Ոդիսական
Ոդիսական (հին յուն․՝ Ὀδυσσεία), Հոմերոսին վերագրուող դիցաբանութիւններէն երկրորդը (Իլիականէն ետք)։ Գրուած է, հաւանաբար, Ք.Ա. 8-րդ դարուն։
Ի տարբերութիւն «Իլիականի»`«Ոդիսականի» նիւթը հերոսական չէ, այլ հեքիաթային, արկածային եւ կենցաղային։ Կը պատմէ Իթաքի կղզիի արքայ Օտիսեւսի`Տրոյեան պատերազմէն ետք տուն վերադառնալու ճանապարհին տասը տարի տեւած արկածախնդրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իթաքիի մէջ Ոդիսեւսին (Օտիսէաս) սպասող հաւատարիմ կնոջը՝ Փինելոփիին բաժին ինկած փորձութիւններուն մասին։
«Ոդիսականը» նոյնպէս բաժնուած է 24 գիրքերու կամ երգերու։ Կառուցուածքի առումով «Իլիականի» համեմատ «Ոդիսական»ը աւելի բարդ է։ Դիւցազներգութիւնը կը սկսի պատմութեան կէսէն, իսկ նախորդող իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկանանք կեդրոնական երգերէն։ Գլխաւոր հերոսի կերպարը աւելի վառ արտայայտուած է։
Համառօտ տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ առասպելին, Տրովադայի պատերազմը (The Trojan War) կը սկսի, երբ չաստուած-արքայ Զեւսը կ'որոշէ նուազեցնել Երկիրի մահկանացու բնակչութեան թիւը` պատերազմ կազմակերպելով յոյներուն (Հոմերոս զանոնք կ'անուանէ աքայացիներ (Achaeans) եւ տրովադացիներուն միջեւ: Ան այդ մէկը կ'ընէ` խառնուելով անոնց քաղաքական եւ զգացական գործերուն: Աքիլլէսի (Ախիլլէաս) ծնողներուն հարսանեկան խնճոյքին ընթացքին, Զեւս կը հրաւիրէ Տրովադացի Բարիս անունով պատանի մը, իբրեւ դատախազ` Հերա (Իրա), Աթինա եւ Աֆրոտիթի աստուածուհիներուն գեղեցկութեան մրցոյթին: Աստուածուհիներէն իւրաքանչիւրը սիրաշահելու համար Բարիսը, կաշառք կ'առաջարկէ անոր: Աֆրոտիթի ամէնէն գրաւիչն էր, ան կը խոստանայ պատանիին տալ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կինը: Սակայն, խնդրոյ առարկայ կինը` Հելլենը, Զեւսի դուստրը, արդէն ամուսնացած էր ուրիշի մը հետ` Սփարթայի թագաւոր Մենելաոսի հետ: Տարիներ ետք, այլեւս արքայազն Բարիս, Աֆրոտիթիի յորդորով Սփարթա կ՛ երթայ, կը գրաւէ Հելլենի սիրտը եւ անոր հետ միասին, կը փախչին Տրովադա:
Մենելաոս կ'երդնու վրէժ լուծել: Ան եղբօր (Աղամեմնոնաս՝ Միկինեսին թագաւոր) օգնութիւնը կը խնդրէ։ Աղամեմնոնաս կը հաւաքէ Յունաստանի մեծագոյն ռազմիկներն ու թագաւորները եւ անոնց բանակները, ներառեալ`Ախիլլէաս (Աքիլլէս) եւ անոր միրմիտոնները, ու կ'ուղղուի նուաճելու Տրովադան եւ Մենելաոսին վերադարձնել կինը՝ Հելլենը: Ըստ Հոմերոսի, այս արիւնալի պատերազմը կը տեւէ 10 տարիներ:
