Իրոտու Ադիքու Երաժշտանոց (յուն․՝ Ωδείο Ηρώδου του Αττικού)․ կը կոչուի նաեւ Իրոտիօ (յուն․՝ Ηρώδειο)․ հռոմէական քարաշէն թատրոն։ Կը գտնուի Աքրոփոլիին ստորոտը։ Կառուցուած է 161-ին եւ վերանորոգուած է 1950-ին։
1848-ին կը կատարուին առաջին պեղումները, որոնց ներկայ կ'ըլլան Յունաստանի թագաւոր Օթոնաս եւ Քիրիաքոս Փիթաքիս (հնաբան) ու 1950-ական թուականներուն կը վերսկսին պեղումները եւ 17 մեթր պեղելէ ետք, կը յայտնաբերուի թատրոնին տանիքը։
Իրոտու Ադիքու Երաժշտանոցին արտաքին տեսքը․ մուտքըԻրոտու Ադիքու երաժշտանոցին արտաքին պատը
1950-ականներու կէսերուն, Փաւլոս թագաւորին օրով կը սկսին թատրոնին վերականգնումի աշխատանքները։ Վերակառուցման աշխատանքներու ընթացքին կը յայտնաբերուի ամբողջ շինութիւնը՝ թատրոնին տանիքը, հանդիսականներուն քարաշէն նստարաններուն շարքերը, բեմը, եւայլն։ Հանդիսատեսներուն քարաշէն նստարանները կը պատեն փենտելիքոն մարմարով եւ բեմը՝ Իմիթոս լերան թերթաքար մարմարով։ Վերականգնումի աշխատանքներէն ետք՝ տասնամեակի վերջաւորութեան, ամէն տարի (Մայիս ամիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր) թատրոնը կը գործածուի մշակութային ձեռնարկներու համար, հանդիսանալով Աթէնքի Փառատօնին միջազգային տարողութեամբ եղելութիւններուն գլխաւոր վայրը՝ դասական եւ արդի երաժշտութեան, թատերական ելոյթներու, համերգներու, եւայլն։
1926․ Ռիխարտ Սթրաուս կը ղեկավարէ Միւնիխի սիմֆոնիք նուագախումբը
Աթէնքի Փառատօնին ելոյթներու ծիրէն ներս, իրենց դրոշմը ձգած են շարք մը ելոյթներ, ինչպէս օրինակ՝
1926-ին Ռիչըրտ Շթրաուս ղեկավարած է Միւնիխի սիմֆոնիք նուագախումբը։
Յունիս 1936-ին Հերպերդ Ֆոն Գարայան ղեկավարած է Պերլինի սիմֆոնիք նուագախումբը։