Ա․363-Ք․Ա․357, (անգլերէն)
  25. Փիլիպոս Բ․ եւ Ս․պատերազմը, Ճոն Պաքլեր - հատոր 2, Պատերազմին վերջը, Ք․Ա․353-Ք․Ա․347, (անգլերէն)
  26. Հին յունական մշակոյթ, Տէյվիթ Սանսոն, 2016(անգլերէն)
  27. Խնճոյքներ եւ խեցեգործութիւն արքայիք շրջանինՏէյվիթ Սանսոն, 2016(անգլերէն)
  28. Մետաղին դերը հին Յունաստանի պատմութեան մէջ, Միքայիլ Թրէյսթըր, 1996(անգլերէն)
  29. Արուեստը Մեծն Աղեսանտրի ժամանակ, Ատա քոէն, 2010(անգլերէն)
  30. Արուեստը Մեծն Աղեսանտրի ժամանակ․ ներածական՝ նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ատա քոէն, 2010(անգլերէն)
  31. Վերղինա․ թագաւորական դամբանները, Անտրոնիքոս Մանոլիս, 2004(անգլերէն)
  32. Մակեդոնական կրօնը, Քրիստեսեն Բ․, Մըրէյ, Սարահ Ք․, 2010, էջ 428-445(անգլերէն)
  33. Մակեդոնական պետութիւնըն Նիքոլաս Ճոֆրէյ, 1989(անգլերէն)
  34. Յոյներն ու իրենց ժառանգութիւնը, Հելլենիսմ, Թոյնպի, Ա․Ժոսեֆ, 1889-1975 - հրատ․ 1981(անգլերէն)
  35. Մեծն Աղեքսանտրէն առաջ․ կառուցելով վաղ Մակեդոնիան, Ճժէն Պոչզա, 2000(անգլերէն)