Պատերազմին յունական միացեալ զօրքերուն հրամանատարը Աղամեմնոնասն էր։ Յոյներու կողմէ պատերազմին կը մասնակցէին Ախիլլէաս Αχιλλέας, Փաթրոքլոս Πάτροκλος, հնարամիտ Օտիսէաս Οδυσσέα եւ ուրիշներ։ Օտիսէաս (Ոդիսեւս) իր հնարամտութեամբ վերջ կը դնէ Տրոյան պատերազմին։ Անոր խորհուրդով կը պատրաստեն փայտէ հսկայ ձի մը, որուն մէջ կը թաքնուին յոյն զինեալներու լուրջ թիւ մը՝ Ոդիսեւսը անոնցմէ մէկը։ Ձին կը ձգեն քաղաքի դարպասներուն առջեւ, իսկ յունական զօրքը կը թաքնուի հարեւան կղզիներուն մէջ, ձգելով այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ յոյները ընդունած են իրենց պարտութիւնը եւ վերադարձած տուն։ Տրոյացիները փայտէ ձին ներս կը տանին եւ կը տօնեն իրենց «յաղթանակը»։ Գիշերով սակայն, երբ խրախճանքէն հարբած տրոյացինեը կը քնանան, յոյն զինեալները ձիէն դուրս կու գան, կը կոտորեն քաղաքին պահակազօրքը եւ կը բանան դարպասները։ Յունական զօրքը կը ներխուժէ Տրովադա, որուն բնակչութիւնը կամ սուրէ կ'անցնի, կամ կը գերի կը տարուի։ Հինաւուրց քաղաքը կրակի կը մատնուի եւ կ'աւերուի։ Հելլէն կը վերադարձուի ամուսնոյն, իսկ յոյները տուն կը մեկնին հսկայական աւարով։
Համառօտ բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասի տուն վերադարձը որ 10 տարի կը տեւէ, լեցուն է արկածախնդրութիւններով։ 20 տարի ետք (10 տարի մասնակցած ըլլալով տրոյեան պատերազմին առաւել 10 տարի տեւած վերադարձը) կը հասնի հայրենիքը՝ Իթաքի կղզին։
Օտիսէասի (Ոդիսեւսի) բացակայութեան առաջին ամիսներուն ծնած էր անոր որդին՝ Թիլեմախոսը Τηλέμαχος։ Միաժամանակ 108 փեսացուներ (μνηστήρες «նշանածներ») կը խնդրէին Փինելոփիին ձեռքը, բայց կը մերժուէին։ Փինելոփի, որպէսզի պահպանէ ամուսինին թագաւորութիւնը, իբրեւ փեսացուի որոշման ժամկէտ կը յայտարարէ որմագորգին լրանալը: Սակայն հնարամիտ Փենելոփին դանդաղ կը գործէր եւ ամէն գիշեր ան, գործածը կը քակէր եւ առաւօտեան նորէն կը սկսէր բանել:
Տուն վերադարձած Ոդիսեւսի խորհուրդով, Փինելոփին մրցոյթ մը կը կազմակերպէ։ Փեսացուները Ոդիսեւսի աղեղէն պէտք է նետ արձակեն, որ պիտի անցնէր 12 օղակներու մէջէն։ Ոչ ոք կրնայ նոյնիսկ լարել այդ աղեղը։ Այդ մէկը կը յաջողի իրականացնել Ոդիսեւս, որ ծերունի կերպարանափոխուած էր եւ որդիին հետ մէկտեղ կը կոտորէ բոլոր ներկայ գտնուողները։ Այնուհետեւ որդիին եւ կնոջ հետ կը շարունակէ թագաւորել։
Օտիսէասին արկածախնդրութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասի տուն վերադարձը 10 տարի կը տեւէ․ ան ծովերը կը թափառի եւ մինչեւ տուն հասնի, կը կորսնցնէ իր ընկերները։
Քալիփսոսի կղզին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիաս Էրմիսին միջոցով Քալիփսոսին իր կամքը կը փոխանցէ․ Օտիսէասը ազատ արձակել։ Նաեւ մնացեալ աստուածներուն կը յայտնէ թէ 20 օր ետք Օտիսէաս ապահով, սակայն թափառական Իթաքի պիտի հասնի առանց աստուածներուն օգնութեան, այլ Ֆէաքեսներուն տուած նուէրներով։ Քալիփսօ աստուածները կ՛ այպանէ թէ կը նախանձին որ ան սիրահարուած է պարզ աշխարհական մը, սակայն Զեւսին զայրոյթէն վախնալով, կը յօժարի։ Երբ Քալիփսօ անկամ, Զեւսին կամքը Օտիսէասին կը յայտնէ, ան ծովը սեւեռելով կու լայ, միաժամանակ անոր երդնում ընել կու տայ թէ ուրիշ գէշութիւն ընելու մտադիր չէ։ Անոնք վերջին իրիկունը միասին կ՛ անցընեն։
