Jump to content

Թուքիտիտիս

Թուքիտիտիս
հին յուն․՝ Θουκυδίδης
Թուքիտիտիսի կիսադրին, կը գտնուի Քերքիրայի Հնաբանական թանգարանը
Ծնած է մօտաւորապէս Ք․Ա․460
Ծննդավայր Ալիմոս, Ատիկէ
Մահացած է Ք․Ա․395
Մահուան վայր Աթէնք
Քաղաքացիութիւն հին Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Ազդուած է Հոմերոս
Ազդած է Պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Պելոպոնեսեան պատերազմի պատմութիւն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, գրագէտ
Վարած պաշտօններ Աթէնքի սպարապետ՝ Ք․Ա․424-Ք․Ա․423
Ծնողներ Օլորոս (հայրը)

Թուքիտիտիս (յուն․՝ Θουκυδίδης)․ յոյն պատմաբան եւ զինուորական՝ սպարապետ (≈Ք․Ա․460-Ք․Ա․399), ծանօթ «Պելոպոնեսեան Պատերազմի Պատմութիւն» գործին համար։

Կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուքիտիտիս ծնած է Ատիկէի հարաւ-արեւմտեան Ալիմօ (հին յուն․՝ Ալիմունտա) շրջանը։ Հայրը՝ Օլորոս*, Թրակիոյ ծովեզերեայ շրջանի (Թասոս կղզիին դիմացը) ոսկիի հանքերու սեփականատէր էր։ Թուքիտիտիս ազգական էր Աթէնքի քաղաքագէտ եւ սպարապետ Միլթիատիսին եւ անոր զաւկին՝ Քիմոնասին։

Օլորոս անունը կը կրեն նաեւ Թրակիոյ թագաւորներէն շատեր։

Ան մօտաւորապէս 25-30 տարեկան էր երբ Պելոպոնեսեան պատերազմը կը ծագի( Ք․Ա․431) Աթէնք եւ Սփարթի քաղաք-պետութիւններուն միջեւ։ Կը հիւանդանայ սակայն կը վերապրի երբ ժանտախտի համաճարակը Աթէնքի բնակչութեան 1/3 կ՛ոչնչացնէ (Ք․Ա․430-427)։

Ք․Ա․424-ին սպարապետ կը նշանակուի եւ անոր կը վստահուի Թասոս կղզին խարիսխ նետած 7 նաւերու կառավարումը։

«Պելոպոնեսեան Պատերազմի Պատմութիւն» գործը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուքիտիտիս մօտէն ապրած է Պելոպոնեսեան պատերազմը (Ք․Ա․431-Ք․Ա․404), ինչպէս ինք կը վկայէ գործին Ե․ (Ε) հատորին 29-րդ գլուխին մէջ։ Ինք այս հսկայ գործը հատորներու չէր բաժնած։ Պատմութեան բաժանումը 8 գիրքերու «Թուքիտիտիս Իսթորիէ» կամ «Սիղրաֆի» (Θουκυδίδου Ιστορίαι կամ Συγγραφή Թուքիտիտիս Պատմութիւն կամ Գրութիւն) տիտղոսով հին բանասէրներու գործն է։

«Պելոպոնեսեան Պատերազմի Պատմութիւն»ը, դասական պատմական գործ մըն է, առաջինը իր տեսակով։ Թուքիտիտիս փաստացի տուեալներով եւ վկայութիւններով կը պատմէ Պելոպոնեսեան Պատերազմի (ՊելոպոնեսՅունաստանի ցամաքամասի հարաւը) եղելութիւնները Աթէնք եւ Սփարթի քաղաք-պետութիւններուն միջեւ։

Գործին ազդեցութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուքիտիտիսի «Պելոպոնեսեան Պատերազմի Պատմութիւն» գործը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է պատմաբաններուն վրայ, ինչպէս օրինակ՝ Լուքիանոս, Փոլիվիոս, Փրիսքոս, Փրոքոփիոս, Աղաթիաս, Քանտաքուզինոս, եւայն, եւ մինչեւ այսօր կ՛ուսումնասիրուի։ Ան քաղաքական իրապաշտութեան հայրը կը սեպուի եւ գործը ուրոյն՝ իբրեւ մերձեցում միջազգային յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան համար։

[1] [2] [3] [4] [5]

Իրոտոթոս

Սոֆոքլիս

Էվրիփիտիս

Էսհիլիոս

Փերիքլիս

Սքիմնոս Հիոսցին

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]