Յաջորդող չորս օրերուն ընթացքին Ոդիսեւս լաստ մը կը պատրաստէ եւ հինգերորդ օրը Քալիփսօ անոր պարէն կու տայ, ուղղութիւններ եւ ճամբորդութեան համար զօրաւոր հով։ 17 օր ետք սակայն, երբ կը հասնէր Ֆէաքեսներուն երկիրը, Փոսիտոնաս Եթովպիացիներու երկրէն վերադարձին զայն կը տեսնէ եւ զայրացած ծովու խռովութիւն կ՛ առաջացնէ։ Լաստը կը քայքայուի եւ Օտիսէաս ալիքներուն դէմ կը պայքարի։ Լեֆքոթէա աստուածուհին կը մեղքնայ եւ անոր կը նուիրէ փրկարար թաշկինակ մը։ Իսկ Աթինա աստուածուհին ծովը կը հանդարտեցնէ եւ Ոդիսեւս երկու օր ետք Ֆէաքես կղզին կը հասնի, ցամաք կ՛ ելլէ սակայն մերկ ըլլալով թուփերու ետեւ կը պահուըտի։
Օտիսէաս Ֆէաքես կղզիին վրայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոդիսեւս, յոգնած կը քնանայ։ Աթինա աստուածուհին Ֆէաքեսի թագաւորին (Ալքինոս) աղջկան՝ Նաֆսիքային երազին մէջ կը յայտնուի կերպանափոխուած անոր ընկերուհիներէն մէկուն։ Նաֆսիքային կը յիշեցնէ թէ հարսնցուի տարիքին հասած է եւ պէտք է գետափ իջնէ ու հագուստները լուայ։
Նաֆսիքա ընկերուհիներուն հետ գետափ կ՛ իջնեն։ Հագուստները կը լուան, կը լոգնան, կը ճաշեն եւ գնդակով կը խաղան ու կ՛ երգեն։ Օտիսէաս ձայներէն կ՛ արթննայ եւ կը փորձէ գուշակել թէ ուր կը գտնուի։ Կ՛ որոշէ թուփերէն դուրս գալ փորձելով մերկութիւնը պահել։ Աղջիկները անոր տեսքին կը շուարին ու կը փախչին։ Նաֆսիքա Աթինային յորդորումով կը մնայ։ Օտիսէաս կը գովէ անոր գեղեցկութիւնը եւ կը մաղթէ ունենայ երջանիկ ամուսնութիւն մը։ Նաֆսիքա կը գնահատէ անոր ազնուութիւնը եւ կը հաւաստիացնէ թէ իրենց երկրին մէջ բարով պիտի ընդունուի։ Ընկերուհիներուն կ՛ ըսէ չվախնան անորմէ։
Օտիսէաս անդին կը լոգնայ եւ Աթինա զայն կը շրջապատէ աստուածային գեղեցկութեամբ։ Նաֆսիքա կը զմայլի եւ Օտիսէասին պալատ կը հրաւիրէ։ Իրիկնամուտին պալատ կը հասնի։
Օտիսէասին յանձնարարութիւնը Ֆէաքեսներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալքինոս թագաւորը Օտիսէաս պալատականներուն կը ներկայացնէ։ Կը հրահանգէ նաւ մը պատրաստուի եւ բոլորին կերուխումի կը հրաւիրէ։ Ան, նաեւ կ՛ երգէ երգ մը Տրոյեան պատերազմէն․ Ախիլէասի եւ Օտիսէասի վիճաբանութիւնը։ Օտիսէաս ինքնութիւն չի յայտնէր, կը յուզուի, սակայն կը յաջողի արցունքները պահել։
Ապա բոլորը միասին շուկայ կ՛ իջնեն, ուր երիտասարդները կը մրցին։ Ոդիսեւսին ալ կը հրաւիրեն՝ քանի ան երիտասարդի ու յաղթանդամի երեւոյթը ունի։ Էվրիալոս զայն կը գրգռէ։ Օտիսէաս կը զայրանայ եւ ամենածանր սկուտեղը բոլորէն հեռու կ՛ արձակէ։ Տեղացիները անխօս կը մնան եւ ան կը յայտնէ թէ Տրոյան պատերազմին առաջիններէն էր։ Ալքինոս թագաւորը կը պատասխանէ վեր առնելով իր հպատակներուն նաւագնացութեան, քէֆի եւ լաւ ժամանցի առաքինութիւնը։
Թագաւորը, հասկնալով թէ Ոդիսեւս պատահական մէկը չէ, իր ազնուականներուն կ՛ առաջարկէ անոր արժէքաւոր նուէրներ նուիրեն։ Խրախճանքի իրիկունը, Տիմոքիքոս կ՛ երգէ «Փայտէ Ձի»ն։ Օտիսէաս կը յուզուի լսելով թէ կ՛ երգուին իր քաջագործութիւնները։ Ալքինոս կը դադրեցնէ խրախճանքը եւ կը սկսի անոր հարցաքննել։
Օտիսէասի խոստովանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէաս կը խօսի Ֆէաքեսներուն։ Կը խոստովանի թէ ով է եւ արկածախնդրութիւններն ու թափառումները կը պատմէ․-
- Քամիները նաւերը Տրովատայէն Քիքոնես կը տանին։ Ընկերներուն հետ կը կողոպտեն անոնց քաղաքը սակայն գինովցած կը մերժեն մեկնիլ։ Քիքոնեսները կը հակայարձակին եւ Օտիսէաս ընկերներով հազիւ կը հասնին փախչիլ։
- Զօրաւոր քամիները անոնց Լոթոֆաղոսներուն կղզին (յունապի ուտողներուն կղզին) կ՛ ուղեն։ Ընկերներէն երեքը յունապի կը համտեսեն եւ կը մոռնան իրենց հայրենիքը եւ կը նախընտրեն հոն մնալ։ Կը ստիպուի անոնվ բռնի առնել եւ հոնկէ մեկնիլ։
- Ապա կը հասնին Կիկլոփներուն կղզին։ Օտիսէաս եւ ընկերները կը մտնեն Փոլիֆիմոս կիկլոփին քարայրին մէջ, ուր կիկլեփը ընկերներէն վեցին կուլ կու տայ։ Ի վերջոյ, Օտիսէաս կը յաջողի զանազան խաբէութիւններով Փոլիֆիմոսը գինովցնել ու կուրցնել եի ընկերներուն հետ կղզիէն փախչիլ։
- Կը հասնին Էոլոսին (հովերու աստուած) կղզին։ Ան զանոնք կը հիւրասիրէ եւ մեկնումի ատեն Օտիսէասին կու տայ պարկ մը որուն մէջ քամին ամբարած է, ազատ ձգած է միայն արեւմտեան քամին, որպէսզի հանդրատ առանց խնդիրներու իրենց կղզին վերադառնան։ Կը շեշտէ թէ պէտք չէ պարկը բացուի։ Սակայն, ընկերներուն ագահութիւնը պատճառ կ՛ ըլլայ անոնց նաւաբեկութեան․ երբ Օտիսէաս կը քնանար, անոնք պարկը կը բանան, քամիները կ՛ արձակուին եւ ծովու ալիքները զանոնք մարդակերներուն կղզին կը նետեն։
Ապա կը շարունակէ պատմել մինչեւ որ մինակ մնացած Ֆէաքես կը հասնի։
Հայերէն թարգմանութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1848-ին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչութիւնը գրաբարով լոյս կ՛ընծայէ «Ոդիսական»-ը՝ Հ. Եղիա Վ. Թոմաճանի թարգմանութեամբ[1]։ Գոյութիւն ունի «Ոդիսական»ի երկու աշխարհաբար թարգմանութիւն, որոնք կատարած են Սիմոն Գրքաշարեանը եւ Համազասպ Համբարձումեանը[2][3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Homerosi Odisakan
- ↑ Ոդիսական / Հոմերոս; Յուն. բնագրէն թարգմ.՝ Ս. Գրքաշարեան; Խմբ.՝ Ս. Վահունի. - Երեւան։ Հայպետհրատ, 1957. - 368 էջ; 24 սմ. Ծանօթագր., էջ՝ 345-356 Բառարան, էջ՝ 356-367 Կրկեաշարեան, Սիմոն Միսակի, 1923 - թարգմ. Վահունի, Սուրէն Վահանի, 1910-1983 խմբ. Յունական գրականութիւն
- ↑ Հոմերոս, Ոդիսական, թարգմ. Հ. Համբարձումեանի, ԵՊՀ, 1988 թ.
- ↑ Հոմերոսին Ոդիսականը(յունարէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ոդիսականը գրապահարանին մէջ Archived 2019-08-15 at the Wayback Machine.
|